«ԿՈՉՈ՛ՒՄ ԶԳԱԼ» ԵՒ ԿԱՄ «ՊԱՀԱՆՋՔ ՈՒ ՀԱՐԿ ԶԳԱԼ»
Անկեղծութիւնը եւ նուիրումը կը պահանջէ կարգ մը զոհողութիւններ եւ հրաժարումներ ներկայ վիճակէն։
Իսկական իմաստով՝ անկեղծ նուիրումը այն է՝ որ երբ մարդ ծառայութեան մը կը լծուի, ստիպուած ըլլալուն եւ կամ որեւէ կարիքը բաւարարելու, գոհացնելու համար չէ՛ որ կը կատարէ, այլ իրական իմաստով ուրիշին օգտակար ըլլալու նպատակով կը շարժի։ Բայց ընդհանրապէս մարդիկ ո՛չ թէ «ծառայասէր» են, այլ մանաւանդ «ծառայասէր» երեւելու, այնպէս ճանչցուելու մարմաջը ունին։
Ուստի կարենալ հրաժարիլ ամէն աշխարհիկ արժէքներէ եւ մէկ կողմ թողուլ ամէն յարգ ու պատիւ, դիրք եւ աստիճան, յետոյ լծուիլ ծառայութեան՝ ահաւասիկ իսկական «կոչում»ը ա՛յս է, իսկական նուիրումը, որ միայն մէկ նպատակ ունի՝ ծառայել եւ օգտակար հանդիսանալ։
Անշուշտ աշխարհասէր եւ կենցաղասէր մարդոց համար «օտար» եւ «անծանօթ» գաղափար մըն է այս մէկը։ Բայց հոգեւոր իմաստով անհրաժեշտութիւն մը, եւ հարկադրանք մըն է հրաժարումը աշխարհիկ արժէքներէ, եթէ նոյնիսկ մասամբ չափով։ Եւ այս պարտադրանքը ամենէն աւելի զգալի է «հոգեւորական»ի կոչումը զգալ կարծողներուն համար։ Ուստի «կոչում զգալ»ը պէտք չէ՛ շփոթել «պէտք զգալ»ու՝ կարիքը զգալու, իր նեղ կացութենէն փրկուելու որպէս միջոց ընդունելու սխալանքին հետ։ Արդարեւ իսկական «կոչում»ը այն է՝ որ մէկը կը հրաժարի իր ունեցած ամէն դիրք ու աստիճանէն, կը զոհէ ամէն շահ եւ հարստութիւն, նոյնիսկ գիտական տիտղոս եւ պատուանուն, հանգամանք եւ իրաւասութիւն եւ անկեղծ սրտով կը ստանայ միա՛յն հոգեւորականի հանգամանք։ Եւ եթէ ունի ուսում եւ գիտութիւն, ան ալ պէտք է տրամադրէ ծառայութեան եւ այդպէս ըլլայ հոգեմտաւորական մը՝ ազնուացնելու համար հոգիներ, զարգացնելու համար միտքեր…։
Եւ ճշմարիտ ու անկեղծ ծառայութիւնը ա՛յս է։
Յիսուս կատարեալ ըլլալու մասին սապէս կ՚ըսէ.
«Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛, ինչ որ ունիս՝ ծախէ եւ աղքատներուն տուր. այդպիսով երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, եւ յետոյ՝ հետեւէ՛ ինծի» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 21)։
Ուրանալ ամէն արժէք, ամէն բան, որ կը պատկանի աշխարհի, եւ նուիրուիլ հոգեւոր ծառայութեան, մարդասիրական բարեգործութիւններու, եւ ահաւասիկ իսկական նուիրումը, իսկական ծառայութիւնը, իսկական «հոգեւորականութիւն»ը այս է։ Անշուշտ ասիկա աշխարհէն, աշխարհայինէն բոլորովին հեռանալ չի նշանակեր, այլ կարեւորը՝ աշխարհի վրայ ապրիլ եւ հոգեւոր կարենալ ըլլալն է, քանի որ ծառայութիւնը աշխարհի՛ վրայ պիտի կատարուի։
Պահ մը անկեղծօրէն խորհինք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. քանի՞ հոգի արդեօք կարելի է հաշուել անոնք՝ որ իսկական «կոչում»ի պատճառով հոգեւորական կը դառնան եւ կամ կը փորձեն եկեղեցւոյ ծառայել, երբ ունին լաւ դիրք, արդիւնաբեր ասպարէզ՝ արհեստ, որ լաւ շահ կ՚ապահովէ իրենց, եւ ամէն ինչ կարգին կ՚ընթանայ իրենց կեանքին մէջ։ Չէ՞ք խորհիր բո՛ւն պատճառը, երբ տարինե՜ր վերջ, յանկարծ ոմանք «հոգեւորական» դառնալ կը փորձեն։ Ինչպէս ըսինք, երբ ամէն ինչ կարգին է, լաւ կեանք մը կ՚ապրին, որեւէ գանգատ եւ դժգոհութիւն չունին իրենց կեանքին մէջ եւ հակառակ ամէն լաւ պայմանի՝ հոգեւորական դառնալ, հոգեւոր ծառայութեան կը նուիրուին ոմանք, ահաւասիկ անոնք իսկական իմաստով «կոչում զգացած» են եւ իրաւ հոգեւորական ըլլալու թեկնածու են։ Եւ ինչպէս յաճախ կ՚ըսենք՝ անոնք են որ ո՛չ թէ շնորհ մը ընելու, այլ եւ շնորհ ընդունելու մտադրուած են։ Անոնք են, որ արժանի են «հոգեւորակա՛ն» կոչուելու։ Յարգա՜նք այդպիսիներուն։
Բայց անոնք, որ գոնէ աւելի դիւրակեցիկ կեանք մը ապրելու, եւ կամ իրենց դիրքը բարեփոխելու, բարւոքելու, դիւրին ապրելու մտադրութեամբ հոգեւորականի տարազ կրել կը փորձեն՝ անոնք արժանի չեն երբե՛ք այդ շնորհը ընդունելու։ Անոնք պէտք է լա՛ւ գիտնան, թէ Եկեղեցին անկիւնաքար մը չէ՛ հանգիստ եւ դիւրին կեանք մը վայելելու…։
Եկեղեցական որեւէ կարգ կամ աստիճան միջոց պէտք չէ՛ համարուի՝ աշխարհիկ կեանքի մէջ չունեցածներուն տիրանալու՝ ո՛չ նիւթական, ոչ ալ բարոյական մարզի մէջ։
Աշխարհիկ կեանքի մէջ պակսած յարգը եւ պատիւը Եկեղեցին փնտռել, Եկեղեցիի միջոցով բարոյական գոհացում ստանալ փորձել՝ պարզապէս կեղծաւորութի՛ւն է՝ արուեստական դէմք գործածել, կեղծ կերպարանք ցոյց տալ։ Մէկ խօսքով՝ խաբէութիւն, խարդախութիւն եւ նենգութիւն՝ թէ՛ Աստուծոյ, թէ՛ Եկեղեցիին, այսինքն ժողովուրդին հանդէպ։ Ուստի պէտք չէ՛ առիթ տալ այդպիսիներուն, որ շահագործեն Եկեղեցին, այսինքն ժողովուրդը, որ պիտի վստահի իրենց…։
Երբ կ՚ըսենք «հոգեւորական», կը գործածենք իր ամենալայն առումով, եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողներուն, պաշտօնեաներուն եւ անշուշտ նեղ առումով բոլոր եկեղեցականներուն համար։ Եւ ի՜նչ օգուտ կարելի է սպասել մէկէ մը՝ որ պարզապէս նիւթականի ակնկալութեամբ եւ կամ իրմէ պակսած յարգ ու պատիւը վայելելու համար հոգեւոր ծառայութեան կը լծուի։ Եւ դարձեալ ի՜նչ օգուտ կարելի է քաղել մէկէ մը՝ որ եկեղեցական աստիճան կ՚ընդունի հազար ու մէկ խնդրանքով եւ ստանալէն յետոյ կը զլանայ կատարել իր պարտականութիւնը, եւ զանազան պատրուակներ ստեղծելով ինքզինք արդարացնելու կ՚աշխատի եւ երբեմն ալ անպատասխանատուութեան ափսոսալի օրինակ մը ցոյց տալով, տեղեկութիւն իսկ տալու պահանջքը չի զգար իր գերադաս պատասխանատուներուն։
Այսպիսի անպատասխանատու եւ անպարտաճանաչ իբր թէ Եկեղեցիի ծառայողներուն տրուած ամենափոքր աստիճանը իսկ անիրաւ ու անարդար տուչութիւն մըն է։
Կայ աւելին՝ անիրաւ կերպով ստացուած աստիճանը չի՛ գոհացներ ենթական, եւ աւելի բարձր աստիճաններու կը ձգտի, կ՚ուզէ, որ աւելիին տիրանայ։ Եթէ հարցնես, կ՚ըսէ, թէ երբ աւելի բարձր աստիճան ունենայ, իր յարգը ու պատիւը կ՚աւելնայ։ Ո՜վ խեղճ, բան մը որ արդէն կը պակսի իրմէ՝ ապա ինչպէ՞ս պիտի աւելնայ…։
Ոմանք ա՛լ աւելիին կը ձգտին՝ առանց նայելու իրենց վիճակին. ո՛չ իրենց կենցաղը, ո՛չ կեցուածքը չ՚արտօներ, որ աւելին ունենայ, քանի որ աւելին ունենալու համար պէտք է նախ առաւելութիւն ունենայ մէկը, յետոյ իր կեցուածքով «տիպար» ըլլայ, լաւ օրինակ ըլլայ ժողովուրդին՝ ի՛նչ որ անյարմար է անոնց կենցաղը, կեցուածքը, ընդհանուր գիտելիքը։ Այդպիսիներ կը կարծեն ձեւապաշտութիւնը կը փրկէ զիրենք, բայց չեն կրնար խաբել իրենց շուրջիններէն բաղկացած խումբը, թերեւս միայն իրենք զիրենք եւ մի քանի միամիտ, պարզամիտ «կոյր»եր…։ Այդպիսիներ իրենք զիրենք Եկեղեցւոյ տէրը կարծելու յաւակնոտութիւնը ունին, մինչդեռ Եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողներ՝ մինչեւ ամենաբարձր աստիճան՝ Եկեղեցւոյ անդամներն են միա՛յն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 13, 2015, Իսթանպուլ