«ԱԶԴԱՐԱՐ»ԷՆ «ՄԱՔՐԱՐԱՐ»

Վերջին տասնամեակին մարդկութիւնը թերթերու գոյութիւնը ապահովելու եւ անոնց կաղացող ընթացքին գոյութիւն տալու համար որդեգրեց հիասքանչ լուծում մը, որ ըստ երեւոյթին բաւականի՜ն երկար ժամանակ մեր հասարակութեան կողմէ պիտի շարունակուի ի գործ դրուիլ եւ ինչո՞ւ չէ, հաւանաբար ժամանակ մը ետք նոյն այդ նպատակին համար է, որ թերթերը պիտի շարունակեն հրատարակուիլ:

Ձեր առօրեայի ընթացքին քանի՞ անգամ եւ ո՞ւր թերթ կը տեսնէք, չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ վերջին ժամանակաշրջանին թերթերը մարդոց ձեռքն ու գրասեղաններուն վրայ տեսնելէ աւելի ներկող արհեստաւորներուն ոտքերուն տակ կը տեսնեմ՝ տան մարմար քարերը ներկէն ազատելու համար, լուսամուտները մաքրող մաքրարարին ձեռքը՝ կտաւի խնայողութիւն ընելու համար, հաց վաճառողին ձեռքը՝ տոպրակի խնայողութիւն ընելու համար, շա՜տ շատերու պահեստանոցը՝ օր մը դարակի մը կամ պահարանի մը տակ գորգի տեղ գործածելու համար, ապակի եւ դիւրաբեկ առարկայ մը քօղարկելու համար՝ որպէսզի յանկարծ վնաս մը չհասնի ծանրագին իրին: Թերթը տեսած եմ բանուորներու որպէս նախաճաշի սեղան ծառայած ժամանակ՝ շրջապատը չաղտոտելու նպատակով. յաճախ տեսած եմ թերթը կոտրտած ապակիներուն անցքերը յարդարած ժամանակ: Օրական դրութեամբ գիտէ՞ք ինչքան արհեստաւորներ իրենց յոգնատանջ աշխատանքէն ետք իրենց լուացուած ձեռքերը կը չորցնեն թերթի էջերով: Քանի՜ քանիներ չվստահելով փողոցի մաքրութեան՝ իրենց յետոյքները փոշիէն կը պաշտպանեն թերթերու միջոցով. քանի՜ քանիներ այդ թերթերը կը սփռեն իրենց անասուններուն տակ՝ ամէն տեսակ կեղտ ու թափթփուք դիւրութեամբ դուրս նետելու համար: Իսկ ամենէն կարեւորներէն մէկը խորովածի ժամանակ անոր ունեցած կարեւոր պարտաւորութիւնն է, որուն կրնայ մասնակից դառնալ նաեւ երբեւէ չկարդացուած եւ փոշիներու մէջ խեղդուող եւ մոխիր դառնալու դատապարտուած գիրքերը: Խմիչքներն ու ոգելից ըմպելիները ծածկելու աւելի լաւ տարբերակ կա՞յ քան թերթը:

Նման պարագաներուն թերթի որակը իր թուղթի տեսակէն չէ՛ որ կը դատուի, այլ ամենէն յարմար թերթը կը նկատուի ա՛յն թերթը՝ որ հակառակ 24 էջնոց ըլլալուն կը վաճառուի այնքան՝ ինչքան 4 էջնոց թերթն է: Այս բոլորին դիմաց մենք ալ այն ինքնախաբէութեամբ զմեզ կ՚ամոքենք, որ պատուհան մաքրողը, թերթին վրայ հաց ուտողը, ինչո՞ւ չէ, նաեւ ներկարարն ու արհեստաւորը ձեռքերը սրբած ժամանակ բառ մը կամ տող մը պատահմամբ տեսնէ ու կարդայ «ակար» կամ «խտիղ» գերեզմանացած բառերը:

Առեւտրական տեսանկիւնէն դիտուած ինչքա՜ն աւելի շահաբեր պիտի ըլլար թերթը լուրեր ու յօդուածներ մատուցելու փոխարէն շուկայ դուրս գար վերոյիշեալ յատկութիւններով՝ որ արդէն գրեթէ ամէնուր ունի իր յօժարակամ յաճախորդները։ Լիբանան օրաթերթի մը խմբագրութեան մէջ աշխատած ժամանակ մի՛շտ մարդ ու կին մը կու գային եւ կը խնդրէին անցնող շաբաթներու «աւելցած» թերթերէն ունենալ. հաւաքածուներու համար 10-15 հատ մէկ կողմ դնելէ ետք կը յանձնէինք իրենց. ժամանակ մը ետք գիտցանք, որ քիլոներու վերածելով ծախու կը դնէին՝ առանց հայի կամ արաբի խտրութիւն դնելով:

Կը հաւատանք կեանքի այն օրէնքին, որ ամէ՛ն բան որ ունի սկիզբ՝ ունի նաեւ վախճան եւ երբեք չենք համարձակիր ըսել, թէ մամուլը կայ եւ յաւիտեան պիտի մնայ, որովհետեւ մենք եւս կը գիտակցինք, թէ այդ մէկը ցնորք է պարզապէս. չորս-հինգ սերունդ ետք ներկայ հոգեվարքը պիտի կարենա՞յ քաշքշել՝ չենք գիտեր, սակայն այնպէս ինչպէս ձայնագիրն ու ձայներիզը, գրաշարն ու տառաշարը ու անոնց նման թանգարանացած բազմաթիւ իրեր մեր կեանքէն դուրս մնացած են այսօր։ Նոյնպէս ժամանակ մը ետք թերթն ալ պիտի դադրի մեր կեանքի մէջ գոյութիւն ունենալէ, որովհետեւ բան մը կը մեռնի՝ երբ անոր փոխարինող տարբերակներ գտնուին եւ, ցաւ ի սիրտ, այսօր մամուլը փոխարինող մէկէ աւելի տարբերակներ գոյութիւն ունին աշխարհի երեսին: Այնպէս ինչպէս լուռ ու անխօս մեր մէջէն վերացաւ գրաւոր նամակ ու երկտող գրելու սովորութիւնը եւ անոնց տեղը գրաւեց ներկայ արհեստագիտութեան «բարիք»ները, նոյնպէս ալ նոյն արհեստագիտութեան «բարիք»ը անտարակոյս պիտի նուաճէ եւ օր մը մշտնջենաւորապէս անշնչացնէ աշխարհի համար աւելի քան 500 եւ մեզի՝ հայութեան համար 229 տարուան կեանք ունեցող մամուլի ընթացքը:

Մեր ազգի մէջ յետ այսու դժուար թէ լսենք նոր շաբաթաթերթի մը կամ օրաթերթի մը ծնունդը, սակայն անխուսափելի պիտի ըլլան անոնց մահազդները եւ երբեւէ չկարծուի, որ թերթի մը համար աւետաբեր լուր է այլ թերթի մը անշնչացումը, որովհետեւ իւրաքանչիւր անշնչութեան մէջ իւրաքանչիւր թերթ ինքզինք է որ կը տեսնէ։ Վերջապէս մահուան դիմաց թշնամիներ անգամ սրտակից եղբայրներ կը դառնան եւ բազմաթիւ թերթերու համագործակցութիւնը ամենէն վառ օրինակն է այդ եղբայրութեան:

Մեր բոլոր մամուլներն ալ նման են այն տարեց քոյր-եղբայրին՝ որ  անգիտակ ձեւով կը սպասեն մահուան հրեշտակին՝ առանց գիտնալու, թէ որո՛ւ գնացքն է առաջինը:

Այս ընթացքով «Ազդարար»ով սկիզբ առած մեր մամլոյ «արկածախնդրութիւն»ը վերջ պիտի գտնէ «Մաքրարար»ով՝ իր ետին ձգելով չյայտնաբերուած բազմահազար գանձեր, որոնք հակառակ ժամանակի փոփոխութիւններուն՝ կը շարունակեն մնալ այժմէական ու ուսուցաբեր:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -143-

Աշակերտութեանս օրերուն Դպրեվանքը «պահակ» շուն մը ունէր՝ Կապուտակ. անոր տէր-տիրական եղող հոգեւորականը իր շունը կրցած էր կրթել մի՛ միայն «Արծիւ» թերթով. կանչերն ու բարկութիւնները ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունէին, սակայն թերթը ձեռք առնելը բաւարար էր զինք վախցնելու։ Իր կենդանութեան այդ շունը մէկէ մը չվախցաւ այնքան՝ ինչքան թերթի այդ կտորէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023