ԱՆԻՄԱՍՏ Ո՛ՉԻՆՉ ԿԱՅ

 

Աշ­խար­հը ի­մաս­տու­թեամբ ստեղ­ծուած է, ա­պա ու­րեմն աշ­խար­հի վրայ ա­նի­մաստ ու անն­պաս­տակ բան չկա՛յ։ Ինչ որ կը տես­նենք մեր շուր­ջը, ա­մե­նէն անն­շան նկա­տուածն իսկ ան­պայ­ման պատ­ճառ մը, նպա­տակ մը, այ­սինքն ի­մա՛ստ մը ու­նի։ Ի­մաս­տու­թեամբ կար­գա­ւո­րուած ո­րե­ւէ բան ան­պայ­մա՛ն ի­մաստ մը ու­նի։ Զոր օ­րի­նակ, ա­մե­նա­փոքր մի­ջատ մը, անն­շան ծա­ղիկ մը, ան­կա­րե­ւոր կար­ծուած ո­րե­ւէ բան «աս­տուա­ծա­յին ա­րուեստ»ի մը մա­սը կը կազ­մէ եւ ի­մաս­տու­թեան ար­դի՛ւնքն է։

Ինչ­պէս մեծ կտոր­ներ, նոյն­պէս հիւ­լէի մը էու­թիւ­նը, կազ­մու­թիւ­նը ա­նի­մա­նա­լի ա­րուես­տի մը հե­տե­ւան­քը եւ ար­դիւնքն է։ Դի­տենք անջր­պե­տը, ա­նոր գե­ղեց­կու­թիւ­նը, ա­նոր հրա­շա­լի՜ կազ­մու­թիւ­նը, ա­նոր օէ­րէնք­նե­րը, ան­ձայն շար­ժու­մը, եւ բնու­թեան մէջ ա­մէն ե­րե­ւոյթ, ի­մաս­տու­թեան ար­դիւնք են։ Եւ վար­ջա­պէս մա՛ր­դը, այդ հրա­շա­լի կազ­մու­թիւ­նը, էու­թիւ­նը՝ ի­մաս­տու­թեան ար­դիւնք է։

Ու­րեմն աշ­խար­հի վրայ չկա՛յ ո­րե­ւէ ա­նի­մաստ բան, չկա՛յ ո­րե­ւէ էու­թիւն, ե­րե­ւոյթ, որ պատ­ճառ մը, նպա­տակ մը չու­նե­նայ, իր էու­թիւ­նը բա­ցատ­րող «ի­մա՛ստ» մը չու­նե­նայ։ Մար­դուս ամ­բողջ էու­թիւ­նը ներ­քին գոր­ծա­րան­նե­րը եւ ա­նոնց ա­մէն մէ­կուն ներ­դաշ­նակ շար­ժում­նե­րը, մարդ­կա­յին հո­գիին մղում­նե­րը, փա­փաք­նե­րը, մարդ­կա­յին մտքին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ա­մէն ինչ ի­մաստ մը ու­նին եւ դեր մը կը կա­տա­րեն բնու­թեան մէջ, եւ կը ծա­ռա­յեն աս­տուա­ծա­յին ընդ­հա­նուր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին կա­տար­ման։

Նա­խա­պէս ալ ը­սուած է, թէ՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրա­գիր մը կայ, որ տա­կա­ւին չէ ամ­բաղ­ջա­ցած, չէ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած, եւ ա­հա­ւա­սիկ աշ­խար­հի վրայ ա­մէն ինչ դեր մը ու­նին այս ծրագ­րին կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար եւ կը ծա­ռա­յեն հաս­նե­լու վերջ­նա­կան նպա­տա­կին։

Զոր օ­րի­նակ, մարդ բնա­ծին հե­տաքրք­րու­թեան մղում մը, զգա­ցում մը ու­նի, ը­սենք՝ բնա՛զդ մը՝ որ կը ծա­ռա­յէ կեան­քի ճշմար­տու­թիւն­նե­րը գտնե­լու, ի­մաս­տը հասկ­նա­լու, որ ըն­թացք կու տայ մարդ­կա­յին ամ­բողջ կեան­քին։ Ա­սի­կա, ա­հա­ւա­սիկ, ա­պա­ցոյց մըն է կեան­քի ի­մաս­տին, եւ գո­յու­թեան պա­տա­հա­կան կամ դի­պուա­ծա­յին չըլ­լա­լուն։

Մարդ ու­նի նաեւ տե­ւա­կան «եր­ջան­կու­թեան մղում» մը, փա­փաք մը, որ շատ ան­գամ կեան­քին նպա­տա­կը կը կազ­մէ։ Եւ եր­ջան­կու­թեան մղու­մը ան­հուն է՝ սահ­ման չի ճանչ­նար, եւ այդ պատ­ճա­ռով մարդ եր­բեք կա­տա­րեալ եր­ջան­կու­թեան չի՛ կրնար հաս­նիլ կամ տի­րա­նալ։ Այս ի­մաս­տով, կա­րե­լի՞ է ը­սել, թէ եր­ջան­կու­թեան տի­րա­նալ ա­պեր­ջան­կու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, քա­նի որ մարդ ա­նոր տի­րա­նա­լէն յե­տոյ, ա­ւե­լի մեծ եր­ջան­կու­թիւն­նե­րու հաս­նե­լու փա­փաք մը կ՚արթնց­նէ իր մէջ, եւ այս ալ ա­պեր­ջան­կու­թեան, եւ մին­չեւ իսկ դժբախ­տու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ։

Բայց «եր­ջան­կու­թեան մղում»ը ցոյց կու տայ, թէ կեան­քը եւ աշ­խար­հը «ի­մաստ» մը ու­նին։

Ար­դա­րեւ, աշ­խար­հի վրայ կան զա­նա­զան նպա­տակ­ներ՝ ա­զա­տու­թիւն, ըն­տա­նիք, յա­ռա­ջա­ցում, խա­ղա­ղու­թիւն, գի­տու­թիւն, մար­դա­սի­րու­թիւն, անձ­նուի­րու­թիւն, ե­ւայլն։ Մարդ կրնայ հաս­նիլ այս բո­լոր նպա­տակ­նե­րուն, ե­թէ կեան­քի ի­մաս­տը ա­սոնց մէջ միայն կը մնայ։ Եւ մարդ էա­կը «մի­ջոց» մըն է այս բո­լոր նպա­տակ­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս ի­րո­ղու­թիւնն ալ ցոյց կու տայ, թէ ի­մաստ մը ու­նի կեան­քը, ի­մաստ մը ու­նի այս աշ­խար­հը՝ ո­րուն վրայ կ՚ապ­րի մարդ ի­րեն սահ­մա­նուած ժա­մա­նա­կա­ւոր ըն­թացք մը՝ որ կ՚ա­նուա­նուի «կեանք»։ Այս ի­րո­ղու­թիւնն ալ ցոյց կու տայ, թէ աշ­խարհ եւ կեանք «ի­մաստ» մը ու­նին եւ ար­դիւնքն են ո­րոշ պատ­ճա­ռի մը։ Ուս­տի մար­դուս կեան­քը ի­մաստ մը ու­նի, քա­նի որ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին մաս կը կազ­մէ եւ ա­նոր ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար դեր մը կը կա­տա­րէ։ Կա­րե­ւոր չէ, թէ այդ դե­րը մեծ է եւ կամ պզտիկ, կա­րե­ւո­րը՝ ա­մէն ինչ աշ­խար­հի վրայ դեր մը ու­նի, ի­մաստ մը ու­նի եւ նպա­տա­կի մը ծա­ռա­յե­լու հա­մար գո­յու­թիւն ստա­ցած է։

Թէեւ վե­րը ը­սուե­ցաւ, թէ մարդ «մի­ջոց» մըն է, բայց այդ «մի­ջոց» ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը պէտք է հասկ­նալ որ­պէս «դեր կա­տա­րել», թէ ոչ պարզ մի­ջոց մը ըլ­լալ բո­լո­րո­վին ներ­հակ է մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան եւ կը հա­կա­սէ ա­նոր ա­րար­չու­թեան ձե­ւին ու նպա­տա­կին, քա­նի որ «մարդ» իբ­րեւ «անձ» գե­րի­վեր է բո­լոր ար­ժէք­նե­րէն, բարձր է ա­մէն էու­թիւն­նե­րէն, քա­նի որ ան ստեղ­ծուած է իր Ա­րար­չին պատ­կե­րով եւ կո­չուած է աս­տուա­ծան­մա­նու­թեան։

Մարդ գի­տա­կից է «ի­մաստ»ին, եւ այս «գի­տակ­ցու­թիւն»ն է, ա­հա­ւա­սիկ, որ ան կ՚ը­նէ գե­րա­դաս բո­լոր միւս ա­րա­րած­նե­րէն։

Յա­ռա­ջա­ցու­մը, բա­րե­փո­խու­թիւ­նը մարդ էա­կին հա­մար են եւ ո՛չ թէ մար­դը յա­ռա­ջա­ցու­մի, բա­րե­փո­խու­թեան հա­մար։ Ա­մէն ինչ մար­դուն հա­մար է, քա­նի որ միայն մարդն է աս­տուա­ծան­ման, Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րով ստեղ­ծուած։ Մարդ ար­ժա­նի է, ի­րա­ւունք ու­նի գիտ­նա­լու, գի­տակ­ցե­լու «ի­մաստ»ին, սի­րել եւ հե­տաքրք­րուիլ «ի­մաստ»ին հետ։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով ա­մէն մարդ, ո­րոշ չա­փով մը, բայց ան­պայ­մա՛ն ի­մաս­տա­սէ՛ր է, որ բնա­կան զգա­ցում մըն է։ Եւ կայ նաեւ ու­րիշ մը՝ որ­մէ կեան­քի ի­մաս­տը եւ նպա­տա­կը կ՚ըն­դու­նի մարդ, մա­հէն վերջ իսկ։

Կեան­քին ի­մաս­տը հասկ­նա­լու հա­մար, պէտք է մարդ ընդ­լայ­նէ իր մտա­յին եւ հո­գե­ւոր հո­րի­զոն­նե­րը։ Ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ՝ «ինք­զի՛նք գտնել»։ Իսկ ինք­զինք գտնե­լու հա­մար, մարդ պէտք է փնտռէ իր Ա­րա­րի­չը՝ Աս­տուա՛ծ։

Հա­ւա­տա­ցեա­լը, կեան­քը եր­բեք ա­նի­մաստ չի՛ տես­ներ, հա­կա­ռակ դժուա­րու­թիւն­նե­րու, տա­րա­կոյս­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու՝ ան կ՚ուղ­ղուի ի­մաս­տին՝ որ զինք կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ Լոյ­սին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 5, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016