ԹԱՆԿԱԳԻ՛Ն Է ԿԵԱՆՔԸ

Իրապէ՛ս թանկագին է կեանքը, քանի որ մարդիկ անոր կապուած են սերտօրէն եւ չեն ուզեր բաժնուիլ իրմէ։ Մարդ «անմիտ» եւ անխոհեմ ըլլալու է որ անտարբեր եւ անգիտակ ապրի կեանքի այս ժամանակաւոր շրջանը։ «Անցաւորութիւն» մըն է կեանքը՝ որուն վախճանը անխուսափելի՛ է։

Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ՝ թէ «կեանքի իմաստութիւն» կը նշանակէ «օրերը համրել» գիտնալ, այսինքն, «տեւական գիտակցութիւն» ունենալ ժամանակի սահող, հետզհետէ պակսող «դրամագլուխ»ի մը՝ որ կը ներկայացնէ սեփական կեանք մը։

Այս իմաստով եթէ դիտենք ժամացոյցը, ան կեանքի չափանիշ մը, «կենսացոյց» մըն է իրապէս։

Ժամացոյցը՝ մեքենական օգտակար գործիք մը որ յաւիտենական պատգամ մը կը հնչեցնէ ամէն քառորդ ժամ, որ է «կեանքէն քառորդ ժամ սպառեցաւ, անցաւ եւ հեռացաւ անդարձ կերպով, անդարմանելիօրէն, անդառնալիօրէն եւ մահուան դրան քառորդ ժամով մը աւելի եւս մօտեցար ստուգապէս։ Մարդ գիտէ այս ճշմարտութիւնը, բայց չ՚ուզեր անդրադառնալ, աւելի լա՛ւ է ըսել՝ «գիտէ բայց չի գիտակցիր» այս ճշմարտութեան՝ անխուսափելի իրողութեան։

Լուռ աշտարակի մը՝ քարերու պէս լուռ աշտարակի մը ետին կախուած անտեսանելի, խորհրդաւոր զանգակներ կան՝ որոնք նոյն յանկերգով ժամերը կը հնչեցնեն։ Եւ այս խորհրդաւոր աշտարակին անտեսանելի զանգակներուն յանկերգը՝ ճակատագրական ձայնն է կարծես անողոք կեանքի մը՝ որ մարդկային կեանքը ստեղծեց եւ անոր տեւողութեան սահմա՛ն մը դրաւ։

Եւ այդ ձայնը ազդարարութիւն մըն է ինձ թէ՝ թէեւ կ՚ապրիմ, բայց պիտի մեռնի՛մ։ Եւ յուշարար մըն է ան բանաստեղծին մտածումներուն թէ՝ «Արթուն ըլլանք, եւ եռանդով Տիրոջ ծառայենք»։

Արդարեւ, մարդ կոչուած է իր ետեւէն օգտակար հետք մը ձգելու, որ պարտք մըն է իրեն։

Եւ այդ «օգտակար հետք»ն է որ կ՚անմահացնէ մարդը՝ ոչինչ համարելով մահը…։

Երկվայրկեաններ, վայրկեաններ, ժամեր եւ օրեր ա՜յնքան կարեւոր են, որքան կարեւոր է բուն իսկ կեա՛նքը։ Այդ ժամանակամիջոցին՝ խորհրդաւոր աշտարակին անտեսանելի զանգակներուն յանկերգը՝ որ անվրէպ կը հնչէ ամէն քառորդ ժամու՝ մարդուս համար Արարչին եւ Նախախնամին՝ «Ժամանակի պարգեւիչ»ին «խարազան»ն է, որ չի թողուր որ կանգ առնէ մարդ, ծուլանայ, քնանայ…։ «Արթուն կացէ՛ք…» կը ձայնէ մշտատեւ…։

Այդ հրամանին հլու եւ յօժար կը հպատակի մարդ։ Ժամանակի հետ մրցման մէջ է շարունակ անիկա. ժամանակը կ՚անցնի, չի կենար երբեք, բայց այդ միջոցին մարդուս գործերը կը կատարուի՞ն. մարդ իր պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն ո՞րքան հաւատարիմ կը մնայ, քանի որ մարդուն «յանձնուած գո՛րծ մը կայ…»։

Արդարեւ, ժամանակը, իր ամենալայն իմաստով, Աստուծոյ տուած «դրամագլուխ»ն է. Աւետարանի բացատրութեամբ «տաղանդ» մը՝ աւելի կամ պակաս, որ ամէն ապրող մարդ էակին վրայ պարտք մը եւ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ շահելու եւ օգտագործելու համար զայն։ Քանի որ ան «պարտք» մը եւ «պատասխանատուութիւն» մըն է, ապա ուրեմն օր մը հաշիւ տալը անխուսափելի է, որովհետեւ ամէն պատասխանատուութիւն հաշիւ տալով կը վերջանայ։ 

Վա՛յ այն մարդուն եթէ իր «դրամագը-լուխ»ը մսխած ըլլայ երբ ներկայանայ «Տէրունական հաշուեպահանջ»ին առջեւ։

Խորհրդաւոր աշտարակին անտեսանելի զանգակներու յանկերգը ամէն քառորդ ժամ հաշիւ կը պահանջէ իւրաքանչիւր մարդէ, եւ կը յիշեցնէ. «Անցան 15 թանկագին րոպէներ, ապա ինչպէ՞ս գործածեցիր ատոնք. ի՞նչ խորհեցար, ի՞նչ խօսեցար, ի՞նչ գրեցիր, բարկացա՞ր թէ ժպտեցար, ներեցի՞ր թէ դառնացար,  սիրեցի՞ր թէ ատեցիր, երգեցի՞ր թէ ողբացիր, աղօթեցի՞ր թէ անիծեցիր, Աստուծոյ ձայնը լսեցի՞ր թէ զԱստուած տաղտկացուցիր քու գանգատներովդ։ Հաշիւ տո՛ւր…»։

Այս խորհրդաւոր աշտարակը միայն նետնկեց մը հեռու է մարդուս գտնուած տեղէն ուր՝ գլուխը թաղած աշխարհային հոգերու եւ մտահոգութիւններու, զբաղումներու մէջ՝ անտարբեր կը շարունակէ իր ժամանակաւոր կեանքը, երբեմն անգիտակից, երբեմն անուշադիր։ Բայց անոր յանկերգը՝ ամէն քառորդ ժամու կը շարունակէ թրթռացնել մարդուս ականջին թմբուկը իր վրդովիչ յայտարարութեամբը, թէ թանկագին ժամու մը առաջին քառորդը արդէն անցաւ, ապա՝ երկրորդը, եւ երրորդը եւ յաջորդաբար չորրորդը, եւ այսպէս՝ ժամ ժամու ետեւէ՝ մինչեւ որ օրը իր վախճանին հասնի, մինչեւ որ արեւը երկնքի կամարին վրայ իր շրջանը լրացնէ, եւ երկիրը իր լուսեղէն բարեբեր «վերարկու»ն հանէ եւ մտնէ իր խաւար, մութ սեւերուն մէջ…։

Շա՜տ սիրելի՜ ընթերցոր բարեկամներ, փորձենք անգամ մը ականջ տալ այդ խոր-հըրդաւոր աշտարակին անտեսանելի զանգակներուն, պիտի տեսնենք որ կեանքը իրապէ՛ս թանկագին է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 16, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 18, 2019