ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՐԺԷՔԸ

Բնութեան միջոցով Աստուծոյ իր արարածներուն պարգեւած «կեանք»ը ժամանակամիջոց մըն է՝ որ կենդանի մնալու, ապրելու շրջան մըն է։ Քանի որ «կեանք»ը պարգեւ մըն է, արժէք մը կը ներկայացնէ եւ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ։ Եւ «կեանք» կոչուած այս ժամանակաշրջանը արժէք մը, կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ, պէտք է բծախնդրութեամբ, խնամքով պահպանուի եւ տէր կանգնուի։ Մարդ պէտք է իւրացնէ կեանքը։

Այս արժէքը եւ կարեւորութիւնը բոլոր կենդանի-ապրող էակներու համար էական է։

Արդարեւ, կենդանի եւ անկենդան արարածներ իրարմէ զանազանող սահմանագիծ մըն է կեանքի այս արժէքը եւ կարեւորութիւնը։ Բայց եթէ «մարդ» արարածը խնդրոյ առարկայ է, կեանքին արժէքը աւելի եւս կարեւորութիւն մը կը ստանայ։ Անասուն կենդանիներ, անբան արարածներ թէեւ չունին կեանքի արժէքի գիտակցութիւնը, բայց բանաւոր մարդ արարածը ունի այդ գիտակցութիւնը եւ պէտք է անդրադառնայ իր գիտակցութեան։

Նախնական մարդը՝ որ կ՚ապրէր, այսօրուան առումով, տակաւին չկազմակերպուած հաւաքական կեանք մը, բոլորովին եսակեդրոն կեանք մը կ՚ապրէր եւ չունէր «ուրիշ»ի կամ «իր նման»ի գիտակցութիւնը։

Ստուգիւ, ամէն ապրող էակի կեանքը արժէք մը կը ներկայացնէ, եւ ի մէջ այլոց, մարդուն կեանքը առանց պայմանադրութեան եւ առանց առարկութեան արժէք մըն է եւ պէտք է պահպանուի եւ պաշտպանուի ամէն չարութեան դէմ։

Նախնական մարդուն համար «ապրելու համար չապրեցնել» բնական երեւոյթ մըն էր։ Բայց երբ մարդ՝ որպէս անհատ սկսաւ ապրիլ հաւաքական կեանք եւ հաստատուեցաւ «ընկերութիւն» մը, բնականաբար փոխուեցաւ այս մտայնութիւնը, աւելի ճիշդ է ըսել՝ զգացումը եւ «ապրելու համար ապրեցնել» մտածումով սկսաւ շարժիլ մարդը՝ ինչ որ արդէն իր ստեղծումին պատճառը եւ կոչումը ա՛յդ էր։ Եւ մարդ հասկցաւ, որ երբ իր շուրջինները երջանիկ չեն, ինքն ալ չի կրնար երջանիկ ըլլալ։ «Տալը աւելի երջանկաբեր է քան առնելը». այս գաղափարը սկսաւ հաստատուիլ անհատին եւ հասարակութեան մտային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ։ Եւ այս սկզբունքը գործադրուիլ սկսաւ մարդոց մէջ՝ առանց պայմանադրութեան եւ առանց բացառութեան, քանի որ մարդուն արժանապատուութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէր։ Մարդ հասկցաւ, որ երբ դրացին անօթի է, իր կուշտ ըլլալը որեւէ իմաստ չունի. երբ դրացին չունի, իր ունենալը որեւէ նշանակութիւն պիտի չներկայացնէ։

Արդարեւ, երջանկութիւնը հասարակական զգացում մը՝ գոհութիւն մըն է, պէտք է ամբողջ հասարակութիւնը երջանիկ ըլլայ՝ որպէսզի անհատն ալ երջանիկ ըլլայ։ Երջանկութիւնը եսակեդրոն եւ անձնական զգացում մը չէ, այլ՝ հասարակական։ Երջանկութիւնը հասարակութեան եւ անհատի միջեւ փոխադարձ զգացում մըն է. երբ անհատը երջանիկ է՝ հասարակութիւնն ալ երջանիկ կ՚ըլլայ, եւ երբ հասարակութիւնը երջանիկ է՝ անհատն ալ երջանկութիւն կը զգայ։

Հասարակութեան մէջ կարգ մը թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունեցողներուն, այդ թերութիւնները եւ տկարութիւնները իրենց զգալի չդարձնել, մարդկային հիմնական պարտականութիւն մըն է. մարդուն կոչումը՝ «իրերօգնութիւն», իրար ամբողջացնել եւ զօրացնել է։ Պէտք է կարելին ընել թերութիւններ եւ տկարութիւններ դարմանելու համար. մարդկութիւնը ա՛յս կը պահանջէ…

Մարդու մը համար կարելի՞ բան է չտեսնել օգնութեան կարօտ մէկը, եւ չհասնիլ անոր օգնութեան։ Նոյնիսկ առանց պահանջք մը սպասելու պէտք է օգնութեան հասնիլ, որովհետեւ մարդիկ միշտ իրար կ՚ամբողջացնեն եւ մարդկութիւնը այսպէս կը գոյապահպանուի եւ կը գոյատեւէ։ Չէ՞ որ Յիսուս ալ կը պատուիրէ. հաց տալ անօթիին, ջուր տալ ծարաւին, այցելել հիւանդին, կարեկցիլ կարօտեալին, բանտարկեալին այցելութիւն տալ, ինչ որ այդ բոլորը իրեն ըրուած կը նկատէ։

Երբեմն մարդոց համար կ՚ըսուի. «անբնական» է. բնականոն չեն իրենց վարմունքները, շարժումները. լա՛ւ, կարելի՞ է յստակօրէն ըսել, թէ ո՞րն է բնականը, ո՞ր վարմունքները եւ շարժումները բնականոն են։ Արդարեւ, «բնական»ը եւ «աւանդական» կամ «սովորական»ը պէտք չէ՛ իրարու շփոթել՝ իրարու տեղ գործածել։ Ուստի աւանդութիւն մը, սովորութիւն մը կրնայ «բնական» չըլլալ, եւ կամ բնական որեւէ բան կրնայ աւանդութիւն կամ սովորութիւն չըլլալ։ Անձերու համար ալ պարագան նոյնն է. տեղ մը բնական սեպուածը կրնայ ուրիշ տեղ մը «անբնական» կոչուիլ։ Ժամանակի ընթացքին ալ «բնական»ը եւ «անբնական»ը կրնայ տեղափոխուիլ։

Ուրեմն, հաւաքականութեան՝ ընկերութեան մէջ ամէն մէկ անհատ տեղ ունի, եւ թէ անհրաժեշտաբար տեղ ունի, քանի որ ամէն մէկ անհատ «արժէք» մըն է՝ հաւաքականութեան «շէնք»ին կարեւոր եւ անհրաժեշտ տարրն է։ Մա՛րդ իրաւունք չունի իր նմանը՝ «ուրիշ»ը ստորադասելու, ստորագնահատելու եւ իրեն հանդէպ ատելութեան ոգիով վարուելու։ Մարդ՝ ի՛նք «արժէք» մըն է անժխտելի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 15 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023