ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Տիեզերական պայքարի մէջ են մարդիկ՝ անվերջ պայքարի մը մէջ, անհատապէս եւ հաւաքապէս։ Մարդիկ կ՚ապրին «կեանք» մը միշտ երկունքով եւ պայքարով այն անտեսանելի ուժերուն դէմ՝ որոնք որեւէ կերպով կը փորձեն դժուարացնել կեանքը, արգելք հանդիսանալով երջանկութեան, որ ամենամեծ նպատա՛կն է մարդ էակին։

Պարտութենէ՝ յաղթութի՛ւն. այս է ահաւասիկ «կեանք»ը իր խորքովը, թէ՛ մահէն առաջ, թէ՛ մահէն յետոյ։ Այս իմաստով պարտութիւններու եւ յաղթութիւններու միջեւ տատանող, տարուբերուող իրականութիւն մըն է կեանքը։ Եւ եթէ «իրականութիւն» մըն է կեանքը, «երեւոյթ»ն է մահը։ Բնութիւնը ընդարձակ բեմն է այս իրականութեան, որ կը վերջանայ անխուսափելի «երեւոյթ»ով մը։ Ամենապարզ օրինակ մը ահաւասիկ. կանաչ տերեւ մը՝ որ միջոց մը վերջ կը դեղնի, բայց կը մնայ միշտ «տերեւ», կանաչ կամ դեղին։ Նախապէս կանաչ, ապա դեղնած կամ կարմրած տերեւը կ՚ըսէ. «կեանքը՝ կեա՛նք է, երբ գեղեցիկ է…»։ Կեանքը արդէն մա՛հ է, երբ գեղեցիկ չէ։ Արդարեւ, ժամանակի տարրը չէ որ կեանքին կու տայ իսկական սահմանը, հապա՝ իր նկարագի՛րն է, իր յատկութիւնը եւ պարունակութիւնը։

Ուստի կարեւոր չէ ո՛րքան ապրիլը, այլ՝ ի՛նչպէս ապրիլը։ Կարճ կեանք, կամ երկար կեանք - կարեւոր չէ. գեղեցի՞կ է կեանքը, երջանի՞կ է կեանքը, արդիւնաբե՞ր է կեանքը։ Գեղեցկութիւնն է, երջանկութիւնն է, արդիւնաբեր ըլլալն է կարեւորը եւ անոնք են յաւիտենականութեան ազդակները, եւ ո՛չ թէ տարիներու թիւը…։ Եւ եթէ կեանք մը յաւիտենականութեան յատկութիւնը ունի, «լաւ ապրուած կեանք» մըն է։

Այս իմաստով մահն ալ մարդուս համար «կերպարանափոխութիւն» մըն է. ժամանակի եւ միջոցի փոփոխութիւն մը, ուր պարունակութեան փոփոխութիւն չկա՛յ. միջուկը միշտ կեա՛նքն է, կեղեւն է որ կը փոխուի, ինչպէս ծրարի մը արտաքինը չի՛ կրնար փոխել ծրարին պարունակութիւնը։

Առաքեալը իւրայատուկ ոճով մը կ՚ըսէ. «Ամէնքս ալ պիտի փոխուինք…», եւ կ՚աւելցնէ, հաւաստելով թէ՝ այդ փոփոխութիւնը մահկանացուին՝ «անմահութեան մէջ է՝ անմահութիւն հագնելուն մէջ կը կայանայ…», ինչ որ կը նշանակէ կեանքին վճռականութի՛ւնը եւ տեւականութիւնը, կամ՝ իր իսկ բառերով. «յաղթութի՛ւն»ը։

Երանի՜ կեանքը միշտ յաղթութիւն ըլլար. ո՜ւր է որ «հոգիին երկինքը» միշտ կապոյտ եւ պայծառ, ջինջ ըլլար եւ այդպէս մնար, բայց ինչպէ՞ս մնայ, երբ հոն կը փչեն հովե՜ր եւ կը խռովեն տիրող խաղաղութիւնը, եւ հոն ալ տեսակ տեսակ հոգերու՝ նեղութիւններու եւ անձկութիւններու սեւ սեւ ամպեր կու գան, կը կուտակուին եւ կը ծանրացնեն ճնշումը մարդուս սրտին վրայ։ Հոգեր, մտահոգութիւններ, դժուարութիւններ…։ Կա՞յ ազատում։ Ո՛չ, այս կեանքին մէջ։ «Ազատութիւն»ը հոս յարաբերական է. երկի՛նքն է միայն բացարձակը։

Ուստի մարդկային կեանքին երջանկութեան մէկ կարեւոր բաժինը՝ թուականօրէն թերեւս երեք չորրորդը, կամ կէսը, գէթ մէկ երրորդը կախեալ է ուրիշներէ. անոնցմէ՝ որոնց հետ կ՚ապրի մարդ, կը շփուի, յարաբերութիւններ կը մշակէ, որոնց շրջանակին մէջ, եւ որոնց հետ կը գործէ։

Մարդուս կեանքը մեծ մասամբ ուրիշներու կեանքէն կախում ունի, նաեւ՝ երջանկութիւնը։

Բարիները եւ չարերը, օգտակարները եւ վնասակարները իրարու հետ խառնուած են. ուստի մարդ թէ՛ պիտի ուրախանայ եւ թէ՛ պիտի չարչարուի, թէ՛ պիտի վարձատրուի եւ թէ՛ պիտի տուժէ, պիտի պատժուի։ Ոմանք պիտի ժպտին, ոմանք ալ պիտի թթուին, խոժոռին քէնով, վրէժխնդրութեան, ոխի վատ զգացումներով պիտի լեցուին, ոմանք պիտի գովեն, քաջալերեն, ոմանք ալ՝ շարունակ գանգատին, խծբծեն, հալածեն… եւ կեանքը այսպէս պիտի շարունակէ իր ճամբան՝ երբեմն մութ, երբեմն լուսաւոր, երբեմն ճերմակ, երբեմն սեւ…։ Ահաւասիկ, ա՛յս է կեանքին անողոք օրէնքը։

Խռովայոյզ կեանքի մը մէջ մարդ որքա՞ն հոգեւոր անկախութիւն կրնայ ունենալ, եւ որքա՞ն բարոյական ազատութիւն, անկախութիւն կրնայ գործել մարդուս ընկերային շրջանակէն։ Եւ ա՛յդ է ահաւասիկ մեծագոյն յաղթանակը, երջանկութիւնը, զոր կրնայ ապրիլ մարդ։

Արդարեւ, ի՛նչ չափով որ մարդ իր անկախութիւնը կը պահէ մարդոցմէ, նո՛յն չափով ալ կախեալ կը մնայ Աստուծմէ։

Ահաւասի՛կ, այդ հաւասարակշռութիւնը, այդ ներդաշնակութիւնը կ՚ապահովէ երջանկութիւնը՝ այդ հաւասարակշռութեան մէ՛ջ է որ մարդուս հոգիին երկինքն ալ համեմատաբար «կապոյտ» պիտի մնայ՝ պայծառ եւ ջի՛նջ։

Աւա՜ղ սակայն որ երկնակամարը երկար ատեն չի պահեր իր անբիծ կապոյտը, քանի որ հովերը՝ հեռաւոր հորիզոններէն կը քշեն, կը բերեն սեւ սեւ ամպեր, որոնք կը քօղարկեն երկինքի կապոյտ, պայծառ եւ ջինջ դէմքը, եւ կը ծամածռեն, կը խոժոռացնեն զայն։ Եթէ աչերէ ծածկուի երկինքի կապոյտը, երբեք չի սրբուիր անոր հարազատ գոյնը, ան կը մնայ հոն անայլայլ, թէեւ ամպեր՝ գորշագոյն փռոց մը տարածեն անոր երեսը։ Եւ որքա՜ն մխիթարակա՛ն է այս իրականութիւնը մարդուս համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկետմբեր 10, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2019