ԳԻՐՔ ԾԱԽԵԼԸ ՄՈՒՐԱԼՈՒ ՉԱՓ ԴԱՌՆ Է
Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթը իր ուրբաթ, 6 սեպտեմբեր 2024-ի թիւին մէջ կը հրատարակէր «Զաւարեանական» երիտասարդի մը Տիր ստորագրութեամբ «Մուրացկան մտաւորականները» խորագրեալ գրութիւնը. գրողը իր յօդուածը կը վերջացնէ քիչ մը «ծանր» հնչող հետեւեալ տողով. «Մտաւորական ըլլալ` կը նշանակէ «պատուական» մուրացկան դառնալ»:
Հիմա հարցական է, թէ մենք մեզ ինչքանո՞վ մտաւորական կ՚ընդունինք եւ եթէ կ՚ընդունինք արդեօք մե՞նք ալ այդ «պատուական» մուրացկաններու դասին մաս կը կազմե՞նք. չե՛նք գիտեր, սակայն գիտենք, որ այդ «պատուական» մուրացկանութիւնը ամօթն է ո՛չ թէ մտաւորականին, այլ նոյնինքն ժողովուրդին, որ չի գիտեր գնահատել ազգի մը ամենէն կարեւոր խաւը՝ մտաւորականութիւնը եւ կը հաւատանք, որ այս մէկը լոկ գնահատման ձախող ընթացք մը չէ: Լաւապէս կը գիտակցինք, որ մուրացկանութեան այս ընթացքը վերջին ժամանակներու յատուկ երեւոյթ մը չէ. այդ ամօթն ու բացթողումը հինէն եկող ժառանգութիւն մըն է (գուցէ մեր մշակոյթին անբաժան մէկ մասը):
Այս բոլորը գրած ժամանակ դէմս ունիմ Դանիէլ Վարուժանի 17 դեկտեմբեր 1906 թուականին «Բազմավէպ»ի խմբագիր Հայր Ստեփան Սարեանին գրած մէկ նամակը, որուն մէջ մեծ հանճարը կը գրէ. «Վերապատուելի Հայր. անծանօթ երկիր ըլլալուն՝ չէ կարելի ապառիկով ապրիլ. պարոն Գրիգորէն քիչ մը փոխ ըրած եմ. բայց ան ալ ինծի պէս ամիսը ամսուան ապրող մէկն է։ Կը խնդրեմ վերջ դնէիք տարտամ վիճակիս եւ մտատանջութիւններուս». այս մէկը Դանիէլ Վարուժանի ո՛չ առաջին եւ ո՛չ ալ վերջին նամակն էր Հայր Ստեփանին. այս նամակէն տակաւին ամիս մը առաջ մեծ հանճարը գրած էր, որ հազիւ մի քանի օր զինք կենդանի պահելու չափ գումար ունի... ահաւասիկ համալսարանական մտաւորական մը, որ իր ուսման եւ գրականութեան նուիրուելու փոխարէն մարդկային թշուառութեան մէջ կը տառապի եւ ստիպուած, նոյնիսկ ամօթով «պատուական» մուրացկան յանձն կ՚առնէ դառնալ. աղքատ ու թշուառ էր Դանիէլ Վարուժան. ա՛յն աստիճան, որ համալսարան կ՚ընդունուէր ո՛չ որպէս ուսանող, այլ ազատ ունկնդիր եւ իր նամակին մէջ կը դժգոհէր. «դրամ կը պահանջուի մէկէ մը, որ միայն պիտի ունկնդրէ եւ շատ-շատ քանի մը հարցումներու պիտի պատասխանէ...» եւ այդ գումարը չունենալուն Վարուժան կը համոզէ տնօրէնը, որպէսզի ժամանակաւոր մասնակցի դասերուն եւ այդ վճարումները աւելի ուշ կատարէ:
Հայ գրականութեան մէջ խօսելով թշուառ մտաւորականութեան մասին կարելի չէ մոռնալ Արփիար Արփիարեանի «Քանինե՜ր տեսայ» խորագրեալ գրութիւնը, որ մինչեւ օրս հայկական մեծագոյն ամօթներէն մէկուն հայելին կը դառնայ. այդ գրութեան մէջ Արփիարեան կը յիշէ գրաբարի վարժապետ մը, որ միաժամանակ հեղինակ էր գրաբարի դասագիրքերու. վախճա՞նը.- «Ի՞նչ եղաւ ետքը. չեմ գիտեր. այսօր միայն միտքս կը բերեմ զինքը. հաւանօրէն տեղ մը ինկաւ մեռաւ անօթի». այս էր մտաւորականութեան «արժանի» գնահատականը:
Առիթով մը Արփիարեան Վենետիկէն կը վերադառնայ Պոլիս. ցտեսութիւն ըսելու համար կը հանդիպի Հայր Իգնատիոս Կիւրեղեանին։ Խօսակցութեան ընթացքին վանականը հարց կու տայ, թէ ի՞նչով պիտի զբաղի Արփիարեան Պոլսոյ մէջ եւ առանց երկարելու կ՚աւելցնէ. «Չըլլայ թէ վարժապետութիւն ընես. Պէշիկթաշլեանէն աւելի աղէկ վարժապետ պիտի չըլլաս. անօթի մեռաւ»։ Վանականը ըսել կ՚ուզէ, եթէ մեր ազգը չգիտցաւ արժեւորել Պէշիկթաշլեան մը, ապա չի՛ կրնար արժեւորել ու գնահատել ոեւէ մտաւորական, որ թշուառութեան մէջ ապրելու եւ նոյն թշուառութեան մէջ մեռնելու դատապարտուած է: Արփիարեան յաճախ կ՚անցնէր Պէշիկթալեանի խրճիթին առջեւէն եւ նոյն բանը կը կրկնէր մտովի. յարմար ատենին մեռաւ..., որովհետեւ «եթէ քիչ մըն ալ ապրէր, յոգնութիւնն ու ծերութիւնը վրայ հասնելով օրուան հացին կարօտը պիտի քաշէր»:
Հայ մտաւորականները իրենց օրուան հացի գումարը ապահովելու համար յանձն կ՚առնէին ծախել իրենց համար ամենէն սուղը՝ իրենց գիրքերը. մտաւորականի մը համար սեփական գիրքերը ծախելը զաւակը որբութեան տալէ տարբեր զգացողութիւն մը չէ. նոյնիսկ տեղ մը այդ գիրքերը ծախելը մուրալու համազօր է:
Հաւատացէ՛ք, որ այստեղ կարելի է երկարել ցանկը մտաւորականներուն՝ որոնք թշուառութեան մէջ ապրելով հանդերձ ստեղծագործեցին. մեր ազգին համար կարեւորագոյն դէմքերէն մէկը հանդիսացող Կոմիտասը նոյնիսկ օրուան հացի կարօտ էր եւ իր հարազատներուն ուղղուած անձնական նամակներով յաճախ կը բարձրաձայնէր իր բողոքը. այս բոլորը աչքի առջեւ ունենալով մտաւորականութեան տերեւաթափը պէտք չէ քննադատել։ Անցեալին կա՛ր մտաւորականութիւն՝ սակայն թշուառ ու սնանկ վիճակի մէջ. այսօր չկան մտաւորականներ, սակայն կան դրամի ուժով «մտաւորական»ի ածական գնած մարդիկ, որոնք սկիզբն են ապագայ դժբախտ մտաւորական սերունդին, որ արդէն իսկ աղքատ է ո՛չ միայն նիւթապէս՝ այլ նաեւ մտապէս:
Յունաստանի մէջ լոյս տեսնող «Ազատ Օր» օրաթերթը, իր շաբաթ, 24 յունուար 1959 թը-ւականի թիւին մէջ հրատարակած խմբագրականին մէջ կը գրէ. «Դաժան է կեանքը մեր մտաւորականութեան: Ճանապարհ խաչի մը: Գողգոթա՛ մը, ուր կը բարձրանայ ան փշեպսակը գլխուն, անտեսուած ըլլալու կսկիծը իր սրտին մէջ ու մանաւանդ իր վաղուան անորոշութեան եւ անստուգութեան մռայլ հեռապատկերը աչքերուն առջեւ»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ազգի մը համար ինչքանո՞վ կարեւոր է մտաւորականութիւնը:
Պատասխան. Մտաւորականները վճռորոշ դեր կը խաղան ազգի ինքնութեան եւ յառաջընթացի ձեւաւորման գործին մէջ: Անոնք կը խթանեն քննադատական մտածողութիւնը, մշակութային զարգացումը, խթանելով հասարակութեան զարգացման: Մտաւորականները մտածելակերպի նոր շունչ մը կու տան ժողովուրդին եւ կ՚օգնեն դիմագրաւել զանազան մարտահրաւէրներ, զարգացնելով գիտութիւնը: Առանց մտաւորականութեան հասարակութիւնը լճացման վտանգին դիմաց կը գտնուի, որովհետեւ առանց մտաւորականներու կը կորսուի նաեւ գաղափարներու, ինչպէս նաեւ զարգանալու կարողութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան