ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԸ

Լռութիւն եւ ձայն. առաջին ակնարկով իրար հակասող երկու երեւոյթ, բայց իրականին՝ իրար ամբողջացնող, մարդկային փոխյարաբերութիւնները ներդաշնակող, կանոնաւորող երկու ազդակ, երկու արժէք։

Պարզ կերպով բացատրել ջանանք. եթէ մէկը կը խօսի, այսինքն ձայնով կ՚արտայայտուի, պէտք է որ իր խօսակիցը լռէ, որպէսզի խօսքը հասկցուի, այսինքն «ձայն»ը արդիւնաբեր ըլլայ։

Եթէ երկու խօսակից նոյն ժամանակ խօսին, ձայն բարձրացնեն, կարելի չ՚ըլլար հասկցուիլ, աւելի եւս անկարելի կ՚ըլլայ իրար հասկնալ, եթէ երկուքն ալ լուռ մնան։ Ուրեմն հոն՝ ո՛ւր կայ «ձայն», հոն պէտք է ըլլայ նաեւ «լռութի՛ւն»։

Արդարեւ, լռութիւնն ալ ունի իր լեզուն, եւ սակայն, այդ «անձայնութիւն»ը կրնայ լսել եւ հասկնալ «հոգի»ն միայն։ Եւ Աստուած, մարդուն կը խօսի բնութեան մէջ՝ յաճախ լռութեան լեզուով։ Աստուած «բազմալեզուեան» է, այսինքն, Ան կը խօսի թռչուններուն երգովը, սիւքին՝ զեփիւռին շշնջիւնովը, առուակի մը մրմունջովը, ամպերու որոտումովը, կայծակներու ճարճատիւնովը, մրրիկներու ոռնումովը, ալեկոծեալ ջուրերու յանգաւոր ողբովը. այո՛, բայց նաեւ՝ այն «լռութիւն»ովը, այն անձայնութեամբը, որ՝  օրինակի համար, իր հետ կը բերէ միջօրէի արեւը՝ հովտին եւ դաշտին, եւ լուսինը՝ քնացող գիւղին՝ կէս գիշերին մէջ…։

Եւ մարդ՝ եթէ Աստուծոյ ձայնը պիտի լսէ, ինք լռելո՛ւ է…։ «Աստուծոյ առջեւ լուռ կեցի՛ր»։ Աստուած չի դադրիր խօսելէ, բայց մե՛նք լռելո՛ւ ենք, որպէսզի լսենք։

Մարդ, ինչո՞ւ համար արդեօք՝ կրօնքի հիմունքը, հաւատքի արտայայտութիւնը ըրած է, ի՛ր խօսածը, եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ խօսածը։ Մարդ եթէ տեւական խօսի, ապա ինչպէ՞ս կրնայ լսել եւ հասկնալ Աստուծոյ խօսքը, ձայնը՝ որուն կը սպասէ անհամբեր կերպով։ Երբ ուշադրութիւն դարձնենք «կազմակերպեալ կրօնք»ի բոլոր արարողութիւններուն, պիտի տեսնենք որ հոն դերակատարը միշտ մե՛նք ենք. մենք կը խօսինք, մենք կ՚երգենք, մենք կ՚աղօթենք, մեր ձայնն է որ կը լսուի ամէնուրեք։ Մեր պաշտամանց մէջ վայրկեան մը լուռ, անձայն չենք մնար, վայրկեան մը իսկ պատեհութիւն չենք տար Աստուծոյ որ Ի՛նք խօսի մեզի, Իր ձայնը բարձրանայ. վայրկեան մը իսկ չենք լռեր, որպէսզի Աստուծոյ ձայնը լսենք։ Մեր եկեղեցիներուն մէջ՝ զԱստուած եւս իբրեւ վեհափառ ունկնդիր մը՝ կը նստեցնենք «ժողովուրդին հետ» եւ կը ստիպենք որ մեզ լսէ…։

Եւ շարունակ կ՚աղօթենք եւ չենք մտածեր գոնէ պահ մը լռել եւ տեսնել թէ՝ ի՛նչ կ՚ըսէ Աստուած։

Նոյնիսկ քարոզ կը կարդանք Աստուծոյ, կը համարձակինք քննադատել Անոր գործերը եւ տնօրինութիւնները, եւ կը փորձենք մեր խելքը տալ Անոր, որպէսզի սրբագրէ Իր վրիպումները Իր դատումներուն եւ վճիռներուն մէջ, Իր տիեզերական կառավարութեան մէջ։ Եւ յաճախ կը գանգատինք, թէ մեզ չի լսեր, մեզի չի պատասխաներ. եւ չենք խորհիր, թէ մեր շատախօսութեամբ առիթ չենք տուած որ Ան մեզ լսէ եւ պատասխանէ մեր աղօթքներուն։

Բայց յայտնապէս եւ էականապէս, կրնանք պաշտել զԱստուած «հոգիով եւ ճշմարտութեամբ», եւ ո՛չ թէ ծէսերու եւ արարողութիւններու խճողուած «բեմադրութեամբ» մը։ Եւ շատ անգամ այդ «խճողութիւ»ներու մէջ կ՚անտեսուի էականը՝ ճշմարիտ եւ անկեղծ պաշտամունքը։

Մինչդեռ մանրամասնութիւններու մէջ պէտք չէ կորսուի էականը…։

Խուլ ենք, բայց շաղակրատ ենք։

Չենք լսեր Աստուծոյ ձայնը, որովհետեւ մենք մեր ձայնը չենք լռեցներ եւ շարունակ կը խօսինք։

Պենտէկոստէի փորձառութիւնը չենք ունենար, որովհետեւ Սուրբ Հոգիին պատեհութիւն չենք տար որ մտնէ եւ գործէ մեր հոգիներուն մէջ։

Առիթ եւ պատեհութիւն տալու համար, մարդ պէտք է գիտնայ լռել եւ անձայն մնալ։

Կրօնքը՝ այսպէս կը լճանայ եւ հետզհետէ կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը, երբ զԱստուած լռեցուցած ենք մեր անվերջ խօսքերովը՝ ինչ ձեւով կամ պատրուակով ալ խօսուին անոնք։

Ուիլիըմ Ճէյմզ՝ ամերիկացի մեծանուն դաստիարակը, ամերիկեան ժողովուրդին «հեւքոտ կեանք»ը արգելք մը համարեց ներքին հոգեւոր մշակման. ուստի ձեռք առաւ քարոզչութիւնը՝ իր իսկ որակիչ բացատրութեամբ. «Պրկազերծ Անդորրութեան Աւետարանը»ին։

Թէոտոր Ռուզվէլթ՝ հետեւելով նոյն խորհուրդի գծին, «Պարզ Կեանքը»ի ջատագով մը եղաւ։

Էութիւնը՝ այս աշխարհական «աւետարան»ներուն՝ կը համաձայնի Քրիստոսի Աւետարանին հետ։ Արդարեւ, անվիճելի իրողութիւնը այն է թէ՝ մեր կեանքը ա՜յնքան շատ խճողած եւ բեռնաւորած ենք աղմուկով, շարժումով, զանազան գործունէութիւններով եւ զբաղումներով, որ տեղ չենք ձգած Աստուծոյ, որ Իր օրհնեալ դերը կատարէ եւ մեր կեանքը Իր Հոգիովը ճոխացնէ եւ լրացնէ։

Արդի ընկերութիւնը՝ եթէ մէկ իմաստով մը «անաստուած» է, հեռու է հոգեւոր վայելքներէ, պատճառը պարզ է. որովհետեւ մարդ «ինքնաբաւ» եղած է, աւելի ճիշդը՝ մարդ ինքզինք «ինքնաբաւ» կարծած է. այսինքն՝ ինք իր կարեւորութեամբը գրաւուած է, ինք իր գործերուն մէջ թաղուած է, տեսակ մը Այրիս՝ որ ինքն իրեն սիրահարուած է, եւ Աստուծմէ հեռացած եւ օտարացած է անձնական փորձառութեամբ. ի բաց առեալ թերեւս իր մեքենական եւ անիմաստ վարմունքով։

Այսպէս, կորսնցուցած ենք զԱստուած, որովհետեւ առեղծուածաբար, մենք զմեզ գտած ենք…։ Այո՛, անբարտաւանօրէն, մենք զմեզ Աստուծոյ տեղը դրած ենք։ Այսպէս, կրօնքի եւ հաւատքի հիմերը կորսնցուցած են իրենց խարիսխները, հոգեւոր եւ բարոյական ժայռերու վրայէն՝ փոխադրուած են աւազուտ անկայուն տեղուանք…։

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, պատեհութիւն, առիթ տանք Աստուծոյ, որ Ինք մեզ գտնէ՝ քանի որ մենք զԻնք կորսնցուցած ենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 10, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2020