ԳՈՀՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄԸ

«Կը տրտմէի որ կօշիկ չունիմ մինչեւ այն ատեն՝ երբ ոտք չունեցող մէկը տեսայ փողոցը»։

HONORE DE BALZAC

Մարդ էակը բնաւորութեամբ անյագ է. բաւարարութիւն՝ յագենալ չի գիտեր եւ միշտ աւելին կ՚ուզէ ընդհանրապէս։ Արդարեւ, ասիկա չափաւորութեան՝ չափ եւ կշիռ գիտնալու հարց մըն է։

Անբաւարարութիւնը յառաջդիմութեան, միշտ աւելի լաւ ըլլալու, կատարեալին հասնելու անհրաժեշտ ճամբայ մը նկատողներ կրնան ըլլալ, ինչ որ բնական է, քանի որ մարդ միշտ յառաջդիմելու, միշտ կատարեալին հասնելու կոչուած է։ Եւ եթէ մարդ եղածով գոհանար, պիտի չկարենար յառաջդիմել, պիտի չկարենար իր բարձրագոյն նպատակին հասնիլ։

Ուրեմն այս իմաստով անյագութիւնը, անբաւարարութիւնը յարաբերական զգացում մըն է, քանի որ չափաւորութեան եւ հաւասարակշռութեան հետ կապ ունի, եւ կրնայ ըլլալ պարագաներ՝ ուր անբաւարարութիւնը ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառէ։ Կան կեանքի մէջ այնպիսի պարագաներ՝ ուր մարդ պէտք է գոհանալ գիտնայ իր վիճակէն, եւ աւելիին չձգտի, խորհելով որ կան իրմէ աւելի վատ վիճակի մէջ գտնուողներ, որոնք կը ձգտին իր ներկայ վիճակին։

Առածը կ՚ըսէ. «Լաւագոյնը լաւին թշնամի՛ն է»։ Ուստի մարդ կրնայ իր լաւ վիճակը կորսնցնել երբ կը ձգտի լաւագոյնին։ Եւ կամ աւելի լաւին մտասեւեռում ունենալով չկարենալ վայելել իր ներկայ լաւ վիճակը։ Այսպէս եթէ խորհինք, անբաւարարութիւնը երջանկութեան լուրջ արգելք մը կը հանդիսանայ։

Կը պատմուի, թէ մէկը որ կեանքի մէջ երբեք երջանիկ չէ եղեր, միշտ դժբախտ ապրեր է, իրեն եղած յանձնարարութիւններուն համաձայն, կեանքին մէջ միշտ երջանիկ ապրած մէկուն շապիկին տիրանալ կ՚ուզէ։ Երկա՜ր փնտռտուքներէ վերջ կը գտնէ իր ամբողջ կեանքը երջանիկ ապրած մէկը, եւ կը խնդրէ անոր շապիկը, որպէսզի ինք ալ երջանիկ ըլլայ։ Բայց երջանիկ մարդը կը պատասխանէ.- Ես ամբողջ կեանքիս մէջ երբեք շապիկ մը չունեցայ…։

Եթէ երջանկութիւնը շապիկէ մը կախում ունենար, աւա՜ղ այն շապիկն ալ պիտի չգտնուէր…։

Ուրեմն այս կէտին ահաւասիկ, երջանկութեան պայմաններէն մին կը հանդիսանայ բաւարարութիւնը՝ գոհացումի զգացումը ներկայ վիճակով, խորհելով որ երջանկութիւնը, կատարելութիւնը փնտռած ժամանակ կրնայ կորսնցնել իր ներկայ գոհ վիճակն ալ, եւ թէ իր ներկայ վիճակէն շա՜տ աւելի վատ վիճակի մէջ գտնուողներ ալ կրնան ըլլալ, եւ ուրեմն պէտք է գոհութիւն յայտնէ մարդ իր ներկայ վիճակէն եւ բաւարարուի իր ունեցածներով։

Անշուշտ այսպէս մտածողներ կրնան չըլլալ եւ առարկեն այս տեսութեան, քանի որ անոնք անբաւարարութիւնը յառաջդիմութեան եւ կատարելութեան անհրաժեշտ պայման կը նկատեն, եւ քանի որ անբաւարարութիւնը յարաբերական վիճակ մըն է։ Բայց ո՞վ պիտի ապահովէ անբաւարար մարդուն աւելի լաւ վիճակ մը, աւելի երջանիկ եւ կատարեալ կեանք մը։ Մարդ եթէ չբաւարարուի իր ներկայ վիճակով, ո՞վ պիտի վստահեցնէ զինք, որ եթէ մերժէ ներկայ վիճակը, աւելի լաւ պիտի կարենայ ըլլալ։ Բայց միա՛յն Աստուած։

Ուրեմն, եղածով գոհանալ, բաւարարուիլ, թէեւ մարդս ամլութեան, անաշխատութեան, անգործութեան կ՚առաջնորդէ, բայց ապահովութիւն կը ներշնչէ։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին անբաւարար եւ միշտ աւելիին ձգտող մարդը պէտք է ապաւինի Աստուծոյ՝ որ ամենատես եւ ամենակարող Նախախնամն է մարդուն։ Ան ո՛չ միայն Արարիչ, այլ նաեւ Նախախնամ է եւ Իր արարածները երբեք չի՛ լքեր։

Արդարեւ, ասիկա կատարեալ վստահութեան հարց մըն է. այն՝ որ վստահելի անձի մը գոյութիւնը միշտ կը զգայ, ինքզինք ապահով կը զգայ։ Եւ կա՞յ արդեօք Աստուծմէ աւելի վստահելի անձ մը՝ որ ամենատես է, ամենակարող է, հոգացող է. Ան՝ որ Արարիչ է ե՛ւ Նախախնամ։ Եւ ուրեմն, վստահութեան մէջ մարդ պէտք է գոհացում ունենայ, գոհութիւն յայտնէ իր ներկայ վիճակէն։ Մարդ պէտք է խորհի, թէ ի՛նչպէս որ աւելի լաւը կը փափաքի, կրնայ իրեն պատահիլ նաեւ աւելի վատը, ուր պիտի ուզէր մնալ իր ներկայ վիճակին մէջ։

«ՓԱՌՔ ՔԵԶ ԱՍՏՈՒԱԾ, ՓԱՌՔ ՔԵԶ ՏԷՐ, ՅԱՂԱԳՍ ԱՄԵՆԱՅՆԻ ՏԷՐ ՓԱՌՔ ՔԵԶ»։

Ո՜րքան հոգեպէս հանդարտեցուցիչ, ո՜րքան գոհացուցիչ են այս խօսքերը. գիտակցիլ Աստուծոյ որ մեզի կու տայ ամէն բարիք, գիտակցիլ նաեւ թէ մենք ունինք վստահելի Նախախնամ մը, ունինք ապաստան տուող Անձ մը, Պաշտպան մը՝ Ապաւէն մը։ Եւ ասիկա մեզի կու տայ կեանքը ապրելու ուժը, կեանքի դժուարութիւններու դէմ պայքարելու կորովը եւ պատրաստակամութիւնը։ «Փառք տալ», ուրեմն, կը նշանակէ հաւատալ, վստահիլ, գիտակցիլ եւ ճանչնալ Ճշմարտութիւնը, ապաւինիլ եւ տեսնել որ բարձրագոյն եւ բացարձակ «Բարի»ին արդար հովանաւորութիւնը կը վայելենք։

Ապերախտութի՛ւն է չճանչնալ բարիքը եւ Բարին։ Անտեսել եւ ուրանալ բարձրագոյն Բարիին գոյութիւնը եւ ներկայութիւնը, որ մեզի կեանք կու տայ եւ Իր տուած կեանքը կը պահպանէ, կը պաշտպանէ ամէն չարիքի եւ չարին դէմ։ Ինչպէ՞ս ուրանալ ճշմարտութիւը, ինչպէ՞ս անտեսել կեանքի բարիքները…։ Արդարեւ, մեր ունեցած ամէն ինչ կը պարտինք բարձրագոյն «Բարի»ին՝ Աստուծոյ, որ շնորհած է ամէն բարիք։

Իսկ երախտագիտութեան ազնիւ զգացումով, մարդ կ՚ազնուանայ, կը մօտենայ Արարիչին եւ Նախախնամին։ Ուրախութի՜ւն է երախտագիտութիւնը՝ կեանք եւ կեանքի իմաստին մէջ խորանա՛լ։

Օրհնեալ է այն մարդը որ կը վստահի Անոր։ Ուստի փառաբանե՜նք Տէրը քնարով, տաւիղով եւ տասը լար ունեցող նուագարանով, ամենէն կարեւորը՝ հոգիով եւ միտքով, սրտանց եւ անկե՛ղծ։

Աստուած՝ Արարիչը եւ Նախախնամը Իր բարձունքին մէջ է, եւ մեծ թագաւորն է Ան երկրիս վրայ…։

Մեծ է Տէրը, ամենակարող, ամենազօր, ամենախնա՛մ, եւ մեծապէս փառաբանելի… Անոր Էութիւնը ուրախութի՜ւն է երկրիս վրայ։ Ան ամէնուն ծանօթ է Իր նախախնամութեամբ՝ ապահով եւ վստահելի ապաստան մը ամէնուն համար։

Մարդուս առանձնաշնորհումն է «տեսնել», ինչ որ չունին ուրիշ արարածներ. մարդուս կը պատկանի յորդուն զգացումներու գերազանցութիւնը, եւ վառ երեւակայութի՛ւն։

Մարդիկ կը մեռնին որովհետեւ ամբարիշտ նպատակներու համար մահուան, թշուառութեան եւ աւերի քշող ուժեր կան այս կամ այն իտէալին ետին ծպտուած։ Ահաւասիկ այդ ուժերուն դէմ է, որ մարդը պիտի պաշտպանէ Արարիչը եւ Նախախնամը։ Եւ այս պատճառով պէտք է մարդուս շրթներէն երբեք չպակսի խօսքը. «Փառք քեզ Աստուած, փառք քեզ Տէր, յաղագս ամենայի Տէր փառք Քեզ»։ Եւ մարդուս երջանկութիւնը կը բովանդակուի այս գոհաբանութեան խօսքերուն մէջ. վիճակէն գո՛հ ըլլալ՝ չգանգատիլ, բաւարարուիլ, եւ երբ կ՚ուզուի աւելի լաւը, խորհիլ թէ կրնայ աւելի վատն ալ ըլլալ։ Արդարեւ, ի՛նչ որ է, այն լաւ է եւ գոհացուցի՛չ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 15, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2020