ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ
«Ագահութիւն»ը՝ որ կը նշանակէ՝ դրամի չափազանց սէր, որուն հոմանիշն է. «արծաթասիրութիւն», մոլութիւն մըն է, որ ամէն չարութեան արմատն է, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Որովհետեւ բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է…» (Ա ՏԻՄ. Զ 10)։ Ագահութիւնը սրտէն յառաջ կու գայ, եւ կը վնասէ թէ՛ ենթական եւ թէ իր շուրջինները։ Արդարեւ, ագահութիւնը ինքնախաբէութիւն է, քանի որ մարդ ինքզինք շահաւոր կը կարծէ, բայց շա՜տ բան կը կորսնցնէ անզգալաբար։ «Գողութիւն, սպանութիւն, ագահութիւն, չարութիւն, նենգութիւն, գիջութիւն, չար նախանձ, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։ Այս բոլորը չար բաներ են որ մարդուս ներսէն ելլելով՝ կը պղծեն զայն» (ՄԱՐԿ. Է 22-23)։
Ագահութիւնը՝ որ նիւթին աւելի կարեւորութիւն կու տայ քան բարոյական արժէքներու, մարդուս սիրտը կը կարծրացնէ եւ անգութ, անողորմ, սիրոյ ազնիւ զգացումէ զուրկ եւ չար նկարագիր մը կը ստեղծէ. «Անոնք ժողովուրդին գալուն պէս քեզի կու գան ու քու առջեւդ իմ ժողովուրդիս պէս կը նստին եւ քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն կատարեր. վասնզի անոնք իրենց բերանովը կը ձեւացնեն թէ համաձայն են, բայց սրտերնին իրենց ագահութեանը ետեւէն կ՚երթան» (ԵԶԵԿԻԷԼ, ԼԳ 31), ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ. «Հետեւաբար մեռցուցէ՛ք ձեր մէջ երկրաւոր ցանկութիւնները, այսինքն՝ ձեզմէ դուրս վանեցէք պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, ի՛նչ որ կռապաշտութիւն է. որովհետեւ այդ բոլորը Աստուծոյ անհնազանդ մարդոց գործերն են, եւ Աստուած պիտի պատժէ զանոնք» (ԿՈՂՈՍ. Գ 5-6)։ Արդարեւ ագահ մարդը անյագ է. բաւարարութիւն՝ յագենալ չի գիտեր, այսինքն բնաւ չի կշտանար. «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է» (ԺՈՂՈՎԻ, Ե 10)։ «Գինին կը կատղեցնէ, հպարտ մարդը հանդարտ չի կենար, քանզի իր հոգին գերեզմանի պէս կը լայնցնէ եւ մահուան պէս ըլլալով՝ չի կշտանար…» (ԱՄԲԱԿՈՒՄ, Բ 5)։ Անյագութիւնը՝ ագահութիւնը ունայնութիւն է, մարդ իր ագահութեամբ ո՛չինչ կը շահի, կարծելով թէ շատ բան շահած է…։ Սաղմոսերգուն ո՜րքան գեղեցիկ կերպով արտայայտած է այս ունայնութիւնը՝ երբ կ՚ըսէ. «Արդարեւ մարդը ստուերի մը պէս կը պտըտի. արդարեւ փուճ տեղը անհանգիստ կ՚ըլլայ. կը դիզէ, բայց չի գիտեր թէ ո՞վ պիտի առնէ զանոնք» (ՍԱՂՄ. ԼԹ 6)։ Ուստի ագահութիւնը կ՚ենթադրէ նաեւ կծծութիւն, այսինքն՝ չափազանց խնայողութիւն հակառակ այն սկզբունքին թէ՝ «Աւելի երջանկաբե՛ր է տալը, քան առնելը» (ԳՈՐԾ. Ի 35)։
Պէտք է մատնանշել, թէ հոս խնդրոյ առարկայ է «չափազանց խնայողութիւն» մը՝ որ համընթաց է ագահութեան, ինչպէս նաեւ չափազանցել ամէն ինչ վնասակար է։ Անշուշտ որ մարդ պէտք է չափաւորութեամբ շարժի, աշխատութեան, խնայողութեան մէջ, մարդ պէտք է աշխատի ո՛չ միայն իրեն համար այլ նաեւ՝ մարդկութեան համար։ Նոյնպէս պէտք է չափաւոր խնայողութեամբ վարուի ո՛չ միայն ինքն իրեն համար այլ՝ մարդկութեան համար նաեւ։
Արդարեւ մարդասիրական զգացումներու հակառա՛կ է չաշխատիլ եւ չխնայել, քանի որ պէտք է խորհի նաեւ ամբողջ մարդկութիւնը եւ ապագայ սերունդները։ Ուստի չաշխատիլ, չարտադրել եւ չխնայել դատապարտելի է, քանի որ ան ինքնամոլութիւն կամ անձնասիրութիւն կը նշանակէ։ Մարդ կոչուած է իրերօգնութեան, պէտք է խորհի ո՛չ միայն ինքզինք, այլ նաեւ իր շուրջինները, լայն առումով՝ մարդկութիւնը, քանի որ անհատը մարդկութեան մէկ անդամն է։ Ապագայ սերունդներու համար պէտք է աշխատի մարդ, մինչեւ իսկ եթէ չունի իր շուրջը անմիջական մերձաւոր, քանի որ անհատին մերձաւորն է համայն մարդկութիւնը։ «Մարդ» հանգամանքը բաւարա՛ր է որ մարդկութիւնը ամբողջ «մերձաւոր» եւ «յաջորդ» համարուի եւ ըստ այնմ գործէ ան։
Ուրեմն ագահութիւնը ներհա՛կ է մարդուն բնութեան, անոր ստեղծման, անոր արարչութեան նպատակին եւ կոչումին։ Մարդ եթէ նոյնիսկ առանձին զգայ ինքզինք, դարձեալ պէտք է հեռու մնայ ագահութենէ՝ խորհելով թէ ինք անդամ մըն է մարդկութեան մեծ ընտանիքին։ Այս իմաստով ինքզինք առանձին զգալ պատճառ մը չէ չափաւոր աշխատութեան եւ արտադրութեան…։
Արդարեւ, մոլութիւնները կրնան դասաւորուիլ ըստ առաքինութիւններու, որոնց կը հակադրուին եւ կամ կ՚առընչուին «գլխաւոր մեղք»երուն, զորս մանրամասնած է քրիստոնեայ փորձառութիւնը։
Անոնք կը կոչուին «գլխաւոր», քանի որ ծնունդ կու տան ուրիշ մեղքերու, այլ մոլութիւններու եւ ահաւասի՛կ անոնց կարգին է նաեւ ագահութիւնը։
Ուստի, ագահութիւնը կը հակասէ սիրոյ, եւ այդ իսկ պատճառով կը մերժէ ամէն բարիք։
Ագահութեան մասին Տքթ. Վարդ Շիկահեր սապէս կ՚ըսէ. «Արծաթսիրութիւնը, ընչաքաղցութիւնը տեւական խռովքի մէջ կը պահեն մարդը։ Ագահը չի՛ կշտանար, չի՛ յագենար, որքա՛ն ալ շատ ժողվէ եւ դիզէ։ Այդ խռովքը հոգեջղային պրկումի մէջ կ՚ապրեցնէ ենթական, որ կ՚իյնայ ֆիզիք յոգնութեան եւ մաշումի անելին մէջ… Կեանքի մէջ, լաւա՛գոյն բաներն անոնք են, որոնք դրա՛մով չեն առնուած, չե՛ն առնուիր, կ՚ըսէ գեղեցիկ քանդակ մը՝ մտածումի… Աշխարհի ամէնէ՛ն աղքատ մարդը ա՛ն է, որ դրամէն զատ բա՛ն չունի, կ՚ըսէ ժողովրդական ասացուածքը»։
Արդարեւ, ագահ մարդը ինքզինք երջանիկ կարծող ողորմելի մը, թշուա՛ռ մըն է, ան նաեւ ինքզինք հարուստ կարծող աղքա՛տ մըն է եւ ո՛չ միայն ինքն իրեն, այլ իր շուրջիններուն վնաս պատճառող չարամի՛տ մըն է։ Կարելի՞ է ազատիլ այդ մոլութենէն եւ առաքինի մարդ ըլլալ… ինչո՞ւ չէ, երբ մարդ անդրադառնայ ագահութեան պատճառած վնասներուն եւ կա՛մք ունենայ… ինչո՞ւ չէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 5, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024