ՄԵՌԱԾ ՈՂՋԵՐԸ

«Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»ին մէջ յաճախ էջի սահմաններու մէջ կը ներկայացնենք կեանք մը, որուն մասին կարելի է գրել հատորներ. կեանքեր՝ որոնք երեւցածէն տարբեր անցած են դժուարութեան, չքաւորութեան ու պայքարի մէջ: Պայքար՝ կեանքին ու նախապաշարումներու դէմ: Եթէ օտար ազգերու մէջ յայտնիները ապրած են բարեկիրթ ու հանգիստ կեանք մը, մեր յայտնիներուն մօտ կեանքը այդքան ալ արդար չէ եղած ու իրենց կեանքին դէմ մղած մաքառումն է պատճառը, որ այսօր կը յիշենք զիրենք:

Այսօր մահուան օրն է հրապարակախօս, մանկավարժ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Ստեփան Փափազեանցի. կեանք մը, որ զոհուած է ի սէր կրթութեան ու գիտութեան, գիր-գրականութեան ու հայ մամուլի: Պոլսոյ մէջ յետ մահու հրատարակուած է Փափազեանցի մէկ նամակը, գրուած իր մահէն երեք տարիներ առաջ՝ 1885-ին իր ընկերոջ Տիգրան Շալճեանին.

«Դժբախտ է քո ընկերակից, Տիգրա՜ն, զի ուր իւր բաղդն որոնեց, անդ խոչեր ու խութեր գտաւ, ուր երջանկութիւն յուսաց, հոն միշտ փուշ ու տատասկ գտաւ. երբեմն ոսկեղէն երազոց մէջ ընկելուզեալ ճանապարհորդեց յԱրեւելս, յուսալից իւր ապագայի նկատմամբ, բայց հոն եւս չուշացաւ բժնեայ բաղդն իւր երկաթեայ ժանեօք հարուածելու. վերջապէս մեր յուսոյ եւ երջանկութեան հորիզոնը սեւ ամպով մը մթագնեցաւ. վիշտ եւ թախիծ եղաւ միայն մեր բաժին, մինչ ուրախութիւն կը սպասէինք: Կեանքն այլեւս մեզի համար ծանր բեռ մ՚եղաւ, զոր ճախրագոյն մեծատունք այնքան սերտիւ գրկած են... բայց բարէ՜... ի՞նչ է կեանքն. երջանիկներու համար հեշտութեան օրրան մը, իսկ դժբախտներու ցաւոց Ովկէան մը, որոյ մէջ որքան ալ տատանին խաղաղութեան նաւահանգիստը հեռի է նոցա համար: Երջանկութեան հորիզոնը ընդ միշտ սեւադէմ ամպերով ծածկուած՝ ահարկու կարկուտներ կը տեղացնէ մեր գլխուն, որոտմամբ եւ շանթիւ...» («Գրական շիթեր», Ս. Փափազեանց, Կ. Պոլիս, Տպ. Ն. Կ. Պէրպէրեան, էջ 59-60):

Փափազեանցի նման քանինե՜ր եթէ մէկ կողմ ձգէին գիր-գրականութիւն, հայ դպրոցն ու կրթութիւնը հաւանաբար մեծատուներ ալ իրենք դառնային: Հայ մշակի գործը թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր մի՛շտ եղած է ապերախտ. գիտնալով հանդերձ անոր դժուարութիւններն ու մարդոց ապերախտ վերաբերմունքը շարունակած են իրենց սրբազան առաքելութիւնը, նուիրուած են անոր, գիտնալով որ կեանքը արդար պիտի չգտնուի անոնց հանդէպ:

Արփիար Արփիարեան «Հայրենիք» թերթին մէջ խօսելով Փափազեանցի նման տասնեակներու մասին կ՚ըսէ. «Այդ սոված վարժապետները թերեւս ունէին հոգեկան աւելի զօրութիւն». այդ զօրութիւնը կասկածէ վեր է, սակայն ո՞վ է այդ իմացական զօրութիւնը գնահատողն ու մեծարողը:

Փափազեանց «ուր երջանկութիւն յուսաց, հոն միշտ փուշ ու տատասկ գտաւ». ցաւալին ա՛յն է, որ ինքզինք ազգին նուիրած անձերու դիմաց փուշն ու տատասկ դնողը շատ անգամ մենք ենք՝ հայրենակիցներս, որ տարուած աշխատանք մը մեծարելու փոխարէն մի՛շտ ցեխարձակելու վարժուած ենք:

Մեր անցեալի յայտնիներէն ո՛չ ոք ուրախ հեռացաւ այս աշխարհէն. ո՛չ Պարոնեանը եւ ո՛չ Օտեանը, ո՛չ Եղիշէ Չարենցը եւ ո՛չ Պարոյր Սեւակը: Փափազեանց, Օտեան, Պարոնեան եթէ ուզէին կրնային վաճառականութեամբ զբաղուիլ. հաւանաբար անոնց յաջողէր նաեւ հարստանալ ու մեծ փառքի տէր դառնալ. եթէ բոլորը այդպէս մտածէին ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի ըլլար հայ գրականութիւնը այսօր:

Փափազեանցի, Օտեանի եւ նման մեծերու նման կար երկու ճամբայ. կա՛մ հարստութեան մէջ ապրիլ ու մոռցուիլ, եւ կա՛մ աղքատութեամբ ապրիլ՝ սակայն անմահանալ: Պոլսոյ մէջ ունեցած ենք բազմաթի՜ւ մեծահարուստներ ու վաճառականներ, որոնց անունը անգամ այսօր չենք յիշեր, սակայն նուաստ ու դժբախտ պայմաններու մէջ ապրող խմբագիր մը, ուսուցիչ ու հրապարակախօս մը կը շարունակուի յիշուիլ:

Կենդանութեան Փափազեանցի համար կեանքը «երջանիկներու համար հեշտութեան օրրան մը, իսկ դժբախտներու ցաւոց Ովկէան մը»ն էր, սակայն կը տեսնենք, թէ այդ Ովկէանէն ողջ մնացածները իրենք են եւ ո՛չ հեշտութեան օրրանին մէջ ապրողները:

Այս ճշմարտութեան համար է, որ ժողովուրդը կ՚ըսէ. «արուեստագէտ մը կ՚արժեւորուի իր մահէն ետք». այս մէկը մեր հայկական հիւանդութիւններէն մէկն է. ապրող գրողն ու արուեստագէտը կ՚արհամարհենք, կ՚անտեսենք ու յանկարծ իր մահէն ետք կը յիշենք մեծարել զինք: Լիբանանի մտաւորականներէն շա՜տ շատեր շքանշան ստացան իրենց թաղման օրը՝ մահէն ետք: Մեր ազգը յայտնի է յետ մահու պարգեւատրումներով. նոյնը ինչո՞ւ չընել իր ողջութեան՝ երբ ի վիճակի է ապրելու, զգալու այդ բոլոր պատիւը, որ կը տրուի իր անձին ու գործունէութեան:

«Գնա՛ մեռիր, եկուր սիրե՛մ...». յաճախ մարդիկ կ՚արտայայտուին, որ այսօր մեր մէջ կը պակսին գրողներ, խմբագիրներ, հայ մշակներ. անոնք կան, պարզապէս տակաւին ողջ են. թող մեռնին որ անդրադառնանք անոնց ներկայութեան:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍՏԵՓԱՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆՑ
(1840-1888)

Մեր թուականէն 134 տարիներ առաջ՝ 16 մարտ 1888-ին Պոլսոյ մէջ մահացած է հրապարակախօս, մանկավարժ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Ստեփան Փափազեանց:

Փափազեանց ծնած է 14 յունիս 1840-ին, Պոլսոյ մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի դպրոցէն ներս եւ ապա ուսումը շարունակած է Զմիւռնիոյ մէջ: Ուսումը աւարտելէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ. իր աշակերտած Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ դասաւանդած է հայկաբանութիւն, միաժամանակ ուսուցչութեան պաշտօն վարելով նաեւ Ղալաթիոյ եւ այլ վարժարաններու մէջ:

Փափազեանց եղած է Գումգաբուի Պէզճեան վարժարանի տեսուչ. 1863 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակած է «Ժամանակ Հանդէս Հայրենանուէր» պարբերականը, որուն հրատարակութիւնը շարունակուած է մինչեւ 1867 թուականը: Հրատարակութեան կողքին աշխատակցած է «Օրագիր», «Մամուլ», «Նոր Դար», «Հայրենիք» եւ «Մասիս» պարբերականներուն: Փափազեանց «Կանոնադրութիւն ընդհանուր բարեկարգութեան ազգային վարժարանաց» աշխատութեամբ մշակած է ազգային վարժարաններու ընդհանուր կանոնադրութիւնը: Մանկավարժը պատրաստած է շարք մը դասագիրքեր. ինչպէս՝ «Դասագիրք քերականութեան հայոց լեզուի» (1871), «Նախնական դասագիրք թուագիտութեան» (1869), «Դասագիրք ընթերցանութեան կամ նոր նախագիտելիք մանկանց» (1869) եւ այլ դասագիրքեր:

Փափազեանց Խրիմեան Հայրիկի յանձնառութեամբ պատրաստած է «Գաւառահայ հարստութիւններու տեղեկագիր» աշխատութիւնը, որով փորձած է պայքարիլ եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան հողերու եւ գոյքերու իւրացումներուն դէմ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2022