ԴՊՐՈՑԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

Վերջերս ականատես եղայ երեւոյթի մը. եօթը տարեկան մանուկի մը մայրը խստութիւն բանեցնելով կը փորձէր արդէն իսկ 4 ժամ դաս ընող իր մանուկը համոզել ժամ մը եւս դասերուն տրամադրել, որուն դիմաց մանուկը բարձրաձայն լալով կ՚առարկէր: Այս երեւոյթին դիմաց ինքս նեղացած մանուկին մօրը պատճառը հարցուցի. «միակ զաւակս է եւ կ՚ուզեմ ապագային լաւ տեղ հասնի. կ՚ուզեմ մեծ մէկը ըլլայ». այս եղաւ պատասխանը:

Կ՚ուզեմ յայտնել այն համոզումս, որ իմաստուն կամ «մեծ մարդ» դառնալը ո՛չ դասերը սորվելու ժամերէն, ո՛չ նիշերէն եւ ո՛չ ալ դպրոցէն կամ ուսուցիչէն կախեալ է. պէտք է յստակ ըլլայ, որ դպրոցի մը հիմնական առաքելութիւնը մեծ մարդ մը պատրաստել չէ, այլ գոյութիւն ունին ուրիշ առաջնահերթութիւններ, որոնք կրնան դէպի մեծութեան ճամբայ առաջնորդել՝ սակայն ոչ «մեծ մարդ» դարձնել: Վստահաբար ամէն ծնողք իր զաւակներուն բարձրանալն ու «մեծ մարդ» դառնալը կ՚ուզէ, սակայն այդ մեծութեան առաջնորդող ճամբան դպրոցական դասերը մանուկները դասերէն գանեցնելով բռնութեամբ սորվիլ տալը չէ:

Արդ, խօսինք դպրոցին հիմնական նպատակին ու առաքելութեան մասին:

Ա.- ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ.- Առաջին հիմնական կրթութիւնը, որ դպրոցը մեր մանուկներուն կու տայ, հաւաքականութեան միտքն ու տեսութիւնն է. գրեթէ բոլոր մանուկները մինչեւ որոշ տարիք առանձնաշնորհեալ ըլլալ կը կարծեն, որովհետեւ տունին մէջ գրեթէ ամէն բան կը դառնայ անոնց շուրջ, լացի կամ արցունքի ճամբով կը յաջողին ձեռք բերել իրենց ուզածները, ինչ որ որոշ մենաշնորհութեան զգացում մը կը ստեղծէ անոնց մէջ: Դպրոցը կու գայ մեղմացնելու այդ զգացումը եւ մանուկին մէջ ծնունդ առած ԵՍ-ը կը փորձէ վերածել ՄԵՆՔ-ի: Այդ հաւաքականութեան մէջ է, որ մանուկը իր եսակեդրոն վիճակէն կամաց կամաց կը սկսի դուրս գալ եւ ինքզինք կը սկսի հաւաքականութեան մը մէջ տեսնել: Վստահաբար «մեծ մարդ» դառնալու մէջ այս մէկը ունի իր դերը, որովհետեւ այս միջոցով է որ անոր մէջ կը ստեղծուի շրջապատին հանդէպ ունենալիք վերաբերմունքին գիտակցութիւնը: Այսօր աշխարհը չի՛ յարգեր այն մարդը, որ ունի գիտելիք՝ սակայն չունի շրջապատի եւ ուրիշներու հանդէպ նրբութիւն ու մարդկութիւն եւ հետեւաբար իրենց մանուկներուն համար փայլուն ապագայ փափաքող մայրերը դասերուն տուած կարեւորութեան չափ կրնան կարեւորութիւն տալ նաեւ իրենց զաւակներուն ուրիշներուն հանդէպ ունեցած վարկին, որովհետեւ ուզենք թէ ոչ, վերջաւորութեան այդ հաւաքականութեան մէջ պիտի ապրին անոնք եւ այդ հաւաքականութեան հանդէպ օտարոտի ըլլալը կը վնասէ «մեծ մարդ» ըլլալու երազը:

Բ.- ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ.- Դպրոցը նման է ճամբաները դրուող ցուցանակներուն, որոնք լոկ ցոյց կու տան ուղին՝ առանց ձեզ անձամբ հոն տանելու. այլ խօսքով՝ եթէ «մեծ մարդ»ը շէնք մըն է, ապա դպրոցը այդ շէնքը չէ՛ որ կը շինէ, այլ այդ շէնքը շինելու ուղղութիւննը ցոյց կու տայ: Մեծագոյն բարիքը որ դպրոցական դասերը մեր մանուկներուն կրնան տալ՝ լաւապէս մտածելու եւ խորհրդածելու արուեստն է. յաճախ նոյնիսկ ծնողներ անգիտանալով հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ համար կարեւոր է թուաբանութիւնը՝ երբ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի արհեստագիտութիւն մը՝ որով կարելի է ամէն թուաբանական հարց լուծել: Պէտք է գիտակցիլ, որ դպրոցը թուաբանութեան դասընթացքը կու տայ ո՛չ թէ որպէսզի մանուկը գիտնայ, թէ մէկին վրայ չորս աւելցնելով կը ստանանք հինգ, այլ հասկնայ անոր ետին եղող տրամաբանութիւնը, ինչ որ մեծապէս կրնայ օգտակար դառնալ որոշում կայացնելու եւ երեւոյթները տարբեր դիտանկիւններէն քննելու օգտակար երեւոյթին մէջ: Այլ խօսքով՝ դպրոցը սորվեցնելու փոխարէն սորվելու ձեւն է, որ կը սորվեցնէ:

Գ.- ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄ.- Պատկերացուցէք դպրոց մը, ուր 20 դասարանակից առաջին դասարանէն մինչեւ աւարտական դասարան կը մնան անբաժան. իրենց աշակերտական կեանքի ընթացքին նոյն դասերը կը լսեն, նոյն ուսուցիչներուն ուսուցումներն ու կրթութիւնը կը ստանան, սակայն աւարտին իւրաքանչիւր տարբեր բնաւորութեան եւ ըմբռնումի, ինչպէս նաեւ տարբեր ասպարէզներու կը հետեւին: «Մեծ մարդ» դառնալու երազը իրականութիւն դարձնելու ամենէն հիմնական գործօններէն մէկը թէ՛ ծնողքին եւ թէ՛ ուսուցիչին կողմէ աշակերտներուն մէջ եղած տաղանդներու եւ հետաքրքրութիւններու յայտնաբերումն է: Նոյն դասերուն հետեւող եւ նոյն դասերը լաւապէս սորվողներ աւարտին՝ մէկը գիտնական եւ միւսը աւազակի մը կրնայ վերածուիլ:

Այսօր աշխարհի մէջ յաջողած մարդոց կեանքը ուսումնասիրած ժամանակ պիտի տեսնենք, որ անոնց մեծամասնութիւնը համալսարանաւարտներ չեն. կան շատեր, որոնք դպրոցական շրջանը նոյնիսկ կանոնաւորապէս չեն աւարտած, սակայն դարձած են մեծութիւններ: Այդ իսկ պատճառով եթէ կ՚ուզենք մեր զաւակները մեծութիւններ դառնան, անոնց դասերուն չափ եւ քիչ մը աւելի պէտք է մեր կեդրոնացումը անոնց անձնական կեանքին վրայ ըլլայ. հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան կամ թուաբանութեան դասերուն ամենէն բարձր նիշ ապահովելը փայլուն ապագայ մը ունենալու չափանիշ չի՛ կրնար ըլլալ. վստահ եղէք, որ այսօր աշխարհի տարածքին աշակերտութեան բարձր նիշեր ապահովող, սակայն այժմ բանտերուն մէջ գտնուող բազմահազարներ կան:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -145-

Այսօր պատմութեան տեղ կ՚ուզեմ յիշել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներէն Ղուկաս Աջապահեան Կաթողիկոսը, որ կաթողիկոս եղած է 1733-1737 թուականներուն: Ղուկաս դեռ մանուկ իր ծնողքին կողմէ կը տարուի Կեսարացի Գրիգոր Գ. Կաթողիկոսին մօտ, որպէսզի վեհափառը օրհնէ մանուկը: Կաթողիկոսը գրկելով մանուկը հետեւեալ հարցը կու տայ.- «դուն երբ մեծնաս, վարդապե՞տ պիտի ըլլաս, թէ աշխարհական»: Փոքրիկ Ղուկասը ինքնավստահ կը պատասխանէ.- «Ո՛չ վարդապետ, ո՛չ ալ աշխարհական, կաթողիկոս պիտի ըլլամ»:

Ղուկաս երիտասարդ տարիքին կաթողիկոս կը դառնայ եւ կը վերանորոգէ հին կաթողիկոսարանը, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ միաբանաբնակ սենեակները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023