ԲՆԻԿ ՏԱՂԱ՛ՆԴՆ Է ԷԱԿԱՆԸ

Ու­սու­մը մար­դուս մտքի տա­րո­ղու­թիւ­նը կրնա՞յ փո­խել, եւ ե­թէ կրնայ՝ ո՞ր աս­տի­ճա­նի կրնայ փո­խել։

Ու­սում եւ կրթու­թիւն, եր­կու անհ­րա­ժեշտ ար­ժէք­ներ են մար­դուս զար­գաց­ման, կա­տա­րե­լու­թեան եւ ըն­կե­րու­թեան մէջ դիրք մը ու­նե­նա­լու հա­մար։ Այս մա­սին ո՛չ մէկ տա­րա­կոյս կայ։ Բայց հար­ցը սա է, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ու­սու­մը եւ կրթու­թիւ­նը ո՞ր աս­տի­ճան կրնան փո­խել, կամ ա­ւե­լի լաւ է ը­սել՝ ո՞ր­քան կրնան բա­րե­փո­խել մար­դուս մտա­յին տա­րո­ղու­թիւ­նը եւ ո՞ր­քան կրնան ա­ւելց­նել բնա­ծին տա­ղան­դը։ Մարդ ե­թէ չու­նե­նայ տա­ղանդ, յատ­կու­թիւն ո­րե­ւէ մար­զի մէջ, ու­սու­մով եւ կրթու­թեամբ կրնա՞յ ու­նե­նալ զայն։

Հար­ցու­մը փոր­ձենք հարց­նել տար­բեր կեր­պով. ընդ­հան­րա­պէս «տա­ղանդ» կամ «յատ­կու­թիւն» ը­սուա­ծը բնա­ծի՞ն է, թէ ստա­ցա­կան։

Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ վկա­յու­թիւն­ներ ցոյց կու տան, թէ տա­ղանդ ու­նե­նալ՝ ե­թէ ո՛չ ան­կա­րե­լի բայց շատ դժուար է, երբ ա­նի­կա ի ծնէ չու­նի։

Ան­շուշտ պատ­մու­թեան մէջ կան բա­ցա­ռու­թիւն­ներ, բայց ա­նոնք ի­րա­պէ՛ս «բա­ցա­ռու­թիւն»ներ են եւ միշտ կը մնան բա­ցա­ռու­թի՛ւն։

Ար­դա­րեւ տա­ղան­դը «բնա­տուր շնորհք» մըն է՝ որ ան­կա­րե­լի է շա­հիլ ո­րե­ւէ մի­ջո­ցով, ո՛չ դաս­տիա­րա­կու­թեամբ, ո՛չ ա­րուես­տա­կան յար­դա­րան­քով, վրա­դիր եւ ան­ցա­ւոր փայ­լով, այլ որ­պէս «պար­գեւ» ըն­դու­նե­լով ուղ­ղա­կի Աս­տուծ­մէ։ Ե­րա­նե­լի՜ են ա­նոնք, որ Աս­տուծ­մէ ըն­դու­նած են ի՛նչ որ ու­նին։

Եւ դար­ձեալ կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ զա­նա­զան վկա­յու­թիւն­ներ ցոյց կու տան սա ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ՝ մարդ կրնայ կար­դալ ու կար­դա՜լ, ու­սա­նիլ, աս­տի­ճան­ներ, վկա­յա­կան­ներ ստա­նալ եւ տա­կա­ւին զուրկ մնալ ո­րե­ւէ տա­ղան­դէ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կա­րո­ղու­թե­նէ։

Ուս­տի ու­սու­մը, ընդ­հան­րա­պէս, մար­դուս մտքին տա­րո­ղու­թիւ­նը չի փո­խեր, ան ի՛նչ աս­տի­ճա­նի ու­սու­ցում ալ ըլ­լայ. մտքին կա­րո­ղու­թիւ­նը չ՚ա­ւելց­ներ, տա­րած­քը չի փո­խեր, այլ «ե­ղած»ը քիչ մը կը յար­դա­րէ, կը ձե­ւա­ւո­րէ, ը­սենք՝ ներ­կա­յա­նա­լի վի­ճա­կի մը կը վե­րա­ծէ։ Տա­ղան­դին յայտ­նուե­լուն ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ։ Զոր օ­րի­նակ, քա­րո­զիչ մը՝ «քա­րո­զիչ» չ՚ըլ­լար, ո­րով­հե­տեւ ճե­մա­րա­նի մը սո­վո­րա­կան դա­սըն­թաց­քը ա­ւար­տած եւ վկա­յա­կան ստա­ցած է, ե­թէ նոյն ա­տեն Սուրբ Հո­գիին կրա­կը չի վա­ռիր ա­նոր հո­գիին մէջ։ Ա­սոր նման՝ բա­նաս­տեղ­ծը, գրա­գէ­տը, ընդ­հան­րա­պէս գրա­գի­տու­թեան դպրո­ցին մէջ չի հաս­նիր, չի պատ­րաս­տուիր ե­թէ բնա­տուր շնորհ­քը՝ տա­ղան­դը չու­նի։ Զոր օ­րի­նակ, Պետ­րոս Դու­րեա­նը՝ միայն կար­դալ-գրել սոր­վե­ցաւ դպրո­ցէն, իսկ իր քնա­րեր­գա­կան տա­ղան­դը ըն­դու­նեց Աս­տուծ­մէ, ինչ­պէս ա­մէն բա­նաս­տեղծ՝ որ ա­նու­նին ար­ժա­նի է։

Օ­րի­նակ­նե­րը կա­րե­լի է բազ­մաց­նել, վար­ժա­պե­տը չէ՛ որ ե­րա­ժիշ­տը կը ստեղ­ծէ. ե­րա­ժիշ­տը ստեղ­ծո­ղը Աս­տուա՛ծ է, վար­ժա­պե­տը ստեղ­ծուած՝ ներ­կայ տա­ղան­դին ոս­կին, նիւ­թը միայն կը փայ­լեց­նէ, ը­սենք, կը ձե­ւա­ւո­րէ։

Ար­դա­րեւ մար­դիկ ձե­ւա­ւո­րող, յար­դա­րիչ­ներ են միայն, Աս­տուած է որ կը ստեղ­ծէ, Ա՛ն է ստեղ­ծի­չը։ Ուս­տի տա­ղան­դը ստա­ցա­կան յատ­կու­թիւն մը, նկա­րա­գիր մը չէ՛։

Մար­դուս փոր­ձա­ռու­թիւ­նը հիմքն է իր դա­տո­ղու­թեան, հե­տե­ւա­բար սրտի մաք­րու­թիւ­նը եւս ստա­ցա­կան չէ՛, չի՛ շա­հուիր, այլ՝ բնա­ծին է, ու­րիշ խօս­քով՝ մարդ կամ կեղ­ծա­ւոր կը ծնի կամ ան­կեղծ ու պար­կե՛շտ։ Չէ՞ որ ժո­ղովր­դա­յին ի­մաս­տու­թիւ­նը կ՚ը­սէ՝ թէ մարդ ի՛նչ որ է 7 տա­րե­կա­նին, նո՛յնն է 70-ին։ Մար­դը միշտ նոյն «մարդ»ն է՝ 7 տա­րե­կա­նին ալ, 70-ին ալ։

Այս հե­տե­ւո­րու­թեամբ՝ 7 տա­րե­կան տղու մը եւ 70 տա­րե­կան մար­դու մը տար­բե­րու­թիւ­նը՝ «0» մըն է, այ­սինքն՝ «զէ­րօ» մը՝ ո-չըն­չու­թիւն, նկա­րա­գրի եւ բնա­տուր շնորհ­նե­րու տե­սա­կէ­տէ։

Մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ ալ կա­րե­ւոր է նկա­րա­գի­րը. ճշմա­րիտ բա­րե­կա­մու­թիւն ան­կա­րե­լի՛ է կեղ­ծա­ւոր­նե­րու մի­ջեւ, նոյ­նիսկ երբ մէկ կող­մը ան­կեղծ է եւ միւս կող­մը՝ կեղ­ծա­ւո՛ր։ Սէ­րը երբ ան­կեղծ է եր­բեք չի վեր­ջա­նար, քա­նի որ ա­նոր աղ­բիւ­րը Աս­տու­ծոյ սիրտն է։ Աս­տու­ծոյ սրտէն բխած սէ­րը հա­րա­զատ եւ ան­կեղծ սէրն է՝ որ կը հաս­տա­տուի մար­դուս մէջ, միշտ հաս­տա՛տ եւ միշտ վստա­հե­լի՛։

Ու­րեմն ի՛նչ որ գե­ղե­ցիկ է, ճշմա­րիտ եւ հմա­յիչ մարդ­կա­յին նկա­րագ­րին մէջ էա­պէս ա՛յն է, զոր Աս­տուած ի՛նք դրած է, ո­րուն կ՚ը­սենք. «բնա­տուր կամ աս­տուա­ծա­տուր շնորհք», եւ այս շնորհքն է որ ստա­ցա­կան չէ, կա­րե­լի չէ շա­հիլ ո­րե­ւէ կեր­պով, բայց միայն կա­րե­լի է զար­գաց­նել, ձե­ւա­ւո­րել եւ գործ­նա­կա­նի վե­րա­ծել, օգ­տա­գոր­ծել եւ ներ­կա­յաց­նել։

Մարդ կրնայ ան­գի­տա­նալ կամ չանդ­րա­դառ­նալ իր բնա­տուր շնորհ­նե­րուն՝ տա­ղան­դին, յատ­կու­թիւն­նե­րուն, ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն, եւ ա­հա­ւա­սիկ հո՛ս է դաս­տիա­րա­կու­թեան, կրթու­թեան եւ ու­սու­մին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ու­սումն է, դաս­տիա­րա­կու­թիւնն է, որ մար­դուս ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ անդ­րա­դառ­նա­լու իր տա­ղան­դին, յատ­կու­թիւն­նե­րուն եւ ըստ այնմ զար­գաց­նել զա­նոնք եւ օգ­տա­գործուիլ ա­նոնց­մէ։

«Ե­թէ կ՚ու­զէք լաւ պտուղ ու­նե­նալ՝ ծա­ռը ա­ռողջ պա­հե­ցէք, իսկ ե­թէ ծա­ռը չպա­հէք՝ պտուղն ալ գէշ կ՚ըլ­լայ։ Ո­րով­հե­տեւ իւ­րա­քան­չիւր ծառ իր պտու­ղէն կը ճանչ­ցուի» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 33), կ՚ը­սէ Յի­սուս։ Ու­րեմն բու­նը, էա­կանն է կա­րե­ւո­րը՝ ո­րուն ար­դիւնքն են ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը։ Եւ Յի­սուս կը շա­րու­նա­կէ. «Բա­րի մար­դը իր սրտի բա­րի գան­ձէն բա­րիք կը հա­նէ, իսկ չար մար­դը իր սրտի չար գան­ձէն՝ չա­րի՛ք» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 35)։

­Խոր­հե­ցէք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, պա­րարտ հո­ղը, որ­քան ալ լաւ ըլ­լայ, ե­թէ հուն­տը լաւ չէ, ար­դիւ­նա­բեր չ՚ըլ­լար, սպա­սուած պտու­ղը չի՛ տար եւ բոյ­սը չի՛ բուս­նիր։ Այս պարզ եւ բնա­կան օ­րի­նակն ալ ցոյց կու տայ, թէ ո­րե­ւէ բա­նի մը էու­թիւ­նը չի փո­խ-ւիր, ինչ­պէս մար­դու­նը. էա­կա­նը միշտ նոյ­նը կը մնայ, թե­րեւս քիչ բան կը փո­խուի, կը ծած­կուի բայց ներ­քի­նը՝ էա­կա­նը ան­փո­փոխ կը մնայ։ Լաւ ծա­ռը լաւ պտուղ կու տայ, իսկ գէշ ծա­ռը՝ գէ՛շ։ Կա­րե­ւո­րը բա­րիին անդ­րա­դառ­նա՛լն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 12, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016