130-ԱՄԵԱԿ ԾՆՆԴԵԱՆ (1891-2021). ՇԱՀԱՆ ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ. ՈՒՍՈՒՑՉԱՊԵՏ, ԻՄԱՍՏԱՍԷՐ, ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏ ԵՐԱԽՏԱԳԷՏԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Իր բառերով Պոլսոյ երգիչներուն «կոյկոյ»ներէն անհանգիստ, Շահան Պէրպէրեան Կոմիտաս Վարդապետի պարագային եւս կը կարծէր, թէ տարբերութիւն մը պիտի չտեսնէր, եւ սակայն երբ Փարիզի մէջ անձամբ տեսած է Վարդապետը ու լսած իր ձայնը, բոլորովին հիացած գիտցած է հայ երաժշտութեան իսկական արժանիքը եւ ինքն իսկ դարձած երաժշտագէտ։

ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Չենք մոռնար մեր երախտարժան ուսուցիչները։ Այս տարի կը լրանայ ուսուցչապետ եւ իմաստասէր Շահան Ռեթէոս Պէրպէրեանի ծննդեան 130-ամեակը ու երախտագէտ սիրով յանուն իր անցեալի աշակերտներուն, որպէս կրտսերը անոնցմէ, պարտք կը զգամ վկայակոչել զինք իր ուսուցչական եւ բարձրագոյն կրթութեամբ յայտնի այս մեծանուն հայորդին, որուն վաստակն ու մնայուն արգասիքը վայելեցին Պոլսոյ, Գահիրէի, Երուսաղէմի եւ Անթիլիասի մօտաւոր անցեալի մտաւորական սերունդները։ Ինձ համար բացառիկ շնորհք մը եղաւ երեք տարիներու իմ Ընծայարանի ուսանողութեան ընթացքին լսելու Շահան Պէրպէրեանի իմաստասիրական բանախօսութիւնները՝ փիլիսոփայութեան, բնազանցութեան, հոգեբանութեան եւ ընկերաբանութեան յարակից բաժիններով։

Շահանի անունը անքակտելի կը մնայ իր մեծանուն հօր՝ Ռեթէոս Պէրպէրեանի հիմնադրած Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին հետ, ապա նոյնանուն կրթական հաստատութեան Գահիրէի վարժարանին շարունակութեամբը, այս անգամ ի՛ր Շահան Պէրպէրեանի տեսչութեամբ, հովանիին ներքեւ նախ Պոլսոյ Պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեան Արքեպիսկոպոսին, ապա Եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանի։

ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄ

Սկիւտար ծնած 1891 թուականի յունուար 1-ին, Շահան Պէրպէրեան չորրորդ զաւակն էր Ռեթէոսի եւ Զարուհիի, որ իսկոյն հասակ առաւ ուսումնասէր իր ընտանիքին մէջ իր հօր Սկիւտարի մէջ հիմնադրած յայտնի Պէրպէրեան վարժարանին, որպէս փայլուն ուսանող։ Շրջանաւարտ ըլլալով 16 տարեկանին, այդ տարիքին նոյնիսկ ուսուցիչ կը կարգուէր հօր կողմէ եւ աչքառու կը դառնար իր ֆրանսերէն դասական երկերու թարգմանութեամբ։ Սակայն տարի մը ետք հայրը կը կորսնցնէր, մօրմէն եւս որբացած ըլլալով, վարժարանն ու Պէրպէրեան հարազատները խնամքին կը յանձնուէին Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի։ Պատրիարքին քաջալերանքով, Պէրպէրեան վարժարանը ապահով ձեռքերու յանձնելէ ետք, Շահան Փարիզ կը մեկնէր Սորպոնի համալսարանէն ներս իմաստասիրութիւն եւ երաժշտութիւն ուսանելու համար, ուսուցչապետեր ունենալով Սորպոնի ֆրանսացի յայտնի իմաստասէր գիտնականներ՝ Պերկսոն, Տիւմա եւ Տիւրխէյմ։ Գրելով եւ յաջողութեամբ պաշտպանելով իր աւարտաճառը «Ախտաբանական մեթոտը հոգեբանութեան մէջ» նիւթին շուրջ, կը ստանար ակադեմական վկայականը ու 1911 թուին կը վերադառնար Պոլիս՝ ստանձնելու Պէրպէրեան վարժարանի տեսչութիւնը, զոր վարեց մինչեւ 1922-ը։

ԳԱՀԻՐԷԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Պէրպէրեան հակառակ Թուրքիոյ նորահաստատ հանրապետութեան ճնշումներուն, քաջաբար մնաց Պոլիս՝ պահելով վարժարանին ընթացքը եւ ազգին յանձնելով վերջին շրջանաւարտները։ Երկու տարիներ եւս մնաց իր ծննդավայրը, ընտանիք կազմեց, ծնան երկու որդիները՝ Արտաւազդն ու Պարեէտը, եւ 1924 թուին ընտանեօք փոխադրուեցան Գահիրէ, ուր քաջալերանքովը իր հօր հիացողներէն թեմակալ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանին, վերահաստատեց Պէրպէրեան վարժարանը։

Գահիրէի վարժարանը տասը տարուան կրթական բեղուն շրջան մը բոլորեց նախակրթարանի եւ երկրորդականի բաժիններով, միջին հաշուով տարեկան 100 աշակերտներով, իր եղբօր՝ Օննիկ Պէրպէրեանի ուսուցչութեամբն ու Արմենակ Կամսարականի, Տիգրան Հաճընլեանի եւ այլոց նիւթական օժանդակութեամբը։ Վարժարանի ուրոյն կալուածն ու յարմարութիւններ ունեցող լաւ դիրքն ու համբաւը սկսան տնտեսական կարիքները բազմապատկել, երբ նոյն տարիներուն Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք ընտրուելով պիտի մեկնէր։ Հակառակ Սրբազան Հօր նշանակած խնամակալ մարմնին, Պէրպէրեան վարժարանը իր վերջին շրջանաւարտները հասցուց 1934-1935 տարեշրջանին ու փակեց իր դռները։ Շահան, Պատրիարք Հօր կողմէ Երուսաղէմ հրաւիրուեցաւ որպէս դասախօս Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ ընծայարանին, իսկ Օննիկ՝ Պուքրեշ որպէս տնօրէն ազգային վարժարանին։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

Եթէ կարճ տեւեց Գահիրէի կրթարանին ընթացքը, նախախնամական եղաւ Պէրպէրեանին մեկնիլը Երուսաղէմ, ուր դաստիարակեց թիւով եւ մանաւանդ որակով բազմարդիւն հոգեւորական եւ աշխարհական ուսանողներ, իրեն պաշտօնակից եւ յայտնի գրագէտ քննադատ Յակոբ Օշականի հետ միասին։ Շահան Պէրպէրեան Յակոբ Օշականի գրականութեան միացուց իմաստասիրական գիտութեանց իր բացառիկ ներդրումը եւ շրջանաւարտ հոգեւորականներ կրկնակի դրոշմը կրեցին՝ հայ գրականութեան եւ եւրոպական արուեստի, զորս մշակեցին յետագային մնայուն աշխատան-քի դաշտ դարձնելով զանոնք իրենց ասպարէզին մէջ։

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանուց մէջ յաճախ բեմադրուեցան Պէրպէրեանի պատրաստած տրամախօսութիւններն ու խմբերգները, որոնց երաժշտութեան ներդաշնակողը ինքն էր եղած, եւ երբեմն ալ Օշականի գրականութիւնն էր, որ զգեցաւ Պէրպէրեանի երաժշտութիւնը։ Որպէս երաժշտագէտ Շահան Պէրպէրեան Երուսաղէմի մէջ Դուրեան Եղիշէ Պատրիարքի եւ Վահան Թէքէեանի որոշ գործերուն վրայ եւս յօրինումներ կատարեց եւ իր նախաձեռնութեամբ հիմնեց Երուսաղէմի Հայ երաժշտական միութիւնը։

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի վախճանման առիթով եւ իր յիշատակին, 1935 թուականի նոյեմբերի 17-ին Շահան Պէրպէրեանի ղեկավարութեամբ սգահանդէս մը տրուեցաւ Սուրբ Քաղաքին մէջ, իր իսկ բանախօսութեամբ։ «Սիոն» ամսագրի 1936 տարուան դեկտեմբերի համարին մէջ իսկոյն հրատարակուեցաւ իր բանախօսութիւնը աւելի ընդարձակ եւ ուսանելի բովանդակութեամբ՝ «Կոմիտաս Վարդապետի անձը եւ գործը» խորագիրով, զոր կարդալու երախտիքը ունեցած եմ։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր հայրապետ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի հրաւէրով Շահան Պէրպէրեան Երուսաղէմէն Անթիլիաս կը ժամանէր 1944 թուին, դասախօսելու Անթիլիասի դպրեվանքի ընծայարանի ուսանողութեան, ուր մնաց մինչեւ 1956 թուականը։

Հոն եւս որպէս գերազանց ուսուցիչ դաստիարակեց սերունդներ մինչեւ անժամանակ մահը, նոյն տարին 65 տարիքին։ Տասներկու տարիներու ընթացքին հարիւրաւոր աշակերտներ շատ անսովոր իմաստասիրական նիւթեր սերտեցին, իսկ ժառանգաւորաց բաժնին հայ լեզու եւ գրականութիւն աւանդեց՝ արժանանալով բոլորի հիացումին։

Դպրեվանքէն ներս պրն. Պէրպէրեան երաժշտութեամբ եւս զբաղեցաւ, տալով մեզի դասական երաժշտութեան ճաշակը, իր իսկ յօրինած խմբերգներն ու պարերգները սորվեցնելով։ Կարեւոր բաժին ստանձնեց Գարեգին Վեհափառ Կաթողիկոսի յոբելենական հանդիսութեանց մէջ 1947 թուին, մեր ժամանակէն առաջ։ Յիշողութեանս մէջ վառ կը մնայ Շահան Պէրպէրեանի դաշնաւորած Յովհաննէս Թումանեանի «Լուսաւորչի կանթեղը», որ կը նկատուի իր գլուխ գործոցը։ Առանձինն դաշնամուրին վրայ նուագելով կ՚երգէր զայն եւ չէր ուզեր ոչ մէկի ներկայութիւնը սրահէն ներս, եւ սակայն ուսանողներս գիտնալով սրահի մուտքի դրան արանքէն կը տեսնէինք ի՛նչ եռանդով, ձայնով եւ զգացումով կ՚երգէր «Լուսաւորչի կանթեղը»։ Ցայսօր ինքնիրենս կ՚երգեմ զայն բարձր գնահատելով այն հոյակապ թռիչքն ու ձայներու ելեւէջները, որոնք կեանք տուած են Թումանեանի բանաստեղծութեան։

Երախտիքի սոյն գիրով կոչ մըն է, որ կ՚արձանագրեմ չմոռնալ մեր մեծերը ժամանակի հոլովոյթին մէջ։ Գիտնանք անոնց իսկական արժէքը ներկայ ժամանակներու անստոյգ եւ անորակ արագընթացին մէջ։ Եթէ համալսարանէ ներս դասախօսած ըլլար պրն. Պէրպէրեան, անպայման պիտի ստանար փրոֆեսէօրի կոչում, մասնաւորաբար Երեւանի Պետական համալսարանէն։ Վստահաբար Շահան Պէրպէրեան յետ մահու մեր ազգին կը ներկայանայ գերազանց իմաստասէր փրոֆեսէօրը մեր մօտիկ անցեալին։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Նոր Օր», Լոս Անճելըս

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021