ՄԵՆՔ ԴԺՈԽԱՅԻՆ ԵՆՔ

Մեր թուականէն 114 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ սկսաւ հրատարակուիլ «Դրախտ» հասարակական պարբերականը, որ հակառակ իր լաւատես հակումներուն, շատ կարճ կեանք մը ունեցաւ: Վստահ ենք, որ պարբերականի հիմնադիր Կղեմէս Տատրեան ահաւոր լաւատես մը ըլլալով, կ՚երազէր երկար տարիներ հրատարակել պարբերականը, սակայն կը յաջողի ընդհանուրը հրատարակել ութ թիւ եւ վերջ կու տայ իր «Դրախտ»ային կեանքին:

«Դրախտ»ի առաջին էջերուն մէջ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ վերացական ու լաւատես այս խօսքերը.- «Մենք դրախտային ենք: Դրախտը սիրելի անուն մըն է մեզի, ոեւէ ազգէ աւելի մենք իրաւունք ունինք այդ անունը կրելու: Դրախտը Հայաստանի մէջ էր: Մեր նախահայրերուն նախորանն է այն»:

Ինչքա՜ն հակասական կը հնչէ մեր ականջին «մենք դրախտային ենք» բառերը, որովհետեւ մեր առօրեան ուսումնասիրելու, մեր՝ հայերուս իրարու հանդէպ վերաբերմունքը տեսնելով համոզուած ենք, որ «մենք դժոխային  ենք» եւ ո՛չ «դրախտային»: Ի՞նչ օգուտ, եթէ սկզբնական Դրախտը Հայաստանի մէջ եղած ըլլար, սակայն մեր օրերուն վերածուած է դժոխքի. թերթի հիմնադիրը իր Ա. թիւին յառաջաբանին մէջ հարց կու տայ. «ինչո՞ւ մինչեւ վերջը յոռետես ըլլանք այս գեղեցիկ երկրին ապագային համար». երանի՜ ողջ ըլլար  Կղեմէս Տատրեանը, որպէսզի այդ «ինչո՞ւ»ին պատասխան մը տայինք, սակայն այդ մէկը կ՚ընենք նամակի ճամբով, յուսալով որ նման նախատես «Դրախտային» մը վստահաբար դրախտն է.

Սիրելի Կղեմէս,

Քու անուանդ նման այսօր մեր մէջէն վերացած է այն լաւատեսութիւնը, որ դուն ունիս մեր ազգին նկատմամբ. բոլորս ալ երանելի պիտի ըլլայինք, եթէ ունենայինք այն վարդագոյն ակնոցները, որով կը դիտես կեանքը, որովհետեւ չեմ գիտեր ինչու, այսօր դրախտային ո՛չ մէկ բան կը տեսնենք մեր մէջ եւ եթէ մենք՝ հայերս իրապէս արժանի ըլլանք դրախտի, կրնաք վստահ ըլլալ, որ այդտեղ եւս կրնանք խռովութիւններ ստեղծել։ Նոյնիսկ քերովբէներն ու սերովբէները իրարու դէմ լարելով կրնանք դրախտային մարտ մը ստեղծել, գուցէ խռովութիւններ ստեղծելով Առաքեալներուն մէջ՝ երկիրներու բաժանումի անարդարութեան պատրուակով:

Յառաջաբանիդ մէջ կ՚ըսես, թէ «դրախտը սիրելի անուն մըն է մեզի». գուցէ քեզի սրբակենցաղիդ համար սիրելի անուն մը ըլլար եւ մաղթեմ, որ հիմա այդտեղ արժանի տեղդ կը վայելես. ցաւ ի սիրտ յայտնեմ, որ Քրիստոնէութենէն դուրս գալով մենք վերադարձանք հեթանոսութեան. եղբայրսիրութիւն, իրերօգնութիւն, ողորմութիւն, սէր ու միութիւն դուրս դրուեցան մեր բառարաններէն եւ անոնց տեղ որդեգրեցինք ատելութիւն, նախանձ, ոխակալութիւնն ու ստախօսութիւնը:

Քեզի համար ալ դրախտի մէջ նստած պահուդ ցաւ չի՞ պատճառեր «նախահայրերուդ նախորանն»ի ներկայ պարզած վիճակը. ի՞նչ օգուտ ունենալ դրախտային երկիր մը՝ սատանայական արարածներով, որոնք իրենց շնորհուած ամէ՛ն բարիք կը փոխադարձեն չարիքով:

Սիրելի Կղեմէս, գիտնալով մեր երկրին մէջ ամէն բան այնքան ալ դրախտային չէ, դուն քեզ կը համոզես ըսելով, թէ «դրախտով սկսաւ, դրախտով պիտի վերջանայ». գրութենէդ 114 տարիներ ետք այդ դրախտային վիճակէն նշոյլ մը չենք տեսներ. կրնա՞յ ըլլալ մի քանի տասնեակ դարեր եւս պէտք է սպասել քու երազած դրախտդ տեսնելու համար:

Կրնա՞յ ըլլալ քու պատկերացուցած դրախտիդ մէջ եղբայրը եղբօր համար փոս կը փորէ, որովհետեւ քու գրածէդ ետք ինչքա՜ն հայորդիներ զոհը դարձան իրենց սեփական եղբայրներու դաւաճանութեան. կրնա՞յ ըլլալ քու երազած դրախտիդ մէջ միայն ներքին անխռովութիւններ կան՝ որոնք կը վնասեն մեր միասնականութեան եւ «պայծառ» ապագային: Քու երազած դրախտիդ մէջ հրեշտակներու անհասկնալի լեզուները կը խօսուի՞ն ըսելով մեր հայրենիքին մէջ մարդիկ կամաց կամաց կը մոռնան իրենց մայրենի լեզուն եւ կը սկսին օտար բառեր «հայացնել»՝ աղաւաղելով այն լեզուն, որ անցեալին «ոսկեղնիկ» կոչած էին շատեր: Քու երազած դրախտիդ մէջ Քրիստոսի կողքը նըս-տելու համա՞ր ալ կռիւներ կ՚ըլլան. հո՞ն ալ մարդիկ աթոռի համար իրարու միս կ՚ուտե՞ն եւ ամէն բան ի գործ կը դնեն այդ աթոռներուն վրայ իրենց գոյութիւնը պահելու համար:

Կը ցաւիմ քեզ յուսախաբեցնեմ, սակայն Շիրազի «Հայոց Տանթէական»ը շատ աւելի՛ իրապաշտ է, քան քու երազած հայկական «դրախտ»ը:

Գուցէ դուն խաբուեցար հայերու «ոչխար»ի կերպարանքէն. վստահ եղիր, թէ անոնք ոչխար են միա՛յն օտարին դիմաց, սակայն իրենց արենակիցներուն դէմ առիւծներ կը դառնան. անոնք կը խոնարհին միա՛յն օտարին դիմաց, մինչ հարազատ եղբայրը ոտնահարելով վեր բարձրանալ կը փորձեն:

Պարբերականիդ կարճատեւ կեանքը գուցէ փաստն է այդ երեւակայական «դրախտ»իդ, որուն կրնանք հանդիպիլ միա՛յն Աստուածաշունչի էջերուն մէջ: Այո՛, ճիշդ ես, Դրախտը Հայաստանն էր, Նոյեան տապանը Արարատի վրայ կանգնեցաւ եւ մարդկային կեանքը սկիզբ առաւ Հայաստանէն, սակայն տարածուելով Հայաստանէն դուրս ելաւ մարդկութիւնը եւ հիմա մեր նկարագիրին մէջ մարդկային ո՛չ մէկ արժանիք ունինք: Երեւակայական էր «հայը հիւրասէր է», «հայը եղբայրասէր է». չէ՞ որ երգը կ՚ըսէ. «պատուել գիտի նա իր հիւրին». այսօր ան իր հիւրին միայն գողնալ, զրպարտել եւ բամբասել «գիտի»:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -220-

Տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ ծանօթացայ հայ ընտանիքի մը հետ (դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար մինչեւ օրս չեմ գիտեր): Տարօրինակ ընտանիք մըն էր. ունէին երեք դուստր. երկուքը նոյն հօրմէն, սակայն ամենէն կրտսեր դուստրին հայրը մահմետական մըն էր՝ ապօրէն յարաբերութեան մը ծնունդը:

Հայրը ահաւոր գինեմոլ մըն էր. անգործ մը, որ ամբողջ օրը տան մէջ ոտքերը երկարած կը խմէր ու կը խմէր: Այս բոլորը ինքնաբերաբար ազդեցութիւն ունեցած էին բոլոր զաւակներուն վրայ. ամենէն մեծ աղջիկը առաջին իսկ հանդիպած տղուն սիրահարուելով իր մարմինը կը յանձնէր, որովհետեւ ունէր այն դժբախտ համոզումը, որ յարաբերութեան ճամբով սէրը կ՚ամրանայ եւ տղան չի հեռանար իրմէ: Միջնեկը ցաւ ի սիրտ պաշտօնապէս մարմնավաճառ մը, որ գեղեցիկ հագուստներու, գրաւիչ ճաշարաններու եւ վայելքներու համար պատրաստ էր ամէ՛ն բան մատուցելու: Փոքր աղջիկը անչափահաս պսակուելով՝ մի քանի տարի ետք սպաննած էր իր ամուսինը:

Գուցէ հաւատալը դժուար ըլլայ, սակայն այս բոլորը հայ ընտանիքի մը զաւակներն էին:

Տարիներ ետք լսեցի, որ մեծահասակ աղջիկը իր սիրտը տալով մահմետականի մը հաւատափոխ եղած ու մինչեւ իսկ մահմետականներու նման իր գլուխը փաթթել սկսած էր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023