ՍԹԻՎՆ, ՃԷՅՄՍ ՈՒ ՀԱՐՐԻ

«Երբ չեն պաշ­տում հայ սե­րունդ­ներն հայ լե­զուն՝
Ինձ թւում է խա­րոյ­կի մէջ օ­տա­րի 
Հա­զա­րա­մեայ հա­յոց գրքերն են կի­զում 
Թա­ղե­լով ազգն իմ բա­րի»
Յ. Շի­րազ

Եթէ Շիրազ հայոց լեզուի պաշտամունքը կ՚ուզէր տեսնել, ապա մենք պիտի բաւարարուէինք անոր աղաւաղուիլը չտեսնելով, որովհետեւ հայը ի սկզբանէ տառապած է իր սեփականը չսիրելու, ատելու եւ օտարինին հանդէպ անհուն սէր մը ունենալու մոլութեամբ:

Յաճախ կը կարծենք, որ այս օտարասիրութիւնը մեր մէջ ծնունդ առաւ վերջին տասնամեակներուն՝ համշխարհայնացման հոսանք մը սկիզբ առնելէ ետք, սակայն պէտք է ընդունիլ որ շա՜տ համաշխարհայնացումը պարզապէս պատճառաբանութիւն մըն է քօղարկելու համար այն ախտը, որով կը տառապինք:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն անմիջապէս ետք դէպի սփիւռք գաղթող մեր ժողովուրդին մէջ կար երկու տարբեր խաւ. գոյութիւն ունէր խաւ մը, որ նոյնիսկ օտարութեան մէջ կ՚ապրէր հայութեամբ եւ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ ուժ անոր մէջէն կրնար օտարացնել այդ հայրենասիրութեան ոգին: Բազմաթի՜ւ են անոնք, որոնք Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպայի զանազան երկիրները ապրելով չսորվեցան նոյնիսկ օտարին լեզուն, այլ օտար հողի վրայ ապրեցան իբր հայ, սակայն այս օրինակելի խաւին համաձայն գոյութիւն ունէին նաեւ անոնք՝ որոնք հազիւ օտար հողի վրայ ոտք դրած օտարացան, այլասերեցան եւ սկսան իրենց հոգիէն վտարել ա՛յն ամէնը, ինչ որ հայկական է:

Նման օրինակ մը կը գտնենք ԺԱՄԱՆԱԿ թերթիս երկուշաբթի, 10 նոյեմբեր 1924-ի թիւին Ա. էջին վրայ. մեր թուականէն 98 տարիներ առաջ թերթս կը հրատարակէ «Մեղու» ստորագրութեամբ «Երեք եղբայրներ» խորագրեալ փոքր գրութիւն մը. Բերդ-Հիւսէինկցի երեք եղբայրներ հազիւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնած կ՚որոշեն փոխել իրենց անունները եւ հայու արիւն ունեցող երեք եղբայրներ կ՚որդեգրեն Սթիվն, Ճէյմս եւ Հարրի անունները: Յօդուածագիրը սակայն իր ժամանակէն դուրս գալով հետաքրքրաշարժ հաստատում մը կը կատարէ. «Ի՞նչ խէր կը սպասէք Սթիվն, Ճէյմս եւ Հարրի անունը կրող մարդոցմէ»:

Բերդ-Հիւսէինկցի Սթիվը նախկին Ստեփանն էր, Ճէյմսը՝ Յակոբը, իսկ Հարրին՝ Յարութիւնը։

«Մեղու»ի յիշած Սթիվին, Ճէյմսին ու Հարրիին ծոռները մերօրեայ Անթընիներն ու Ժիւլիաններն են, որոնք հաւանաբար իրենց հայու արիւն ունենալուն անտեղեակ իրենց կեանքը կը շարունակեն ապրիլ որպէս ամերիկացի՝ խօսքով ու գործով, նկարագրով ու մտածողութեամբ:

Հաւատացէ՛ք, որ մենք Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին այնքան զոհ չունեցանք՝ ինչքան Ամերիկայի եւ եւրոպական երկիրներու մէջ՝ ուր հայորդիներ դահիճին յանձնեցին իրենց հայութիւնը՝ բառին ամբողջական իմաստով: Աւելի նախընտրելի չէ՞ր հայութեամբ տոգորուած բազմաթի՜ւ հայորդիներու տեղ Սթիվներու, Ճէյմսերու եւ Հարրիներու ջարդուիլը, որովհետեւ անոնց գոյութիւնը ինքնին վարկաբեկութիւն է բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնք իրենց հայրենասիրութեան հունձքերը տեսնելու առիթը չունեցան:

Շիրազի յիշած օտարի խարոյկին մէջ կիզուող գիրքերը նոյնինքն Սթիվները, Ճէյմսերն ու Հարրիներն են. անոնք կը կիզուին, որովհետեւ մոխիրը կարելի չէ երբեւէ վերականգնել եւ իր առաջուան վիճակին բերել. Սթիվները, Ճէյմսերն ու Հարրիները չեն գիտակցիր, որ իրենց կողքին մատաղ կը դարձնեն նաեւ իրենց յաջորդող սերունդները, որովհետեւ իր հայութիւնը ուրացող Սթիվէ մը Արամ սպասելը անհեթեթ կը դուի, որովհետեւ բնական է որ սեփական հայրենիքը մերժող ու օտարութեան գիրկը նետուող հայ մը իր զաւակը պիտի մեծցնէ նոյնինքն իր իսկ պաշտած օտարութեամբ:

ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի մէջ «Մեղու» կը յայտնէ այն գաղափարը, որ Սթիվին, Ճէյմսին ու Հարրիին յաջորդող երրորդ սերունդը արդէն իսկ պիտի հայաթափուի։ «Մեղու» այդ դժբախտութիւնը տեսնելու դժբախտութիւնը ունեցաւ թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն այսօր մենք ականատեսն են այդ դժբախտութեան, որովհետեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ միայն մարդոց անունները չե՛ն որ փոխուեցան. փոփոխութիւն կրեց ա՛յն ամէնը՝ որ հայկական է ու ազգային՝ անուն, լեզու, աւանդութիւն, մշակոյթ, մտածելակերպ ու համոզում եւ սերունդէ սերունդ այդ բոլորը առաւել եւս սկսան կորսուիլ:

Յաճախ մենք մեզ արդարացնելու համար կ՚ըսենք, որ օտարութեան մէջ մարդ կամայ թէ ակամայ ենթակայ է կորուստի... որպէսզի հաւատա՛ք որ այդ կորսուելու սէրը յատուկ է միայն հայերուս, գացէ՛ք եւ տեսէք սփիւռքի մէջ ապրող արաբներն ու թուրքերը, որոնք ամերիկացի կամ եւրոպացի դառնալու տեղ կը փորձեն արաբացնել ու թրքացնել հո՛ն՝ ուր կը գտնուին: Գացէ՛ք եւ տեսէք, թէ ինչպէս օտարութեան մէջ ամենայն զգուշութեամբ կը կատարեն բոլոր պարտաւորութիւնները, որոնք իրենց կրօնը կը սահմանէ. գացէ՛ք ու տեսէք օտարութեան մէջ ծնող անոնց սերունդները, որոնք օտարին լեզուն գիտնալու կողքին լաւապէս կը տիրապետեն իրենց մայրենի լեզուին. գացէ՛ք ու տեսէք, թէ ինչպէս հակառակ համաշխարհայնացման վտանգին կը շարունակեն ապրիլ այնպէս՝ ինչպէս պիտի ապրէին արաբական երկիրներու եւ կամ Թուրքիոյ մէջ:

Ո՛չ օտարութիւնը եւ ո՛չ ալ ներկայ ժամանակներն են մեղաւորները մեր այլասիրութեան ու սեփականը մերժելու ախտին. այդ բոլորը պարզապէս կը պատկանին հայուն, որովհետեւ մենք սեփական արժէքները գնահատելու փոխարէն կը նախընտրենք գնահատել օտարինը՝ որուն որքան ալ հարազատ ըլլալ փորձենք կը մնանք օտար, որովհետեւ Ստեփանը Սթիվ կրնայ դառնալ, սակայն կայ արիւնը՝ որ կարելի չէ ո՛չ մէկ ձեւով փոխել (անշուշտ ա՛յդ ալ կ՚ընէին եթէ կարելի ըլլար...):

Այնքան ատեն որ Մեհմէտը Մեհմէտ կը մնայ, իսկ Յարութիւնը կը դառնայ Հարրի... մի՛շտ ալ պիտի շարունակենք պարտուած մնալ, որովհետեւ օտարին անունով, օտարին ոգիով, օտարին մտածելակերպով, մշակոյթով ու լեզուով սեփականը փրկելը անիրականանալի երազ է պարզապէս:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -47-

Լիբանանի մէջ երիտասարդ մայր մը հպարտութեամբ բոլորին դիմաց կը յայտարէր, թէ իր երեք ամեայ տղան անսխալ մէկէն մինչեւ տաս կ՚արտասանէ ֆրանսերէն թուանշանները:

Խեղճը օրը աւելի քան 30 անգամ պարտաւորութեան մը նման կը կրկնէր այդ թուանշանները, որուն շնորհիւ մօրը դէմքին վրայ կ՚ուրուագծուէր հպարտութեան ժպիտ մը, որովհետեւ հայերէն լեզուով արտասանելը «բան մը չէր...», իսկական իմաստութիւնը այդ տարիքին ֆրանսերէնը արտասանելու մէջ էր:

Մանուկը այդ տարիքին «Ես իմ անո՜ւշ Հայաստանի»ն արտասանէր հաւանաբար այնքան հպարտութիւն չի պատճառեր՝ ինչքան ֆրանսերէն թուանշանները:

Զո՞վ մեղադրել...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2022