ԱՍՏՈՒԱԾ ԱԼ ԿԸ ԶՂՋԱՅ
Չեմ գիտեր մեղանչած կ՚ըլլամ թէ ոչ, սակայն սկսած եմ ունենալ այն համոզումը, որ Աստուած զղջացած է...: Սկսած զղջալ որ ջրհեղեղը կատարեց Նոյի ժամանակաշրջանին, իսկ աւելին ծիածանի ճամբով խաղաղութեան ուխտ կնքեց Նոյի հետ անգամ մը եւս ջրհեղեղ չկատարելու: Զղջացած, որ «երկնային հուր»ով կործանած է Սոդոմն ու Գոմորը եւ այդ զղջումը կը տեսնենք նոյնինքն Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի բառերուն մէջ, երբ կ՚ըսէ. «Դատաստանի օրը Սոդոմի բնակիչներուն պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ, քան ձերը» (Մատթէոս 11.24):
Զղջացած է այն ճշմարտութեան դիմաց, որ Սոդոմի եւ Գոմորի մարդիկը, ինչպէս նաեւ Նոյի ժամանակաշրջանին ապրողները վստահաբար աւելի՛ սրբակենցաղ ու ազնիւ էին քան այսօր:
Սոդոմի եւ Գոմորի կործանումի ատեն Աբրահամ Աստուծոյ բարեխօսութեան կը դիմէ եւ հարց կու տայ, թէ Աստուած արդարը անարդարի՞ն հետ պիտի պատժէ. Աստուած կը պատասխանէ. եթէ տասը հոգի արդար մարդ գտնուի չեմ կործաներ...: Այդ կործանումէն ազատելու համար Ղովտ դէպի արեւելք չուեց: Հարցերը բազմաթիւ են. եթէ այսօր Աստուած պատժելու ըլլար, այդ կասկածելի արդարը որ պիտի գտնուէր, դէպի ո՞ւր պիտի չուէր եւ բնակութիւն հաստատէր. այդ «արդար»ը ի՞նչ չափանիշներով պիտի ընտրուէր:
Այսօր պիտի խօսիմ վերջին տասնամեակներուն մեր կեանքին մէջ յայտնուած արուեստագիտական մեղքերուն մասին, որոնք պիտի զարմացնեն Սոդոմ-Գոմորցիները անգամ:
Սոդոմն ու Գոմորը ընդհանրապէս մեղադրուած է պոռնիկութեամբ ու զեխութեամբ. 21-րդ դարու մարդը կրցաւ այդ մեղքը նոյնիսկ արուեստագիտութեան հետ կապել ու դարձնել առցանց. մի քանի տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնուեցաւ կազմակերպութիւն մը, որու ճամբով կարելի է առցանց տարբերակով վճարուած գումարի դիմաց խօսիլ ու ծանօթանալ մարմնավաճառներու հետ, գումարի դիմաց պատուէր ու առաջարկ ունենալ. օրինակի համար, կրնաք գումար վճարել եւ ըսել, որ իր ափին մէջ, ճակտին վրայ եւ կամ այլուր գրէ ձեր անունը եւ վճարումի դիմաց առցանց ճամբով ծառայել ձեր բոլոր «կարիքներուն»:
Եթէ պիտի հարցնէք, թէ ո՞ր խենթը նման բաներու համար գումար կը վճարէ, պատասխանեմ. Կազմակերպութիւնը 2020 թուականին որպէս շահ արձանագրած է 375 միլիոն ամերիկեան տոլար, 2021 թուականին՝ 1.2 միլիառ ամերիկեան տոլար, իսկ այս տարի որպէս ընդհանուր նպատակ 2.2 միլիառ ամերիկեան տոլար կը նախատեսեն:
Եթէ անցեալին այդ զեխութիւնը մէկտեղուած էր Սոդոմի եւ Գոմորի մէջ, այսօր ամէ՛ն տեղ է. այսօր ո՛չ թէ քաղաք, այլ ամբողջ երկիր մոլորակը կրակի պէտք է տրուի նման պատիժ մը սահմանելու պարագային:
Արդի արուեստագիտութիւնը պոռնիկներու կողքին օգտակար դարձաւ նաեւ մուրացկաններուն. անոնք եւս յառաջդիմելով այդ «արհեստ»ը զարգացուցին եւ դարձուցին առցանց: Դարձեալ ամերիկեան կազմակերպութիւն մը հիմնեց առցանց «ողորմութիւն» խնդրելու հարթակ, ուր մուրացկանը փողոցները թափառելու փոխարէն կրնայ տունէն կատարել իր աղերսանքները: Եթէ այն անձերէն էք, որ համոզուած են, թէ մարդիկ մուրացկաններու դրամ կու տան պարզապէս ցուցադրութեան համար, ըսեմ որ առցանց տարբերակին մէջ եւս կարելի է կատարել այդ «համեստութիւն»ը, նուիրուած գումարի կողքին մեծատառով անուն գրելով, որպէսզի մարդիկ տեսնեն, թէ Սարգիսը կամ Լեւոնը ինչքան գումար տուած է այս կամ այն մուրացկանին:
Այնպէս ինչպէս մուրացկանը պատճառներ կը յայտնէ գումար խնդրելու համար, նոյնն է այստեղ. Կրնայ գրութեան ճամբով բացատրել իր կորուստներուն ու վնասներուն մասին, հիւանդ զաւակի մը գոյութեան մասին, մինչեւ իսկ առցանց օրհնութիւններ ղրկել նուիրատուներուն (անշուշտ կասկածելով որ առցանց ողորմութիւնը նկատի կ՚առնուի՞ երկինքի մէջ):
Մարդիկ դիւրացուցած են կեանքը. ճամբան հաւանաբար 2-3 մուրացկանի հանդիպիք, սակայն այստեղ հազարաւորներ դրուած են քով քովի եւ ձեզի տրուած բախտաւորութիւնը՝ նախընտրած մուրացկանը ընտրելու:
Ամերիկեան կազմակերպութեան պայմաններէն դուրս ալ տարածուած է այսօր մուրացկանութեան խաբէութիւնը։ Շաբաթական դրութեամբ ինչքա՜ն նամակ կը ստանամ անձամբ, որոնք կը յայտնեն թէ տանը ունին վիրաւոր զինուոր եւ կարիքը ունին 300 ամերիկեան տոլարի։ Ներկայ դարու մուրացկանները անցեալիններէն կը տարբերին ա՛յն կէտով, որ կրնան ճշդել նոյնիսկ տալիք գումարիդ չափն ու քանակը: Նոյն նամակագրութիւնը կը ղրկեն աւելի քան 400 հոգիի, այն յոյսով որ գոնէ մէկ հոգին գումարը փոխանցէ:
Իրապէս կարիքաւորներ չկա՞ն. վստահաբա՛ր կան, սակայն մասնագիտական կրթութիւն չ՚ուզեր կեղծը իրաւէն զանազանելու համար:
Այս բոլորէն ետք Սոդոմ-Գոմորցիները տեղ մը երկինքի մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպելու իրաւունք ունին... Եթէ անոնց պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ քան 2000 տարի առաջ ապրող մարդիկը, ես ալ աւելցնեմ, որ 2000 տարի առաջ ապրող մարդոց պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ՝ քան մերը. ապագայի սերունդներուն մասին չեմ ուզեր մտածել անգամ...:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՀԱՄԱԶԱՍՊ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ
(1906-1977)
Մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ՝ 18 փետրուար 1906-ին Արեւելեան Հայաստանի Խաչիսար գիւղին մէջ ծնած է մարաջախտ, Խորհրդային Միութեան զօրքերու գլխաւոր սպայ եւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի հերոս Համազասպ Բաբաջանեան:
Բաբաջանեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած երեւանի Միասնիկեանի անուան ռազմական ուսումնարան: Ուսումը աւարտելէ ետք, 1938 թուականին նշանակուած է գունդի հրամանատարի տեղակալ։ Մասնակցած է Ֆիննական պատերազմին եւ ծառայած է Կովկասեան ռազմական գունդին մէջ, որպէս գունդի հրամանատար:
Բաբաջանեան 1941-1942 թուականներուն մասնակցած է զանազան քաղաքներու մէջ մղուած ռազմական գործողութիւններու. 1944 թուականին ան իր հրամանատարական հմուտ գործողութիւններուն համար արժանացած է Խորհրդային Միութեան Հերոսի կոչման:
Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք շարունակած է իր ուսումը եւ 1948 թուականին աւարտած՝ Ռազմական ակադեմիան։ 1956 թուականի նոյեմբերին ղեկավարած է Հունգարիա ներխուժած խորհրդային 38-րդ հրասայլային բանակը: Բաբաջանեան եղած է Օտեսայի ռազմական զօրքերու հրամանատար, Հրասայլային զօրքերու ակադեմիայի եւ Խորհրդային բանակի հրասայլերու բանակներու պետ։ 1975 թուականին անոր շնորհուած է հրասայլային զօրքերու գլխաւոր մարաջախտի կոչում:
Շնորհիւ իր ծառայութիւններուն՝ Բաբաջանեան արժանացած է «Խորհրդային Միութեան Հերոս», «Լենին»ի, «Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան», «Կարմիր դրօշ»ի, «Սուվորովի Ա. կարգ»ի, «Հայրենական պատերազմի Ա. աստիճան»ի, «Կարմիր աստղ»ի եւ այլ շքանշաններու:
Համազասպ Բաբաջանեան մահացած է 1 նոյեմբեր 1977-ին:
Ի պատիւ անոր յիշատակին Երեւանի փողոցներէն մին կոչուած է Համազասպ Բաբաջանեանի անունով. 23 մայիս 2016 թուականին Բաբաջանեանի անուան փողոցին կից գտնուող այգիին մէջ Համլեթ Մատինեանի աշխատութեամբ տեղադրուած է Համազասպ Բաբաջանեանի յուշարձանը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024