ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊՍ. ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ «ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ»ԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ - Բ -
Ստորեւ կը շարունակենք Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք Եւ Խօսք»ի ԾԷ հատուածը ներկայացնել։
«… Այդ խնդրանքը յատկապէս կրկնած եմ ոստիկանական եւ դատական պաշտօնեաներուն, եւ թախանձագին աղաչանօք յանձնարարած եմ Կայսեր կողմանէ յղուած թիկնապահ գնդապետին։ Եւ ուրախ եմ յայտարարել որ խնդրանքս յարգուեցաւ, եւ չորս գործադիրներէն զատ ուրիշներ չմեղադրուեցան, եւ քանի մը առերեւոյթ կասկածով ձերբակալեալներ շուտով արձակուեցան։ Իսկ գործին իսկութեան մասին, -Դրօշակ- լրագիրը, փորձին անհատական նախաձեռնութենէ տպաւորուած արարքի արդիւնք, եւ կուսակցութեան անոր մէջ մասնակցութենէ օտար եղած ըլլալը հրատարակեց, թէպէտ ո՛չ ոք յայտարարութեան անկեղծութեանը հաւատաց։
«Մահափորձին երեկոյին իսկ նոր սպառնական նամակ մը տունը կը տարուէր, զոր միւս առտուն կը կարդայի, թէ՝ ինքզինքդ ազատած մի՛ կարծեր, կեանքդ ապահով չէ՛։
«Ընտանեկան շրջանակի մէջ ալ անհնար էր որ գործը մեծ յուզում չպատճառէր, եւ Եւգինէ ու Ագապի քոյրերս եւ ազգական ու ազգակիցներէ շատեր, հակառակ բքաբեր ձիւնին եւ փոխադրութեան դժուարութեանց, հետզհետէ Գումգաբու սկսան հասնիլ, անձամբ տեսնելու եւ ստուգութեամբ տեղեկանալու համար. քեռայրս Միհրան Տէր-Ներսէսեան Եգիպտոս կը գտնուէր, իսկ եղբայրս բժիշկ Կոմիտաս Օրմանեան կը յաճախէր եղբայրական զգացմանց եւ բժկական խնամոց հաւասարապէս յագուրդ տալու համար։ Ազգայնոց այցելութիւնները անթիւ անհամար էին, ամէն դասակարգէ եւ ամէն աստիճանէ, մանաւանդ Ծնունդի երկրորդ օրը, որ պաշտօնական շնորհաւորութեանց օրն է, եւ ազգայիններ խուռն եկած էին մահափորձէն ազատութեան խնդակցութիւն ալ յայտնելու։
«Ուրիշ ազգաց պատրիարքներն ալ իրենց խնդակցութիւնը յայտնող խնդակցական ողջոյնները հասուցին պատուադիր պատուիրակութիւններով։
«Գրաքննութիւնը արգիլած էր եղելութիւնը լրագիրներու մէջ պատմել, եւ խմբագրութիւններ կը գոհանային շարունակ շաբաթ մը պատրիարքարան այցելողներու երկար ցուցակներ հրատարակելով, հանրութեան մտադրութիւնը արթնցնելու համար։
«Երկուշաբթիէ Շաբաթ պատրիարքարան մնացի, թէ՛ վէրքին դարմանին եւ թէ՛ հիւանդութենէ զգուշանալու համար, որ կրնար առաջ գալ վիրաւորուելու պատճառով եւ այլայլելէ։
«Վերեւ յիշուած երկու բժիշկներ եւ պալատէն նշանակուած վիրաբոյժ մը առտու եւ երեկոյ կ՚այցելէին, թող բարեկամաբար եկող բժիշկները։
«Երբոր Շաբաթ օր Յունուար 11/24-ին տուն վերադառնալու կը պատրաստուէի, թաղին ոստիկանութեան գլխաւորը եկաւ հեծեալներու ընկերանալը ծանուցանել, զոր մերժեցի հանրութենէն կասկածիլ եւ վախնալ չցուցադրելու համար, իրեն կամքին թողլով՝ եթէ կ՚ուզէր՝ լռին եւ ծածուկ հսկողութիւն կատարել, միայն Պօղոս Սրապեան բարապանի հետ եւ բժիշկի մը ընկերակցութեամբ կէս օրէն ետքը տուն եկայ։
«Յունուար 17/30-ի գիշերը աղեաց սաստիկ տագնապ մը անցուցի, որ գիշերային բժշկական խորհրդակցութեան պէտք զգալի ըրաւ Պարոնիկ Մատթէոսեան ու Վահրամ Թորգոմեան ու Կոմիտաս Օրմանեան բժիշկներու կողմէ, եւ յաջողութեամբ փակուեցաւ։
«Տակաւ կազդուրուելով կարող եղայ Յունուար 22/4 Փետրուարին նախապէս Ղալաթիոյ Ս. Ամենափրկչին ուխտի իջնալ, եւ անկէ Եըլտըզի արքունիքը երթալ Կայսեր կողմէ ցուցուած մտադրութեանց շնորհակալութիւն յայտնելու։
«Յունուար 24/6 Փատրուարին, մահափորձին օրը աշխատողներուն շքանշաններ շնորհուեցան։ Յունուար 30/12 Փետրուարին առաջին անգամ պատրիարքարան եկայ, դարձեալ Յունուար 31/13 Փետրուարին Կայսրէն յատուկ տեսակցութեան հրաւիրուեցայ եւ սիրալիր ընդունելութիւն գտայ եւ բացառիկ ծախուց համար նուէր ալ ստացայ։
«Փետրուար 3/16-ին եպարքոսին եւ դիւանապետին եւ նախարարաց այցելեցի։ Եւ դարձեալ Փետրուար 5/18-ին Վարչութեան Ժողովին նախագահեցի, եւ Փետրուար 13/26-ին առաջին անգամ քարոզ խօսեցայ։
«Մահափորձի հեղինակներուն դատը բարձրագոյն հրամանով արագ աւարտեցաւ, եւ Յունուար 25/7 Փետրուարին Խաչիկեանը մահուան, եւ երեք ձերբակալեալները եւ խոյս տուած չորրորդը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցան։
«Փետրուար 17/2 Մարտին վճիռը վճռաբեկ ատեանէն հաստատուեցաւ, եւ Մարտ 8/21-ին յատուկ դիմումով Խաչիկեանի մահուան ներումը ստացայ, որ ցկեանս բանտարկութեան փոխարկուեցաւ։ Արդէն ես դատախազի դերը չէի ստանձնած, արդարութեան թողլով իւր օրինական ընթացքը վարել։
«Մահափորձի բուն նպատակը իմ մահուամբս կամ գոնէ ահաբեկեալ հրաժարմամբս պատրիարքական աթոռը թափուր թողուլ, ազգը անտէրնչութեան մատնել ըլլալուն, ինծի նուիրական պարտք սեպեցի իմ պահնորդութեան դերը չլքանել եւ պաշտպանողական պատնէշէն դասալիք չփախչիլ, եւ որպէսզի ձախող մեկնութեամբ վատ դերերը ինծի չվերագրուի, ուրիշ պատճառներով ալ հրաժարականի փորձը չգործածեցի 1903-էն մինչեւ 1906, երբ ժամանակի հեռաւորութիւնը այդ միտքը այլեւս չէր զարթուցաներ, եւ պարագային կարեւորութիւնը այն փորձին դիմել կը թելադրէր։
«Նիւթերու կապակցութեամբ անցնիմ այդ փորձը կատարել…»։
Հոս կը վերջանայ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք Եւ Խօսք»ին ԾԷ հատուածը, որ իրապէս անցեալի շատ հետաքրքրական մէկ իրադարձութեան կը վկայէ։ Արդարեւ, անցեալի մասին իրապէ՛ս շահեկան տեղեկութիւններ կը քաղենք՝ ուղղակի՛, անձէ մը, որ ապրած է այդ պահերը, այդ իրադարձութիւնները։
Այս ծանօթութիւնները արժէ՛ք կը ներկայացնեն, եւ մանաւա՛նդ, ինչպէս ըսինք, քանի որ անոնք արժանահաւատ անձնաւորութեան մը վկայութիւններն են։
Ուրիշ առիթներով ալ ըսինք, մարդ եթէ կ՚ուզէ ներկան՝ ներկայի իրադարձութիւնները ճշդութեամբ եւ լա՛ւ հասկնալ, անհրաժե՛շտ է որ անցեալը ուսումնասիրէ կարելի չափով եւ բաղդտէ, համեմատէ, հասկնայ եւ ըստ այնմ եզրակացութեան հասնի։ Ուստի եւ լոկ ներկան ապրելով կարելի չէ՛ որոշ եւ յայտնի տեսնել իրականութիւնը՝ իրադարձութիւնները եւ հասկնալ անոնց նպատակը եւ մանաւանդ իմաստը։
Փորձառութիւնը ցոյց տուած է, թէ անցեալը դասերով լեցուն «դպրո՛ց» մըն է բոլոր անոնց համար որ կեանքը կ՚ապրին գիտակցաբար…։
Ուրեմն, Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի անձին մէջ կարելի է տեսնել. «ներողամիտ մարդ»ը, իսկական իմաստով «մարդասէր մարդ»ը, ներողամտութեան եւ մարդասիրութեան մարմնացեալ տիպարը, երբ ան կ՚ըսէ. «մահափորձը գործադրողներուն հետ որեւէ թշնամական կապ չունիմ, եւ վրէժխնդրութեան առիթ տուած չեմ…»։ Հապա ի՞նչ ըսել այս վեհանձն հոգեւորականին, որ յատուկ դիմում կը կատարէ զինք կեանքէն զրկել ուզող՝ մահափորձ կատարող մէկուն մահուան վճիռը ներումի ենթարկելով՝ ներումը կ՚ապահովէ եւ պատիժը ցկեանս բանտարկութեան փոխարկուելուն առիթ կու տայ։
Ո՞վ կ՚ընէ ասիկա, եթէ ո՛չ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի պէս տիպա՛ր հոգեւորական մը…։
Եւ երբ այս մասին կը խորհրդածենք, կը յիշենք Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառները» վէպին՝ «Les Misérables»ի երեւակայածին յայտնի նակարագիրը՝ «Monseigneur Bienvenu» սրբաբան հոգեւորականի օրինակը։
Արդարեւ, ներողամտութեան, մարդասիրութեան հետ «անոխակա՛լ», «վեհա՛նձն» եւ «անվրէժխնդի՛ր» անձնաւորութեան «ազնիւ տիպար»ը ցոյց կու տայ «Monseigneur Bienvenu» եպիսկոպոսը, եւ նո՛յնպէս Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանը։
Ուստի ազնուութեան, առաքինութեան եւ իրա՛ւ հոգեւորականի մայր օրինակներն են անոնք՝ մի՛ն երեւակայական, մտացածին օրինակ մը, միւսը՝ իրական նկարագիր մը, ապրող առաքինութեան կենդանի տիպար մը՝ մե՛ր Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանը։
Երանի՜ մեզի որ մեր եկեղեցական պատմութիւնը ունեցէր է՝ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 2, 2016, Իսթանպուլ