ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ
Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ «մամուլը ընկերային աշխարհի լոյսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։ Ուրեմն մամո՛ւլն ալ ունի իր ձայնը լսելի ընելու, հասարակաց կարծիքին արձագանգը ըլլալու, հանրութեան յարգը եւ համարումը գրաւելու եւ անոր պահանջած օգուտները մատակարարելու թէութիւնները։
Արդարեւ «քննադատութեան սկզբունք»ը այսպիսի իրաւունք մը կու տայ մամուլին։ Այլ սակայն քննդատութեան սկզբունքն ալ ունի իր ազատ գործելու սահմանները՝ չափն ու կշիռը։ Եւ այդ սահմանը որոշող յստակ գիծն է՝ մարդկային արժանապատուութիւնը, որմէ ո՛չ մէկը հրաժարելու, յետաձգելու կամ անտեսելու իրաւունքը ունի, քանի որ արժանապատուութիւնը անձին կապուած իրաւունք մըն է եւ այնքան ատեն որ «անձ» մը գոյութիւն ունի՝ անոր, անպայմա՛ն կ՚ընկերակցի արժանապատուութիւնը՝ անբաժանելիօրէն։ Անձ եւ արժանապատուութիւն, ուրեմն, սերտօրէն միացած կը կազմեն մարդուն բարոյական էութիւնը եւ արժէքը։
Ազատախօսութեան սահմանը, ուրեմն այս արժէքն է, որմէ հրաժարիլ մարդկային բնութեան ներհա՛կ է։
Արդարեւ ճշմարտախօսութիւնը պէտք չէ՛ շփոթել աններելի յանդգնութեան հետ՝ որ կը նշանակէ սահմանը անցնիլ եւ գուցէ արժանապատուութեան վիրաւորման պատճառ դառնալ՝ օգուտէ աւելի վնա՛ս ստեղծել։
Ուստի արժանապատուութիւնը մարդուս ամենէն թանկագին հարստութիւններէն մին է եւ առաջնակա՛րգը, ընկերութիւնը, անհատը չի կրնար զրկել իր այս անբռնաբարելի իրաւունքէն որեւէ պատճառով եւ պատրուակով։ Այլապէս արժանապատուութենէ զրկել՝ որեւէ արդարացում չի կրնար ունենալ։ Մարդուս ընկերականութեան գլխաւոր եւ անյետաձգելի թէութիւններէն մին եւ կարեւորագոյնը իր յարգը, պատիւը եւ համարումն է։ Արդարեւ, չափազանցուած պէտք չէ՛ նկատուի սա իրողութիւնը, թէ՝ պատուակեր մարդու մը համար «անպատուութենէ» ետք ընտրելի է մահը՝ քան թէ կեանքը ընդհանրապէս։ Այս իսկ պատճառաւ օրէնսդիրներ արգիլա՛ծ են խայտառակել եւ նուաստացնել ոեւէ անձի մը արժանապատուութիւնը։
Բայց ամէն սկզբունք ունի իր բացառութիւնը։
Ուստի, կան սակայն հազուադէպ եւ բոլորովին բացառիկ պարագաներ՝ ուր կա՛մ ընդհանուրին շահը եւ կամ մասնաւորի մը արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութիւնը կարելի կ՚ըլլայ զոհել՝ այն ընդհանուր սկզբունքին համաձայն, թէ՝ «հարկը օրէնքը կը լուծէ՛»։
Արդարեւ արժէքներու եւ արժանիքներու բնական դասաւորումը, կը պարտադրէ կարգ մը շեղումներ ընել այդ մասին, անշուշտ եւ անպայմա՛ն միշտ մնալով ընդհանուր օրէնքներու սահմաններուն մէջ, քանի որ մարդկային ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ՝ սխալը «սխալով» կարելի չէ սրբագրել, ինչպէս աղտը կարելի չէ՛ մաքրել աղտո՛վ։
Այս պատճառով է որ կ՚ըսուի, թէ՝ ամբողջ կեանքը հակադիր արժէքներու, իրաւունք եւ պարտաւորութիւններու ներդաշնակութեան եւ զանազան արժէքներու եւ ուժերու հաւասարակշռութեան վրայ հաստատուած «ընթացք» մըն է։ Ուստի կարեւոր հարց մըն է, թէ՝ ո՞ր մէկը պէտք է նախամեծար սեպել՝ անհատական շահերը, թէ հաւաքական օգուտը։
Ընկերաբաններ, բարոյագէտներ, իմաստասէրներ այս հարցին շուրջ զանազան տեսակէտ եւ գաղափարներ են յայտնած եւ անոնց վրայ հիմնուած է դրութիւններ, վարչութեան ձեւեր, քաղաքական տեսութիւններ։ Եւ մարդիկ տակաւին կը շարունակեն փնտռել լաւագոյն լուծումը այս մասին…։
Հանրային օգտին եւ շահուն համար, ի պահանջել հարկին, կարելի՞ է զիջողութիւն ընել, տեղի տալ կամ հրաժարիլ մարդկային արժանապատուութեան իրաւունքէն, թէ արժանապատուութեան անհատական այս իրաւունքը ի գին ամէն բանի, նաեւ հանրային շահու եւ օգտին դէմ իսկ անսասան, անփոփոխելի եւ աննկուն պէտք է պահել։
Մարդուս խղճի ազատութիւնն ալ մարդկային արժանապատուութեան պահպանման հարցին կարեւոր տարրերէն մէկն է։ Խղճի ազատութիւնը, այս եւս անհրաժարելի եւ անբռնաբարելի սկզբունք մըն է՝ որ մարդս «մա՛րդ» կ՚ընէ, բանաւոր, ազատ էա՛կ մը, որուն կոչուած է անհատը։ Այս սկզբունքը մարդուս կու տայ իրաւունք մը՝ ուզածին պէս ըմբռնելու իր հաւատալիքը՝ իր կրօնքը, հաւատալ, խորհիլ, խօսիլ եւ վերջապէս ինքզինք արտայայտել գիրո՛վ։ Արդ, այսպիսի «իրաւունք» մը վայելել ուզող մը, չհամոզուելով իրեն տրուած խրատներով, փաստերով եւ յորդորանքներով երբ երեւան կ՚ելլէ եւ ընդունած կրօնական դրութեան նկատմամբ քարոզութիւն կ՚ընէ հրապարակաւ, ի հարկէ իր այս ընթացքովը միւս հաստատուած կրօնքներու դէմ արտայայտուած եւ անոնց ոգւոյն հակառա՛կ վարուած կ՚ըլլայ. այլ սակայն միթէ կարելի է ըսել, թէ անիկա իր այս ընթացքովը միւս կրօնքները կամ դաւանանքները, կրօնական հաւատալիքները անարգած եւ կամ նշաւակած է։
Այնպէս կարելի է կարծել, թէ ասիկա աւելի եւս «հանդուրժողութեան» հարց մըն է, կամ ըսենք՝ նեղմիտ կամ լայնախոհ ըլլալու խնդիր մը։
Ուստի կրօնքի մը մասին արտայայտութիւն մը պէտք չէ համարուի ուրիշ կրօնքի մը հակառակիլ, քանի որ եթէ ընկերութեան մէջ տարբեր կրօնքներու եւ կրօնական համոզումներու գոյակցութիւնը իրարու նախատինք եւ անարգութիւն համարուէր, հարկ կ՚ըլլար ընդունիլ «անթոյլատուութեան» եւ «անհանդուրժողութեան» սկըզ-բունքը եւ հետեւաբար կրօնական պատերազմներու դարձը՝ ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ Անգլիոյ, Ֆրանսայի մէջ անցեալին պատահած դաւանական դժբախտ պատերազմներու։
Ուստի, «քննադատութիւն» ըսինք, «արժանապատուութիւն» ըսինք, եւ հասանք ընդհանուր «հանդուրժողութեան», «թոյլտուութեան» սկզբունքներուն՝ որոնք առարկաներն են խղճի ազատութեան եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներու, անոնց ազատօրէն գործածութեան, վայելման։
Սա կէտը պէտք է լուսաբանել. որեւէ անձի կամ հաստատութեան դէմ գրելը՝ զայն քննադատելը զայն անարգել կամ նշաւակել չէ՛, խղճի ազատութեան, խորհելու եւ արտայայտուելու ազատութեան բնական մէկ արդիւնքն է քննադատ.ութիւնը՝ որ անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է։ Եւ երբ քննադատութեան եւ հանդուրժողութեան վրայ կը խօսինք, կը յիշենք Վոլթէրի խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Թէեւ խստիւ կը հակառակիմ եւ կը մերժեմ ձեր գաղափարը եւ տեսակէտը, բայց ձեր միտքը եւ գաղափարը ազատօրէն արտայայտելու իրաւունքը եւ ազատութիւնը ի գին ամէն բանի կը պաշտպանե՛մ»։
Ահաւասիկ, տողե՜ր, էջե՜ր ալ գրենք, այս խօսքը, Վոլթէրի այս իմաստալից նախադասութիւնը կը լուսաբանէ եւ մեծ մասամբ կը լուծէ «քննադատութեան» եւ «արտայայտուելու ազատութեան», տեսակէտի մը հակադրելու իրաւունքին՝ հանդուրժողութեան դէմ դիրքը որոշելու, անոնք հաւասարակշռելու եւ ներդաշնակելու հարցը։ Եւ մէկ խօսքով՝ պէտք է գիտնայ մարդ, թէ՝ ինք որքան ազատ է, եւ որքան իրաւացի, նոյնչափ ազատ է եւ իրաւացի ուրիշը՝ իր նմանը, իր միւս «Ես՛»ը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 10, 2017, Իսթանպուլ