ԻՐ ԾՆՆԴԵԱՆ 175-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ. ԱՆՁՆԴԻՐ ՀՈՎԻՒԻ ՏԻՊԱՐ ՄԸ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Նիկոմիդիոյ առաջնորդական վիճակի երբեմնի հայաբնակ քաղաքներու եւ գիւղերու հաւատացեալ ժողովուրդներուն համար եզակի դէմք մը եղած է Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս, որպէս անձնդիր հովիւ։ Մօրենական գծով ես զիս կը նկատեմ ատաբազարցի, իսկ հօրենական գծով՝ պանտրմացի։

Շատ անգամներ լսած եմ իր սրբակենցաղ վարքին մասին։ Երբ Թաքսիմ, Ֆէրիտիյէ կը բնակէինք, մեր դրացիներէն կը յիշեմ հոգելոյս Վահան Քահանայ Պիպիեանի քոյրերը՝ Նուարդ եւ Հայկանոյշը, որոնք իրենց ծննդավայրի աւանդական եկեղեցասիրութեամբ հասակ նետած ըլլալով ամէն առթիւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ կը մասնակցէին արարողութեանց եւ նուաստս կը գնահատէին, անոր համար որ շապիկ կը հագնէի երգեցիկ մանկանց խումբի շարքերէն ներս։ Անոնք զաւակներն էին Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքի երախտաշատ սպասաւորներէն՝ հոգելոյս Ոսկի Քահանայ Պիպիեանի, որ ձեռնասունն էր Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեանի։

Մեծ մայրս եւ տիրամայրս յարգանք ունէին երկու քոյրերու նկատմամբ եւ մանաւանդ տիրամայրս կը թելադրէր, որ տօնական առիթներով այցելէի իրենց ու շնորհաւորէի։ Երբ տարիներ անցան իրենց այցելութեանց ընթացքին, երբեմն կը հանդիպէի նագեւ Տ. Վահան Քահանայի, արտօսրալից աչքերով կը յիշէին Ստեփանոս Արքեպիսկոպոսը եւ անոր անձին մասին կ՚արտայայտուէին ըսելով. «սուրբ մըն է ան, մեր մէջ առածի կարգ անցած է. վերը Աստուած, վարը՝ Ստեփանոս Սրբազան»։ Տարիներ յետոյ, երբ առիթը ունեցայ կարդալու իր կենսագրութիւնը, ինչպէս նաեւ այլոց կողմէ գրի առնուած անձնական տպաւորութիւններն ու յիշատակները՝ աւելի լաւ հասկցայ, թէ որքան իրաւունք ունէին անոնք եւ իրենց համաքաղաքացիները, որոնք քաղցր ու սիրով առլցուն յարգանքի արտայայտութիւններով կը յիշէին զինքը, ոչ թէ անոր համար որ սրբազան էր, այլ անոր համար որ ապրող տիպար մըն էր սրբակենցաղ ու նռւիրեալ վարքի։

Իր կոչումին գիտակից այս յիրաւի սրբազան հոգեւորականին մասին շատեր գրած են, թարգման հանդիսանալով իրենց ունեցած յիշատակներուն եւ կամ իր վարքագիծէն տպաւորուելով։ Իր հօտին նուիրեալ, ճշմարիտ եկեղեցասէր անձնաւորութեան ցուցաբերած ազնուութեան կնիքը անջնջելիօրէն կը մնայ միջեկեղեցական գետնի վրայ։

Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեանի անունը արձանագրուած է միջեկեղեցական հարթակի վրայ, մանաւանդ երբ հարցը կապուած է եկեղեցիներու միութեան վսեմ ու ցանկալնի գաղափարին։ Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետի անունը ծանօթ է Պոլսոյ քրիստոնեաներուն։ Ան ոչ մէկ ջանք խնայած է միջկրօնական եւ միջեկեղեցական բարւոք յարաբերութիւններ մշակելու ուղղութեամբ եւ քաջալերած այն բոլոր առաքելութիւնները, որոնք կը միտին նոյն նպատակին ծառայելու։ Ան սրբադասուած է եւ իր անունը տրուած է Պոլսոյ Պապական նուիրակութեան փողոցին՝ Փափա Ռոնքալլի։ Ան շրջան մը որպէս Գերապայծառ Ռոնքալլի, ծառայած էր Սոֆիայի մէջ որպէս Առաքելական նուիրակ։ Այս պաշտօնավարութեան ընթացքին ծանօթացած է երբեմնի Նիկոմիդիոյ, այդ օրերու Պուլկարիոյ հայոց առաջնորդ՝ Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեանի հետ։

Հ. Լեւոն Վրդ. Զեքիեան (Այժմ՝ արքեպիսկոպոս եւ Վիճակաւոր կաթողիկէ հայոց Թուրքիոյ) իր յօդուածին մէջ «միութենական ընթացքը դժուարացնող զանազան ազդակներ» գլխարկումին տակ կ՚անդրադառնայ հետաքրքրական երկխօսութեան մը. «…Այս ուղղութեամբ մասնաւոր պատասխանատուութիւն մը կը վիճակի՝ քրիստոնեայ զանազան յարանուանութիւններու կղերին։ Անոնք եղան բաժանումին մեծագոյն հեղինակներն ու պատասխանատուները։ Ուրեմն բնական է որ իրենց ըլլան նաեւ ամբողջական վերահաշտութեան ալ կառուցողները՝ այս նպատակին ուղելով բոլոր այն ազդեցութիւնը՝ զոր կը վայելեն տակաւին քրիստոնեայ ժողովուրդին միջեւ։ Միայն այս կերպով պիտի կարենան քաւել իրենց նախնիքներուն մեղքը, որուն պատասխանատուութիւնը կը կրեն սակայն, մինչեւ որ լրջօրէն յանձնառու չըլլան ջնջելու մինչեւ իսկ անոր հետքերը։ Անոնք պէտք չեն ու չեն կրնար մոռնալ սա տխուր իրողութիւնը, որուն վրայ Սոֆիայի երբեմնի Առաքելական պատուիրակ՝ Գերպ. Ռոնքալլիի առաքելական գիտակցութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէր՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին պատկանող պատուական եպիսկոպոս մը, հաւատքի խոստովանող. արդէն իննսունամեայ ալեւոր հայրապետը, Սուրբ Գրական իմաստութիւն շնչող հին մարգարէի մը հանդիսաւոր շեշտով կ՚ըսէր. «Գերապայծառ, մենք եկեղեցականներս մեծ ու աններելի մեղք մը ունինք», ու կը վստահեցնէր բարի Գերապայծառին, բայց զարմացկոտ նայուածքը՝ յարելով. «Որովհետեւ Քրիստոս մեզի յանձնած էր իր Եկեղեցին եւ մենք զանիկա բաժան բաժան ըրած ենք. ատոր համար քրիստոնեաներու թշնամի դարձուցինք»1։

Թէ՛ այս երկխօսութիւնը եւ թէ՛ ծերունազարդ հայրապետի տիպարը անջնջելի հետք մը թողած էին Գերպ. Ռոնքալլիի վրայ։ Երբ յետագային դարձաւ Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետ իր սրտին մէջ կ՚ոգեկոչէր Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեանի յիշատակը եւ կը խորհրդածէր այդ աստուածարեալ խօսքերուն վրայ։ Գուցէ միութենական շարժումի ի նպաստ կատարած հսկայական ճիգերը շարժած էին Ստեփանոս Սրբազանի պարզ ու անկեղծ խորհրդածութիւններէն2։

Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետը 1 փետրուար 1959-ին հայոց ուղեալ ունկնդութեան առիթով ճառախօսութեանը մէջ Ստեփանոս Սրբազանի մասին կ՚ըսէր. «Այդ եկեղեցականը, իսկապէս օրինակ եղած է մեզի իր անսահման պարզմտութեամբ, անկեղծութեամբ, բարութեամբ, մանաւանդ իսկական բարութեամբ։ Ինք լուսաւորչական, սակայն լաւ կը յիշենք, օր մը ըսաւ մեզի. «Գիտցէք որ մենք հայերս միշտ կը յարգենք Ս. Պետրոսի յաջորդը եւ շատ լաւ գիտենք որ հոն է, հոն է այն գլխաւոր կեդրոնը. եւ երբ Հռոմ երթաք՝ կը խնդրեմ, շատ կը խնդրեմ, իմ տեղս Սրբազան Պապին ոտքը համբուրեցէք» եւ ապա աւելցուց իւրայատուկ բանաձեւով մը. «սիրտն ալ, երեսն ալ համբուրեցէք, եւ այս նկարը ցոյց տուէք», կը խօսէր պարզօրէն, տալով նաեւ իռր նկարը, այնպիսի սիրալիր բացատրութիւններով, որոնք իսկապէս յուզեցին մեզ, տեսնելով այդ պատկառելի ծերունին, որ յիսուն տարի Նիկոմիդիոյ Արքեպիսկոպոս եղած էր. եւ ինչպէս ինք կ՚ըսէր, շատ քահանաներ ձեռնադրած էր, եւ յանձն առած էր մնալ Իզմիտ, որքան ատեն հայ մը մնացած էր հոն. եւ անկէ վերջ միայն հեռացեր էր իր թեմէն։ Գերպ. Ռոնքալլի իրեն եղած յանձնարարութիւնը կը հասցնէ Պիոս ԺԱ. Քահանայապետին։ Գերպ. Ռոնքալլի յանձն կ՚առնէ Ստեփանոս Սրբազանին յանձնել Քահանայապետի նուիրած շքանշանը եւ դրամական օժանդակութիւնը որպէսզի աղքատներուն յատկացուէր։ Ստեփանոս Սրբազան ուրախութեամբ կ՚ընդունէր շքանշանը եւ ցմահ զայն կը կրէր իր կուրծքին վրայ։ Իսկ ուղարկուած դրամը ետ կը դարձնէր, ոչ թէ անոր համար որ հաճելի չէր, այլ որովհետեւ իր ժողովուրդին մէջ աղքատ մարդ չկար. բոլորը հարուստ էին եւ այդ դրամով կարելի էր ուրիշ կարօտեալներու օգնել։ Ստեփանոս Արքեպիսկոպոսի այս պարզունակ ու ազնիւ արտայայտութիւնը յուզած էր Գերապայծառը3:

Աւազանի անունով Մելքոնի 1846-ին Նիկոմիդիոյ մէջ սկսած կեանքի գիծը հասաւ 10 Մարտ 1934-ին, երբ Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս Սոֆիայի մէջ իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ կ՚աւանդէր։ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պաշտօնաթերթը՝ «Սիոն» մահագրութեան մէջ կը նշէր. «…հոգելից քրիստոնեայ, հայր հասարակաց եւ հովիւ անձնդիր. ասոնք են երեք էական գիծերը իր նկարագրին՝ զոր կրցաւ բարձր պահել մինչեւ իր վերջին շունչը, երբ սուրբի մը պէս իջաւ գերեզման, ամբողջ իր հովուութեան ժամանակամիջոցին իր ժողովուրդէն եւ ամէնքէն սիրուելէ եւ յարգուելէ վերջ՝ իր ամբամբաս կենցաղին, անդադրում գործունէութեան եւ աւետարանական բազում շնորհներուն համար, որոնցմով զարդարուած էր»4։

175 տարի առաջ ծնած Հայ Եկեղեցւոյ այս քաջ հովիւը գիտցած է իր կեանքը տալ իր ոչխարներուն համար։ Սուրբ Աւետարանի ուղիով գործելով «ճանչցած է իրենները եւ ճանչցուած՝ իրեններէն»։ Եւ իր մասին գրուածները լաւագոյն վկաներն են այս իրողութեան։

Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ երկնային անթառամ պսակին արժանացնէ։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ


1 «Համամիութենական նոր հեռանկարներու նախօրեակին», Բազմավէպ, թ. 3-4, 1976, Վենետիկ, Ս. Ղազար, էջ՝ 292։

2 Տէր Ներսէսեան Հ. Ն., «Յովհաննէս ԻԳ. Սրբազան Քահանայապետի անմոռաց յիշատակին», Բազմավէպ, թ. 4-8, 1963, Վենետիկ, Ս. Ղազար, էջ՝ 74։

3 Ն. Ս. «Յովհաննէս ԻԳ. Պապը եւ Հայերը», Բազմավէպ, թ. 1-2, 1959, Վենետիկ, Ս. Ղազար, էջ՝ 3-5։

4 «Տխրունի, Տ. Ստեփանոս Ս. Արքեպիսկոպոս Յովակիմեան», Սիոն, թ. Մայիս, 1934, էջ՝ 157-159։

Հինգշաբթի, Յուլիս 15, 2021