«ԱՆԽԵԼՔ» ՀԱՅԿԻՆ

Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին միշտ ալ յաջողած է իր ձախողութեանց համար գտնել մեղապարտ մը եւ անոր վրայ բարդել անյաջողութեան հիմքերը, վստահ ըլլալով, որ այդ «հարց»ին լուծումը պիտի փրկէ ամբողջ ազգը. ժամանակ մը ետք երբ լուծում ստացած է այդ «հարց»ը, որպէս ձախողութեան նոր պատճառ մը յաջողած է ստեղծել հայը: Եթէ մօտենաք հայուն, պէտք է հասկնալ, որ ինք իր կեանքի ընթացքին սխալ մը գործած չէ. մի՛շտ ալ պատճառը եղած են օ՛ր մը օտարները, օր մը ռուսերը, օր մը եկեղեցականները, օր մը կուսակցականները. մի՛շտ ալ գտած ենք մէկը դնելու մեղապարտի պատուանդանին վրայ:

Հին թերթերու ընթերցանութենէն կը հասկնանք այն համոզումը, որ անցեալի ապրող հայը միշտ համոզուած էր, որ իր ձախողութեան հիմնական պատճառը իր ազատութեան կաշկանդումն է. կար այն հաւատքը, որ հայ ժողովուրդը հազիւ ազատութիւն ձեռք բերած պիտի բարգաւաճի ու յառաջդիմէ եւ վերագտնէ երազային իր նախնի վսեմութիւնը. ահաւասիկ մեր թուականէն 118 տարիներ առաջ՝ 1906 թուականին գրուած տող մը.

«Ազատութիւն չվայելող, անիրաւ ճնշումներու տակ հեծեծող հայ ժողովուրդը չի կրնար իր հոգեկան բնութեան մշակմանը պարապիլ բոլորանուէր, չի կրնար իր դպրոցները պահանջուած կատարելութեան հասցնել, չի կրնար բարոյական կեանքի մը վերնագոյն մակարդակներուն հասնիլ եւ չի կրնար նոյնիսկ իր Աստուածը պաշտել այնպէս, ինչպէս պիտի կրնար լաւագոյն պայմաններուն տակ: Բռնակալութիւնը, այսպէս, այլասերիչ ու քանդիչ ազդեցութիւն մը կը գործէ մեր ազգին ամբողջ կենացը վրայ»:

Վերոյիշեալ նամակին տակ կը կարդանք «Հայկ» ստորագրութիւնը եւ իր այդ տողերուն դիմաց լաւ մը խնդալով «ի՞նչ կը խօսիս Հայկ» հարցը կու տանք։ Հայկ կարծես իրապէս կը հաւատար, որ հայ ժողովուրդը երբ տիրանար ազատութեան ու դուրս գար բռնատիրութենէն, պիտի յաջողէր «կեանքի վերնագոյն մակարդակ»ի հասնիլ, կը հաւատար, թէ դպրոցները պահանջուած կատարելութեան պիտի հասնէին. ինչքա՜ն պիտի ուզէի, որ Հայկին տրուէր առիթ անգամ մը միայն գալ եւ տեսնել ի՛ր ազգը՝ որուն անկախութեան երազը կը հիւսէր. անգամ մը գոնէ գայ ու տեսնէ մերօրեայ դպրոցներու «կատարելութիւն»ը եւ տեսնէ, թէ ազատութեան մէջ հայ ժողովուրդը ինչպէ՜ս կը պաշտէ զԱստուած:

Հայկ անդենականէն կը տեսնէ՞ իր երազած անկախ Հայաստանը թէ ոչ՝ չեմ գիտեր. պարզապէս կ՚ուզեմ սոյն նամակը գրել Հայկին.

«Անխելք Հայկ,

Առաջին հերթին կը ներես քեզ անխելք կոչելուս, որովհետեւ այն երազներն ու յոյսերը որ յանձնած ես թուղթին, պարզապէս զառանցանք մըն է.- ի տարբերութիւն քեզի, մենք բախտը ունեցանք տեսնելու ա՛յն անկախութիւնը, որուն երազովը ապրեցար ամբողջ կեանք մը. այն ազատութիւնը՝ որուն համար ուզեցիր ամբողջ ազգը իր բոլոր ուժերովը պայքարի եւ ձեռք բերէ, հաւատալով, որ այդ մէկը պիտի ըլլայ մեր ազգին փրկութիւնն ու բարձրացումը. գուցէ քեզի համար մեծագոյն ցաւ էր մեռնիլ առանց այդ ցնորական ազատութիւնը տեսնելու: Այսօր այդ ազատութեան ականատեսս կու գամ առաջարկել հետեւեալը. ա՛ռ, քուկդ թող ըլլայ ազատութիւնը, սակայն ինծի տուր այն հայն ու Հայաստանը՝ որ բռնութեան տակ կը յաջողէր պահել իր հայու դիմագիծն ու նկարագիրը, որովհետեւ ազատութեան մէջ մենք այդ դիմագիծը իր կատարելութեան հասցնելու փոխարէն աւելիով աղաւաղեցինք. ա՛ռ, քեզի թող ըլլայ ազատութիւնը, սակայն ինծի տուր այն դպրոցները, որոնք բռնատիրութեան տակ կը յաջողէին հայ աշակերտին արեան մէջ դնել հայութիւնը եւ տալ անոր հայու դիմագիծ. ա՛ռ ազատութիւնը, սակայն մեզի տուր Աստուածապաշտութիւնը՝ որ գոյութիւն ունէր բռնատիրութեան տակ:

Ազատութեան մէջ մեր դպրոցները երբեք իրենց կատարելութեան չի՛ հասան, ընդհակառակը, տեղ մը կորսնցուցին եղած փոքր մասն ալ։ Բռնութենէն ազատութեան անցնելով, հայը չի՛ յաջողեցաւ իր դիմագիծը բարելաւել, չի՛ յաջողեցաւ օտարինը թօթափել իր վրայէն եւ բիւրեղացնել իր սեփական հայկականը։ Ազատութեան մէջ եկեղեցիներն ու Աստուած աւելիով չի՛ պաշտուեցան։ Խօսքը կ՚ըսէ, թէ մարդ բանի մը իսկական արժէքը կը գիտնայ երբ կը կորսնցնէ զայն. մենք բռնութեան տակ այդ բոլորին արժէքին աւելի գիտակցութիւնը ունէինք՝ քան մեր ազատութեան մէջ. բռնութեան մէջ հայը շատ աւելի հայ էր՝ քան այսօր ազատութեան մէջ:

Հետեւաբար կը հաւատանք, որ ձեր երազած ազատութիւնը պարզապէս մեր ձախողութիւնները բռնութեան վրայ բարդելու սովորական փորձ մըն է. այսօր ունինք ազատութիւնը. սակայն բռնութեան տեղ նոր մեղապարտներ յայտնուած են եւ մենք դարձեալ ձեզի նման ունինք այն յոյսը, որ այդ մեղապարտին խնդիրը «լուծելով» այս անգամ պիտի հասնինք այն երազին՝ որ թէ՛ ձերն է եւ թէ մերը:

Հաւատացէ՛ք, որ ազատութիւնը այլասերիչ ու քանդիչ ազդեցութիւն մը ունեցաւ՝ քան բռնութիւնը: Մեր նախնիները պայքարեցան, որպէսզի ազատութիւն ձեռք բերեն, սակայն ազատութիւնը ձեռք բերելու սրբազան առաքելութեամբ տարուելով մոռցան տէր կանգնիլ հայու դիմագիծին. բռնութեան տակ ունէինք հայու դիմագիծ, իսկ այսօր ազատութեան մէջ՝ օտարացած կ՚ապրինք. ո՞ր մէկը աւելի նախապատիւ է... չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ մեր ներկայ ազատութիւնը բռնութեան տակ ապրելէ բանով մը չի տարբերիր եւ կը հաւատանք, որ աւելի՛ սարսափելի բան է ազատութեան մէջ ապրիլ բռնութեան ոգիով՝ քան բռնութեան մէջ ազգային անաղարտ դիմագիծով»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ գիտես հայկական աշուղական արուեստին մասին:

Պատասխան. Հայ աշուղները բանաստեղծներ են, որոնք առաւելաբար գործած են 19-րդ դարուն: Անոնք ստեղծած եւ կատարած են քնարական բանաստեղծութիւններ, որ յաճախ սիրոյ, հերոսութեան եւ ընկերային խնդիրներու շուրջ եղած է: Աշուղ արուեստագէտները վճռորոշ դեր ունեցած են հայ մշակոյթի բանահիւսութեան պահպանման գործին մէջ, որոնք յիշած են իրենց երգերուն մէջ, «սազ»ի կամ «քամանչա»ի ընկերակցութեամբ: Հայ աշուղները շրջապատին կողմէ եղած են յարգուած անձեր, խոր զգացումներ եւ բարոյական պատմութիւններ հաղորդելու ունակութեամբ լեցուն, որոնք ծառայած են թէ՛ որպէս զուարճացնող եւ թէ ընկերային հարցերը արծարծող: Հայ նշանաւոր աշուղներէն մէկն է Սայաթ Նովան, որ յայտնի է իր խորիմաստ եւ գեղեցիկ բանաստեղծութիւններով եւ Ջիւանին, որ յայտնի է հայ ժողովրդական երաժշտութեան մէջ իր ունեցած ներդրումով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024