ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ԿԸ ԾՆԻ

Եթէ գրեմ «բազմաթիւ ամերիկացիներ ո՛չ օրինական միջոցներով նոր կեանք մը սկսելու յոյսով Ափրիկէ կ՚ապաստանին», կը հաւատա՞ք:

Մեր թուականէն 74 տարիներ առաջ՝ 10 դեկտեմբեր 1948-ին հրատարակուած Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը սկիզբ կ՚առնէ հսկայական ստախօսութեամբ մը. «Ամէն մարդ ազատ եւ հաւասար կը ծնի...», եւ ի՜նչ առեղծուած, որ այդ «հաւասարութեան» քարոզիչներու ժողովը նոյնիսկ տեղի կ՚ունենայ անհաւասար պայմաններու մէջ՝ դուրս ձգելով շա՜րք մը երկիրներ, որոնք ցայսօր անհաւասարութեան զոհերը ըլլալու դատապարտուած կը մնան:

Փորձեցէ՛ք ձեր շուրջիններուն հարց տալ, եթէ առիթ տրուի անգամ մը եւս աշխարհ գալ, ի՞նչ պայմաններու տակ կ՚ուզէր ծնիլ եւ վստահ եղէք տուած պատասխանը ծնունդը պիտի ըլլայ անհաւասարութեան հոգեբանութեան, որովհետեւ բոլորն ալ պիտի ձգտին բանի մը՝ որ կեանքը անարդար եւ անհաւասար գտնուած է իրենց հանդէպ: Նոյն հարցը տուէք սեւամորթ մանուկներու եւ պիտի տեսնէ՛ք, որ մեծամասնութիւնը ճերմակամորթ ծնելու փափաքը պիտի ունենան, որովհետեւ մե՛նք ստեղծած ենք անհաւասարութիւնը սեւին եւ ճերմակին, երկարին եւ կարճին, հարուստին եւ աղքատին, նիհարին եւ գէրին եւ գրեթէ՛ ամէն ինչին միջեւ, ստեղծելով մեր շահերը հետապնդող ու մեր եսը շոյող արժեչափեր:

Նիւթականապաշտ աշխարհին մէջ այս օրերուն անհաւասարութիւն ըսելով մարդիկ սկսած են նիւթական անտրամաբանական տարբերութիւնն ու անհաւասարութիւնը հասկնալ, որովհետեւ կը գիտակցին, թէ նիւթական բարձր վիճակը կրնայ բոլոր արժեչափերը փշրելով նոր արժեչափ մը ստեղծել՝ ընդունելի բոլորին կողմէ, հակառակ իր բազմակողմանի թերութիւններով: Սակայն մարդկային ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնը շատ աւելի տարբեր է նիւթական անհաւասարութենէն:

Մարդուն եսը կը պարտադրէ, որ մարդ իր շահերուն հիման վրայ ստեղծէ արժեչափեր, որոնցմէ սկիզբ կ՚առնէ անհաւասարութիւնը, որուն հիման վը-րայ կը կազմուի տարբեր ընկերային շրջանակներու ճիւղաւորումները:

Մարդոց միջեւ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնները բազմաթիւ են.-

Անոնցմէ մէկն է աշխարհագրական դիրք.- մարդ կը ծնի իր կամքէն անկախ՝ իր ծնողաց որոշումով եւ ծնող մանուկին դիմաց աշխարհագրական դիրք մը ընտրելու իրաւասութիւն մը չի տրուիր եւ հետեւաբար իր կամքէն անկախ է, որ ան ծը-նունդ կ՚առնէ Եւրոպայի, Ամերիկայի, Ափրիկէի, Հնդկաստանի կամ Չինաստանի մէջ եւ այդ ծնունդին հիման վրայ դատապարտուած է ամբողջ կեանք մը ըլլալու հնդիկ, չինացի, արաբ, ամերկացի եւ այլն:

Իրականութեան մէջ Ամերիկա ծնողն ու Ափրիկէ ծնողը «հաւասար» են, սակայն մենք ենք որ անոնց միջեւ ստեղծած ենք անհաւասարութիւն, ամերիկացի ըլլալը դարձնելով «բախտաւորութիւն», իսկ ափրիկեցի կամ հնդիկ ըլլալը անբախտութիւն, կարծելով որ ամերիկացին աւելի «մարդ» է եւ իրաւունքներու տէր՝ քան միւս վերջինները: Մենք տուած ենք ամերիկացիին այդ առաւելութիւնը, որպէսզի կարենայ ազատութեամբ ճամբորդէ Հնդկաստան, սակայն հնդիկը նոյն ազատութեամբ չկարենայ մեկնիլ Ամերիկա. այսօր Թուրքիա լեցուն է ափրիկեցի եւ Միջին Արեւելքի դժբախտ երկիրներու պատկանող փախստականներով, սակայն երբեւէ հանդիպա՞ծ էք, որ ոստիկանութիւնը յայտնաբերէ ամերիկացի փախստականներու խումբ մը:

Մենք ենք որ Ամերիկա ծնիլը բախտաւորութիւն դարձուցած ենք, մինչ Ափրիկէի մէջ ծնիլը անբախտութիւն համարած ենք եւ ստեղծած ենք ընկերային անհաւասարութիւն մը. մե՛նք ենք որ սեւը չարագործ եւ սպիտակամորթը բարեգործ սեպած ենք:

Մեր կողմէ այս անհաւասարութիւնը յստակ դարձնելու համար վերջերս համացանցի վրայ երիտասարդ մը ձեռքին արաբի մը եւ ամերիկացիի մը նկարը առնելով անցորդներուն հարց կու տար, թէ ո՞ր մէկը աւելի վտանգաւոր կը նկատէք. անցորդները մեծաւ մասամբ արաբը աւելի վտանգաւոր կը նկատէին, առանց գիտնալու, որ նկարի մէջի ամերիկացին աւելի քան 20 զոհերու ոճրագործ մըն է:

Ամերիկայի մէջ այսօր բազմահազար մանուկներ երանի՜ կու տան սպիտակ ծնած ըլլալու համար, որովհետեւ մեր ստեղծած անհաւասարութիւնը հակառակ իրենց անմեղութեան, զիրենք դարձուցած է թէական ոճրագործներ. յիշեցէ՛ք ձեր նայած մանկական ժապաւէնները. այդտեղ մարդակերները մի՛շտ ալ սեւեր եղած են, իսկ բարիները ճերմակներ:

Բազմատասնեակ սուրիացիներ անցնող քանի մը տարիներուն մահացան են ծովի ճամբով դէպի Եւրոպա երկարող երազի ի խնդիր. երբեւէ տեսա՞ք եւրոպացիներ, որոնք նոյն միջոցով փորձեցին հասնիլ Միջին Արեւելք. երբեւէ տեսա՞ք ամերիկացիներ փախստական նաւերով փորձեն հասնիլ Ափրիկէ՝ այդտեղ նոր կեանք մը սկսելու համար:

Այդ անհաւասարութեան ծայրայեղ վիճակը տեսանք վերջերս Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ տեղի ունեցող պատերազմի ժամանակ. Իրաքի, Լիպիոյ, Արցախի, Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող անմարդկային ոճրագործութիւններուն դիմաց լուռ մնացող աշխարհը յանկարծ խղճահարեցաւ ուքրանացի ժողովուրդի վիճակով. Միջին Արեւելքը քարուքանդ ընող Ամերիկային գութը նոյնիսկ շարժեցաւ, որովհետեւ անհաւասարութեան օրէնքին համաձայն Արցախի եւ Ուքրայնայի մանուկը նոյնը չէ, այնպէս ինչպէս նոյնը չեն Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայի մանուկները՝ որոնք պատահմամբ եւ առանց ուզելու դերակատարները կը դառնան այս անմարդկային կատակերգութեան:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԻՔԹՈՐ ԲԱԼԱՅԵԱՆ
(1931-1995)

Մեր թուականէն 91 տարիներ առաջ՝ 16 յուլիս 1931-ին Լոռիի մարզի Կարկառ գիւղին մէջ ծնած է արձակագիր, լրագրող, թարգմանիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Վիքթոր Բալայեան:

Բալայեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1954 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք որպէս գրական աշխատող աշխատած է «Պիոներ կանչ» թերթին մէջ, իսկ 1956-1958 թուականներուն ստանձնած է «Աւանկարտ» թերթի վարիչի պաշտօնը: Այնուհետեւ Բալայեան եղած է «Պիոներ կանչ» թերթի պատասխանատու քարտուղար, որմէ ետք ստանձնած է «Հայաստան» հրատարակչութեան մանկապատանեկան գրականութեան խմբագրութեան վարիչի պաշտօնը:

Թերթերու մէջ ստանձնած պաշօտններուն առընթեր ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Երեւանի համալսարանի լրագրութեան բաժնին մէջ, դասաւանդելով «Գրականութիւնը եւ արուեստը լրագրութեան էջերուն մէջ» առարկան: Բալայեան 1970-1974 թուականներուն եղած է «Հայաստան» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիրը. 1974-1979 թուականներուն «Սովետական գրող» հրատարակչութեան տնօրէնը, իսկ 1979-1984 թուականներուն՝ Հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալը:

Այս բոլոր պաշտօններու կողքին Բալայեան զբաղած է գրականութեամբ. հայերէն, ինչպէս նաեւ ռուսերէն լեզուով լոյս տեսած են իր աշխատութիւնները. ինչպէս՝ «Քանդուած նկուղի գաղտնիքը», «Ստուեր եւ լոյս», «Առաջին դասը», «Անտեսանելի հետքեր», «Մշուշը ցրւում է» եւ այլ աշխատութիւններ:

Ստեղծագործելու կողքին զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով՝ հայերէնի թարգմանելով Զ. Նենացքիի, Ի. Մատիաշովսքիի, Լուիս Նորմանի եւ այլ գրողներու գործերը:

Շնորհիւ իր գրական վաստակին, 1970 թուականին Բալայեան դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ:

Արձակագիրը մահացած է 31 յունուար 1995-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2022