ՔԱՆԱԿ ԵՒ ՈՐԱԿ
Մարդիկ յաճախ, արժէք մը գնահատելու ժամանակ, որպէս չափանիշ կ՚ունենան «քանակ»ը, եւ ո՛չ թէ՝ «որակ»ը։ Այս իմաստով եթէ բան մը շա՛տ է, արժէք կը ստանայ, առանց նայելու անոր որակին, անոր իսկական արժէքին։ Մարդ կը փափաքի, զոր օրինակ, «շատ» պտուղ ունենալ, փոխանակ քիչ բայց «լա՛ւ» պտուղ ունենալու։
Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ՝ որ աւելի թանկագին եւ թանկարժէք է այն՝ որ քիչ կը գտնուի՝ հազուագիւտ է։ Ուրեմն, քանակը եւ արժէքը խոտոր կը համեմատին՝ քանակով քիչ, արժէքով շա՛տ, փոխադարձաբար՝ քանակով շատ, արժէքով քի՛չ։ Որեւէ բանի մը որակը եթէ բարձր է, ան հազուագիւտ է ընդհանրապէս։ Արդարեւ, լաւը միշտ հազուագիւտ է, որովհետեւ լաւը, որակաւորը աշխատանք, ջանք կը պահանջէ, զայն ձեռք ձգել դժուար է, իսկ անորակ, հասարակ բան մը դիւրութեամբ կարելի է ձեռք ձգել։ Որակը որքան որ աւելնայ՝ քանակը կը պակսի, աւելի քիչ կ՚ըլլայ, քանի որ որակը ամենէն վերի մասն է։ Խորհեցէք սիրելի՜ բարեկամներ, երեւակայեցէք բուրգ մը՝ բազմանկիւն նիստով մարմին մը, որուն եռանկիւնաձեւ կողերը մէկ կէտի վրայ կը միանան, որ կը կոչուի բուրգի գագաթ։ Բուրգին գագաթը մէկ հատ է, մինակ եւ ամենէն վերը, իսկ եռանկիւնաձեւ կողերը դէպի վար հետզհետէ կը լայննան, կը տարածուին։ Կեանքի մէջ ալ ան որ գագաթն է՝ մինակ, թանկագին է, մեր արժէք կը ներկայացնէ, իսկ դէպի վար՝ այդ արժէքը հետզհետէ կը նուազի, հասարակ կ՚ըլլայ։ Պարագան նոյնն է նաեւ «նեղ դուռ»ի եւ «լայն դուռ»ի պարագային. նեղ դուռէն անցնիլ դժուար է, բայց ան է որ մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի երանութիւն, իսկ լայն դուռնէն անցնիլ շատ դիւրին է՝ հեշտ է, բայց վերջաւորութիւնը՝ խնդրական։
Ոմանց կենսագրութիւնը կազմուած է «շատ» գործելէ, շատ աշխատանքէ եւ զբաղումէ, որուն հետեւանք՝ շատ գործերէ, շատ արդիւնքէ, որոնց համար թերեւս կարելի է ըսել՝ իրենց տեղը, ժամանակը եւ արժէքը ունին… Բայց որոնցմէ ո՛չ մէկը «մեծ» գործ մը, գլուխ գործոց մըն է որ կ՚ապրի, կը մնայ, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի։
Շատ արտադրե՞լ, թէ քիչ բայց որակաւոր արտադրել։ Ո՞ր մէկը աւելի արդիւնաւոր է եւ օգտակար։
Արդարեւ, կան հեղինակներ, որոնց անունը թերեւս տասնեակ մը գիրքերու վրայ կ՚երեւի, բայց որոնցմէ ո՛չ մէկը «դասական» գրականութեան մաս կրնայ կազմել եւ կարդացուիլ մէկ սերունդի մը կեանքէն անդին։ Ուստի, կան եւ եղած են բանաստեղծներ՝ որոնք հարիւրաւոր ոտանաւորներ են գրած եւ սակայն, աւա՜ղ, բոլորն ալ մոռցուած եւ կորստեան են մատնուած. իսկ քիչեր՝ որոնք «միայն մէկ երկու» ոտանաւորով անմահացած են եւ կը շարունակեն կարդացուիլ սերունդէ սերունդ։
Ուստի, լա՛ւ է մէկ ծառ տնկել եւ խնամել որ աճի, հասնի, մեծնայ եւ պտուղ տայ, քան պտղաստան մը տնկել եւ սեզերու, որդերու կեր ընել։
Կեանքի մը արժէքը այն ատեն կը մեծնայ, երբ մարդ իր ուժերը կրնայ անտեսել եւ կեդրոնացնել մէկ գործի վրայ, փոխանակ տարածելու զանոնք տասը տարբեր գործերու վրայ եւ բոլորն ալ անկատար, թերի թողելու։ Խուսափիլ եւ չվստահիլ պէտք է այնպիսի մարդոցմէ, որոնք կ՚ըսեն, թէ ամէն գործ կու գայ իրենց ձեռքէն, որովհետեւ անոնք ոչ մէկ բան կրնան ընել եւ այն որ ըրած կը կարծեն, անկատար եւ թերի, ապարդիւն գործեր կ՚ըլլան միայն։
Մարդ, ուրեմն մէ՛կ բան ընելու է, բայց կատարեալ եւ անթերի ընելու է. մասնագէտ մը աւելի օգտակար է մարդոց քան «ամենագէտ» մը՝ կամ ինքզինք «ամենագէտ» կարծող մը…։
Սիրելի՜ բարեկամներ, արդարեւ, Յիսուս Քրիստոս ալ աշխարհ եկաւ՝ մարմնացաւ եւ մարդացաւ մէ՛կ կոչումով, մէ՛կ նպատակի մը համար, մէկ նպատակի մը նուիրումով, որ էր փրկել մարդիկ Աստուծոյ հայրախնամ սիրոյն յայտնութեամբը՝ Իր կեանքովը։
Յիսուսի կեանքին «վախճան»ը չէր խաչը, այլ՝ «լրո՛ւմ»ն էր։
Մեր ալ կեանքին լրումը «Սէր» է, սիրելի՜ բարեկամներ. ամէն գնով, որպէսզի ապացուցանենք եւ վկայենք, թէ մե՛նք ալ «Աստուծոյ որդիներ» ենք։
Երբ կը խօսինք քիչի եւ մանաւանդ միակ ըլլալու արժէքին վրայ, բնութենէն օրինակ մը առնենք։ Կակաչը՝ որքա՜ն գեղեցիկ ծաղիկ մըն է, բոլորս հանդիպած ենք անոր բնութեան մէջ։
Ուշագրաւ է կակաչին սա մասնայատկութիւնը՝ իւրայատուկ երեւոյթը՝ որ մէկ ցօղունի մը ծայրը միայն մէ՛կ հատիկ ծաղիկ մըն է ան. աննման ուրիշ ծաղիկներու որոնք մէկ ցօղունին վրայ ծաղիկներու փունջեր կը կրեն։
Կակաչին սոխը թաղուած հողին մէջ, իր բոլոր ուժերը կը գործածէ ծնելու համար «մէկ հատիկ» ծաղիկ մը, եւ որպէս միազաւակ, կեանք տալու իր մէկ հատիկ բողբոջին…։ Այս իսկ պատճառով «կատարեալ» ծաղիկ մըն է կակաչը՝ շնորհալի դուստրը իր մօր…։
Քանա՞կ թէ որակ։ Այս հարցումին կարենալ պատասխանելու համար պէտք է փորձել խորհիլ ո՛չ միայն միտքով, այլ եւ նաեւ՝ սիրտո՜վ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 1, 2022, Իսթանպուլ