ՆԵՐՈՂՈՒԹԻ՜ՒՆ
Վերջերս ծանօթներէս մէկու մը զաւակը իր սովորական-մանկական չարութիւններու կողքին իրմէ մեծերէն մէկուն հանդէպ անյարգալից վերաբերմունք մը ունեցաւ. պահը վիրաւորական էր. անվայել այդ արտայայտութեան դիմաց մանուկին ըսելով որ պէտք է ներողութիւն խնդրէ իր ա՛յդ սխալին համար: Մանուկը վարանեցաւ. մայրը զինք փրկեց այդ անել կացութենէն, պարզելով անյարգալից վերաբերմունքի պատճառը. «Իմ զաւակս մէկու մըն ալ ներողութիւն չէ ըսած, ու չ՚ըսեր...»:
Հոն նկատեցի, որ մայրը կը կարծէ, թէ ներողութիւն ըսելը ստորնացման նշան է. համոզուած է, որ տկարներն են միա՛յն որ ներողութիւն կը խնդրեն: Հետեւաբար ներկայ ընկերութիւնը ուսումնասիրելով պէտք չէ զարմանալ կամաց կամաց անհետացող յարգանքին ու մեծարանքին բացակայութենէն:
Պէտք է հասակ առնող նոր սերունդին յստակօրէն բացատրել տարբերութիւնը տկարութեան եւ համեստութեան, միաժամանակ ազատամտութեան եւ անկրթութեան. այս չորսն ալ իրարմէ տարբեր ճշմարտութիւններ են, ինչպէս՝ հպարտութիւնն ու գոռոզութիւնը:
Արդի մանկավարժութեան ու հոգեբանութեան ամենէն շատ ուսումնասիրած նիւթերէն մէկն է մանուկներու ունեցած վերաբերմունքը իրենց ծնողներուն եւ իրենց մեծերուն հանդէպ: Նոր սերունդը այսօր կը դժուարանայ ներողութիւն ըսելու եւ կամ այն անքա՜ն մեղմ ձայնով կ՚ըսէ, որ ըսողը ինք անգամ չի լսեր շատ անգամ:
Արդի մանկավարժութիւնը տարբերութիւն կը դնէ ներողութիւնը պարտադրելուն եւ ներողութիւն ըսելու քաջալեր հանդիսանալուն. շատ մը հոգեբանական տեսութիւններ կը յայտնեն, թէ ներողութեան պարտադրանքը մանուկին վրայ «պարտուածութեան» հոգեբանութիւն մը կը ստեղծէ, մինչ քաջալերանքը այդ հոգեբանութենէն դուրս հանելով մանուկը կ՚առաջնորդէ զինք «համեստութեան»: Ներողութեան մօտ է, որ սկիզբ կ՚առնէ դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը, որովհետեւ այդ ճամբով է, որ մանուկը կը սորվի, թէ ո՛ր բանը ճիշդ եւ որ բանը սխալ է իր կեանքին մէջ:
Անձնական փորձառութեամբ գիտեմ, որ որոշ ժամանակ ետք եթէ սկզբնական շրջանին չկրթես, ապագան կրնայ ուշ ըլլալ եւ այդ մէկը իրաւունքի կը վերածուի մանուկին մօտ: Այսպէս բացատրեմ. մեր հարազատներէն մէկուն տղան ի ծնէ թեթեւ հիւանդութիւն մը ունի. այդ հիւանդութիւնը պատճառ դարձած է, որ տղան ազատութեամբ ընէ ամէ՛ն բան, գիտնալով, որ «հիւանդ եմ», առանց ներողութիւն ըսելու արդէն ներուած է ինձ ամէն բան. 24-25 տարեկանին ձեռք բարձրացուցած է իր մօր ու հօր, որոնք ոչինչ, հիւանդ է ըսելով ազատութիւն տուած են զաւակին. զաւակը յաճախակիօրէն կրկնած է այդ բոլորը եւ երթալով աւելի յաճախակի դարձուցած այդ բոլորը, վերջապէս զինք կասեցնող պիտի չըլլայ: Տղան ամուսնացած ու կնոջ հետ առանձին սկսած է ապրիլ, սակայն շարունակած նոյն ընթացքը. մայրն ու հայրը որոշ ժամանակ որոշած են չխօսիլ իրեն հետ, սակայն մի քանի շաբաթ ետք մեղքանալով գացած են իր մօտ:
Առիթով մը կարծիքս հարցուցին. ըսի, թէ ծեծելը եւ անկրթութիւնը հիւանդութեան հետ կապ չունի, որովհետեւ եթէ հիւանդութիւնը պատճառ ըլլար ծեծին, վստահ եղէք բոլորին պիտի ծեծէր եւ ո՛չ թէ միայն ձեզի. եթէ իր կնոջ ընտանիքին ու օտարներու մօտ բարի ու խելօք կրնայ պահել ինքզինք, կը նշանակէ հիւանդութենէն աւելի դաստիարակութեան հետ կապ ունի. գոնէ մէկ անգամ պէտք է խստասիրտ ըլլալ ու չերթալ իր մօտ, մինչեւ ինք համոզուի իր ըրած սխալներուն եւ ներողութիւն խնդրելու համար գայ ձեր մօտ: Իր կեանքի ընթացքին ամէն բան որ կատարած է, առանց ներողութեան արտօնուած ու ներուած է իրեն, հետեւաբար ինք այդ մէկը վերածած է իրաւունքի:
Պէտք է բացատրել, որ ներողութիւնը ո՛չ թէ կը նուաստացնէ, այլ կը բարձրացնէ անձը, անոր գիտակից ու նրբանկատ ըլլալը ցոյց կու տայ. յաճախ կռուող զոյգերու մօտ, կամ ընտանեկան վէճերէ ետք այդ համոզումը կը ծագի, որ ներողութիւնը խնդրողը պարտուած, իսկ ներողութիւնը ստացողը իրաւունքով դուրս կու գայ. անոնք յաճախ երկար տարիներ նոյնիսկ կը սպասեն, որ անոնցմէ մին այդ համեստութեան քայլին դիմէ, դառնալով զոհը այն թի՜ւր համոզումին, որ ներողութիւն չըսողը ճիշդ ու արդար է:
Կարդացէք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի, ինչպէս նաեւ այլ թերթերու հին թիւերը. այդտեղ իւրաքանչիւր անպատշաճ տեսարանի դիմաց պիտի գտնէք «ներո՛ղ եղիր, սիրելի ընթերցող» արտայայտութիւնը. այդ համեստութիւնն ու փափկանկատութիւնը յաջողած են նոյնիսկ գրականութեան մէջ ապրեցնել:
Աւելի քան 150 տարիներ առաջ գրող եւ բանաստեղծ Միքայէլ Նալպանտեան իր «Հեգելը եւ նորա ժամանակը» գրութեան մէջ կ՚ըսէ. «բայց կարգ ու կանոն կը մնա՞յ ընկերութեան մէջ, եթէ յանցանքը մնայ անպատիժ». թէեւ ներողութիւն խնդրելը պատիժ մը չէ, սակայն ինքնագիտակցութեան հրաւէր մըն է, այլապէս պիտի կրկնուին եւ դառնան բնական ու սովորական:
Այսօր շատ մը մայրեր, իրենց զաւակները ազատամտութեամբ ու ինքնավստահութեամբ մեծցնելու համար շատ մը արժէքներ կ՚ոտնակոխեն, առանց անդրադառնալու, որ օր մը իրե՛նք զոհը պիտի դառնան այդ բոլորին եւ արդէն շա՜տ ուշ պիտի ըլլար սրբագրելու համար:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԼԵՒՈՆ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ
(1842-1906)
Մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ՝ 16 փետրուար 1906-ին, Երեւանի մէջ մահացած է բժիշկ, թարգմանիչ, բառարանագիր եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Տիգրանեան:
Տիգրանեան ծնած է 19 նոյեմբեր, 1842 թուականին, Երեւանի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար մեկնած Թիֆլիզ եւ ապա Պեթերսպուրկ, ուր ստացած է իր բժշկագիտական կրթութիւնը. 1875 թուականին աւարտած է Թորպատի համալսարանի բժշկական բաժանմունքը։ Ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին՝ 1877-1878 թուականներուն Տիգրանեան կամաւոր մեկնած է ճակատ եւ պայքարած ռուսական բանակի մէջ տարածուած բծաւոր տիֆ համաճարակի դէմ. ընթացքին նշանակուած է Էրզրումի նահանգի բժիշկ: Տիգրանեան 1879 թուականին դուրս գալով ռուսական բանակէն նշանակուած է Երեւանի բժիշկ, իսկ 1880-ին եղած է «Առողջապահական մշտական յանձնաժողով»ի նախագահ: Երեւանի մէջ, 1881-1884 թուականներուն հրատարակած է «Առողջապահական թերթ» միամսեայ հանդէսը: Անոր ջանքերով 1890 թուականին Երեւանի մէջ հիմնուած է հիւանդանոց:
Բժշկական ասպարէզի կողքին Տիգրանեան զբաղած է նաեւ հայ Ազատագրական պայքարով. եղած է 1881 թուականին Երեւանի մէջ հաստատուած «Հայասէր-Ազգասէր» կազմակերպութեան հիմնադիրներէն, որուն նպատակն էր Հայաստանի երկու հատուածներուն մէջ կազմակերպել ապստամբութիւններ եւ ստեղծել ազատ եւ անկախ Հայաստան: Այս նպատակի իրագործման համար Տիգրանեան շրջած է բազմաթիւ երկիրներ, հանգանականութիւններ կատարած եւ այդ գումարներով զէնք ու զինամթերք գնած հայ զինուորներու համար: Իր այս ազատագրական գաղափարներուն պատճառով Տիգրանեան 1883 թուականին ձերբակալուած եւ աքսորուած է Թորպատ, ուրկէ երեք տարի ետք անցած է Գերմանիա եւ ապա Ֆրանսա:
Տիգրանեան եղած է այն առաջին հայ բժիշկներէն, որ կարեւորած է կանխարգելիչ բժշկութեան գաղափարը. անոր ջանքերով Երեւանի դպրոցներէն ներս մտած է մարմնակրթութեան դասընթացքը, որուն համար գրած եւ հրատարակած է «Մարդակազմութիւն» ձեռնարկը, որ երկար ժամանակ օգտագործուած է Երեւանի վարժարաններէն ներս:
Տիգրանեան զբաղած է նաեւ հրատարակութեամբ. «Մարդակազմութիւն» ձեռնարկի կողքին հրատարակած է նաեւ «Մանկական պարտէզ» մանկավարժական աշխատութիւնը: Կազմած է հայերէն լեզուով բժշկական բառարաններ, միաժամանակ թարգմանելով օտարալեզու այլ բառարաններ: Անոր թարգմանած գրութիւններէն շատեր լոյս տեսած են «Մուրճ» եւ «Լումայ» պարբերականներուն մէջ: Տիգրանեանի 1898 թուականին գրած յուշերը մինչեւ օրս կը մնան անտիպ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ