ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐՈՒ ԴԱՐԱՒՈՐ ԱՆՑԵԱԼԸ

Երէկուան մեր յօդուածին մէջ խօսեցանք տնտեսապէս թշուառ վիճակէն դէպի «փայլուն» վիճակի հասնող ազգերու մասին. իսկ այսօր պիտի խօսինք բարոյական փոփոխութիւններուն մասին:

Մերօրեայ մարդկութիւնը ունի այն համոզումը, որ յետամնաց ազգեր՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ ապրողները բարոյապէս աւելի փայլուն վիճակի մէջ են՝ քան «խոստացեալ երկիր»ներու բնակիչները. բարոյական արժէքները՝ որուն մաս կը կազմեն կրօնքի եւ կրօնաւորի հանդէպ սէրն ու յարգանքը, ընտանիքին, հարազատին ու բարեկամին կարեւորութիւնը, խիղճն ու գութը, իրերօգնութիւնը եւ այլ սրբազան արժէքներ կամաց-կամաց կը հեռանան մեր առօրեայէն. կը սկսի խախտուիլ ընտանեկան կապուածութիւնը եւ կը վերանայ «արենակից» ըլլալու հասկացողութիւնը:

Այս փոփոխութիւնները անհատականէն աւելի ընդհանրութեան մէջ կարելի է տեսնել, նոյնիսկ ազգերու պարագային. կը տեսնենք անցեալին, թէ քրիստոնեայ պետութիւն մը ինչպէս պաշտպան կը հանդիսանար այլ քրիստոնեայ պետութեան մը՝ մանաւանդ աւերիչ պատերազմներու ժամանակ եւ այդ մէկը բարոյական պարտաւորութիւն մը ըլլար կարծես, սակայն այսօր վիճակը յստակ է. փաստ՝ Արցախի վերջին պատերազմը:

Միջին Արեւելքի մէջ ապրող հասարակութեան բարոյական բարքերը եւս կամաց-կամաց նահանջ կը կրեն, որովհետեւ «խոստացեալ երկիր»ներու անբարոյականութիւնները ամէ՛ն ձեւով կը փորձեն անոնց զաւակները եւս խլել եւ դարձնել իրենց նման՝ յառաջդիմութիւն եւ լայնախոհութիւն անուան տակ. անոնք են, որ կու գան միջինարեւելքցիին մէջ եւս սերմանելու, թէ միասեռականութիւնը, արուամոլութիւնը, ընտանիքէն հեռանալը եւ «ազատ» կեանք ապրիլը լայնախոհ ըլլալու ապացոյցներ են: Մինչեւ իսկ վերջերս ամերիկացի մը կը ծաղրէր միջինարեւելքցի մը՝ 18 տարեկանէն ետք ծնողներուն հետ նոյն յարկին տակ ապրելուն համար:

Սակայն պէտք է մտածել. Ամերիկա եւ Եւրոպա մի՞շտ այսպէս «անկիրթ» ու «անբարոյ» էին, թէ ժամանակի ընթացքին այս վիճակը ստացան. յստակ պատասխանը չեմ գիտեր, սակայն հետաքրքրական է Գահիրէի «Միութիւն» ամսաթերթի մայիս 1913 թիւ 17-ին մէջ հրատարակուած Նշան Ղարասէֆէրեան անուն գրողի «Ամերիկեան բարքեր» գրութիւնը, որուն մէջ գրողը որպէս ամերիկաբնակ կը փոխանցէ իր կարծիքները:

Եթէ կը կարծէք, որ յօդուածը կը խօսի Ամերիկայի անտարբեր երիտասարդութեան, անոնց զեխ կեանքին ու անբարոյականութեան մասին... կը սխալիք, որովհետեւ յօդուածագիրը կը խօսի ամբողջութեամբ տարբեր Ամերիկայի մը մասին: Այդ իսկ պատճառով այս հակասական երեւոյթներուն մասին յօդուածագիրը կը գործածէ «յարակարծական» (paradoxical) բառը, որովհետեւ առեղծուած մըն է պարզապէս:

Յօդուածագիրը որպէս Ամերիկայի մէկ յատկութիւն կը նշէ «հնազանդութիւն»ը. երբեք չէինք յուսար հանդիպիլ յօդուածի մը, որ կը խօսի Ամերիկայի ժողովուրդին ունեցած հնազանդութեան մասին, որովհետեւ այսօր Ամերիկան անհնազանդութեան մայր աղբիւր որպէս կը յիշուի:

Յօդուածագիրը կը գրէ. «Աշխարհիս էն ազատ երկիրներէն մէկուն մէջ՝ ինչպէս է Ամերիկա՝ հլութեան եւ հնազանդութեան ոգի տեսնելը թէեւ յարակարծական կը թուի, բայց աչքառու իրողութիւն մ՚է: Մեծին հնազանդիլը ընդաբոյս առաքինութիւն մ՚է այս երկիրին մէջ». շարունակելով խօսքը գրողը կ՚ըսէ. «Մեծին հնազանդիլը Ամերիկացւոց ազգային նշանաբանն է»: Այստեղ կայ մէկ յստակ բան, որ կա՛մ գրողը կը ստէ եւ կամ Ամերիկա անտրամաբանական յեղաշրջում մը ապրելով կորսնցուցած է բարոյական արժէքներն ու «ազգային նշանաբան»ը: Սակայն տեղ մը գրողը կը սխալի. կը խօսի համալսարանի մը մասին, որուն ուսուցիչները մասնագէտներ եւ մտաւորականներ են, սակայն համալսարանի տնօրէնը տգէտ անձ մը. ուսուցիչներուն տնօրէնին հանդէպ ունեցած յարգանքը գրողը կը նկատէ որպէս «հնազանդութիւն» եւ որպէս առաքինութիւն կը փորձէ ներկայացնել այդ մէկը. պէտք չէ շփոթել հնազանդութիւնը շողոքորթութեան ու կեղծաւորութեան հետ, որովհետեւ այսօր աշխարհի մէջ ամէ՛ն տեղ է մեծաւորին հանդէպ «յարգանք»ը, որ ծնունդ է ոչ թէ բարոյական սկզբունքներու, այլ սեփական շահերու:

Ի զարմանս վերոյիշեալ բոլորին, գրողը կը վարկաբեկէ հայ ազգը՝ վեր բարձրացնելու համար ամերիկացի ժողովուրդը. խօսելով ամերիկացիներուն մեծին հանդէպ ունեցած յարգանքին մասին կը համեմատէ հայութեան հետ ըսելով՝ «մեծին դէմ քրթմնջել, անոր նախանձիլ, զանիկա բամբասել, անոր պաշտօնին աչք տնկել, միջոցներ հնարել զանիկա տապալելու կամ վարկաբեկ անելու. ահա՛ լուսանկարը մեր հայկական բարուց»:

Սեփական քննադատութիւնը առողջ երեւոյթ մըն է եւ իսկական հայրենասէր է ան՝ որ իր ազգի խոցելի կէտերը կը նկատէ՝ սրբագրելու եւ ո՛չ վարկաբեկելու նպատակով:

Գրողը ամերիկացիներու այլ մէկ յատկութիւն որպէս կը յիշէ «անյիշաչարութիւն»ը. ողջ ըլլայիր այսօր գրող եւ նոր յօդուածով մը համեմատութիւն ընէիր Ամերիկայի եւ հայ ժողովուրդի միջեւ, որովհետեւ հակառակ մեր անտարբերութեան, թէեւ մահամերձ վիճակի մէջ, տակաւին յաջողած ենք պահել բարոյական կարգ մը սկզբունքներ. սկզբունքներ՝ որոնք ակամայ կամաց-կամաց դէպի գերեզման կը դիմեն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -269-

Մեր հայկական կեանքէն իրական պատմութիւն մը. եկեղեցականներէն մին հոգի ու սիրտ կու տար դառնալու համար «խոստացեալ երկիր»ի մը առաջնորդը, եւ անոր իրագործման համար ամէ՛ն ջանք ի գործ կը դնէր: Կը բամբասէր օրուան առաջնորդը, հազար ու մէկ տեսակ ցեխարձակումներ կ՚ընէր, կուսակցական անդամներ կը հրահրէր անոր դէմ պայքարի դուրս գալու: Այս բոլորին որպէս հետեւանք կը յաջողի կռիւ մը ստեղծել կուսակցութեան եւ առաջնորդ սրբազան հօր միջեւ եւ այս կռիւը վերջ կը գտնէ սրբազան հօր հրաժարականով:

Նպատակին առաջին քայլը յաջողած էր եւ արդէն պարապ էր առաջնորդական աթոռը: Կը սկսի ամէն ձեւով կուսակցականները, մինչեւ իսկ Վեհափառ Հայրապետը համոզել փորձել, որպէսզի զինք ընտրեն յաջորդ առաջնորդ, սակայն տունի հաշիւը շուկայի հաշիւին չի բռներ. իրեն համար «նախատեսուած» աթոռին կը նստի այլ եկեղեցական մը, որուն դիմաց որպէս դժգոհանք երազները ջուրը ինկած եկեղեցականը կարգաթող կ՚ըլլայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2023