ԿԻՆԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՄԱՅՐ
«Ազգի ապագան մայրերու ձեռքն է»։
ՊԱԼԶԱՔ
«Կիներու մէջ օրհնուած» է ան, նազարէթցի «չհարսնացած Մարիամը»։
Եկեղեցին, Աստուածամօր Վերափոխումի յիշատակի տօնը լուսատենչ կը կատարէ անոր՝ որ «լուսածին օթարանը», «արդարութեան Արեգակի նոր խորանը», «Լոյսի մայրն» է հանդիսացած։
Փա՜ռք այդ կնոջ ե՛ւ մօր, կամ մանաւանդ կնոջ եւ մօր այդ «անբիծ» Տիպարին՝ որուն հոգիին մէջ կաթեր է շնորհի շող մը՝ «ոսկեղէն սափորէ մը»։ Այս յիշատակը տօնն է անոր, որուն՝ մարդկութեան մէկ մասը ուզած է «սրտեղէն յաւերժական շիրիմ»ը ըլլալ փոխանակ հողեղէն կորստական գերեզմանին, վերափոխելով զայն «երկնային լուսեղէն կայանք»ը։
Արարչագործութեան պսակն է այն սուրբ Ընտանիքը՝ որ Աստուծոյ Աջը «հողածին»ը եւ «կողածին»ը օրհնած է եւ իրարու լծակցած։ Հողածինը՝ «այր» եւ կողածինը՝ «կին»՝ կեանքի արու եւ էգ սկզբունքներու աստուածային միութիւնը եւ ամբողջացումն են հնարաւորեր «մարդ»ուն մէջ. արդարեւ, չէ՞ որ մարդը ստեղծուեցաւ «արու եւ էգ՝ համաձայն Աստուծոյ պատկերին՝ Անոր նմանութեամբ»։
Եւ «Կին»ը, կին մարդը՝ որպէս մա՜յր։ Մայր մը «կեանքն» իսկ է, կրելով իր մէջ կենդանարար եւ կենսատու զօրութիւնը եւ անմահութեան աղբիւրը աստուածային Սուրբ Հոգիին՝ զոր այնքա՜ն քիչ ու երբեմն ալ «գէշ» կը ճանչնանք…։
Արդարեւ, ստեղծագործ-արարիչ Հոգին չէ՞ որ կը հովանաւորէ կոյսը՝ կին մարդը եւ կը փոխադրէ զայն մօր։ Աւելորդ պէտք չէ համարուի հոս անգամ մը եւս կրկնել այն ճշմարտութիւնը՝ թէ ընկերային կեանքի հիմը ընտանեկան կենցաղն է։ Ահա թէ ինչո՛ւ կը շեշտուի կին-մարդու եւ մանաւանդ մայր կնոջ անհրաժեշտութիւնը, քանի որ «Տուէք մեզ լաւագոյն մայրեր եւ մենք կ՚ըլլանք լաւագոյն մարդիկ», ինչպէս կ՚ըսէ Ժան Փոլ։
Արդարեւ, կին-մարդը հաւասար է այր-մարդուն։ Աստուածաշունչ մատեանը կ՚ըսէ այդ ճշմարտութիւնը, քանի որ կին-մարդը եւ այր-մարդը միասին կը կազմեն «Մարդ»ը. մարդը՝ որ հաւասարապէս կը կրէ Աստուծոյ պատկերը։
Ըստ Սուրբ Գիրքի յարասութեան՝ կին-մարդը ստեղծուած է այր-մարդէն՝ որպէս կողածին եւ ո՛չ թէ հողածին։ Եւ սակայն այս ճշմարտութիւնը չի՞ հակասեր այն իրողութեան, որ կին-մարդը՝ մայրը կը ծնի «մարդ»ը, թէ ան ծնունդ կու տայ թէ՛ կին-մարդուն եւ թէ այր-մարդուն։ Եւ այս իմաստով մայրը գործակատարն է, ներկայացուցիչն է աստուածային ստեղծագործութեան՝ Արարիչ Աստուծոյ, երկրի վրայ։ Արդարեւ Աստուած ստեղծեց առաջին մարդը եւ այդ գործը փոխանցեց կին-մարդուն անուանելով զայն «մա՛յր»։
Թէեւ երկու սեռերու՝ կին-մարդու եւ այր-մարդու միջեւ կան բնախօսական եւ հոգեբանական վիճակներու այլազան զանազանութիւններ՝ երանգաւորումներ՝ որոնք ընդհանուր հիմքի մը վրայ միայն կը միանան եւ կը նոյնանան։ Արդարեւ, անհնար է խորհիլ, թէ բնախօսական կազմուածի տարբերութիւն մը իր ամենէն աննկատելի նրբութիւններով. իսկ չունենայ հոգեբանական համապատասխան տարբերութիւն մը։ Զոր օրինակ, կարելի է նկատել, որ զգացական-զգացողական ջիղերը աւելի՛ զօրաւոր են կին-մարդու մէջ քան այր-մարդուն մէջ՝ որ իր կարգին քան կին-մարդը ունի աւելի ուժեղ կամեցողական ջիղեր։
Եթէ առնական յատկութիւն է կորովը, կնոջական յատկութիւն է գորովը։ Այր-մարդու եւ կին-մարդու իրերանման եւ իրերահաշտ կիրքերու զուգախառնումը կը հնարաւորէ այն իրական, տեւական եւ գեղեցիկ ներդաշնակութիւնը՝ ուր երեւան կու գայ առն ու կնոջ ճշմարիտ եւ երանաւէտ հաւասարութիւնը։
Առաքինի կին մը՝ որ գիտէ իր սիրոյ ծայրագնութիւնը արժեցնել այր-մարդու «սնուցանող եւ դարմանող» սիրով եւ անկեղծ «հաւատարմութեամբ» գնահատուած եւ փոխադարձուած «հնազանդութեան» ոգիով, կը դառնայ «փառք»ը եւ «պսակ»ը իր ամուսնին։
Տունը՝ ընտանիքը վառարան մըն է, ուր լոյսի եւ ջերմութեան սկիզբ՝ մշտնջենական կրակը կ՚արծարծեն հայրն ու մայրը։
Նոյն կրակն է. «ատր=այր», որ արու սկիզբներէն կը կազմէ «հ-այր» եւ էգ սկիզբներէն «մ-այր»ը։ Հաւասարութեան կնիք մըն ալ ահա այս կրակին մէջ։ Հոս, սակայն, կինը կը դիտենք իր «մայրական» դերին մէջ։
Մայրը արհամարհանքի կ՚արժանանայ այն ատեն, երբ երեխաներ ունենալով, ընդունակ է ձանձրոյթ զգալու, ինչպէս կ՚ըսէ Ժան Փոլ։
«Մայր»ը համազօր է սիրոյ եւ զոհողութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 14, 2022, Իսթանպուլ