ՀԱՅՈՑ ՄԱՐԳԱՐԷՆ

Մեր թուականէն 194 տարիներ առաջ՝ 17 հոկտեմբեր 1830 թուականին, ի բախտաւորութիւն հայ ազգին, լոյս աշխարհ եկած է հրապարակախօս, գրող, թարգմանիչ, բանասէր ու մանկավարժ Մատթէոս Մամուրեան. անոր գործերը լաւապէս սերտած անձեր պիտի հաստատեն, որ դժուար է գրականութեան մէջ գտնել իր ազգով մտահոգ հայ մը՝ ինչքան Մամուրեանը, որուն երազն էր տեսնել քաղաքակիրթ հայ ժողովուրդ մը՝ մարդկային բոլոր սրբազան արժեչափերուն համապատասխան:

Մամուրեան հայ ժողովուրդի Մովսէս մարգարէն է, որ կը փորձէ ամէն ջանք ի գործ դնել, հասնելու համար խոստացուած երկիրը, որ այս պարագային ազատ ու անկախ Հայաստան մըն է, իր համերաշխ ու ստեղծագործող ժողովուրդով. այս բոլորը գովասանքէ անդին արդար տպաւորութիւններ են, որովհետեւ Մամուրեանը կարդալով կարելի է հասկնալ, թէ ինչ ըսել է ազգ, ժողովուրդ, որ տէր է իր մշակոյթին, իր հողին ու աւանդութիւններուն: Գուցէ ժամանակակիցներ Մամուրեանը սիրած չըլլան, որովհետեւ անոր խօսքերը շատ անգամ վիրաւորական են ու նեղացնող, որովհետեւ ան լաւապէս գիտէր քննել ու վերլուծել հայը, իր թերութիւններով ու հարցերով. սակայն տարօրինակը հո՛ն է, որ կարծես իրապէ՛ս մարգարէ մը եղած ըլլայ, որովհետեւ անոր գրութիւնները, հակառակ հարիւրաւոր տարուան հնութեան, տարօրինակ ձեւով կը շարունակեն մնալ ժամանակակից։ Կարծես գուշակութեամբ մը տեսած ըլլայ մեր օրերը: Կարելի չէ գտնել այլ գրող, որ այնքան դիպուկ ու ժամանակակից ըլլայ՝ ինչքան Մամուրեանը. պէտք է լրջօրէն սերտել մանաւանդ անոր «Անգլիական նամականի» աշխատութիւնը. պարզապէս նախաճաշակ մը տալու համար կ՚ուզենք յիշել անոր այդ աշխատութենէն կարգ մը օրինակներ.

«Անգլիական նամականի» աշխատութեան 459-րդ էջին մէջ կը կարդանք. «Ճոխութեան մէջ անօթի կը մեռնի հայաստանցին, նման այն մարդուն, որ ձեռքերը կապած՝ հարուստ ու զարդարուն սեղանի մը առջեւ կը գտնուի: Պէտք է քակել այդ ձեռքերն ու աշխատութեան վարժել». այստեղ գաղափարն ու միտք բանին յստակ է. Հայաստանը ունի անսահման հարստութիւն եւ անոր հարստութեան գլուխը կը գտնուի հողը. Հայաստանը իր գիւղատնտեսութեամբ, իր Աստուածային հարստութիւններով ունի այնպիսի առաւելութիւններ, որ շատ մը երկիրներ չունին։ Մամուրեանի համար Հայաստան երկիր մըն է, որ մարդ «քարէն հաց» կրնայ հանել եւ հետեւաբար ընդունելի չէ տեսնել հայ թշուառներ, որոնք աղքատութեան մէջ կը տառապին։ Մամուրեան համոզուած է, որ հայը պէտք է աշխատի, որովհետեւ ունի առիթը, ունի հողը եւ միայն աշխատանքով կարելի է այդ հարստութեան տիրանալ. այս պարագային հարուստ սեղանը Հայաստանն է. այդ ճոխութիւնը սակայն թաղուած է հողին տակ. մարդ պիտի աշխատի եւ իր ձեռքերով դուրս բերէ այդ հարստութիւնը, որպէսզի կարենայ վայելել. այսօր կը տեսնենք, որ նոյն թշուառ վիճակը կը տիրէ Երեւանէն դուրս՝ մարզերու մէջ, ուր պէտք է զարգանայ հողագործութիւնն ու անասնաբուծութիւնը, սակայն չես գիտեր ինչպէս գիւղացին կը շարունակէ մնալ նոյն աղքատը:

Մամուրեան լաւապէս կը գիտակցէր, որ հայ ազգը աշխատասէր ժողովուրդ է, սակայն կը զարմանար, որ հայը իր հայրենիքը զարգացնելու փոխարէն կ՚երթար օտարին երկիրը կը ճոխացնէր՝ քան իրը. մեծ գրողը կը հաւատար, որ հայրենիքը կը զարգանայ միայն ա՛յն ժամանակ, երբ օտարին հայրենիքը զարգացնող հայերը վերադառնան հայրենիք. այլ խօսքով, մեծ եղեռնէն իսկ առաջ ան կը խօսէր հայրենադարձութեան կարեւորութեան մասին, հաւատալով, որ մեր երկիրը ունի հայրենիք բոլո՛ր հայորդիները իր հովանիին տակ առնելու եւ ճոխ ու հարուստ կեանք մը պարգեւելու բոլոր անոնց՝ որոնք պատրաստ են աշխատիլ ու երկիրը զարգացնել։ Ահաւասիկ Մամուրեանի բառերը անոր նոյն աշխատութենէն (էջ 454). «Հայաստանի սիրտը դեռ կը բախէ, դեռ նա շունչ ունի եւ այն ժամանակ պիտի շարժի, վերականգնի երբ իր ժիր զաւակներն, բանուոր, արհեստաւոր, մշակ, վաճառական, գիտուն, հարուստ, որ այժմ օտար աստղերու տակ կը տառապին եւ կը չքանան, որ հայրենի երկրին անուշութիւններն ու թաքուն գանձերը կ՚անգիտնան, օտար աշխարներ իրենց գիտութեամբ, ճարտարութեամբ ու հարստութեամբ կը ճոխացնեն, խմբովին վերադառնան հայրենիք»:

Մամուրեանի խրատը մէկն էր. «Անձիդ պէս սիրէ հայութիւնն ու Հայաստանը». տակաւին ան նոյնիսկ կ՚ուզէր, որ հայը հայութիւնն ու Հայաստանը քիչ մը իր անձէն աւելի ալ սիրէ. «Անգլիական նամականի» աշխատութիւնը կարդացողը պիտի գիտնայ, թէ ինչպէս գրութեան հերոսը հայրենիքը աւելի կարեւորեց՝ քան իր սիրտն ու սիրած աղջիկը եւ առաջնահերթութիւնը տուաւ հայրենիքին. այս երեւոյթին դիմաց սիրածը կ՚արտայայտուի ըսելով. «Շատ աւելի կը սիրէ ու կը յարգէ հօրենական կտակ, ազգային օրէնք, հայութեան սովորոյթը քան զիս...». Մամուրեան նման ծայրայեղ հայեր կ՚ուզէր տեսնել, որովհետեւ միա՛կ ծայրայեղութիւնը որ անվնաս է՝ ազգասիրութիւնն է:

Իսկ թէ ինչո՞ւ համար գրութիւնը կը կոչուի «Անգլիական նամականի», պատասխանը պարզ է... Մամուրեան կը հաւատար, որ եթէ ան նոյնիսկ օտար ազգի մէջ ծնած ըլլար, որպէսզի իր սեփական հայրենիքը կ՚ընտրէր դարձեալ Հայաստանը, որովհետեւ անոր աչքին հայրենիքը այնքան վեհ ու սուրբ էր, որ օտարներ նոյնիսկ պարտէին սիրահարիլ եւ կապուածութիւն ունենալ այն հողին, որ բարեբախտաբար իր սեփական հայրենիքն էր:

Մամուրեանի նման ծայրայեղ հայերու կարիքը ունինք այսօր...:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Օր պիտի գա՞յ որ արհեստական բանականութիւնը ունենայ նաեւ զգացում:

Պատասխան. Արհեստական բանականութիւնը կրնայ նմանակել մարդկային զգացումները, ճանչնալով անոր արձագանգներն ու օրինաչափերը, սակայն իրականութեան մէջ չի կրնար իրապէս զգալ այդ զգացումները այնպէս, ինչպէս կը զգան մարդիկ: Արհեստական բանականութիւնը կը գործէ տեղեկութիւններու հիման վրայ եւ զուրկ է գիտակցութենէ, որոնք անհրաժեշտ են զգալու համար զգացումները. սակայն ժամանակի ընթացքին զարգանալով կրնայ աւելի համոզիչ ու վարպետօրէն ընդօրինակել մարդկային յուզումի արձագանգները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2024