ԴԱՏԱՐԿ ԵՒ ԾՈՅԼ ՄԱՐԴ

«Դատարկութիւնը միշտ անորոշութիւն եւ անհամապատասխան միտք մը կը ստեղծէ», կ՚ըսէ Titus Lucretius Carus (Ն.Ք. 98-55), «De Rerum Natura»ին մէջ։

Արդարեւ, ծուլութիւնը՝ դատարկութիւն կը ստեղծէ, իսկ դատարկութիւնը՝ անորոշութիւն եւ անվստահութի՛ւն։ Որեւէ նպատակի չծառայող միտքը ամլութեան կը մատնուի, քանի որ այն՝ որ տեղ մը չէ, ոչ մէկ տեղ կը գտնուի։

Իրաւ է որ միտքը ժամանակաւոր դադարի պէտքը ունի, հանգչելու եւ զօրանալու՝ աւելի աշխոյժ կերպով աշխատելու, արտադրելու եւ շարունակելու համար իր լուսաւոր ճամբան։

Այսուհանդերձ միտքը երբ սանձարձակ եւ անչափ գործածուի, երեւակայական եւ մտացածին, ցնորական գաղափարներու պատճառ կրնայ ըլլալ։ Անիմաստ եւ տարօրինակ այս երեւոյթներէ փրկելու միջոցը՝ միտքը տեւական գործունէութեան մէջ պահել, դրական նիւթերու մասին աշխատցնել, ժամանակաւոր դադարի ընթացքին ալ արթուն պահել, եւ երբեք միտքը դատարկ չթողուլ է։ Ջուրը, հեղուկը միշտ պարապ տեղ կը փնտռէ՝ դէպի հոն հոսելու համար, եւ մարդ չի կրնար որոշել, թէ հոսող հեղուկը օգտակա՞ր է, թէ՝ ո՛չ…։

Ահաւասիկ, այս պատճառով, ծուլութիւնը, որուն բնական հետեւանքն է դատարկութիւնը, անաշխատութիւնը եւ անգործ վիճակը։ Բնութեան օրէնք է. այն որ չ՚աշխատիր՝ ամլութեան, անշարժութեան կը մատնուի։

Գիտնականներ, իրենց մարզին մէջ մասնագէտներ կ՚ըսեն, թէ երեւակայութեան կարողութիւնը գործը կը ստեղծէ։ Իրապէս, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ երեւակայութիւնը մարդուս կեանքին՝ ապրումներուն վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն մը կը գործէ։ Այս ազդեցութեան՝ ոմանք դրական կերպով կը հպատակին, կ՚անդրադառնան եւ ըստ այնմ ընթացք մը կու տան իրենց կեանքին։ Ուրիշներ՝ բոլորովին անտարբեր, չեն անդրադառնար եւ միօրինակ կը շարունակեն ապրիլ կեանքը։ Բայց երեւակայութիւնը՝ «imagination» կենսական դեր մը կը խաղայ մարդուս կեանքին մէջ։

Մարդկային պատմութիւնը կը վկայէ բազմաթիւ յաջողութիւններու եւ յաջող մարդոց՝ որոնք տեսիլքով, «vision, apparition» եւ երեւակայութեան շնորհիւ ստացուած են։ Մեծ գործեր՝ գիւտեր, գլուխ գործոց արուեստի արտադրութիւններ, յաղթանակներ, բոլորն ալ արդիւնք են երեւակայութեան եւ տեսիլքի։ Այն որ երեւակայելու կարողութիւն եւ տեսիլքի զօրութիւն չունի՝ դատապարտուած է ձախողութեան, պարտութեան եւ ամլութեան։

Միտքը ո՛չ թէ արտաքինով, այլ բացարձակապէս ներքինո՛վ արժէք կը ստանայ։ Կարեւորը բովանդակութիւնն է, եւ ո՛չ թէ ծրարը։ Շատ շքեղ ծրար մը կրնայ պարունակել աննշան, անարժէք բան մը՝ դատարկութիւն եւ ոչնչութիւն։ Եւ այս իրականութենէն կը հետեւի, թէ ամէն լուսաւորութեան ետին կայ խաւար, մութ, իսկ ամէն խաւարի, ամէն մութի մէջ, անպայմա՛ն կայ լոյս։ Եւ ահաւասիկ, երեւակայութեան եւ տեսիլքին կարեւորութիւնը հո՛ս է. լոյսին ետին գտնուող մութին եւ խաւարին անդրադառնալ եւ խաւարի, մութի մէջ լոյսը տեսնե՛լ։

Մեծ մարդիկ՝ մարդկութեան այս կամ այն կերպով օգտակարութիւն մատուցած մարդիկ երեւակայութեամբ եւ յստակ տեսիլքով կարողացած են խաւարը զատել լոյսէն, եւ հետեւած են լոյսին։ Լոյսը իր բարոյական իմաստով՝ լայնախոհութիւն է, ազատամտութիւն է, մարդասիրութիւն է, մարդոց միջեւ խտրութիւն չտեսնել է. հաւասարութիւն է, եղբայրսիրութիւն է, ազատութիւն է, արդարասիրութի՛ւն է։

Մարդիկ երբ կաշկանդուին՝ երեւակայութեան եւ տեսիլքի արգելք ունենան, մարդկութիւնը քայլ մը իսկ չի կրնար յառաջանալ, աւելին՝ մարդ կը կորսնցնէ իր մարդկութիւնը։ Այն հաւաքականութեան մէջ՝ ուր մէկ հոգի մը նոյնիսկ կորսնցուցած է իր ազատութիւնը, այդ հաւաքականութիւնը ամբողջովին կորսնցուցած է իր ազատութիւնը, ինչպէս՝ ընկերութեան մէջ երբ մէկ հոգի մը իսկ դժբախտ է, կորսնցուցած է իր երջանկութիւնը, կորսնցուցած է իր ապրելու հաճոյքը, երեւակայելու եւ տեսիլք ունենալու կարողութիւնը, այդ ամբողջ ընկերութիւնը դժբախտ է եւ աննպատակ, յուսալքուած կեանք մը կ՚ապրի, եթէ «ապրիլ» է այդ երեւոյթը…

Բայց, եւ դժբախտաբար, մարդուս ապրած կեանքը եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնները իրաւացի ցոյց կու տան. «Homo homini lupus est», այսինքն՝ մարդ մարդու գայլն է, Thomas Hobbes-ին կարծիքը՝ որ թէեւ բարոյապէս բոլորովին հակառակ է, բայց իրական աշխարհի մէջ, գործնականապէս բնական եւ սովորակա՛ն…

Այս պէտք չէ՛ ըլլար մարդուս կեանքի ընթացքը, քանի որ մարդ կայ մարդուն համար եւ պէտք է ան ապրի ապրեցնելո՛ւ համար…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 14 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023