ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԵՒ ՀԵՌԱՏԵՍ

Կեանքի մէջ եթէ «յաջողութիւն»ը նպատակ մըն է, ապա ուրեմն իմաստութիւնը եւ հեռատեսութիւնն ալ անոր անհրաժեշտ եւ անմիջական ազդակներն են։

Արդարեւ, իմաստուն եւ հեռատես է այն անձը, որ կեանքին իր սեփական գործերէն եւ զբօսանքի եւ հաճոյքի ժամերէն զատ կը մտածէ եւ ժամանակ կը յատկացնէ նաեւ ուրիշ արարքներու, զբողումներու՝ որոնք իր յառաջացած տարիքին՝ ծերութեան օրերուն պահեստի «դրամագլուխ»ի մը դերը պիտի կատարեն։

Ուստի, մարդ երբ ետ նայի իր անցեալին վրայ, հրճուանքով պիտի տեսնէ, թէ իր կեանքը լոկ մսխում մը չէ եղած, ժամանակը ի զուր չէ՛ վատնուած, այլ ունեցեր է արժէք մը եւ հարստութիւն մը, ճոխութիւն մը, որ անխառն եւ անհամեմատելի գոհունակութեան մշտահոս աղբիւր մըն է իրեն համար։ Հակառակ հաճոյքներու եւ զբօսանքներու բուռն եւ հմայիչ տրամադրութեան՝ իր պարտականութիւնը պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը, իր ժամանակէն, քսակէն, մտածումներէն, հաւատալիքներէն եւ պատեհութիւններէն ուրիշներու ալ բաժին հանած ըլլալու, զանոնք ալ մասնակից ըրած ըլլալու իր սովորութիւնը, ներքին պայքարներու ժամանակ իր լաւագոյն եսին տարած յաղթանակները զօրաւոր յենակներ են, որոնց կրնայ կռթնիլ հպարտութեամբ եւ ապահովութեամբ, երբ արեւը հետզհետէ կը մօտենայ հորիզոնին։

Դեռահաս երիտասարդ ուսանողներու կեանքը՝ որ ուսման եւ գիտութեան անեզր, անսահման եւ անմատչելի հորիզոններուն տեսիլքով յափշտակուած, եւ երջանկութեան, յոյսերու, սէրերու եւ փառքերու երա՜զներով հմայուած են ամէն մէկը, երիտասարդներ՝ որոնց զօրութեան, խայտանքի, թարմութեան եւ հաճոյքի եւ հրճուանքի իրենց յորդումին մէջ կեանքին խորշոմներուն, արտօսրին եւ սպիտակ մազերուն գոյութեան չեն ուզեր հաւատալ երբեք ինքնախաբօրէն։

Թեթեւ հոգիներ, որոնք գործի եւ աշխատանքի ժամերուն մէջ իսկ կը յորդին ծիծաղելով, երգերով եւ ճռուողիւններով։ Եւ ամէն հասուն տարիքով անձ, որ ունեցեր է հոգիի այդ թեթեւութիւնները, եւ անցեր է կեանքի «Գարուն»ին այդ վարդասփիւռ ճամբաներէն, եւ հիմա տարիներու ծանրութիւնը եւ փորձառութիւնը կը կրէ իր ուսերուն վրայ, կը փորձուի գոչել երիտասարդներուն, հոգ չէ՛ թէ պատանեկան անփորձութիւնը ծիծաղով միայն ունկնդրէ փորձառութեան ձայնին…։

«Ձեր աշխատանքի լրջութենէն բաժիններ հանեցէ՛ք ուրիշներուն, աշխատանքը երբեք միայն ձեզի համար օգուտ եւ շահ ապահովելու միջոց մի՛ ընդունիք. աշխատանքի ամէն արդիւնքի մասնակից եւ բաժնեկից ըրէք ձեր շուրջինները, քանի որ մարդ ընկերային էակ մըն է եւ պէտք է օգնէ, ինչպէս պէտք է օգտուի հասարակաց ամէն արժէքէ։

«Ձեր ներքին հոգեկան կռիւներէն, կիրքերու պայքարներէն յաղթանակներ ապահովեցէ՛ք։

«Ձեր կեանքի կորովէն, կամքէն, գեղեցկութենէն եւ հարստութենէն -պահեստի գումար մը- մէկ կողմ դրէ՛ք. խնայողականութիւնը ձեր ապագայ կեանքին ապահովութիւնն է, եւ ո՛չ մէկ բան այսօրուան պէս պիտի չըլլայ ձեր յետագայ կեանքին մէջ։ Կարգ մը բաներ աւելի լաւ թերեւս, բայց նաեւ պէտք է նկատի ունենալ, որ հակառակն ալ կրնայ պատահիլ։

«Ձեր յուսախաբութիւններէն, մինչեւ իսկ անյաջողութիւններէն, ձախողութիւններէն, ցաւերէն եւ վիշտերէն գիտցէ՛ք զօրութիւն եւ ուժ ամբարել. ձախողութիւնները որպէս մղիչ ուժ համարեցէ՛ք։

«Ձեր սրտին բարութենէն եւ ազնուութենէն պաշար հաւաքեցէ՛ք։

«Այս բոլորը վաղը՝ ձեր ապագայ կեանքին՝ ձեզի համար -թանկագին դրամագլուխ-ը պիտի ըլլան՝ որուն վրայ պիտի փափաքիք նայիլ գոհունակութեամբ եւ հրճուանքով, քանի որ անոնք պիտի ապահովեն ձեր ամբողջ կեանքը՝ ձեր եւ ձեր ամբողջ ընտանիքին, ինչ որ պիտի կազմէք ապագային։ Եւ երբ ձեր կեանքի ծառը ծաղկիլ սկսի, ձեր մայրամուտի արեւը ձեր կեանքին արշալոյսին հմայքն ու շքեղութիւնը պիտի ունենայ»։

Ոմանք կը ծանրանան սա խորհուրդին վրայ, թէ ժամանակը անդիմադրելի հոսանք մըն է, զոր անկարող են կասեցնել ո՛չ գիտութիւնը, ո՛չ գիւտերը, ո՛չ հարստութիւն, ո՛չ գանձեր, ո՛չ նորագոյն հնարքներ եւ ո՛չ իսկ անպարտելի կարծուած ուժեր, եւ ամէն ուժ ստիպուած է խոնարհիլ անոր տիրապետութեան առջեւ, եւ թարմութիւն, գեղեցկութիւն եւ զօրութիւն, կարողութիւն անպայմա՛ն պիտի ազդուին անոր մոգական հպումէն։

Ոմանք ալ կը հաւատան, թէ ժամանակը դարմանն է ամէն հարցի, ամէն ձախողանքի։

Կարելի չէ մին մերժել եւ միւսը ընդունիլ այս տեսութիւններուն, քանի որ ժամանակը ինքնին յարաբերութիւն ունեցող ընթացք մըն է, եւ անոր ազդեցութիւնը կը փոխուի միջոցի եւ միջավայրի զանազան պայմաններուն համեմատ։

Եւ արդարեւ, մարդ ո՛րքան ալ մխրճուած եւ տարուած ըլլայ բազմազբաղ կեանքի մը կատաղի պայքարին մէջ, եւ ո՛րքան ալ վարժ ըլլայ իմաստասիրական տեսանկիւնէն՝ փիլիսոփայօրէն եւ կամ բարոյագիտօրէն մտածելու, խորհրդածելու, կու գայ ատեն մը, շրջան մը, եւ մինչեւ իսկ պա՛հ մը՝ կանգ կ՚առնէ խորհելու եւ կշռելու համար տարի՜ներուն անարգել եւ անդիմադրելի յառաջխաղացութեան վրայ, որ իր անսրբագրելի դրոշմը կը դնէ սկի՛զբ ունեցող ամէն բանի վրայ։

Բայց կեանքի փորձառութիւնը պարզ կերպով կը ներկայացնէ ճշմարտութիւնը։ Երբ մարդուս միտքը պահ մը կ՚երթայ բաւական հեռո՜ւ անցեալին՝ երբ ընտանեկան եւ բարեկամական ստուար խումբի մը ներկայութիւնը կեանքին մեծագոյն քաղցրութիւնը, անուշութիւնը կը պարգեւէր, եւ որ սակայն այսօր կը պարզէ թշնամիին ահաւոր կրակին ենթարկուած վաշտի մը անգթօրէն անօսրացած վիճակը։

Եւ մարդ կը նայի եւ կը փնտռէ պատանեկութեան խանդավառ տարիներուն հերոսները. հերոսներ՝ որոնք խանդոտ երեւակայութեանը մէջ իր առջեւ բարձր պատուանդաններու վրայ վեհօրէն կանգնած «կիսաստուածներ» կը թուէին իրեն, եւ որոնք այսօր անցեր գացե՜ր եւ անհետացեր են, եւ եթէ բոլորովին չեն մոռցուած, հազիւ ուրեմն կը յիշեն զանոնք։

Ապա ուրեմն, սիրելի՜ երիտասարդներ, պէտք է անդրադառնաք եւ գիտնաք, որ վաղը երբեք այսօրուան պէս պիտի չըլլա՛յ եւ թէ վաղուան համար երբեք ետդարձ գոյութիւն չունի, քանի որ ժամանակը միշտ դէպի յառաջ կը սահի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 10, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018