ՅՈՅՍ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

Յոյսը այն առաքինութիւնն է՝ որով մարդ կը բաղձայ իբր իր երանութիւնը ունենալ՝ ուրախ եւ երջանիկ կեանք մը, իր վստահութիւնը դնելով խոստումներու վրայ եւ ապաւինելով ո՛չ թէ իր ուժերուն, այլ գերիվեր, գերազանց ուժի մը օգնութեան։ Իսկ աստուածաբանական տեսակէտով յոյսը՝ առաքինութիւն մը, ազնիւ զգացում մըն է, որուն միջոցով մարդ կը ձգտի երանութեան՝ երկինքի Արքայութեան եւ յաւիտենական կեանքի, իր վստահութիւնը դնելով Քրիստոսի խոստումներուն վրայ եւ ապաւինելով ո՛չ թէ իր ուժերուն, այլ Սուրբ Հոգիին շնորհքին օգնութեան։ Ուստի, Աստուած երբ մարդուն կը յայտնուի եւ կը կանչէ զայն, մարդ չի կրնար իր սեփական ուժերով լիօրէն պատասխանել աստուածային սիրոյն։ Ան պէտք է յուսայ, թէ Աստուած իրեն կարելիութիւնը պիտի տայ զԻնք փոխադարձաբար սիրելու եւ գործելու սիրոյ պատուէրներուն համաձայն։ Այս իմաստով, յոյսը՝ վստահութեամբ սպասումն է աստուածային օրհնութեան եւ Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան։

 Յոյսը նաեւ երկի՛ւղն է Աստուծոյ սէրը վիրաւորելու եւ պատիժը գրգռելու։

Իսկ ուրախութիւնը՝ պտո՛ւղն է Սուրբ Հոգիին։ Եւ Սուրբ Հոգիին այս զօրութեամբ է որ մարդ կրնայ պտղաբերել։

Արդարեւ Սուրբ Հոգիին «պտուղ»ները կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մեր մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական կեանքին, յաւիտենական փառքին։ «Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն» (ՍԱՂՄ. ՃԴ 3)։ Մարդ կրնայ զԱստուած մոռնալ կամ մերժել, ուրանալ զԱյն, սակայն Աստուած երբեք չի դադրիր կոչելէ մարդը, որ որոնէ զԻնք եւ ապրի եւ երջանկութիւնը գտնէ։ Բայց այս որոնումը՝ փնտռտուքը կը պահանջէ մարդուն իմացականութեան ամբողջ ճիգը, անոր կամքին ուղղամտութիւնը, անոր ուղիղ սիրտը եւ նաեւ բարի վկայութիւնը անոնց, որոնք իրեն զԱստուած փնտռել կը սորվեցնեն եւ կը քաջալերեն։

Ուրեմն յոյսը աղբիւր է ուրախութեան եւ ուրախութիւնը՝ աղբիւր արիութեա՛ն։

Անյոյս եւ փոքրոգի մարդը անմիջապէս կը կքի որեւէ նեղութեան կամ փորձութեան առջեւ եւ անկարող է ճիգի։ Իսկ յուսալից եւ վստահութեամբ լի մարդը արի է եւ խիզա՛խ։ Յոյս ունեցողը քա՛ջ կ՚ըլլայ եւ չի կքիր դժուարութիւններու, արգելքներու առջեւ։ Վախը, երկիւղը պատիւ չի բերեր Յիսուսի, մինչ յոյսը կը բխի Անոր անհո՜ւն սիրոյն, անկե՛ղծ սիրոյն գիտակցութենէն։

Յոյսը, արդարեւ, պարգեւ մը՝ շնորհ մըն է, զոր քրիստոնեայ անհատը ստացած է մկրտութեան պահուն եւ որ կ՚աճի, կը զարգանայ եւ կը հասուննայ հետզհետէ հրահանգուելով։ Ուստի Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ, թէ յո՛յսն է որ մեզ կը փրկէ, եւ կ՚աղօթէ. «Թող յոյսի Աստուածը լիացնէ ձեզ ամենայն ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ, որպէսզի Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ դուք յոյսով առատանաք» (ՀՌՈՄ. ԺԵ 13)։ Ըստ Սուրբ Գրքի վկայութեան, Գեթէոնի երեք հարիւր մարդիկը, որ իրենց բերանը ուղղակի գետի ջուրին դրած էին, աւելի քաջարի եղան պատերազմի մէջ քան բազմութիւնը անոնց, որոնք ծունկի եկան խմելու համար, եւ քսաներկու հազար փոքրոգի եւ վախկոտներ՝ որոնք երկիւղի մատնուած՝ հեռացան պատերազմէն։

«Ո՛վ որ վախկոտ եւ թուլասիրտ է, թող իր տունը վերադառնայ որ չըլլայ թէ իր եղբայրներուն սիրտն ալ դողացնէ» (Բ ՕՐԻՆԱՑ, Ի 8)։

Հաւատացեալը անգամ մը որ զԱստուած տեղաւորած է հոգեւոր պատերազմներու շարքին, ան այլեւս որեւէ պատճառ չունի վախ զգալու եւ դողալու։ Եթէ իրապէս հաւատարիմ է, Յիսուս Քրիստոսի ձեռքը միշտ վրան պիտի ըլլայ եւ անոր գլխուն «փրկութեան սաղաւարտ» պիտի դնէ։

Արդարեւ, ամէն նեղութեան, անձկութեան, երկիւղի, տարակոյսի, վարանումի եւ մանաւա՛նդ յուսալքութեան վայրկեաններուն մենք կրնանք ըսել. «Աստուած զիս ճանչցաւ իմ ծնունդէս առաջ եւ նախասահմանեց որ հաւատաւոր եւ հաւատարիմ ըլլամ։ Որդեգրեց զիս եւ իր որդիութեան փառքը եւ պատիւը տուաւ։ Զիս կնքեց իրեն հաւատարիմ հոգեւոր զինուորութեան սուրբ կնիքով եւ հոգիիս վրայ դրոշմեց հաւատարիմ հաւատացեալի կնիքը։ Զիս առաջնորդեց երիտասարդութեանս եւ հասուն տարիքիս եւ պահեց, պահպանեց մինչեւ այսօր՝ սա՛ պահուս. զիս հաստատեց յարատեւութեան մէջ, պարգեւելով ինծի վտանգի եւ կեանքիս դժուար եւ անձուկ պարագաներուն տեւական օգնութիւնը եւ երբեք չպակսեցուց իր շնորհքը վրայէս։ Բոլոր տեսակի պայքարներուս մէջ, վստա՛հ եմ թէ Ան կ՚ուզէ իմ փրկութիւնս։ Դեռ ի՞նչ կրնար ընել իմ փրկութեանս համար եւ չըրաւ։ Բան մը կայ որ պիտի չընէ երբե՛ք, պիտի չլքէ զիս եւ պիտի չվերցնէ բնաւ իմ ազատութիւնս։ Հոն է միակ վտանգս։ Եթէ ազատ կերպով մատնեմ ինքզինքս, եթէ ազատօրէն զԻնք մոռնամ, մերժեմ կամ ուրանամ, ահաւասիկ այն ատեն պիտի կորսուիմ, պիտի ոչնչանամ, բայց եթէ կամքս միացած է Իրեն, Ինք պիտի առաջնորդէ զիս ճամբուս մէջ եւ պիտի պաշտպանէ զիս ո՛չ միայն արտաքին թշնամիներու դէմ, այլեւ ի՛մ անձիս դէմ։ Եթէ ես միայն հաստատուն կամք ունենամ զԻնք չվշտացնելու եւ բարի կամքը ձգելու որ զիս առաջնորդէ, Ան զիս պիտի պահէ, պահպանէ մինչեւ մահս»։

Իմ շա՜տ սիրելի ազնիւ բարեկամներ. պահ մը միասին խորհինք՝ մեզմէ ո՛ր մէկը իր կեանքի ընթացքին գոնէ անգամ մը չէ խորհած այսպէս, նեղութիւններու, դժուարութիւններու մէջ չէ մտածած, թէ ունի վստահելի Անձ մը՝ Հայր մը, որ մինչեւ սա պահուս պահած, պահպանած է զինք, եւ ինչո՞ւ այս անգամ եւս չպահէ եւ չփրկէ զիս իմ նեղութիւններէս։ Ահաւասիկ, այս կէտին է որ կը միանան յոյսը եւ ուրախութիւնը եւ արի եւ քաջ կերպով, բարձր տրամադրութեամբ կը սպասենք փրկութեան պահուն։

«Բայց Աստուծոյ հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ եւ ունի այս կնիքը թէ՝ Տէրը ճանչցաւ իրենները, անիրաւութենէ հեռու կը կենայ անիկա որ կու տայ Տիրոջ անունը» (Բ ՏԻՄ. Բ 19)։

Ուրեմն սիրելի՜ներ, կեանքի նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ միշտ յոյսով լեցուած ըլլանք եւ ուրախ ըլլանք, ուրախ ըլլանք եւ քաջութեամբ պայքարինք նեղութիւններու դէմ. նեղութիւնները յոյսէն աւելի զօրաւոր չեն երբե՛ք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 12, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2019