ԵՐԿԻՒՂԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Երկիւղ»ը կը լրացնէ եւ իր կատարելութեան կը հասցնէ առաքինութիւնները։ Ան, մարդը կը դարձնէ հլու՝ հնազանդելու համար փութկոտութեամբ ճշմարտութեան, այսինքն աստուածային ներշնչումներուն։

Բայց «երկիւղ»ը անգիտակից հպատակութիւն մը չէ երբեք, այլ՝ հոգիին եւ մտքին միատեղ եւ ներդաշնակ գործակցութեան բնական մէկ արդիւնքը։

Արդարեւ, երկիւղը Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւներէն մին է՝ իմաստութեան, հանճարին, խրատին, զօրութեան, գիտութեան եւ աստուածպաշտութեան հետ՝ որոնք իրար կը լրացնեն եւ մարդը կ՚առաջնորդեն կատարելութեան՝ որուն կոչուած է ան։

Երկիւղը առաքինութեան շիտակ ճամբան է. իսկ առաքինութիւնը ունակական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։ Ուրեմն կը հետեւի թէ՝ երկիւղը բարին գործելու միջոցներէն մէկն է եւ թէ կարեւորագոյնը։

Երկիւղը, իր ընդհանուր առումով, կը նշանակէ «ակնածանք գերազանցապէս նուիրական արժէքներու նկատմամբ»։ Եւ այս իմաստով, երկիւղը ո՛չ թէ ժխտական ազդեցութիւն մը, այլ դրական եւ շինիչ ազդեցութիւն մը կը գործէ մարդուս վրայ։ Երկիւղը երբեք չէզոք ըլլալ, անշարժ եւ անգործ ըլլալ չի նշանակեր, այլ ընդհակառակը՝ մարդս գործի, աշխատութեան կ՚առաջնորդէ միշտ դէպի բարին, միշտ դէպի լա՛ւը…։

Եւ այս ուղղութեամբ, ներկայ ժամանակներու ամենատխուր յատկանիշներէն մին է թեթեւաբարոյութիւնը դժբախտաբար։ Երկիւղը, երկիւղածութիւնը կը պակսի ընդհանրապէս եւ ասիկա պատճառ կ՚ըլլայ ամլութեան՝ որուն չեն անդրադառնար դժբախտաբար ենթականեր։ Տեսնուածը այն է, որ ո՛չ մէկ երկիւղածութիւն կը ցուցաբերուի սուրբ բաներու հանդէպ։

Այսօր բացառութիւն կը կազմեն անոնք՝ որոնք երկիւղածութիւն եւ ակնածանք ունին պաշտամունքներու հանդէպ։ Եւ դժբախտաբար շատեր կը վկայեն այս տխուր իրականութեան։ Հոգեւոր արժէքներ անտեսուած են եսամոլութեան, նիւթապաշտութեան, ինքնահաւանութեան տարածման պատճառով։ Շատեր անտարբեր՝ կ՚անտեսեն ամէն հոգեւոր արժէք. «սուրբ» բառը, շատերու համար կորսնցուցած կ՚երեւի իր արժէքը։

Յաճախ կը տեսնուին եկեղեցիներու դուռը յամեցող բազմութիւններ։ Թէեւ այս օրերուն, ներկայ համավարակի պատճառով, դժբախտաբար այդ ալ տեսնել կարելի չէ, բայց այդ բազմութեան աղմուկը, կատակները եւ պաշտամունքի հանդէպ անտարբեր կեցուածքը կարծել կու տար, որ այդ բազմութիւնը ո՛չ թէ պաշտամունքի, այլ պարզ հանդէսէ մը դուրս եկած է…։ Երկիւղածութեան պակասին նկա՛րն է ասիկա ահաւասիկ։

Ոմանք ալ տաճար կը մտնեն դեռ իրենց խօսակցութիւնը եւ խնդուքը չդադրած. երբեմն անպատկառ նստուածք, փսփսուք, ակնարկութիւններ, ամէն դուռ բացուելուն ետեւ դառնալ մեծ հետաքրքրութեամբ թէ ո՛վ է եկողը, եւ ուրիշ անպատշաճ երեւոյթներ, որոնք պաշտամունքի վեհութեան եւ խորհուրդին հետ բոլորովին խոտոր կը համեմատին։ Այս բոլորը թերեւս անկարեւոր նկատուին շատերու կողմէ, բայց ախտանիշներ են երկիւղածութեան պակասին՝ մտացիր եւ անպատրաստ հոգեկան վիճակին։

Հոգեւոր կեանքի ամլութեան կարեւոր մէկ պատճառն է. երկիւղածութեան պակասը…։

Աստուծոյ անունին հանդէպ ակնածանքը արտայայտութիւնն է այն երկիւղին, այն ակնածանքին, զոր կը պարինք Իր իսկ խորհուրդին եւ ամէն նուիրական իրականութեան, որուն յիշեցումն է Ի՛նք։ Ուստի, նուիրականին զգացողութիւնը կախեալ է կրօնի առաքինութենէն։

Ճոն Հենրի Նիուման այս մասին կ՚ըսէ. «Արդեօք երկիւղին եւ նուիրականին զգացումները քրիստոնեա՞յ զգացումներ են։ Ո՛չ ոք կարող է տրամաբանօրէն տարակուսիլ այս մասին։ Այս զգացումները մենք բարձրագոյն չափով պիտի զգայինք, եթէ Աստուծոյ վսեմութեան տեսութիւնը ունենայինք։ Այս զգացումները, մենք պիտի զգայինք, եթէ կարենայինք անոր ներկայութիւնը մեզի շօշափելի դարձնել։ Մենք զանոնք զգալու ենք, որ չափով մը՝ այսինքն այն չափով որ կը հաւատանք, թէ Աստուած ներկա՛յ է։ Այդ զգացումները չունենալ, կը նշանակէ ամենեւին չգիտակցիլ, ամենեւին չհաւատալ, թէ Ան ներկա՛յ է»։

Արդէն երբ մարդ կը զգայ Աստուծոյ ներկայութիւնը, ինքնաբերաբար կը զգայ ակնածանքի՝ երկիւղի զգացումը։ Ո՛չ թէ վախ, այլ՝ ակնածա՛նք։

Ճշմարիտ եւ անկեղծ «հաւատացեալ»ը պարտի վկայել Տիրոջ անունին, Տիրոջ ներկայութեան՝ դաւանելով իր հաւատքը առանց տեղի տալու վախի։ Արդէն հոն՝ ուր սէր կայ, հոն՝ ուր ակնածանք կայ, հոն վախը երբեք տեղ չունի։

Արդարեւ, յարգանքը իր արմատները ունի Աստուծոյ երկիւղին մէջ, որ մէկն է Սուրբ Հոգիին պարգեւներէն, ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ։

Ուստի երկիւղը կը նպաստէ ամբողջ կեանքին ներդաշնակութեան եւ կը կանոնաւորէ յարաբերութիւնները։ Յարգանքը՝ երկիւղը եւ ակնածանքը կը ճառագայթէ հոգեւոր կեանքի, ինչպէս նաեւ ընկերային ամբողջ միջավայրին վրայ։ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Իրար հանդուրժեցէ՛ք սիրով, ամենայն խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ» (ԵՓՍ. Դ 2)։ Եւ իր ամենալայն իմաստով երկիւղը կը ստեղծէ սէրը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը եւ համբերութիւնը։

Ամենէն հիմնական կիրքը սէ՛րն է, որ կը դրդուի բարիին հմայքէն։ Սէրը կը պատճառէ բացակայ բարիին բաղձանքը եւ զայն ստանալու յոյսը։ Իսկ չարին անդոհը ատելութիւն եւ խորշանք կը պատճառէ, գալիք չարիքն ալ՝ վա՛խ։ Եւ երկիւղը կը հաւասարակշռէ բոլոր այս կիրքերը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 12, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2020