ՎԱԽ ԵՒ ՔԱՋՈՒԹԻ՛ՒՆ

«Վախկոտ վատերը կը մեռնին բազմիցս, իրենց բուն մահէն առաջ. անվախ քաջերը երբեք չեն առներ մահուան համը, մինչեւ իրենց վերջին օրը»։
SHAKESPEARE
(Julius Caesar)

«Մահ», «վախ» եւ «քաջութիւն». ահաւասիկ երեք իրողութիւններ՝ որոնք անբաժան են մարդուն կեանքի իրականութենէն։ Արդարեւ չկայ մէկը, որ չապրի այս իրողութիւնները իր կեանքի ընթացքին։

Մարդուս համար ամենամեծ վախն է մահուան ճշմարտութիւնը եւ վախը աւելի շատ կ՚ազդէ մարդուն քան մա՛հը։ Մահուան վախը հիմն է բոլոր վախերուն, ինչ որ բնական է, քանի որ մա՛րդ չ՚ուզեր որ «կորուստ» ունենայ։ Եւ մահը երեւութապէս կորուստ մըն է մարդուն համար։

Իսկ «վախ» եւ «քաջութիւն» հակադիր զգացումներ են, բայց որքան հակադիր՝ նո՛յնքան ալ իրար ամբողջացնող զգացումներ, քանի որ երկուքն ալ անպակաս են մարդու կեանքին մէջ։ Արդէն չէ՞ որ կեանքը հիմնուած է հակադրութիւններու վրայ եւ կ՚ընթանայ այդ հակադրութիւններուն ներդաշնակումին եւ հաւասարակշռութեան շնորհիւ։

Մարդ մահէն կը վախնայ, բայց միանգամայն քա՛ջ է նաեւ մահուան գաղափարին դէմ՝ որուն կը վկայէ պատմութիւնը բազմաթիւ դէպքերով։

Երբ կը խօսինք մահուան եւ վախի մասին, հոս կ՚արժէ յիշել Սամուէլ Աւագեանի «Մահուան» վերնագրեալ քարթուածը։

ՄԱՀՈՒԱՆ
Գարշելի՛ մահ,
Խորհուրդդ անգամ ինձ կ՚ազդէ ահ.
Դո՛ւ, թշնամին
Ապրող կեանքին.
Որ մութին մէջ լո՜ւռ կ՚սպասես,
Դարանակալ գողի մը պէս,
Որ անցող հէգ կեանք մը խլես։
Ամէն ինչ որ
Կ՚ապրի այսօր,
Քու մանգաղիդ սուր, ահաւոր
Կեր պիտ՚ ըլլայ,
Ո՛վ անգութ մահ։
*
Օրօրոցին մէջ նորածին
Մանկիկներն իսկ այդ հարուածին
Զոհերն են յար.
Եւ դալկահար
Շրթունքներուդ գարշ հպումով,
Բոյս, անասուն կամ մարդ շուտով
Հրաժեշտ կ՚առնեն
Այս աշխարհէն։
*
Եւ սկիզբէն
Կեանքին ծնած օրէն ի վեր,
Մինչեւ հիմա, - անթի՜ւ դարեր -
Արգանդդ դեռ
Չէ՛ կշտացեր։
*
Ախտ ու ժանտախտ, համաճարակ,
Եւ հրազէն, սուր ու գնդակ,
Գործիքներ են քու ձեռքիդ տակ.
Ո՛վ անզգայ
Աւերի՛չ Մահ։
*
Ուրկէ անցնիս կոծ ու կսկիծ
Յորդ արտասուք, սուգ ու թախիծ
Թողուս մինակ.
Եւ շարունակ
Ցաւ, բաժանում ե՛ւ լաց ե՛ւ վիշտ
Կը հետեւին քայլերուդ միշտ։
*
Ու կեանքն անզէն
Սրտին խորէն
Կ՚ըղձայ որ շուտ գէթ գայ մի օր
Որ սարսափներըդ ահաւոր,
Կախուած իր հէգ գլխուն վրան,
Քու մահուամբդ իսկ ընդմիշտ վերնան,
Ատելի՛ Մահ։

ՍԱՄՈՒԷԼ ԱՒԱԳԵԱՆ

Երբ վերոյիշեալ քերթուածին մէջ կը վկայենք մահուան նկատմամբ «վախ»ի մը արտայայտութեան, մահուան դէմ քաջութեան օրինակ մը կու տայ Յիսուս երբ կ՚ըսէ.

«Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարկամներուն համար» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Արդարեւ, հոն ո՛ւր կայ սէր, այնտեղ վախը կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը։

Եւ դարձեալ, Պօղոս Առաքեալ ոչինչ կը համարէ մահուան վախը եւ մահը, երբ կ՚ըսէ.

«Եւ երբ մեր այս եղծանելի բնութիւնը անեղծ բնութեան փոխուի, եւ այս մահկանացու բնութիւնը անմահ բնութեան փոխակերպուի, այն ատեն պիտի իրականանայ գրուած մարգարէութիւնը, որ կ՚ըսէ. - Մահը կլանուեցաւ. յաղթանակը շահուեցաւ։ Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ, ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 34-35)։ Եւ մահուան դէմ քաջութեան ամենամեծ տիպարն է Յիսուս Քրիստոս երբ մահուան յաղթեց Իր հրաշալի՜ Յարութեամբ։

Եւ մահը Քրիստոսով կերպարանափոխուեցա՛ւ։

Յիսուս, Աստուծոյ Որդին, Ինքն ալ կրեց մարդկային վիճակը բնորոշող մա՛հը։ Բայց հակառակ Իր մահուան դէմ զգացած սոսկումին (ՄԱՐԿ. ԺԴ 33-34), (ԵԲՐ. Ե 7-8), զայն յանձն առաւ, Իր Հօր կամքին ամբողջական եւ ազատ հնազանդութեամբ։ Եւ ահաւասի՛կ Յիսուսի այս հնազանդութիւնը, մահը, մահուան արժէքը փոխակերպեց օրհնութեա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 12, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020