ՏԻՊԱՐ ՀՕՐ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Կ՚արժէ խորհիլ, թէ ո՞վ է «տիպար հայր»ը, քանի որ ինչպէս մայրը, նո՛յնպէս հայրն ալ մեծ դեր կը խաղայ ապագայ սերունդ մը հասցնելու կարեւոր գործին մէջ։ Արդարեւ, «տիպար հայր»ը քուէարկութեամբ ընտրելու սովորութիւնը, որ ընդհանրապէս որդեգրուած է կարգ մը շրջանակներու մէջ, ազատ չէ «առեւտրական շարժառիթ»ներէ։

18 յունիս 1939 թուականին, Հայրերու օրուան առթիւ «քուէարկութեամբ» ընտրուեցաւ «Տիպար հայր»ը. ամերիկացի մը, որ իբր նուէր ստացաւ ինքնաշարժ մը եւ այս առիթով Պ. Ֆորտ «Տիպար հայր»ը հրաւիրեց, որ իր գործարանը այցելէ։ Ասկէ աւելի գեղեցիկ առիթ չէր կրնար գտնել Ֆորտ ընկերութիւնը իր ինքնաշարժը եւ գործարանը ծանուցանելու համար։

Պէտք է խոստովանիլ, որ իրապէս տարօրինակ սովորութիւն մը, եւ թերեւս «ծիծաղելի» քուէարկութեամբ ընտրել եւ որոշել «տիպար հայր» մը կամ «տիպար մայր» մը, քանի որ «տիպար»ը ինքնաբերաբար եւ ժամանակի ընթացքին կը գոյանայ հասարակութեան մէջ ո՛չ թէ սահմանափակ քուէարկութեամբ, այլ հասարակաց-ընդհանուր կարծիքով, փորձառութեամբ եւ նկարագրի մը համոզումով, ինչ որ ժամանակի կը կարօտի։

Ուրեմն երբ կը խօսուի «տիպա՛ր»ի մը մասին, հարցը պէտք է նկատի առնել այս ուղղութեամբ։ Ո՞վ է «տիպար»ը եւ ո՞վ է «տիպար հայր»ը։

Նախ եւ առաջ պէտք է ըսել, թէ «տիպար» չի կրնար ըլլալ այն՝ որ հաստատ նկարագրի տէր «մարդ» չէ։ Եւ այս առումով «տիպար հայր» չի կրնար ըլլալ այն, որ «տիպար այր» չէ, այսինքն մէկը որ իր կնոջ ոչ թէ արտաքին տեսքը, այտերը, աչքերը, զարդերը կը սիրէ, այլ անոր անձին եւ նկարագրին մէջ է գտած «անտեսանելի-ներքին գեղեցկութիւն»ը՝ հոգիով անոր հետ «մէկ» է եղած՝ եւ այր եւ կին մէկտեղ կազմած են «տիպար ընտանիք»ը՝ «տիպար տուն»ը։ Ուստի «տիպար հայր» ըլլալու նախապայմանն է «տիպար ընտանիքի անդամ» ըլլալ։

Զաւակները ներքնապէս ճանչնալ, անոնց մարմնական տկարութիւններովը, մտքի կազմովը, հոգիի թռիչքներովը՝ ներաշխարհովը հետաքրքրուիլ՝ «տիպար հօր» մը յատկանիշներէն մէկը ըլլալու է։ Այս «հոգեկան մտերմութիւն»ը եւ միութիւնը, ընդշաղումը ստեղծելու է հայրը իր զաւակներուն հետ, այնպէս որ անոնք «մտերիմ ընկեր» մը գտնեն անոր մէջ եւ ազատօրէն բացուին եւ թափեն անոր առջեւ իրենց փափաքները, իղձերը, հոգերը, պէտքերը եւ մեղքերը իսկ։ Բայց նոյն ատեն հայրը իմաստո՛ւն ըլլալու է ինքզինք չհասարակացնելու, չպզտիկցնելու, այլ գիտնալու է տղուն ազատութիւն տալով հանդերձ վե՛ր բռնել իր հայրական արժանապատուութիւնը եւ հեղինակութիւնը։ Այս իմաստով, հայրը պէտք է զգացնէ իր զաւակներուն, թէ ինք «հա՛յր» է եւ իրենք՝ որդիներ…։

Տիպար հօր մը նկարագրին ամենէն ցայտուն գիծերէն մէկը ըլլալու է ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻ՛ՒՆը։ Արդարեւ, «տիպար հայր»ը ատել, կեղծել, ձեւանալ, խաբել չի գիտե՛ր. ո՛չ տան մէջ իր զաւակներուն հետ յարաբերուելու ատեն եւ ո՛չ տունէն դուրս շուկայի կամ գործի կեանքին մէջ։ Ան միշտ անկեղծ է եւ մտերիմ։

Եւ եթէ հայր մը իր իսկ օրինակովը կրնայ սորվեցնել տղուն, որ ճշմարտախօս ըլլալ եւ ուղղամիտ կերպով գործել, շիտակը ընել, ամենէն մեծ գանձը տուած պիտի ըլլայ անոր։ Անգին գանձ մըն է արդարեւ ճշմարտախօսութիւնը եւ ուղղամտութիւնը։

Այս առթիւ, այն հայրը որ կը գանգատի եւ դժգոհութիւն կը յայտնէ իր զաւակներուն նկատմամբ, պէտք է պատճառը փնտռէ քիչ մըն ալ իր քով, քանի որ գանգատած անձը ի՛նք է հասցուցած ի վերջոյ, եւ պէ՛տք է ինքնաքննութիւն մը կատարէ՝ թէ ո՞ւր թերացած է իր հայրական պարտականութեանը եւ պատասխանատուութեանը մէջ…։

Բարեսրտութիւնն ալ ուրիշ յատկանիշ մըն է, որ փնտռել պէտք է հօր մը վրայ. անիկա իր տունէն դուրս ուրիշներու տուներուն վրայ ալ կը խորհի, կը մտահոգուի, իր զաւակներէն զատ չքաւորներու զաւակներն ալ կը հոգայ եւ այսպէս կը սորվեցնէ եւ այսպէս կը մշակէ անոնց այլասիրութեան հոգին։

Իր տանը մէջ, տիպար հայրը ըլլալու է միշտ զուարթամիտ, լաւատես եւ քաղցրաբարոյ. իր խօսքերը համեմելու է անուշ կատակներով, եւ ընդհանրապէս զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծելու է ընտանիքին մէջ։ Ան պէտք է ըլլայ նաեւ համբերող, հանդուրժող եւ ներողամիտ եւ միշտ անկե՛ղծ։

«Տիպար հայր»ը քուէով չ՚որոշուիր, ան արդէն ինքզինք կը յայտնէ իր կեանքով՝ իր գործերով, եւ թերեւս, ո՜վ գիտէ, խարխուլ, աննշան տնակի մէջ բնակող «անծանօթ» հայրն է «Տիպար հա՛յր»ը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 30, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2019