ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆ
Խրիմեան Հայրիկ իր «Տուն եւ ընտանիք» խորագրեալ գլուխը ի տարբերութիւն միւսներուն, կը գրէ աւելի երկար։ Խօսելով բարիի ու չարի մասին, Հայրիկ կը շեշտէ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յստակ տարբերութիւն դնելով դպրոցի ճամբով փոխանցուած կրթութեան եւ ծնողքի ճամբով փոխանցուած դաստիարակութեան միջեւ, ըսելով. «բարի դաստիարակութեան տուրքը՝ միայն ծնողաց սեպհական է, զի առտնին դպրոցին ծայրագոյն եւ բնական վարժապետ նոքա են»: Սակայն Հայրիկ ուսման ու դաստիարակութեան մասին երկար չի խօսիր, խոստանալով առանձին բաժնով մը անդրադառնալ այդ կարեւոր խնդիրին:
Հայրիկ կը շարունակէ խօսիլ ընտանեկան միութեան մասին. միութիւն ըսելով միայն վերացական համերաշխ ու հաշտ ընտանեկան մթնոլորտը պէտք չէ հասկնալ, որովհետեւ միութիւն ըսելով Հայրիկ կը հասկնայ նահապետական հսկայ ընտանիք մը՝ ուր բոլորը կ՚ապրին միատեղ։ Հայրիկի համար փառք է տեսնել բազմամարդ ընտանիք մը՝ ուր հօր եւ մօր օրհնութեան եւ հովանիին տակ կ՚ապրին զաւակները, հարսներն ու թոռները եւ խօսելով նման ընտանիքներու մասին կը յիշէ, թէ աւելի քան յիսուն տարիներ առաջ հայրը պատմած էր մշեցի ընտանիքի մը մասին, ուր աւելի քան քսան նորածիններ կային: Հայրիկ ճիշդ կը տեսնէր այդ ընտանեկան միութիւնն ու միատեղ ապրիլը, սակայն միւս կողմէ կը գիտակցէր, որ ընդօրինակելով Եւրոպան կամաց կամաց կը սկսի քանդուիլ ընտանեկան այդ միութիւնը, այդ իսկ պատճառով սխալ չի տեսներ նաեւ ընտանիքէն բաժանումը։ Հայրիկ միատեղ կեանքի պաշտպան ըլլալով հանդերձ ճիշդ կը տեսնէ նաեւ Եւրոպայէն եկած բաժանումը. անոր բառերով. «Եւրոպիոյ քաղաքակիրթ աշխարհը աւելի բարւոք դատած է, որ չափահաս զաւակները բաժնուելով ուրիշ ընտանիքներ կազմեն», սակայն Հայրիկ այս մէկը յատուկ կը տեսնէ այն ժողովուրդներուն համար, որոնց դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը յառաջդիմած է, ինչ որ Հայրիկի դատումով հայոց մէջ կը պակսէր:
Այդ պակասին պատճառով Հայրիկ հայոց ընտանիքին մէջ բաժանումը կը տեսնէր «վնասակար», մանաւանդ նկատի ունենալով որ հայ ժողովուրդը առաւելաբար երկրագործ ժողովուրդ էր, որոնց համար «ուժ՝ արդիւնքը՝ ընտանեկան միութեան ու միաբան աշխատութեան մէջ է»: Ու այս միութեան կարեւորութեան լոյսին տակ Հայրիկ կը խորհրդածէ, թէ ի՞նչ են պատճառները, որոնք կը վտանգեն մեր ընտանեկան միութիւնը. այս բաժինը կը շարունակէ մնալ այժմէական, որովհետեւ Հայրիկի ընդգծած խնդիրները մինչեւ օրս կը շարունակեն տեղ գտնել մեր ընտանեկան կեանքէն ներս, նոյնիսկ շատ աւելիով՝ քան անցեալին:
Հայրիկի համար ընտանեկան միութիւնը վտանգող պատճառները հետեւեալներն են.- ատելութիւն, նախանձ, վայելմանց անհաւասարութիւն, խստութիւն, աչառութիւն, անհաւատարմութիւն եւ անվստահութիւն. «այս եւ սոյնպէս առիթներով կը խռովի տունը, կը բաժնուին զաւակներ ծնողքէն, եղբայր եղբօրմէն եւ մերթ եւս երկու ամուսինք իրարմէ», կ՚ըսէ Հայրիկ: Այս բոլորը սրբագրելու միջոցը դարձեալ կրթութեան մէջ կը տեսնէ Հայրիկ ու այստեղ առիթ կը գտնէ Հայրիկ կարեւորելու, որ նման սխալներ կատարելապէս սրբագրելու միջոցը երկու սեռերու կրթութիւն տալն է, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին տարածուած էր այն համոզումը, որ կրթութիւնը աւելի արական սեռին համար էր՝ քան իգական սեռին. այս նիւթին շուրջ կը կարդանք Հայրիկի հետեւեալ իմաստուն խօսքերը. «Իմացնել կ՚ուզեմ մարդոց երկու սեռին առանց խտրութեան կրթութիւն տալ իւրաքանչիւրին իւր կոչման պատշաճ. Որպէսզի ընտանեաց մէն մի անդամը իւր իրաւունք, իւր պարտիքը ճանչնայ, իրարու խօսքը հասկնան, միաբան խորհին, միաբան ընթանան առանց կաղալոյ»:
Հայրիկ կը հաւատար, որ ընտանիքի մը համերաշխութիւնը կախուած է իր կրթութենէն. սակայն ներկայիս մենք աւելիով կը զգանք, թէ կրթութենէ զրկուած մեր ընտանիքներէն ներս համերաշխութիւնը աւելի էր՝ քան կրթուած ընտանիքներէն ներս. այսօր գրեթէ բոլորը ստացած են այդ «կրթութիւն»ը, սակայն ընտանեկան համերաշխութիւնը աւելիով քանդուած կը տեսնուի: Տարօրինակ է սակայն, որ Հայրիկ իր կարգին ինք եւս անցեալի ընտանեկան միութիւնը աւելի համերաշխ ու միացած կը տեսնէր. զարմացած հարց կու տար, թէ «ի՞նչ բան էր եւ ի՞նչ զօրութիւն, որ հին աշխարհի նահապետական կեանքի մէջ անխզելի կը պահէր ընտանեկան միութեան կապը». զարմացած հարց կու տար, որովհետեւ կը գիտակցէր, թէ հին ժամանակ մարդիկ աւելի հեռու էին գիտութեան լոյսէն, սակայն այդ միութիւնն ու համերաշխ կեանքը կը յաջողէին ապահովել, մինչ աւելի «զարգացած» ընկերութիւններ կը դժուարանան այդ մէկը ապահովել: Հայրիկ խօսելով այն կրթութենէն հեռու շրջանին համար կ՚ըսէ. «միութիւնը ապահովելու համար բաւական էր տան կառավար նահապետին հայրական պատկառանք, մեծ տանտիկնոջ ժրագործ տնտեսութիւն, զաւակաց ակնածութիւն եւ մեծարանք առ ծնողս, հարսներաց հլու հնազանդութիւն եւ զամէն աւելի՝ կրօնի երկիւղածութիւն եւ աստուածապաշտութեան հաւատքը». այդ բոլորին պակասն էր որ կը բաժնէր ընտանեկան միութիւնը, որովհետեւ ժամանակի ընթացքին նահանջի ենթարկուած է վերոյիշեալ արժէքները, որոնք կը յաջողէր անցեալի ընտանիքին մէջ հաստատ պահել միութիւնը:
Այս բոլոր առաքինութիւնները կամաց կամաց վերացաւ եւ Հայրիկի համոզումով այդ մէկը արեւմտեան աշխարհի քաղաքակրթութեան տարածումով սկսաւ. Հայրիկ լաւապէս կը գիտակցէր, որ այդ քաղաքակրթութիւնը շատ աւելիով պիտի տարածուի. ի դիմաց այս դժբախտ երեւոյթին Հայրիկ կ՚ըսէ. «ժողովելով պիտի քշէ հետ տանի առ հասարակ բոլոր ազգերու հին կեանքը» եւ այսօր այդ հինին կարօտն է որ մենք կ՚ապրինք:
Արեւմտեան քաղաքակրթութեան չարիքներէն խուսափելու եւ բարիքներէն օգտուելու համար Հայրիկ կ՚ըսէ. «Նկատել արժան է, որ արեւմտեան քաղաքակրթութեան այս հեղեղին ջուրը շատ խառնուրդ ու պղտոր է. չարն ու բարին, լոյսն ու խաւար, անկրօն գիտութիւնը իւր հետ զուգընթաց է: Ուստի հայոց ընտանիքը պէտք է այժմէն իրենց աչքը բանան գիտութեան լուսով եւ բարի դաստիարակութեամբ պատրաստուին, միայն այսու կարելի է քաղաքակրթութեան խառնուրդէն բարի մասն ընտրել»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կենդանիները երաժշտութիւնը կը սիրե՞ն:
Պատասխան. Կենդանիները, մանաւանդ բարդ լսողական համակարգեր ունեցող կենդանիները, ինչպէս օրինակ, թռչունները եւ կաթնասունները, երաժշտութեան դիմաց տարբեր արձագանգներ ունեցած են: Դժուար է վերջնականապէս պարզել, թէ արդեօք անոնք կը սիրե՞ն երաժշտութիւնը՝ ինչպէս մարդ արարածը կը սիրէ, սակայն ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ որոշ կենդանիներ հաճոյք կը զգան երաժշտութենէն: Օրինակի համար, նկատուած է, որ կովերը շատ աւելի առատ կաթ կ՚արտադրեն հանգստացնող երաժշտութիւն լսելով: Բացի այդ, իրենց տուները կենդանիներ պահող անհատներ կը յայտնեն, որ իրենց երգին կամ երաժշտութեան որպէս պատասխան կենդանիները դրական արձագանգ կ՚ունեան՝ հանգստանալով եւ գոհունակութեան նշաններ ցոյց տալով: Այս բոլորը ենթադրել կու տայ, որ կենդանիները չեն կրնար երաժշտութիւնը մեկնաբանել նոյն զգացումներով ու խորութեամբ, ինչպէս մարդիկ, սակայն կրնան ունենալ նախասիրութիւններ եւ դրական արձագանգներ, որոնք կը վկայեն երաժշտութեան հանդէպ իրենց ունեցած գնահատանքին մասին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024