ԱՅՍՕՐ ԵՐԲ…

Անցնող օրերուն համացանցի վրայ տարածուեցաւ Արցախի վերջին պատերազմի ռազմագերիներէն մէկուն տեսերիզը, ուր գերինէն մին յուզուած ու արտասուաթոր, դատաւորին կը դիմէր հետեւեալ խօսքերով. «Պարոն դատաւոր, տունը հիւանդ մայր ունիմ՝ որուն խնամակալը ես եմ...»:

Այս պատկերը պատճառ եղաւ, որ աւելիո՛վ խորհրդածեմ բոլոր անոնց մասին՝ որոնք ի սէր հայրենիքին ու մեր հանգստութեան իրենց կեանքը անմնացորդ նուիրեցին, որուն արգասիքն է «Այսօր Երբ...»ը:

Այսօր, երբ քէֆ կ՚ընէք ու կը պարէք, յիշեցէ՛ք, որ հայրենիքի ազատութեան, ձեր հանգստութեան համար բանտուողներ կան...:

Այսօր, երբ ձեր պտոյտները կը կազմակերպէք, յիշեցէ՛ք, որ հայրենիքի ազատութեան ու ձեր հանգստութեան համար մութ ու խոնաւ խուցի մէջ իրենց դեռատի կեանքը հիւծողներ կան...:

Այսօր, երբ ձեր գլուխները կակուղ բարձերու վրայ կը դնէք, յիշեցէ՛ք, որ հայրենիքի ազատութեան ու ձեր հանգստութեան համար իրենց գլուխները կոշտ ու պինդ քարերու վրայ դնողներ կան...:

Այսօր, երբ օրհնութիւնը կ՚ունենաք արեւի պայծառ շողերը տեսնելու, յիշեցէ՛ք, որ ի սէր հայրենիքին ու ձեր հանգստութեան իրենց աչքերը այդ բարիքէն զրկողներ կան...:

Այսօր, երբ արքայական սեղաններու շուրջ կը հաւաքուիք ու կը վայելէք ախորժաբեր բարիքները աշխարհի, յիշեցէ՛ք, որ ի սէր հայրենիքի եւ ձեր հանգստութեան իրենց աչքերը անօթութեամբ փակողներ կան...:

Այսօր, երբ ձեր արժէքաւոր օծանելիքներու բուրմունքով յագենալ կը փորձէք, յիշեցէ՛ք, որ ի սէր հայրենիքի եւ ձեր հանգստութեան հոգեմաշ բանտերու մէջ արեան ու մահուան անողոք հոտը շնչողներ կան...:

Այսօր, երբ ամենասուղ հագուստներով կը փորձէք զարդարուիլ ու գեղեցկանալ, յիշեցէ՛ք, որ ի սէր հայրենիքի եւ ձեր հանգստութեան յօշոտուած ցնցոտիներ հագուողներ կան...:

Այսօր, երբ շինծու շպարներով ձեր դէմքերը կը ներկէք, յիշեցէ՛ք, որ ի սէր հայրենիքին ու ձեր հանգստութեան, իրենց երեսն ու մարմինը նահատակութեան արիւնով ներկողներ կան...:

Այսօր, երբ երաժշտութեամբ վերանալ ու յափշտակուիլ կը փորձէք, յիշեցէ՛ք, որ ի սէր հայրենիքին ու ձեր հանգստութեան ամէ՛ն օր տառապանքի աղաղակն ու ճիչը լսողներ կան...:

Այսօր, երբ ձեր բարեկամներուն անիմաստ սին նամակներ կը ղրկէք, յիշեցէ՛ք, որ ի սէր հայրենիքին ու ձեր հանգստութեան իրենց հարազատ մօրը մէկ տող գրել չի՛ կրցողներ կան...:

Այսօր, երբ ձեր մանուկներու Աստուածատուր ներկայութիւնը կը վայելէք, յիշեցէ՛ք, որ ի սէր հայրենիքին ու ձեր հանգստութեան նոյնիսկ իր նորածին մանուկին լոյս աշխարհ գալը չտեսնողներ կան...:

Այսօր, երբ արեւին կիզիչ ճառագայթներուն տակ քալելը տառապանք կը թուի, յիշեցէ՛ք, որ ի սէր հայրենիքին ու ձեր հանգստութեան փողոցին մէջ քալելու ամենէն պարզ ու մարդկային շնորհէն զրկուողներ կան...:

Այսօր, երբ հայրենի հողը կը նախատէք, գաղթելու կործանիչ ելքերը կը փնտռէք, յիշեցէ՛ք, որ այդ հայրենիքի իւրաքանչիւր քարի, իւրաքանչիւր մեթրին համար իրենց կեանքը զոհած մարտիրոսներ կան...:

Այսօր, երբ կ՚այցելէք ձեր սիրելիներու մարմարապատ շիրիմները, յիշեցէ՛ք, որ ի սէր հայրենիքին ու ձեր հանգստութեան անշիրիմ ու անյայտ հողակոյտի մը մէջ առյաւէտ ննջողներ կան...:

Այսօր, երբ անիմաստ բաներու մեծամեծ գումարներ կը մսխէք, յիշեցէ՛ք, որ անոր մէկ չորրորդ մասին կարօտ նահատակներու եւ բանտուողներու ընտանիքներ կան...:

Եւ վերջապէս, Այսօր երբ կը շնչէք, յիշեցէ՛ք, որ ի սէր ինձ ու քեզ՝ անշնչացածներ կան...:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ
(1886-1928)

Մեր թուականէն 135 տարիներ առաջ՝ 16 օգոստոս 1886 թուականին Պոլսոյ մէջ ծնած է յայտնի մարզիկ, Պոլսոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սկաուտական շարժման հիմնադիրներէն ու Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադիրներէն Վահան Չերազ:

Չերազ նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ մէջ, ապա մեկնած է Փարիզ, ուր կատարելագործելու համար իր ուսումը: 1908 թուականին Պոլսոյ մէջ հիմնած է «Տորք» հայկական մարզական խումբը՝ որուն յառաջատար մարզիկներէն մին ինքն էր: Հիմնադրութենէն չորս տարիներ ետք՝ 1912 թուականին արդէն «Տորք» կը կազմակերպէր լողի, թենիսի, վազքի հեծանիւի մրցոյթներ:

Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ժամանակ Չերազ մեկնած է Թիֆլիզ՝ մաս կազմելու զօրավար Անդրանիկի կամաւորական ջոկատներուն՝ մասնակցելով մարտական գործողութիւններու, մինչեւ 1919 թուականը: Ան 1920 թուականին, օրին Հայաստանի Հանրապետութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հրաւէրով կը տեղափոխուի Կիւմրի, Հայաստանի մէջ զարգացնելու համար մարզական կեանքը: Տարի մը ետք՝ 1921 թուականին մասնակցած է Փետրուարեան ապստամբութեան: Վահան Չերազ 1921-1924 թուականներու միջեւ զբաղուած է հայ որբերով ու սկաուտական շարժման կազմակերպութեամբ, սակայն 1924 թուականին մեղադրուելով աքսորուած է Սիպիր, սակայն մի քանի ամիս ետք դարձեալ վերադարձած է Հայաստան:

Անհիմն զրպարտութեանց որպէս արդիւնք, 1927 թուականին Չերազ ձերբակալուած է եւ 9 յունուար 1928 թուականին գնդակահարութեամբ սպաննուած: Իր մահէն ինն տարիներ ետք՝ 1937 թուականին գնդակահարութեամբ սպաննուած է նաեւ Չերազի կինը՝ Վարդանոյշը:

Միւս կողմէ, Վահան Չերազ եղբօրորդին է գրող, խմբագիր, թարգմանիչ ու հասարակական գործիչ Մինաս Չերազի:

Այժմ Կիւմրի քաղաքին մէջ կանգնած է Վահան Չերազի յուշարձանը եւ կառուցուած անոր անունը կրող փողոց մը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021