ԱՊԵՐԱԽՏ՝ ՍԱԿԱՅՆ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ

Երբեւէ մտածա՞ծ էք, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին, ինչպէս նաեւ լոյս տեսնող բոլոր թերթերուն մէջ հրատարակուող նիւթերն ու յօդուածները երկինքէն չեն որ կու գան, այլ կը պահանջեն ժամանակ, միտք, տրամաբանութիւն, կեդրոնացում եւ ուսումնասիրութիւն: Այն յօդուածը, որ մարդիկ յաճախ վերնագիրը նայելով կ՚անցնին, հաւանաբար ծնունդը ըլլայ անքուն գիշերուան մը:

  Դժբախտաբար մարդիկ շատ անգամ մամուլի սպասաւորներու եւ կրթական մշակներու մասին այն կարծիքը կ՚ունենան, թէ անոնց կատարածը «բան մը չէ». ի՜նչ դիւրին գործ: Մարդիկ այսօր չեն կրնար զանազանութիւն դնել մարմնական եւ մտային յոգնածութիւն պահանջող աշխատանքներուն. բանուորը իր բազուկներն ու մկանները կը յոգնեցնէ, իսկ լրագրողն ու յօդուածագիրը իր ուղեղն ու միտքը, որ կրնայ քրտինք չպատճառել, սակայն բանուորի մը չափ յոգնածութիւն տալ:

Այս բոլոր թիւր համոզումներու պատճառով է, որ յաճախ այս աշխատանքը կը կոչենք «ապերախտ» գործ: Այդ ապերախտութեան դէմ իր 1 յունուար 1954-ին գրած մէկ նամակին մէջ պոռթկում մը ունեցած է գրող, ուսուցիչ, մանկավարժ ու հայագէտ Բիւզանդ Եղիայեան:

«Հաւանաբար իմ կրած սա մէկ զգացումս անցնող օրերու մասին ուրիշներ եւս ունեցած ըլլան: Հակառակ իրողութեան որ ես ինքզինքս բաւական զբաղած մարդ կը կարծեմ - եւ թերեւս ալ եմ, քանի որ առաւօտեան ժամը 6-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10 միշտ գործ մը ընելու վրայ կը գտնուիմ - հակառակ այսքան վազվզուքի եւ աշխատանքի, ես յաճախ՝ ուշ երեկոյին՝ ափսոսանք մը զգացած եմ սիրտիս խորը, թէ ես իմ օրս ապարդիւն անցուցած եմ: Կա՛մ չափէն աւելի կարեւորութիւն տուած եմ գործի մը, խօսքի մը աննշան մէկ մանրամասնութեան, կամ անձիս զլացած եմ օրուան պահիկ մը հանգիստը, կամ կտոր մը ժամանցը. կամ ուրիշներուն այնքան տուած եմ՝ որ ինծի բաժին չէ մնացած իմ ունեցածէս:

«Ես երբեմն յանդիմանած ալ եմ ինքզինքս՝ թէ զեղչած եմ անհրաժեշտը ինծի համար, ապահովել ջանալով անկարեւորը ուրիշներուն համար: Դասարանի մը աւելի նիւթ հայթայթելու համար՝ մոռցած եմ ճաշելը. խմբագիրն ու ընթերցողը գոհացնելու համար յետաձգած եմ ատամնաբոյժի ժամադրութիւնս. բեմի մը աւելի ծառայելու համար զոհած եմ ընտանեկան պտոյտի օրս: Ուրիշներէն չեմ ակնկալած, բայց ես ալ չեմ գիտցած իմ «հոգիիս յարգը»: Եւ սա պահուս անդրադառնալով այս բոլորին՝ ես կը հասնիմ այն մտածումին, թէ ըրածս պարզապէս կորսնցնել է եղած պատեհութիւններ որոնք կեանքը միայն մէկ անգամ կու տայ մեզի»:

Եղիայեանի ամենէն աւելի ցաւ պատճառողը այս զգացումն է «ապահովել ջանալով անկարեւորը ուրիշներուն համար». շա՜տ են այսօր գիր-գրականութեան, մամուլի եւ հրատարակութեան գործը անկարեւոր նկատողները. դժբախտաբար մեծամասնութի՛ւն են անոնք: Այդ «անկարեւոր»ին համար մենք մեր կարեւորը՝ մեր ժամանակը կը տրամադրենք. եւ օր կու գայ երբ ետեւ նայինք կը տեսնենք, թէ տուած ենք ամէ՛ն ինչ, դիմացը ոչինչէն աւելի վատը՝ անտարբերութիւն ստանալով:

Հակառակ այս բոլոր անկեղծ արտայայտութիւններուն ու տրտունջին, Եղիայեան երբեւէ չդադրեցաւ գրելէ, ուսուցանելէ, դասախօսելէ ու գործելէ: Արդարացի է անոր պոռթկումը. այսօր բոլորս ալ կ՚ունենանք յոգնածութեան այն պահը, ուր կանգ առնելով ետեւ կը նայինք, արժեւորելու համար մեր ըրածներն ու չըրածները: Այո՛, ապերախտ գործ է գիր-գրականութեան ծառայելը, սակայն ապրում ու նուիրում է: Հաւանաբար Երուանդ Օտեան կամ Պարոնեան եթէ զբաղուէին վաճառականութեամբ՝ մեծահարուստներ դառնային, սակայն անոնք գերադաս նկատեցին ապերախտ գործը, որովհետեւ նուիրում է այդ մէկը:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հինգշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2021 թուականի խմբագրականին մէջ կարդացինք օրաթերթին դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրներուն ու նեղութեան մասին, սակայն նոյն այդ նուիրումն ու սէրն է, որ կը շարունակէ կանգուն պահել այս թերթը: Նշեալ խմբագրականը եւս կատարուած նուիրումի մը հանդէպ եղած անտեսումին ու անտարբերութեան դէմ գոյացած պոռթկում ու տրտունջ չէ՞ր: Այդ բոլորը հոգիներն ու սիրտը կը խռովեցնեն, սակայն չեն կրնար արգելք հանդիսանալ այն նուիրումին, որու շնորհիւ կը շարունակէ ծնունդ առնել թերթը, գրականութիւնն ու մշակոյթը:

Բայց ի՞նչ կրնանք ընել. չէ՞ որ մենք ա՛յն ազգն ենք, որ իր մշակները աղքատութեան, անտարբերութեան կը մատնենք, մեռնելէ ետք զինք մեծարելու երաշխիքով: Մեր քով կենդանի մշակը արժէք չունի. մշակին մահացածն է արժէքաւորը: Մենք այն ազգն ենք, որ ողջութեան կը սպանենք, իսկ մեռելութեան ժամանակ կենդանացնել կը փորձենք: Կենդանութեան անտո՛ւն կ՚ապրեցնենք, սակայն յետ մահու անոր անունով փողոցներ կ՚անուանենք: Իր կեանքի ընթացքը խեղճ, սակայն գերեզմանը փառաւո՜ր կը շինենք:

Հակառակ այս բոլորին, վստահ ենք, որ մի՛շտ ալ պիտի գտնուին խենթեր, որ հակառակ աղմուկին, հակառակ անտարբերութեան ու դժուարութիւններուն, պիտի շարունակեն ծառայել ա՛յն նպատակներուն՝ որոնց հանդէպ անխախտ հաւատք ու համոզում ունին:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
(1941-1998)

Մեր թուականէն 23 տարիներ առաջ՝ 17 դեկտեմբեր 1998-ին, Երեւանի մէջ մահացած է լեզուաբան եւ մանկավարժ Վիգէն Աւագեան:

Աւագեան ծնած է 4 օգոստոս 1941-ին, Տաւուշի մարզի Կողբ գիւղին մէջ. նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրոցէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1959 թուականին: Աւարտելէ ետք դպրոցական ուսումը ընդունուած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի Պատմական-լեզուագիտական բաժինը: Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք, Աւագեան 1964-ին ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն, հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդելով Նոյեմբերեանի շրջանի Բագրատաշէն աւանի միջնակարգ դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ 1967 թուականին սկսած է աշխատիլ Երեւանի Պետական համալսարանի «Երիտասարդ Գիտաշխատող» հանդէսին մէջ, իսկ 1968-ին լեզուաբանութեան գիտահետազօտական խումբին մէջ պաշտօնավարած է իբր կրտսեր գիտաշխատող, միաժամանակ մայրենի լեզու դասաւանդելով բանասիրական համալսարանի աշակերտներուն:

Աւագեան 1971 թուականին ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրադարանի բարբառներու բաժնի վարիչի պաշտօնը:

Պաշտպանելով իր «Ժամանակակից հայերէնի եղանակաւորիչ բառերը» նիւթով թեզը՝ 1972-ին արժանացած է Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու կոչումին:

Աւագեան 1973 թուականին աշխատանքի հրաւիրուած է ուսուցիչներու կատարելագործման Հանրապետական հիմնարկ, որպէս երեկոյեան դպրոցներու բաժնի պատասխանատու, որմէ անմիջապէս ետք ստանձնած է Վանաձորի մանկավարժական համալսարանի հայոց լեզուի ամպիոնի աւագ դասախօսի պաշտօնը: Աւագեան 1988 թուականին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովրդական կրթութեան նախարարութեան ծրագիրներու բաժնի պետ, որմէ տարի մը ետք՝ 1989-1998 թուականներուն ստանձնած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժնի հայոց լեզուի ուսուցչութիւնը: Եղած է Հանրապետական հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի հաղորդավար, ներկայացնելով «Զրոյցներ հայոց լեզուի մասին» հաղորդաշարը:

Աւագեան հեղինակ է ուսումնասիրական յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են զանազան մանկավարժական հանդէսներու մէջ, ինչպէս նաեւ առանձին հատորներով. ինչպէս՝ «Եղանակաւորող բառերու ուսուցումը», «Միակազմ նախադասութիւններու ուսուցումը», «Խօսքի մասերու շարահիւսական կիրառութիւնները» եւ այլն: Անոր կարեւորագոյն գործերէն են հայոց լեզուի համար պատրաստած դասագիրքերը, թիւով 7:

Աւագեան 1996 թուականին ստացած է մանկավարժական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2021