ՀԱՅ ՁԵՌԱԳԻՐ ԳՈՀԱՐՆԵՐ

Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկային կորուստներու կողքին մշակութային ահաւոր կորուստ պատճառեց մեր ժողովուրդին: Աւելի քան դարեր աչքի լոյսի պէս պահուած մշակութային գոհարներ կորսնցուցինք եւ անոնց փառքը միայն պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած մնաց:

Անոնցմէ մէկն է Մալաթիոյ շրջանին մէջ երբեմնի գոյութիւն ունեցող Խանկալ գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ձեռագիր աւետարանը, որ կրցած էին պահել աւելի քան 900 տարի. Աւետարանը գրի առնուած է 1041 թուականին, Պետրոս Գետադարձի կաթողիկոսութեան եւ Յովհաննէս թագաւորի եղբօր որդիին՝ Գագիկի գահակալութեան շրջանին: Աւետարանը գրի առած է Սամուէլ Երէց անունով գրիչ մը։

Խանկալը հայկական փոքր գիւղ մըն էր, որ կը հաշուէր մօտաւոր հարիւր հայ ընտանիք. գիւղը ունէր թշուառ վիճակի մէջ գտնուող վարժարան մը՝ մէկ ուսուցիչով, որ մօտաւոր 40-50 աշակերտի կը դասաւանդէր: Գիւղը ունէր նաեւ եկեղեցի մը, ուր կը գործածուէր ձեռագիր Աւետարանը. բանասէրներ կը յայտնեն, թէ Աւետարանի մեծ մասը լաւ վիճակի մէջ պահուած կը մնար, սակայն անոր մէջէն կը պակսէին գլուխներ. ինչպէս՝ շնացող կնոջ պարագան, Գեթսեմանիի ձորը եւ այլն: Բանասէրներու համաձայն յստակ էր, թէ Աւետարանը նախապէս ջրաթաթախ եղած է, որովհետեւ աւանդութիւնը կ՚ըսէ, թէ թշնամաբար Աւետարանը անցեալին ջուրը նետուած է, սակայն կին մը իր երազին մէջ տեսնելով գտած ու դուրս բերած է Աւետարանը ջուրէն:

Տարիներու ընթացքին թէ՛ օտար շրջանի հայեր եւ թէ օտարներ ուզած են Աւետարանը յափշտակել՝ գիտակցելով անոր հնութեան ու արժէքին, սակայն Խանկալ գիւղի բնակիչները ամէն գնով պայքարած են անոնց դէմ եւ յատուկ հսկողութիւն իրականացուցած են պահպանելու համար իրենց գիւղի մեծագոյն արժէքը նկատուող ձեռագիր Աւետարանը:

Գրեթէ ամէն շրջան եւ եկեղեցի ունեցած է նման հարստութիւններ, սակայն անոնցմէ հնագոյնը կարելի էր նկատել Խանկալի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ձեռագիրը:

Հետաքրքրական անցեալ մը ունեցած է նաեւ երբեմնի հայաբնակ Հաւհաւ գիւղի Քաղցրահայեաց վանքը (շատ անգամ ծանօթ նաեւ Հաւհաւի վանք անունով): Հաւհաւ գիւղը կը հաշուէր մօտաւոր 160 ընտանիք եւ ունէր երկու եկեղեցի՝ Սուրբ Կաթողիկէ եւ Սուրբ Աստուածածին: Ունեցած է երկսեռ վարժարան. Հաւհաւի մէջ ծնած է հայ գրող եւ ուսուցիչ Մելքոն Կիւրճեան:

Պատմութիւնը կը յայտնէ, թէ մինչեւ քիւրտերու կոտորածն ու թալանը վանքը եղած է հարուստ գիրքերով, ձեռագրերով, եկեղեցական զգեստներով եւ սպասներով ու այսպիսով վանքը կը մատնուի աղքատութեան: Հաւհաւի բնակչութիւնը թալանէն կը յաջողի փրկել ընդամէնը չորս ձեռագիր. կը յաջողին փրկել Ճաշոց մը, գրուած Մեսրոպ քահանայ անուն եկեղեցականի մը ձեռքով: Կը յաջողին փրկել այլ ձեռագիր մը, որուն սկիզբի եւ վերջին մասը կը պակսի. ձեռագիրը ճառերու հաւաքածոյ մըն է՝ մանաւանդ Յովհան Ոսկեբերանի եւ Յովհան Մանդակունիի ճառերուն: Երրորդ ձեռագիրը Մաշտոցէն հատուած մըն է, գրուած Ներսէս անուն եպիսկոպոսի մը կողմէ. ձեռագիրին սկիզբը տեղ կը գտնէ երկար խրատական մը մանուկներուն, երիտասարդներուն, այրերուն եւ մանաւանդ ձեռնադրութիւն ստանալու պատրաստուողներուն համար:

Չորրորդն ու գուցէ ամենէն հետաքրքիրը Աստուածաշնչական բառարան մը, որուն մէջ կը բացատրուի Աստուածաշունչին մէջ գործածուած դժուար բառերու բացատրութիւններն ու իմաստները:

Քիւրտերու կոտորածն  ու թալանը բազմաթիւ հարստութիւններ խլեց եւ Մեծ եղեռնը եկաւ ամբողջացնելու. ո՛չ ոք, ո՛չ ալ պատմութիւնը գիտէ ճակատագիրը վերոյիշեալ ձեռագիր գոհարներուն:

Բարեբախտաբար շատ մը ձեռագրեր մի քանի ընդօրինակութիւններ ունենալով փրկուած են, սակայն կոտորածներն ու արհաւիրքը աներեւակայելի գրականութեան մը կորուստը եղած են. մեր մատենագիտութիւնը այսօր շա՜տ աւելի հարուստ պիտի ըլլար, եթէ բազմահազար ձեռագիր գոհարներ թշնամաբար յափշտակուելով կորուստի չմատնուէին։ Վանքերուն մէջ ի պահ կը դրուէր բազմաթի՜ւ հին եկեղեցականներու ճառերը, քարոզներն ու աշխատութիւնները, որոնք երկրորդ ընդօրինակութիւն մը չունէին եւ կորսուելու պարագային անվերադարձ կորուստ մը պիտի ըլլար, եւ ցաւ ի սիրտ այդպէս ալ եղաւ. մինչեւ օրս Հայաստանի զանազան թանգարաններու եւ մատենադարաններու մէջ ի պահ կը դրուին բազմաթիւ ձեռագրեր, որոնք չունին երկրորդ ընդօրինակութիւն. հրատարակուած ուսումնասիրուած չեն:

Այսօր Հայաստանի Մատենադարանին մէջ ի պահ կը դրուին աւելի քան 23 հազար ձեռագիր գոհարներ եւ աւելի քան 300 հազար փաստաթուղթեր: Բարեբախտաբար այդտեղ ի պահ կը դրուի մինչեւ մեր օրերը մեզի հասած ամենէն հին ձեռագիր Աւետարանը, որ ծանօթ է Լազարեան Աւետարան անունով, գրուած 887 թուականին, Սահակ Վանանդացի անուն գրիչի կողմէ:

Վստահ եղէք, եթէ չպատահէին կոտորածներն ու թալանները, տեղի չունենար Մեծ եղեռնը, 23 հազար ձեռագիրերուն թիւը հնգապատիկ ու վեցապատիկ աւելի պիտի ըլլար:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -243-

Եկեղեցական եղած ժամանակ որոշ շրջան պաշտօնավարեցի Կաթողիկոսութեան արխիւներու բաժնին մէջ. գուցէ ստանձնած պաշտօններէս ամենէն հետաքրքրականն էր. բազմաթիւ նամակներ, նկարներ, ձեռագրեր ու վաւերական փաստաթուղթեր, որոնց մասին շա՜տ շատ քիչեր գիտեն:

Ձեզ հետաքրքրութիւն կը պատճառէ՞ թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն մինչեւ օրս հաճոյքով կը կարդամ հիներուն նամակները, որովհետեւ նամակագրութիւնը անձերուն իսկական դէմքը ցոյց կու տայ. օրինակի համար, Կոմիտաս Վարդապետ իր յօդուածներուն մէջ ուրիշ եւ իր անձնական նամակագրութիւններուն մէջ ուրիշ անձնաւորութիւն մըն է եւ այդ նամակներով է, որ կրնանք ճանչնալ, թէ ո՛վ է Կոմիտասը, Գրիգոր Զօհրապը, Պարոյր Սեւակը եւ ուրիշներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2023