ԱՐԴԻ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ յա­ճախ խօ­սե­ցանք, խորհր­դակ­ցե­ցանք ծխե­լու մա­սին, որ ի­րա­պէս ընդ­հան­րա­ցած մո­լու­թիւն մըն է, եւ կը վնա­սէ թէ՛ ծխո­ղին եւ թէ իր շուր­ջին­նե­րուն։ Ծխա­խոտ գոր­ծա­ծե­լու մո­լու­թեան պատ­ճա­ռած վնաս­նե­րը ակ­նե­րեւ ու ա­նու­րա­նա­լի են, բայց կա­րե­լի չ՚ըլ­լար հրա­ժա­րիլ, քա­նի որ ան մո­լու­թիւն մըն է՝ ու­նա­կու­թիւն մը, որ գե­րի դար­ձու­ցած է են­թա­կան։

Ըն­դու­նուի կամ ո՛չ՝ ծխա­խոտ գոր­ծա­ծե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը մո­լու­թիւն մըն է՝ վնա­սա­կար՝ թէ՛ ան­հա­տա­պէս եւ թէ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար։

Բայց կը տես­նուի, որ ծխա­խոտ գոր­ծա­ծե­լու մո­լու­թեան չափ, եւ պի­տի հա­մար­ձա­կիմ ը­սել, թող նե­րուի մե­զի, նոյ­նիսկ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր եւ վնա­սա­կար ար­դի մո­լու­թիւն մը կը սպառ­նայ թէ՛ ան­հա­տա­կան եւ թէ հա­ւա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին կեան­քը։

Խնդրեմ պահ մը դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը, իմ շատ սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, պի­տի տես­նէք ե­րի­տա­սարդ­ներ, նոյ­նիսկ հա­սուն տա­րի­քով մար­դիկ, ո­րոնց ձեռ­քը բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայն մը՝ գրե­թէ բո­լո­րո­վին ան­ջա­տուած ի­րենց ըն­կե­րա­յին շրջա­պա­տէն, բո­լոր ու­շադ­րու­թիւ­նը դար­ձու­ցած այդ փոքր ա­ռար­կա­յին՝ ան­թարթ կը նա­յին ա­նոր։

Միա­միտ ու ան­մեղ տգի­տու­թեամբ մը կը հարց­նեմ. ի՜նչ կը յու­սան գտնել հոն՝ կեան­քին ի­մա՞ս­տը, նպա­տա՞­կը, թէ պատ­ճա­ռը ի­րենց գո­յու­թեան, կամ ը­սենք՝ ան­գո­յու­թեան, ե­րե­ւա­կա­յա­կան, յե­րիւ­րա­ծոյ աշ­խար­հին…։ Թե­րեւս մեր «տգի­տու­թեան» կամ «քայլ չկա­րե­նալ յար­մարց­նե­լու» ար­դիու­թեան, չենք կրնար հասկ­նալ, ի­մաստ չենք կրնար գտնել՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն այդ ան­ջատ­ման, ի­րենց մի­ջա­վայ­րէն, հե­ռաց­ման շրջա­պա­տէն։

Փա­խո՞ւստ մըն է ար­դեօք ի­րա­կան կեան­քէն, խու­սա­փե­լու մի­ջո՞ց մը պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րէն, եւ կեան­քը փնտռել՝ յե­րիւ­րան­քի մէջ…։

Ո­մանք կ՚ը­սեն, թէ բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նը կամ ընդ­հան­րա­պէս հա­մա­ցան­ցը՝ որ առտ­նին պաս­տա­ռան­ման ա­պա­կիի վրայ տե­ղե­կու­թիւն փո­խադ­րող մի­ջոց մը, գոր­ծիք մըն է, կեան­քը դիւ­րա­ցու­ցած է։ Կրնայ ըլ­լալ, բայց ար­դեօք մտա­ծել ալ կա­րե­լի չէ՞ թէ՝ ծու­լու­թեան մատ­նած է նաեւ զայն ան­չափ կեր­պով գոր­ծա­ծող­նե­րը։

Ա­ւե­լի վտան­գա­ւո­րը՝ այդ գոր­ծի­քը ան­չափ ու անկ­շիռ կեր­պով գոր­ծա­ծե­լով՝ ստեղ­ծուած է հա­ւա­քա­կա­նու­թե­նէ ան­ջա­տուած «մի­նա՛կ» ան­հատ­ներ։ Յատ­կա­պէս «մի­նակ», քա­նի որ ա­նոնք «ա­ռան­ձին» չեն, այլ ե­րե­ւա­կա­յա­կան մի­ջո­ցի մը մէջ։ Զոր օ­րի­նակ, մենք վկա­յած ենք ծնող­նե­րու՝ ո­րոնք սե­ւե­ռած ի­րենց աչ­քը գոր­ծի­քին՝ յա­ճախ ան­տե­սած են նոյ­նիսկ ի­րենց զա­ւա­կը, զլա­նա­լով ի­րենց խնամ­քը ի­րենց որ­դիին նկատ­մամբ։

Մինչ­դեռ ծնո­ղի մը ա­ռաջ­նա­կարգ պար­տա­կա­նու­թիւնն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է՝ խնա­մել, հո­գալ ի­րենց զա­ւա­կը եւ ո՛չ թէ գե­րին ըլ­լալ գոր­ծի­քի մը։ Ու­րեմն՝ ո­րե­ւէ գոր­ծի­քի մը չա­փա­զանց կեր­պով կա­պուիլ, ամ­բողջ ժա­մա­նա­կը ա­նոր յատ­կաց­նել՝ բա­ռին իս­կա­կան ի­մաս­տով «մո­լու­թի՛ւն» է, եւ ա­մէն մո­լու­թիւն վնա­սա­կար է եւ վտան­գա­ւո՛ր։ Եւ ա­մէն վտանգ ի վեր­ջոյ չա­րիք, վնաս, փոր­ձանք կը սպառ­նայ։ Եւ մո­լու­թիւ­նը՝ հո­գե­կան ախտ մըն է, վատ սո­վո­րու­թիւն եւ կի՛րք։

Ու­րեմն, սի­րե­լի՜­ներ, ի՞նչ տար­բե­րու­թիւն կայ ծխա­խոտ գոր­ծա­ծո­ղի մը եւ մո­լու­թեան աս­տի­ճան՝ «գոր­ծիք»ի մը գոր­ծա­ծու­թեան մի­ջեւ։

Ե­թէ ծխա­խոտ գոր­ծա­ծե­լու մո­լու­թիւ­նը վնաս կը պատ­ճա­ռէ, բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նի հա­մա­ցան­ցի մո­լու­թեան աս­տի­ճան գոր­ծա­ծու­թիւնն ալ նոյն­քան վնա­սա­կա՛ր է։ Ծխա­խո­տին ծու­խը ե­թէ վնա­սա­կար է, հա­պա բջի­ջա­յին հա­ռա­ձայ­նին շո­ղար­կում­նե­րը՝ ար­ձա­կած ճա­ռա­գայ­թը նուա՞զ վ­­տան­գա­ւոր է մար­դուս։

Ո­մանք կը խու­սա­փին ծխա­խոտ գոր­ծա­ծող­նե­րէ, բայց ի­րենք կը գոր­ծա­ծեն «վնա­սա­կար» գոր­ծիք­ներ. ի՜նչ տրա­մա­բա­նու­թիւն, ի՜նչ հա­կա­սու­թիւն, ան­հա­մե­մա­տու­թիւն մտա­յին գոր­ծա­ծու­թեան։ Կան մար­դիկ, որ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հե­ռու կը պա­հեն ծխա­խոտ գոր­ծա­ծող­նե­րէ, բայց ի­րենց մօտ տե­ւա­պէս կը գոր­ծա­ծեն «վնա­սա­կար գոր­ծիք»ներ՝ ան­փոյթ եւ ան­հո՛գ։

Ու­րիշ հարց մը եւս, սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ։

Ծխա­խոտ գոր­ծա­ծե­լը գո­նէ են­թա­կան չ՚ան­ջա­տեր իր մի­ջա­վայ­րէն, կը շա­րու­նա­կէ իր բնա­կա­նոն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, կը խօ­սի, կը խօ­սակ­ցի, կը պա­տաս­խա­նէ, միտք կը յայտ­նէ՝ գա­ղա­փար կ՚ար­տադ­րէ։ Հա­պա «վնա­սա­կար գոր­ծիք» գոր­ծա­ծո՞­ղը։ Կար­ծես պատ մը կը հիւ­սէ իր շուր­ջին­նե­րուն առ­ջեւ, կը մոռ­նայ ի­րա­կան աշ­խար­հը՝ հար­ցում­նե­րուն չի պա­տաս­խա­ներ, չի լսեր իսկ ա­նոնք, քա­նի որ ան ան­ջա­տուած է այս աշ­խար­հէն, եր­ջա­նի՜կ՝ տար­բեր եւ ե­րե­ւա­կա­յա­կան աշ­խար­հի մը մէջ, մտա­ցա­ծին, ինք­նահ­նար, ցնո­րա­կան աշ­խար­հի մէջ թա­ղուած՝ կ՚ան­տե­սէ ա­մէն ի­րա­կա­նու­թիւն, ա­մէն ի­րո­ղու­թիւն եւ ճշմա­րիտ ե­ղե­լու­թիւն։ Ի­րենք զի­րենք եր­ջա­նի՜կ կը զգան՝ ո՛չ ի­րա­կան, ան­գոյ եւ շին­ծու կեան­քի մը մէջ։ Մո­լու­թիւն չէ՞ ա­սի­կա սի­րե­լի՜­ներ։

Գի­տեմ, շա­տեր, մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ան­շուշտ ե­թէ կար­դան այս տո­ղե­րը, մեզ պի­տի ամ­բաս­տա­նեն յե­տա­դի­մու­թեամբ, պի­տի մե­ղադ­րեն յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ ար­դիա­կա­նու­թեան հա­կա­ռա­կու­թեամբ, նոյ­նիսկ յե­տամ­տու­թեամբ եւ խա­ւա­րամ­տու­թեամբ։

Բայց ո՞րն է լու­սամ­տու­թիւ­նը։

Յա­ռաջ­դի­մա­կան ըլ­լալ՝ վնա­սա­կա­րը, վտան­գա­ւո­րը ա­ռանց տես­նե­լու՝ կոյրզ­կու­րայն, ա­ռանց քննե­լու, ա­ռանց ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ դա­տե­լու, ա­մէն ար­դիա­կա­նու­թեան, ա­մէն նո­րու­թեան մե­քե­նա­բար հե­տե­ւի՞լն է, գե­րի դառ­նա­լով ա­մէն բռնի ներ­կա­յա­ցուած, պար­տադ­րուած ի­րե­րու եւ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու։

Գե­րի՞ ըլ­լալ է լու­սամ­տու­թիւ­նը. անձ­նա­տուր ըլ­լալ, զո­հել եւ զո­հուիլ, ա­զա­տու­թիւ­նը, ան­կա­խու­թիւ­նը կորսնց­նե՞լ է ճշմար­տու­թեան, ճշմա­րիտ կեան­քին նկատ­մամբ…։

Ա­յո՛, մարդ պէտք է օգ­տուի ա­մէն գոր­ծի­քէ, որ օգ­տա­կար է, կը դիւ­րաց­նէ իր կեան­քը, սա­կայն պէ՛տք է որ մար­դը գոր­ծա­ծէ եւ ի­րեն հպա­տա­կեց­նէ գոր­ծի­քը եւ ո՛չ թէ գոր­ծի­քը գոր­ծա­ծէ մար­դը եւ զայն հպա­տա­կեց­նէ ի­րեն։ Մարդ պէտք չէ՛ որ ար­տօ­նէ գոր­ծի­քին, որ զինք գոր­ծա­ծէ, այլ պէտք է տի­րա­պէս, մար­դա­վա­յել կեր­պով, մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը վե՛ր բռնե­լով՝ ի­րեն հպա­տա­կեց­նէ, կառ­ա­վա­րէ եւ գոր­ծա­ծէ ա­մէն գոր­ծիք։

Բա­նա­ւոր մար­դը ի՛նք ուղ­ղու­թիւն կու տայ գոր­ծի­քին եւ ո՛չ թէ գոր­ծի­քը ի­րեն։

Եւ ե­թէ գոր­ծիք մը սկսած է տի­րել մարդ­կա­յին կեան­քին, ա­պա ու­րեմն վեր­ջա­ցած է այդ կեան­քը իր իս­կա­կան ի­մաս­տով «կեա՛նք» ըլ­լա­լէ…։

Բո­լոր այս բա­նե­րը որ կը գրեմ, թե­րեւս այդ տպա­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի թո­ղում, թէ հրա­ժա­րած եմ ծխա­խո­տի գոր­ծա­ծու­թեան հա­կա­ռա­կե­լէ։

Ո՛չ, իմ մտա­ծում­նե­րովս, գա­ղա­փար­նե­րովս եւ հա­մո­զում­նե­րովս եր­բեք չի՛ փո­խ-ւիր ճշմար­տու­թիւ­նը. ճշմար­տու­թիւ­նը ա՛յն է ի՛նչ որ է՝ ա­նայ­լայ­լե­լի, ան­փո­փոխ։ Իմ կար­ծի­քի փո­փո­խու­թիւ­նը եր­բեք չի՛ փո­խեր ճշմար­տու­թիւ­նը։

Ծխա­խոտ գոր­ծա­ծե­լու մո­լու­թիւնն ալ նոյն­քան վնա­սա­կար է՝ ո՛ր­քան ո­րե­ւէ գոր­ծի­քի սխալ գոր­ծա­ծու­թիւ­նը։ Ո՛չ մէկ ար­դա­րա­ցում կա­րե­լի է գտնել զա­նոնք ըն­դու­նե­լի ը­նե­լու հա­մար։ Սա­կայն… ե­թէ հարց­նէք, թէ ո՛ր մէ­կը ա­ւե­լի վնա­սա­կար է, իմ հա­մեստ հա­մո­զու­մով՝ ո­րե­ւէ գոր­ծի­քի սխալ եւ ան­հա­մե­մատ գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նին, ա­ւե­լի վնա­սա­կար եւ վտան­գա­ւոր է, քան ծխա­խո­տի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, քա­նի որ, գո­նէ ծխո­ղը ինք­զինք չ՚ան­ջա­տեր իր մի­ջա­վայ­րէն, կը շա­րու­նա­կէ իր բնա­կա­նոն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ կեան­քը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր, 9, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015