ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐԳԻԼՈՒԱ՛Ծ
Ամբողջ մարդկային պատմութեան ընթացքին, բոլոր դրութիւններու կողմէ, թէ՛ բարոյապէս, թէ՛ կրօնական տեսակէտով արգիլուած է մարդ սպաննելը։ Ուստի Տասը Պատուիրաններուն հինգերորդն է՝ «Մի՛ սպաններ» (ԵԼՔ. Ի 13)։
Իր կարեւորութիւնը կը տեսնուի նաեւ Նոր Կտակարանին մէջ. «Գիտէք, թէ ըսուեր է հիներուն.- Մի՛ սպաններ։ Վասնզի ո՛վ որ սպաննէ՝ դատաստանի պիտի ենթարկուի։ Բայց Ես կ՚ըսեմ ձեզի, ո՛վ որ բարկանայ իր եղբօրը, պարտաւոր պիտի ըլլայ դատաստանի» (ՄԱՏԹ. Ե 21-22)։
Արդարեւ, ինչպէս բարոյական եւ կրօնական դրութիւն, նաեւ աշխարհային-քաղաքական ամէն օրէնք եւս կ՚արգիլէ սպաննելը, որը կը պատժէ խստութեամբ։
Ուրեմն, ամէն շրջանի մէջ, ամէն դրութիւն կ՚արգիլէ, կը մերժէ սպանութիւնը։ Սպաննելը թէ՛ յանցանք է եւ թէ մեղք, քանի որ մարդկային կեանքը նուիրակա՛ն է։ Մարդկային կեանքը իր ծագումէն, իր ստեղծումէն իսկ կը կրէ Աստուծոյ արարչագործ դրոշմը եւ իր միա՛կ վախճանին՝ Արարչին հետ յատուկ առընչութեան մէջ կը մնայ զմիշտ։ Արդարեւ, մարդուն կեանքին տէրը միայն Աստուա՛ծ է՝ սկիզբէն մինչեւ վախճանը. ո՛չ ոք եւ ո՛չ մէկ պարագային՝ կրնայ ինքզինքին վերագրել մարդկային անմեղ էակ մը ուղղակիօրէն կործանելու, կորստեան մատնելու իրաւունքը։
Աստուածաշունչ մատեանը Աբէլին իր եղբօր Կայէնի ձեռքով սպանութեան պատմուածքին մէջ մարդկային պատմութեան սկիզբներէն իսկ կը յայտնէ մարդուն մէջ գոյութիւնը՝ բարկութեան եւ ընչաքաղցութեան, հետեւանք՝ սկզբնական մեղքին։ Եւ այս կերպով, մարդը թշնամի դարձաւ իր նմանին։ Եւ աւելի վերջ, հռոմէացի բանաստեղծ Պղօթիւս բանաձեւեց այս իրողութիւնը, ըսելով. «Homo homini lupus est», իսկ անգլիացի իմաստասէր Հօպպս աւելի ընդհանրացուց այս մարդկային բնազդական վիճակը, կրկնելով. «Homo homini lupus est» խօսքը, որ կը նշանակէ՝ «մարդը մարդու գայլն է»։ Ժողովրդական ընդհանուր ասոյթով՝ «մարդիկ իրար կ՚ուտեն…»։
Դժբախտաբար, այսպէս, մարդը մարդուն թշնամի եղաւ, մինչեւ իսկ զայն սպաննելու աստիճան։
Աստուածաշունչի մէջ, Հին Կտակարանով, Աստուած կը մատնանշէ այս «եղբայրասպանութեան նենգաւոր բնոյթ»ը եւ կ՚ըսէ. «Ի՛նչ ըրիր։ Եղբօրդ արեան ձայնը կ՚աղաղակէ դէպի ինծի։ Հիմա ուրեմն անիծեա՛լ ըլլաս երկրի վրայ, որ բացաւ իր բերանը քու եղբօրդ քո՛ւ ձեռքով թափուած արիւնը ընդունելու համար» (ԾՆՆԴ. Դ 10-11)։
Արդարեւ, Աստուծոյ եւ մարդուն ուխտը հիւսուած է մարդկային կեանքին աստուածային պարգեւին յիշեցումներով եւ մարդուն սպանիչ բռնութեամբ. «Ես ձեզմէ իւրաքանչիւրին արեան համար հաշիւ պիտի պահանջեմ…», եւ շարունակելով. «մարդու արիւն թափողին արիւնն ալ մարդու ձեռքով պիտի թափուի։ Քանի որ մարդը ստեղծուեցաւ ըստ Աստուծոյ պատկերին» (ԾՆՆԴ. Թ 5-6)։
Ուստի, Հին Կտակարանին մէջ «արիւն»ը միշտ նկատուած է իբրեւ «կեանքին սրբազան նշանը»։ Անհրաժեշտութիւնը այս ուսուցումին, բոլոր ժամանակներու համար ի զօրու է։
Եւ հինգերորդ պատուիրանը՝ որ կ՚արգիլէ սպանութիւնը, աւելի՛ կը յստականայ, երբ կ՚ըսէ. «Պիտի չսպաննես ո՛չ անմեղը, ո՛չ ալ արդարը» (ԵԼՔ. ԻԳ 7)։ Այս իսկ պատճառով, անմեղի մը, արդարի մը սպանութիւնը հակառա՛կ է մարդկային արարածին արժանապատուութեան, «ոսկեղէն կանոն»ին, ստեղծագործութեան ընդհանուր նպատակին եւ ծրագրին եւ մանաւա՛նդ Արարչին սրբութեան։
Օրէնքը, որ կ՚արգիլէ սպանութիւնը, տիեզերականօրէն ի զօրու է. ան կը պարտաւորէ ամէնքը եւ իւրաքանչիւրին համար, միշտ եւ ամէնուրե՛ք։
Այս իմաստով ամէն անձ պատասխանատու է օրէնքին ճշդութեամբ եւ անշեղ կերպով գործածութեան։
Ուստի երբ իր նմանը սպաննել արգիլուած է, ինքզինք սպաննել, անձնասպան ըլլալ աւելի եւս արգիլուած է եւ ներհակ՝ ստեղծագործութեան իմաստին։
Ամէն մարդ պատասխանատո՛ւ է Աստուծոյ առջեւ իր կեանքին՝ զոր Ան տուած է իրեն։ Ան կը մնայ կեանքին գերակայ Տէրը։ Մարդ պարտաւոր է զայն երախտագիտութեամբ ընդունիլ եւ երկիւղածութեամբ, զգուշութեամբ պահպանել՝ Աստուծոյ պատիւին եւ իր հոգիին փրկութեան համար։
Արդարեւ, մարդիկ «տնտեսներ» են եւ ո՛չ թէ «տէրեր»ը կեանքին՝ զոր Աստուած վստահած է իրենց։ Մարդ կը տնտեսէ կեանքը, բայց չի՛ տնօրիներ։
Այս ուղղութեամբ «անձնասպանութիւն»ը կը հակասէ մարդկային էակին կոչումին՝ բնական հակումին, որ է պահպանել եւ յաւերժացնել իր կեանքը։ Ան ծանրօրէն հակառա՛կ է մարդկային անձին արդար սիրոյն։ Ան կը վիրաւորէ նաեւ մերձաւորին սէրը, քանի որ անարդարօրէն կը փշրէ համընկերութեան կապերը ընտանեկան, ազգային եւ մարդկային ընկերութիւններուն հետ, որոնց հանդէպ մարդ պարտական կը մնայ։ Ուստի անձնասպանութիւնը ներհա՛կ է կենդանի Աստուծոյ սիրոյն։ Մարդը, արդարեւ, Աստուծոյ անհո՜ւն սիրոյն արդի՛ւնքն է։
Անձնասպանութիւնը նաեւ գայթակղութեան ծանր հանգամանք կը ստանայ, երբ ան գործուած է մանաւանդ երիտասարդներուն որպէս օրինակ տալու նպատակով։ Անձնասպանութեան կամովին գործակցութիւնը դէ՛մ է նաեւ «բարոյական օրէնք»ին։
Անձկութիւնը կամ փորձանքը, հոգեխօսական ծանր վրդովումներ, տառապանքի կամ ֆիզիքական տանջանքի ծանր վախը, ցաւեր ու վիշտեր կրնան մասամբ նուազեցնել անձնասպանին պատասխանատուութիւնը։ Սակայն քրիստոնեան պէտք չէ անտեսէ Յիսուսի խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, քանի որ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Քրիստոնէութիւնը քաջութի՛ւն կը պահանջէ՝ ուղղակի՛ Քրիստոսի խօսքով եւ օրինակո՛վ…։
Ուրեմն, պէտք չէ յուսահատիլ, յուսալըք-ւիլ յաւիտենական փրկութեան մասին այն անձերուն, որոնք անձնասպան եղած են։ Աստուծոյ անհո՜ւն սէր եւ գութը կարող է ուղիներով հայթայթել անոնց փրկարար զղջումի առիթը։ Եւ այդ «ուղիներ»ը միայն Ի՛նք, Աստուած գիտէ։ Եկեղեցին կ՚աղօթէ այն անձերուն համար՝ որոնք իրենց կեանքին դէմ մահափորձ կատարած են։ Բայց պէտք է գիտնալ, թէ կեանքը նուիրական է, սուրբ է, քանի որ ան Սիրո՛յ արդիւնք է։
Անոնք որոնց կեանքը նուազած է կամ տկարացած, յատուկ յարգանք կը պահանջեն։ Այս իմաստով, հիւանդ կամ հաշմանդամ անձերու պէտք է նեցուկ կանգնիլ, որպէսզի որքան կարելի է բնական եւ խաղաղ կեանք մը վարեն։
Մարդ իր ստեղծագործութեան նպատակով կոչուած է իրերօգնութեա՛ն, ուստի մէկու մը ցաւէն ու վիշտէն պատասխանատո՛ւ են իր մերձաւորները, պէ՛տք է կարելին ընեն ցաւը եւ վիշտը թեթեւցնելու համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 10, 2017, Իսթանպուլ