ԵԹԷ

«Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր...»:

Մարդ արարածին տրուած ամենէն դժուարին քննութիւններէն մէկը սպասելն է, որ իրականութեան մէջ պարզ, սակայն խորքով ամենէն բարդը կը թուի ըլլալ: Մեր կեանքը կ՚անցնի սպասումով. կը սպասենք՝ շատ անգամ առանց գիտնալու նոյնիսկ, թէ ինչ է մեր սպասածը: Կը սպասենք արդարութիւն, կը սպասենք հաւատարմութիւն եւ եղբայրսիրութիւն, կը սպասենք իրերօգնութիւն, անկեղծութիւն ու գրեթէ բոլոր այն բաները, որոնք կարելի է լաւ սեպել, սակայն դարձեալ կը մնանք սպասման վիճակի մէջ: Մարդուն ճակատագիրն է սպասելը... գուցէ այդ է պատճառը, որ դրախի արժանի մարդը նոյնիսկ որոշ ժամանակ դարձեալ պիտի սպասէ... սպասման սենեակին մէջ:

Անձանձիր սպասելը հաւատքի ամրութիւն կը խորհրդանշէ, որովհետեւ քիչերն են, որ կրնան սպասել եւ սպասելու ժամանակ չհուսահատիլ. վերջին տասնամեակներուն մարդոց մէջ սպասելու ունակութիւնը նուազած է եւ մարդ արարած այսօր կը նեղանայ սպասելէ, որովհետեւ ինք որքան ալ սպասէ, կեանքն ու ժամանակը առանց դադարի կամ հանգրուանի կը շարունակէ առաջ երթալ:

Այնպէս ինչպէս վէրքը պէտք է որոշ ժամանակ սպասէ մարդու մարմնին վրայ ամբողջապէս առողջանալու համար, կեանքը եւս ունի կարիքը սպասելուն, որուն մենք կը կոչենք համբերութիւն. ամենէն ահռելի ցաւերը նոյնիսկ ժամանակն է, որ կը բուժէ եւ այդ ժամանակը սպասումի կը կարօտի: Սպասող մարդն է, որ հանգիստ ու ապահով կը հասնի դէպի խաղաղ նաւահանգիստ, մինչ աճապարողը շատ անգամ ճամբու կէսէն կ՚ընկղմի. այդ իսկ պատճառով բանաստեղծը երանի՜ կը կարդայ սպասողին:

Հակառակ այսքան լաւատեսութեան, գիտենք նաեւ, որ սպասելը ունի իր ժխտական կողմերը եւ վա՜յ այն սպասումին, որ դէպի անյստակութիւն եւ անորոշութիւն կ՚առաջնորդէ մարդ արարածը: Սպասելը ինչքան անուշ, այնքան ալ դաժան կրնայ դառնալ շատ անգամ, այնպէս ինչպէս մահուան սպասումը դաժան կը դառնայ ա՛յն մահուան դատապարտուած բանտարկեալին համար, որ ուրիշ բան չունի սպասելու՝ բացի մահուան աւետիսը:

***

«Կամ չստել՝ շրջապատուած սուտերով...»:

Աշխարհի վրայ թիւով շա՜տ շա՜տ քիչ մարդոց հանդիպած եմ, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին երբեք չեն ստեր՝ նոյնիսկ իրենց անձնական շահերը վնասելու գնով. քիչեր՝ որոնք կը հաւատան, թէ այդպիսով ճիշդն է, որ կ՚ընեն եւ անպատճառ զոհը կը դառնան իրենց «մաքրութեան» ու «բարի»ութեան: Այսօր այնքա՜ն շատ է սուտը, որ մարդիկ սուտ փնտռելը ձգած ճի՛շդն է, որ կը փնտռեն: Այսօր սուտն է, որ մարդ արարածը կենդանի կը պահէ, որովհետեւ ճշմարտութիւնը այսօր իր ամէն ձեւերով կը վնասէ մարդ արարածին: Այսօր սուտը կը գերիշխէ, որովհետեւ մարդիկ ճշմարտութեան մէջ կը սկսին տեսնել իրենց վնասները եւ աշխարհը այսօր չի գնահատեր այդպիսիները. ընդհակառակը տգիտութեան պիտակ մըն ալ դնելով կը ծաղրէ:

Այնպէս ինչպէս Պետրոսի Քրիստոսի ուրացման սուտը պատճառ եղաւ Պետրոսի ազատումին, նոյնպէս սուտը այսօր մեր ազատարարը կը հանդիսանայ հազար ու մէկ տարբեր պարագաներու. այսօր ճշմարտութեան դիմաց մարդիկ մեզ պատրաստ են ձերբակալել՝ ինչպէս պիտի ընէին Պետրոս առաքեալին՝ եթէ ստած չըլլար: Անցեալին «սուտ մի խօսիր»ով իր զաւակը մեծցնող ընկերութիւն մը այսօր «սուտ խօսէ» ըսելով ստախօսութիւն կը սորվեցնէ, որովհետեւ այս օրերուն դժբախտ է ան՝ որ լաւապէս ստել չի գիտեր:

Բանաստեղծը երանի կու տայ չստողին. եթէ ապրէր այսօր, հաւանաբար անգամ մը եւս մտածէր այդ տողի ճշդութեան մասին, որովհետեւ պիտի տեսնէր դժբախտութիւնը ճշմարտախօսին:

***

«Ատողներու մէջ ըլլալ սիրալիր...»։

Ատելու եւ սիրելու չափանիշը ճիշդ ի՞նչն է չեմ գիտեր. անոնք գոյութիւն ունի՞ն: Եթէ այո, ինչպէ՞ս կրնայ ատելութիւն մը վերածուիլ սիրոյ, իսկ սէր մը ատելութեան՝ եթէ անոնք իրարու ամբողջութեամբ հակառակ բեւեռներ են: Դժբախտաչար ներկայ դարուս թշնամին աւելի անվնաս է՝ քան մտերիմ հարազատը, որովհետեւ ամենէն ծանր հարուածներն ու վնասները մարդ կը ստանայ իր «սիրելի»ներէն, որ շատ աւելի ծանր ու խոր ազդեցութիւն կը գործէ քան թշնամիին հասցուցած հարուածները:

Արդէն իսկ անհեթեթութեան շարք անցած է «բարիով չարին յաղթել»ու երեւակայածին լոզունգը, որովհետեւ չարին դիմաց բարի ըլլալ այս օրերուն երկրորդ անգամ հարուած մը ստանալ կը նշանակէ. հաւանաբար այս բոլորէն յոգնած էր, որ ծերուկ մը օր մը ըսաւ. «տեսար մէկը ինկած է, հարուած մըն ալ դուն տուր... թէ ոչ ոտքի որ հանեցիր, ինքը քեզ կը հարուածէ»: Մեծ հաւանականութեամբ կեանքի փորձառութիւնն էր աղբիւրը այս խօսքերուն:

Բանաստեղծին չնեղացնելու համար ըրէ՛ք իր ըսածը, ատողներուն մէջ սիրալիր եղէք, սակայն երբեք մի՛ նուիրուիք, որովհետեւ ուրիշներուն համար նուիրուիլը անդունդէն վար նետուելու կը նմանի... որ ո՛չ աւարտ ունի եւ ո՛չ նպատակ:

•շարունակելի - 2

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍԵՄԻՈՆ ՀԱԽՈՒՄԵԱՆ
(1930-2016)

Մեր թուականէն 6 տարիներ առաջ՝ 16 մայիս 2016-ին Երեւանի մէջ մահացած է գրականագէտ եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Սեմիոն Հախումեան:

Հախումեան ծնած է 17 փետրուար 1930-ին, Երեւանի մէջ: Գրականագէտը որդին է բանաստեղծ, գրականագէտ ու թարգմանիչ Տիգրան Հախումեանին: Երեւանի մէջ նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառի ռուսական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1952 թուականին:

Հախումեան 1957 թուականին պատրաստած է իր բանասիրական գիտութիւններու դեկնածութեան համար նախատեսուած նիւթերը, որոնց շնորհիւ արժանացած է այդ աստիճանին:

Գրականագէտը 1965-1972 վարած է Երեւանի Պետական համալսարանի կառավարիչի տեղակալի պաշտօնը. 1972-1973 թուականներուն նշանակուած է վարիչ Երեւանի Պրուսովի անուան օտար լեզուներու պետական մանկավարժական կաճառէն ներս: Որոշ ժամանակ աշխատած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական կրթութենէն ներս՝ որպէս նախարար: Հախումեան հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու, որոնցմէ կարեւորագոյններէն է «Մաքսիմ Կորքին եւ Հայաստանը» աշխատութիւնը, որ հրատարակուած է 1968 թուականին: Ուսումնասիրութիւններու կողքին Հախումեան մասնակցութիւն բերած է «Ռուս-հայերէն դարձուածքներու բառարան»ի կազմութեան աշխատանքներուն:

Շնորհիւ իր ծառայութիւններուն, Հախումեան արժանացած է «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» եւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշաններուն, ինչպէս նաեւ արժանացած Հայաստանի Հանրապետութեան Վաստակաւոր մանկավարժ կոչումին, դառնալով նաեւ պետական մրցանակակիր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2022