ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԿԻՐԱԿԻՆԵՐ - Ա -
Մեծ պահքը ունի վեց կիրակիներ՝ որոնք առընչութիւն ունին աւետարանական վեց վկայութիւններու հետ։ Կիրակիներու այս շարքը սահմանուած է Ա դարուն՝ Յակոբոս Տեառնեղբօր եւ Դ դարուն՝ Կիւրեղ Երուսաղէմացիի կողմէ։ Ուրեմն, այդ կիրակիներն են. «Բուն Բարեկենդան», «Արտաքսման», «Անառակի», «Տնտեսի», «Դատաւորի», «Գալստեան» եւ «Ծաղկազարդի» կիրակներ։
«Բարեկենդան» կը նշանակէ՝ բարի կենդանութիւն, այսինքն՝ հաճելի կեանք՝ աշխարհիկ իմաստով. ուրախութիւն, հաճոյք, վայելք, իսկ հոգեւոր առումով. դրախտային երանական կեանք մը՝ «բարի կենդանութիւն», որ կ՚ապրէին Ադամ եւ Եւա մինչեւ երբ մեղանչեցին եւ ա՛յդ իսկ պատճառով վտարուեցան դրախտէն։
Մարդ անմեղ ստեղծուեցաւ, եւ մինչեւ մեղանչելը մարմնով անմա՛հ էր։ Մարդուն զգացողութիւնը անհամեմատօրէն հեշտ էր եւ հաճելի՝ աւելի ազատ եւ անկաշկա՛նդ։ Նախամարդուն հոգին եւ մարմինը ա՜յնքան նրբօրէն ընդելուզուած էին իրարու, որ մարդը՝ օժտուած այսպիսի աստուածատուր շնորհներով, առանց որեւէ արգելքի եւ կաշկանդումի շփման մէջ կը մտնէր ո՛չ միայն հրեշտակներու եւ այլ երկնային զօրութիւններու հետ, այլեւ՝ Աստուծո՛յ հետ։
Անշուշտ, այսպիսի կեանք մը երանութի՛ւն էր նախամարդուն համար, քանի որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կեա՛նք էր, կենդանութիւն, աւելի ճիշդ է ըսել՝ բարի կենդանութիւն, երանելի՜ կենդանութիւն։ Ուստի ո՛չինչ կը տրտմեցնէր զանոնք, ընդհակառակը՝ նախամարդը կ՚ապրէր այնպիսի կեանքով՝ որ անսպառ ուրախութիւն եւ անվերջ երջանկութիւն էր։ Աստուած՝ որպէս Արարիչ եւ որպէս Նախախնամ, այդ բոլորը ապահոված եւ պատրաստած էր մարդուն համար, Իր իսկ անմիջական ներկայութեամբ։ Երանելի՜ կեանք ունէր մարդ…։
Բայց մարդը արհամարհեց այդ բոլոր բարիքները՝ արհամարհեց իր ունեցած երանելի՜ կեանքը, ուրախութիւնը, եւ հետեւեցաւ փորձիչին՝ սատանային խօսքին, ո՛չ միայն չունեցաւ նոր ձեռքբերումներ, այլեւ կորսնցուց այն ամէնը՝ ի՛նչ որ ունէր։ Եւ այդ կորուստը «անկում» էր մարդուն համար եւ հրաժարո՛ւմ։
Այս անկումով, մարդ փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ ե՛ւ հոգեպէս, ե՛ւ մարմնապէս։ Ուստի եւ այլեւս մարդ չունէր հոգեւոր այն նրբազգացութիւնը՝ որով կարող ըլլար մասնակից ըլլալու՝ երկնային յաւիտենական ուրախութեան։ Ան սկսաւ ապրիլ մարմնական-կենդանական կեանքով։ Արդարեւ, անկումը միաժամանակ մա՛հ էր նաեւ մարդուն համար, քանի որ կորսնցուց այն բարի եւ երանելի՜ կենդանութիւնը, այսինքն հաճելի կեանքը, որ կ՚ապրէր դրախտի մէջ։ Եւ ահաւասիկ՝ «Բարեկենդան»ը այս բարի կենդանութիւնն է՝ կեանքը, որ դրախտի մէջ կը վայելէին Ադամը եւ Եւան։ Իսկ այսօր, երբ կը տօնուի Բարեկենդանի օրը, բնականաբար կարելի չէ երեւակայել զայն այնպէս՝ ի՛նչպէս նախամարդը դրախտի մէջ կ՚ապրէր, քանի որ միա՛յն Աստուծոյ սուրբերուն յատուկ է զգալ դրախտային այն երանութիւնը՝ որ կը ճաշակէին Արարչի ձեռքով ստեղծուած Ադամը եւ Եւան։
Մեղանչական մարդը իր անկեալ վիճակին համապատասխան չի՛ կրնար դրսեւորել իր ուրախութիւնը, երջանկութիւնը միայն հոգեպէս, այլ յաճախ հոգեւորին կապուած եւ ենթակայ է մարմնականը, նիւթականը. եւ այդ պատճառով իսկ աշխարհը մարդուս հոգեւոր այս ուրախութեան, երջանկութեան կը միախառնէ սեղաններու ճոխութիւն եւ վայելք։ Իսկ այդ շռայլութեան որպէս հակակշիռ՝ Եկեղեցին կը պատուիրէ «Չափաւորութի՛ւն»։ Երբեմն մարդիկ Մեծ պահքէն առաջ՝ Բուն բարեկենդանին, հաշուի առնելով պահքի երկարաձգուող շրջանը, իրենց որկորը կը խճողեն կերակուրի այնպիսի՜ բազմազանութեամբ՝ որ արդիւնքը երբեք կարելի չէ որ ըլլայ հաճելի եւ բարեբեր։
Մեծ պահքի երկրորդ Կիրակին կը կոչուի՝ «Արտաքսման Կիրակի»։ Այս Կիրակին կը խորհրդանշէ Ադամին դրախտէն վտարումը՝ արտաքսումը։
Արդարեւ, Ադամ եւ Եւա դրախտի մէջ՝ ուր կը վայելէին երանութիւնը, չկրցին երկար ատեն մնալ, ուստի անհնազանդութեամբ գործած մեղքերու պատճառով անոնք «մահկանացու» դարձան եւ մեղքերու նախապատճառը եւ սկիզբը՝ անհնազանդութեան պատճառով արտաքսուեցան՝ դուրս վտարուեցան եւ դատապարտուեցան քրտնաջան աշխատանքով վաստկիլ իրենց ամենօրեայ հացը։
Սակայն երկրորդ Ադամի՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ մարդկութեան առջեւ վերստին բացուեցաւ դրախտի ճամբան, եւ մարդիկ զղջումով, ապաշխարութեամբ եւ առաքինի կեանքով մեղքերէն մաքրուելով, վերստին արժանացան դրախտային երանութեան՝ որուն կոչուած էին Արարչին կողմէ։
Մեծ պահքի շրջանի երրորդ Կիրակին կը կոչուի՝ «Անառակի Կիրակի»։ Այս երրորդ Կիրակին այսպէս կ՚անուանի, քանի որ Աւետարանի օրուայ հատուածով ընթերցուող առակը կը պատմէ «անառակ որդի»ի պատմութիւնը. (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32)։
Այս առակով, մարդկութեան կը տրուի բարոյական մեծագոյն դասը։
Մարդ արարածը իր տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն պատճառով, իր ամբողջ կեանքին մէջ կամայ թէ ակամայ, բազմաթիւ մեղքեր կը գործէ։
Այս մեղքերուն մէջ սակայն, երանելի՜ է այն մարդը, որ քաջութիւնը կ՚ունենայ «զըղ-ջալ»ու եւ գործած մեղքերուն համար Աստուծմէ ներողութիւն խնդրելու, եւ ինչպէս ըսաւ «անառակ որդի»ն, անոր պէս ըսելու. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ, այլեւս արժանի չե՛մ քու որդիդ կոչուելու». (ՂՈՒԿ. ԺԵ 21)։ Հայրը պատրա՛ստ է ներելու զղջացողին եւ արժանացնելու նախկին փառքին եւ պատուին։ Ուստի, այս առակը յստակ կերպով կը պատմէ, թէ մարդ կարող է մխիթարուիլ Աստուծոյ հայրական գթառատ սիրով եւ ուրախութեամբ ընդունիլ Անոր արքայութիւնը, եւ ընդունուիլ Անոր արքայութեանը մէջ, եթէ զղջումով, ապաշխարութեամբ եւ խոստովանութեամբ դառնայ դէպի Աստուած։
Եկեղեցին կոչ կ՚ուղղէ անառակ կեանքով ապրող իր բոլոր որդիներուն՝ որ զղջան եւ դարձի գան. թողուն իրենց մեղսասէր վարքը, հեռանան այդ կեանքէն եւ ապրին քրիստոնեայի վայել կեանքով։
Եւ ահաւասիկ, չորրորդ Կիրակին Մեծ պահքի, «Տնտեսի Կիարկի»ն։ Այս չորրորդ Կիրակին «Տնտեսի Կիրակի» կը կոչ-ւի, քանի որ Աւետարանի օրուայ ընթերցուած հատուածին առակը կը պատմէ, թէ ի՛նչպէս մեծահարուստ մը գովասանքի կ՚արժանացնէ իր անիրաւ տնտեսը կամ գործակատարը՝ որ հնարամտութեամբ կ՚օգտագործէ իրեն վստահուած նիւթական հնարաւորութիւնները եւ իր իրաւասութեան տակ գտնուող գործերը՝ կարգաւորելով իր կեանքի յետագայ ընթացքը. (ՂՈՒԿ. ԺԶ 1-8)։
Մարդ, այս աշխարհի մէջ Աստուծոյ կողմէ տնտես, գործակատար նշանակուած է, ուստի անհրաժեշտ է, որ լաւագոյն կերպով տնօրինէ եւ օգտագործէ իր հնարաւորութիւնները, իրաւասութիւնները՝ անիրաւ տնտեսէն տարբերուելով անկէ, որ այդ հնարաւորութիւնները պարտաւոր եւ պատասխանատո՛ւ է օգտագործել ո՛չ թէ ի շահ անձնական բարեկեցութեան, այլ՝ ի շահ անանձնական՝ հասարակական բարիքի…։
- Պիտի շարունակուի «Մեծ պահքի կիրակիներ»ուն խորհրդածութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 15, 2018, Իսթանպուլ