ԱՊՇԵՑՈՒՑԻՉ ԴԱՏԻՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՎՃԻՌԸ
Մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամները պիտի յիշեն՝ 9 Սեպտեմբեր 2015 թուակիր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի այս սիւնակներուն մէջ անդրադարձած էինք «ապշեցուցիչ դատ»ի մը, նոյն խորագրով։ Հակիրճ ակնարկ մը նետենք այդ գրութեան, որ պատմուածք մըն էր։
«Տարեց վաճառական մը՝ որ արժէքաւոր մետաքսներ կը վաճառէր, ճամբորդութեան մը ընթացքին, ապրանքներովը միասին գերեզմանատան մը մէջ կը գիշերէ։
«Մետաքսի ծրարները իրար կը կապէ եւ անոնցմէ բարձ մը կը շինէ գլուխը հանգչեցնելու համար եւ ինքզինք ապահով զգալով կը քնանայ…։
«Քնացած գերեզմանատան մէջ կան արձաններ՝ որոնք նախարարներ եւ գիտուններ կը ներկայացնեն, իսկ անոնց անմիջապէս քովը՝ երկու արաբական ընտիր ձի։ Եւ այսպէս, ծեր վաճառականը, բնականաբար կը դիմէ դատաւորին, որպէսզի լուծէ հարցը եւ վճիռ մը արձակէ այդ մասին։
«Դատաւորը, իրաւացիօրէն փաստ կը պահանջէ աղերսարկու վաճառականէն, որպէսզի կարենայ արդար վճիռ մը արտադրել։
«Եւ երբ կը լսէ, թէ ծերուկին գիշերած գերեզմանատան մօտ արձաններ կային, ապա ուրեմն կը պահանջէ, որ այդ արձանները ներկայացուին դատարան որպէս ապացոյց պատահած դէպքին։
«Ներկաները՝ որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին դատավարութեան ընթացքին, զարմանքով կը սկսին ծիծաղիլ՝ խորհելով թէ անկենդան արձան մը ինչպէ՛ս կրնայ վկայութիւն բելեր…։
«Դատաւորը տեսնելով ներկաներուն վարմունքը, յանկարծ զայրանալով, կ՚ըսէ.- Երբ ես իմ որոշումս տուած եմ, ո՛չ մէկը ծիծաղելու իրաւունք ունի։ Ասոր համար դուք բոլորդ պիտի պատժուիք։
«Ներկայ ժողովուրդը ներողութիւն խնդրեց դատաւորէն, բայց անդրդուելի եւ անտեղիտալի էր ե՛ւ անողոք։ Եւ տուգանքի դատապարտեց բոլորը։ Եւ շարունակեց.- Ձեզմէ իւրաքանչիւրը հոս պիտի բերէ մէկ կապոց մետաքս…։ Ներկաները, որպէսզի աւելի մեծ պատիժի չենթարկուին լքեցին դատարանը եւ հեռացան…»։
Այս առակի մասին մեր խորհրդածութիւնները վերջացուցած էինք սա տողերով.
«Եւ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, հոս կը վերջացնենք պատմուածքը, եւ անշուշտ կարելի չ՚ըլլար, թէ դատաւորը ի՛նչ վճիռ արձակած է այս խնդրին շուրջ։ Մութ կը թողունք այդ կէտը։ Եւ այդ մասին վճիռը կը թողունք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։ Արդէն «ապշեցուցիչ դատ» վերնագիրը յատկապէս ընտրած ենք, ցոյց տալու համար անակնկալ վերջաւորութիւնը այդ դատավարութեան։
«Կիսաւարտ, անորոշ պարագայ մը ահաւասիկ՝ որ ընդհանրապէս կը դիմաւորուինք ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ զանազան ձեւերով կամ դէպքերով։
«Պատմուածքի մը ընթացքին բնական պէտք է նկատել ասիկա, քանի որ պատմուածքները երեւակայութենէ ծնած՝ ինքնահնար, մտացածին երեւոյթներ են եւ կը յենուն երեւակայութեան վրայ։ Եւ ամէն մտացածին ներկայացում, ունկնդրողը, ընթերցողը կամ դիտողը կ՚առաջնորդէ խորհելու, խորը թափանցելու, խոր ըմբռնելու հարցին մասին եւ առիթ կու տայ, որ ամէն մէկը աւելցնէ իր մտածումը, գաղափարը անոր վրայ…։
«Արդարեւ ամէն մարդու արդար իրաւունքն է՝ ազատօրէն երեւակայել, անկախօրէն գործածել իր միտքը եւ ներկայացնել ինքնատիպ եւ ուրոյն գաղափարներ, յղանալ նոր մտածումներ, հնարել ուրիշներէ տարբեր խորհուրդներ, անշուշտ որոշ սահմաններու մէջ՝ որուն պիտի համաձայնին ու համակերպին բնական կեանքին ու բանականութեան։ Սեղմ կաղապարներէ դուրս գալ եւ բանական գաղափարներ յղանալ եւ արտայայտել մարդկային իրաւունք մըն է եւ բանականութան բնական ու անհրաժեշտ հետեւա՛նք։
«Ուրեմն իմ շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, խնդրեմ, անգամ մը փորձեցէք, ջանացէ՛ք ամբողջացնել պատմուածքը ձեր թանկագին մտածումներով՝ որմէ պիտի ծնի բարձր եւ ինքնուրոյն գաղափարներ, լուծումներ…։
«Ո՛րքան կարեւոր է կարդալը՝ նո՛յնքան անհրաժեշտ է խորհիլ, խորհրդածել եւ գաղափար յղանալ…»։
Մենք զմեզ երջանիկ զգացինք երբ բաւականաչափ բարեկամներ յայտնեցին իրենց գաղափարը եւ ընդառաջեցին մեր խնդրանքին։ Աւելի շատ մասնակի զրոյցներու, խօսակցութիւններու ընթացքին արտայայտեցին իրենց թանկագին գաղափարները՝ առաջարկելով շահեկան լուծումներ այս հարցին շուրջ։ Եւ տեսանք՝ որ կարդալու, եւ նոյնիսկ մտիկ ընելու չափ, եւ երբեմն աւելի՛ կարեւոր է խորհիլը եւ խորհրդածելը։ Եւ իրապէս ուրախ եղանք՝ որ մեր չխորհած, չերեւակայած լուծումներ արտայայտուեցան։
Եթէ առիթ ներկայանայ՝ կ՚ուզենք ամփոփ կերպով ներկայացնել զանոնք, եւ եթէ արտօնեն, յիշել ամէն մէկուն անունը՝ որ իրապէս գաղափարային աշխարհին յատկանշական շահեկան տարբերակներ, բազմազան արժէքներ աւելցուցին։
Գաղափարներ ճշմարտութեան արժէք կը ստանան, երբ բազմանան եւ բաղդատութեան առիթ ընծայեն։ Այսպէս կարելի է թէ՛ գիտութեան, թէ՛ երեւակայութեան սահմանը ընդլայնել եւ մշակել։ Այս իմաստով շնորհակալ եմ իրենց գաղափարը յայտնող ազնիւ բարեկամներուն։
Եւ ահաւասիկ վերոյիշեալ պատմուածքին մէջ կիսատ թողուած տեղէն կը շարունակենք։
Տեսնենք, թէ առակը ինչպէ՛ս վերջացեր է.
«Դատաւորը կ՚ըսէ ծիծաղող ներկաներուն.-
«Ես կը դատապարտեմ ձեզ տուգանքի. ձեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի գնէ կապոց մը մետաքս եւ պիտի բերէ հոս, այստեղ։ Ներկաներէն ոմանք փորձեցին առարկել եւ վիճիլ, բայց ի վերջոյ ստիպուեցան ենթարկուիլ դատաւորին որոշումին։
«Որոշ ժամանակ մը վերջ, վերադարձան։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր թեւին տակ ունէր մետաքսի ծրար մը։ Ծեր վաճառականը հազիւ թէ տեսած էր ծրարներուն հիւսուածքը՝ բացագանչեց.- Բայց սա այն մետաքսն է, որ ինձմէ գողցուած էր։
«Դատաւորը բոլորը հարցուփորձեց՝ թէ որո՛ւ քովն էր այդ գործուածքը եւ որմէ գնուած։
«Վաճառորդը դատարան բերուեցաւ։
«Եւ շուտով գտան գողը։ Եւ այդպէս անկենդան եւ լուռ ու անխօս քարարձանը փաստաբերութեան եւ վկայութեան միջոց մը եղաւ, որպէսզի ապացուցուի եւ հրապարակուի իսկական յանցագործը։ Եւ այս կերպով ցոյց տրուած կ՚ըլլայ՝ թէ նոյնիսկ մունջ ու անբարբառ էակներու համար ո՜րքան զազրելի եւ անարգ արարք մըն է գողութիւնը եւ բոլոր յանցանքները…»։
Շահեկան եւ անակնկալ լուծում մը կը թուի այս վերջաւորութիւնը եւ մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի սա խօսքը.-
«Չկա՛յ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան որ չգիտցուի» (ՄԱՏԹ. Ժ 26)։
Ուրեմն աւելի լաւ չէ՞ շիտակ ըլլալ, ուղղամիտ ըլլալ եւ մանաւա՛նդ անկեղծ եւ ստո՛յգ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 14, 2016, Իսթանպուլ