ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Աւետարանի մէջ երեք «կորսուած»ներու առակը ծանօթ է ամէնքիս։ Մատթէոս եւ Ղուկաս Աւետարանիչներ կը վկայեն Յիսուսի այս երեք առակներուն։
Այս երեք «կորսուած»ներն են՝ կորսուած ոչխարը, կորսուած դրամը եւ անառակութեանը պատճառով կորսուած որդին։ Երեքն ալ կորուստներ են՝ որ ցաւ ու վիշտ կը պատճառեն կորսնցնողին։ Հոս ո՛չ թէ կորսուածը, այլ կորսնցնողն է որ կը նեղուի, կը մտատանջուի՝ ցաւ կը զգայ։ Հետաքրքրական է, որ այս երեք կորսուածներուն էութիւնը տարբեր է՝ ոչխարը անբան անասուն մը՝ կենդանի մըն է, դրամը անկենդան իր մըն է, իսկ որդին՝ բանաւոր կենդանի մը, այսինքն մա՛րդ մըն է։ Եւ նոյնքան հետաքրքրական է՝ որ կորսնցնողները, երեքն ալ մարդ են, ոչխարը եւ որդին կորսնցնողները՝ այր մարդ, իսկ անկենդան իրը՝ դրամը կորսնցնողը՝ կին մարդ մը։
Արդարեւ պատահական չէ, որ անասուն եւ բանականասուն կենդանի կորսնցնողները այր մարդ են, իսկ անկենդան իրը կորսնցնողը՝ կին մա՛րդ։
Ուստի կորուստը, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր էութիւնը, «կորո՛ւստ» է, իմաստութիւն է ընդառաջ չերթալ դէպի կորուստ, իսկ աւելի մեծ իմաստութիւն է փորձառութիւնը հեղինակութեան վերածել քան բո՛րբ երեւակայութեան մը պատրանքներուն։ Քանի որ եթէ ապրուած կեանքեր «արժէք» մը ունին, եթէ փորձառութիւններ, որոնք մեծ գնով գնուած են, պիտի դիւրացնեն մարդոց աշխատանքն ու վազքը, եթէ օգտակար է որ մարդիկ, հնար եղած չափով, նուազ կորսնցնեն իրենց թանկագին ու անփոխարինելի դրամագլուխներէն, կը հետեւի որ վնասակար է յամառիլ սխալներու մէջ եւ վերադարձ չընել դէպի շիտակ ճամբան։ Յաւակնոտութիւնը եւ սխալները տեսնելէ ետքը՝ յարատեւութիւնը ատոնց մէջ, առանց այլեւայլի կը հանդիպին դժբախտութեան։ Արդարեւ սխալին մէջ յամառիլ՝ կորուստներու գլխաւոր պատճառներէն մի՛ն է։
Եւ աւելի խոհեմութիւն է չկորսնցնելու համար պէտք եղած հոգը տանիլ, քան թէ՝ կորսնցնելէ ետք կորսուածը փնտռելու լծուիլ։
Կորուստը կանխելու համար ջանալ աւելի՛ բանական է, քան կորուստի մը ցաւիլ։
Զոր օրինակ, կորսուած ոչխարի առակին մէջ կը դիտենք «մարդկային հարստութեան մէկ մասին վտանգումէն զգացուող վիշտ»ը, թէ՛ պատասխանատուութեան եւ թէ՛ կորուստի արժէքին տեսակէտով։
Հովիւը երբ կը կորսնցնէ մէկ ոչխարը, կը թողու իննսունինը եւ կ՚երթայ կորսուածը փնտռելու եւ երբ յաջողի գտնել զայն, իր ուսերուն վրայ՝ կը բերէ միացնել, հօտը՝ ամբողջացնելու համար պակասը։ Եւ ուրեմն հովիւին ուրախութիւնը կատարեալ է, քանի որ ո՛չ միայն իր հովիւի պատասխանատուութենէն ազատեցաւ, այլ նաեւ կ՚ենդանի մը փրկեց վտանգէ մը, վնասէ մը։ Ա՛յս է պատճառը, ահաւասիկ, որ հովիւը կ՚ուրախանայ։ Կորսուածը գտնուեցա՛ւ։
Կորսուածին արժէքը կարեւոր չէ. որպէս կորուստ անոր արժէքը, մանաւանդ կորսնցնողին դիրքին համեմատ մեծ նշանակութիւն ունի։
Մարդիկ, ընդհանրապէս տկա՛ր են իրենց ստացուածներուն, իրենց սեփականութիւններուն նկատմամբ, անոնց համար, չեն դիմանար անոնց վնասին, այսինքն՝ ցաւ ու վիշտ, կսկիծ կը զգան որեւէ չափով։ Իսկ երբ կորսուածը գտնեն՝ կը փարատի վիշտը եւ կսկիծը, ուրախութիւնը ինքնաբերաբար կը յաջորդէ անոնց, եւ ուրախութիւնը կ՚ուզէ բաժնել եւ մասնակից ընել իր բարեկամները այս հրճուանքին։ Ուրախութեան զգացումը, որովհետեւ հետզհետէ տարածուելով կը բազմապատկուի։
Այս առակին մէջ կարելի է տեսնել «Քաջ Հովիւ»ը, Յիսուս Քրիսոտսը, մարդիկ կը կազմեն հօտը, իսկ կորսուածները՝ մոլորեալ մեղաւորները։
Իսկ «կորսուած դրամ»ի առակին մէջ, կը տեսնուի աղքատիկ եւ առանձին կնոջ մը տրտմութիւնը եւ յետոյ զգացած մեծ ուրախութիւնը։ Ուստի տեսարանը նո՛յնն է՝ հոս ալ կայ «կորուստ»ի պատճառած ցաւը եւ վիշտը եւ կորսուածը գտնելէ ետք ապրուած խնդութիւնը։
Խեղճ կինը տան մէջ կորսնցուցած է դրամը, թերեւս քիչ քանակութեամբ, բայց իրեն համար արժէք ներկայացնող չափով դրամ մը՝ որ գտնելու համար ջանք կը թափէ՝ լոյս կը վառէ, ամբողջ տունը կ՚աւլէ եւ վերջապէս կորսուած դրամը կը գտնէ։ Եւ գտնելէ ետք կ՚ուրախանայ եւ իր ուրախութիւնը կը բաժնէ իր դրացիներով եւ բարեկամներով։
Այս առակին մէջ «կորուստ»ը բոլորովին աննշան կրնայ երեւիլ, քանի որ հազիւ թէ մի քանի ղրուշի վրայ է խնդիրը։ Բայց աղքատիկ կնոջ մը համար ղրուշն ալ իր արժէքը ունի։ Եւ թերեւս բոլորովին աննպատակ կերպով չէ, որ կորսուած դրամի առակին մէջ «կին»ը յատկապէ՛ս մատնանիշ եղած է իբրեւ տէրը կորուստին։
Պատահական չէ այդ, քանի որ կիներ աւելի զգայուն են կորուստներու հանդէպ եւ աւելի՛ խնամոտ անոնց վերստին գիւտին՝ որչափ ալ չնչին ըլլայ կորուստը։
Այս առակէն կը հասկնանք, թէ մարդիկ ի՛նչ դասակարգի ալ պատկանին, ո՛րչափ ալ իրենց մէջ մեծի եւ պզտիկի խտիրներ դնեն, Աւետարանի համար տարբերութիւն չ՚ըներ. մարդկային ընկերութեան մէջ ամենէն յետին անհատն ալ եթէ «մեղաւոր» մըն է, այսինքն իր բարոյական ու հոգեւոր արժէքներէն մերկացած՝ մոլորեալ մը, կորսուած մը, եթէ վերստանայ զայն, ուրիշի մը չափազանց ջանքերուն շնորհիւ, ահաւասիկ ասիկա ուրախալի՜ իրողութիւն մըն է։
Եւ երբ կորուստներու մասին կը խօսինք, կ՚արժէ նկատի առնել ակնարկութիւն մը։ Երեք կորուստներն ալ՝ որդիին, ոչխարին եւ դրամին կորուստները իրենց արժէքները ունին, բայց կորուստներու ձեւը եւ եղանակը նոյն չեն։ Ուստի, անառակ որդին կը կորսուի իր իսկ խելքին իր անձնական պատասխանատուութեան տակ, քանի որ մարդը իմացական կարողութեամբ օժտուած՝ գիտէ թէ ի՛նչ կ՚ընէ, գիտակցութեամբ կ՚ընէ, ի՛նչ որ կը կատարէ։ Ոչխարը կը կորսուի իր կենդանական բնազդով, եթէ կ՚ուզէք ըսել՝ իր անասունի գիտակցութեամբ, բայց այս գիտակցութիւնը պատասխանատու չէ, քանի որ մարդուն նկատմամբ «անգիտակցութի՛ւն» է։ Այս կորուստին մէջ պատասխանատուն հովի՛ւն է՝ որ կը զգայ իր թերութիւնը եւ կը գտնէ կորսուածը։ Եւ վերջապէս դրամը կը կորսուի միայն անզգուշութեամբ, անուշադրութեամբ կամ անտարբերութեան պատճառով։ Դրամը անգործարանաւոր անկենդան մարմնի մը, իրի մը՝ մետաղի կտոր մըն է. ան զո՛ւրկ է թէ՛ մարդկային իմացական-զգացական կարողութիւններէն եւ թէ՛ անասնային բնազդէն կամ գիտակցութենէն. այնպէս որ դրամը երբ կը սահի մարդուս ձեռքէն, գլորիլը եւ որեւէ տեղ իյնալը իր բնութենէն չէ՛, այլ ուրիշի մը անզգուշութեան արդիւնքն է, հետեւաբար անոր գիւտը նոյնքան ուրախալի է իբրեւ արդիւնք խնամոտ ու ջանքով լեցուն փնտռտուքի։
Եւ մարդիկ պէտք է խորհին կորուստներու վրայ, թէ կեանքի մէջ ի՜նչ անպատասխանատու, սխալ որոշումներու, եւ երբեմն անտարբերութեան, անհոգութեան, անզգուշութեան պատճառով ի՜նչ կորուստներ ունեցած ենք եւ կ՚ունենանք առանց դաս առնելու նախորդ կորուստներուն պատճառած ցաւէն ու վիշտէն։ Մինչդեռ ցաւի եւ վշտի փորձառութիւնը ամենէն ազդու փորձառութիւնն է կեանքի մէջ։
Եւ անհրաժե՛շտ է՝ որ պէ՛տք է փնտռել ամէն «կորսուած» եւ գտնել զայն, որպէսզի երջանկութեան հասնի մարդ։ Ասոր համար պէտք է անշուշտ անդրադառնալ «կորսուած»ին, նկատել որ «պակաս» մը կայ մեր կեանքին մէջ, մեր բարոյական-հոգեւոր աշխարհին մէջ. նախ անդրադառնալ, յետոյ փնտռել եւ գտնել «կորսուած»ը՝ առանց նայելու անոր արժէքին, քանի որ ամէն «կորսուած» արժէ՛ք մըն է, պակաս մըն է, որ պէ՛տք է ամբողջանայ, կատարելագործուի եւ օգտագործուի։
Երանի՜ թէ կորուստներ չըլլային, բայց անխուսափելի՛ է այդ, ուրեմն մեզի կը մնայ զգոյշ ըլլալ, խնամքով փնտռել կորսուածը եւ գտնել զայն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 10, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/24/2024
- 12/24/2024