ԽՈՀԵՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԻՔ

Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Արջը որսալէդ առաջ՝ չծախես անոր մորթը»։ Ասիկա կը նշանակէ՝ թէ պէտք չէ ծախսենք այն դրամը, որ մեր ձեռքերուն մէջ չի գտնուիր տակաւին։ Ուստի խոհեմութեամբ պէտք է գործել, եւ շատ լաւատես պէտք չէ ըլլալ, այլ՝ իրատե՛ս։ Գործելէ առաջ խորհիլ, դատել եւ յետոյ որոշում տալ գործելու, եւ խուսափիլ հապճեպ որոշումներ տալէ։ Անխոհեմ կատարուած գործի մը մէջ անպայման պիտի գտնուին թերութիւններ, սխալներ՝ որոնք վնաս պիտի պատճառեն ենթակային։ Խոհեմութեամբ շարժիլ կը նշանակէ չափաւոր ըլլալ, նախ մտածել եւ յետոյ գործել։

Արդարեւ, խոհեմութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ գործնական բանականութիւնը կը տրամադրէ տեսնելու բոլոր պարագաներու մէջ մեր «ճշմարիտ բարի»ն եւ ընտրելու արդար միջոցները զայն գործելու։

«Խորագէտը կը հսկէ իր քայլերուն» (ԱՌԱԿ. ԺԴ 15)։ Նոյնպէս Առաքեալը կ՚ըսէ. «Եղէ՛ք զգաստ եւ ժուժկալ աղօթքին համար» (Ա ՊԵՏ. Դ 7)։ Խոհեմութիւնը «ուղիղ կանոնն է գործին», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի, Արիստոտէլէն ետք։  Ան չի շփոթուիր ո՛չ երկչոտութեան կամ վախին հետ, ո՛չ ալ երկդիմութեան եւ ծածկամտութեան հետ։ Ան կոչուած է «ռահվիրայ առաքինութիւններուն». ան կ՚առաջնորդէ միւս առաքինութիւնները՝ մատնանշելով անոնց չափ եւ կանոն։ Խոհեմութիւնն է որ կ՚առաջնորդէ անմիջաբար խղճմտանքի դատողութիւնը։

Խոհեմ մարդը որ իր ընթացքը կ՚որոշէ եւ կ՚ուղղէ այս դատողութեան համեմատ, առաքինի մարդ է, որմէ կը բխին միւս առաքինութիւնները։

Շնորհիւ այս առաքինութեան՝ մարդիկ անսխալ կը գործադրեն բարոյական սկզբունքները առանձնայատուկ պարագաներուն մէջ եւ կը յաղթահարեն վարանումներուն եւ տարակոյսներուն կատարելիք բարիին եւ զգուշանալիք չարին մասին։

Խոհեմութիւնը կը տրամադրէ արդար միջոցները ճշմարիտ բարիքը կատարելու եւ գործադրելու։ Ինչպէս բոլոր բարոյական առաքինութիւնները, խոհեմութիւնն ալ կ՚աճի դաստիարակութեամբ, վարժութեամբ, ինքնակամ արարքներով եւ ճիգին մէջ յարատեւութեամբ։ Աստուածային շնորհքը կը մաքրազտէ զանոնք եւ կը բարձրացնէ։

Խոհեմութիւնը, որպէս հիմնական առաքինութիւն կը տրամադրէ քրիստոնեաները ապրելու Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ յարաբերութեան մէջ։ Արդարեւ, «խոհեմութիւն»ը այն չորս առաքինութիւններէն մէկն է, որ առանցքային դեր կը կատարէ։ Այս պատճառով ան կոչուած է «գլխաւոր առաքինութիւն»։ Ուստի խոհեմութեան հետ՝ արդարութեան, զօրութեան եւ ժուժկալութեան շուրջ կը խմբուին միւս բոլոր առաքինութիւնները։ «Ուղղամտութիւնը կը սիրէ՞ք, լա՛ւ, առաքինութիւնները պտուղներն են անոր վաստակին, որովհետեւ ան կ՚ուսուցանէ ժուժկալութիւն եւ խոհեմութիւն, արդարութիւն եւ քաջութիւն» (ԻՄ Ը 7)։ Խոհեմութիւնը գովուած եւ յիշուած է Աստուածաշունչին բազմաթիւ անցքերուն մէջ տարբեր անուններու տակ։

Առ այս՝ մարդը կը ջանայ մեկնաբանել փորձառութեան տուեալները եւ ժամանակի նշանները՝ շնորհիւ խոհեմութեան առաքինութեան, շնորհիւ խոհական մարդոց խրատներուն եւ Սուրբ Հոգիին եւ Անոր պարգեւներուն օգնութեամբ։ Մարդ երբեմն կը հակադրուի կացութիւններու, որոնք բարոյական դատաստանը կը դարձնեն նուազ ապահով եւ որոշումը՝ դժուա՛ր։ Բայց մարդ պէտք է միշտ փնտռէ ի՛նչ որ արդար է եւ բարի, եւ ջոկէ Աստուծոյ կամքը՝ որ արտայայտուած է աստուածային օրէնքին մէջ։ «Հասարակաց բարիք»ով, հասկնալու է «ամբողջութիւնը ընկերային պայմաններուն», որոնք թոյլ կու տան թէ՛ խումբերուն, թէ՛ անոնց անդամներուն իւրաքանչիւրին, հասնիլ իրենց կատարելութեան աւելի՛ ամբողջական եւ աւելի՛ հեշտ կերպով։

Այս իմաստով «հասարակաց բարիք»ը կը շահագրգռէ բոլորին կեանքը՝ ամբողջ հասարակութիւնը։ Ան կը պահանջէ բնականաբար իւրաքանչիւրին խոհեմութիւնը եւ դեռ աւելի՛ խոհեմութիւնը անոնց, որոնք կը վարեն «իշխանութեան պաշտօն»ը։ Արդարեւ, խոհեմութիւնը կ՚ենթադրէ՝ մարդու անձին յարգանքը, ընկերային բարեկեցութիւնը, բարեկարգութիւնը եւ բարգաւաճումը, որ համառօտումն է ընկերային բոլոր պարտականութիւններուն, եւ կ՚ընդգրկէ վերջապէս խաղաղութիւնը։

Մարդոց իրարմէ կախումը հետզհետէ կը սաստկանայ։ Ան տակաւ առ տակաւ կ՚ընդարձակուի համայն աշխարհի տարածքով։ Մարդկային ընտանիքին միասնականութիւնը իրարու համախմբելով բնական հաւասար արժանապատուութիւն վայելող արարածները, յառաջ կը բերէ «ընդհանրական հասարակաց բարիք» մը։

Եւ ահաւասիկ, այս կէտին է որ մեծ եւ կարեւոր դեր մը կը կատարէ «խոհեմութիւն»ը եւ կը բարեկարգէ բոլոր փոխյարաբերութիւնները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 22, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2019