ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Ներկայ օրերուն ծնողներ իրարու հետ կը մրցին, որպէսզի իրենց զաւակները ուսում ստանան, սակայն այդ ուսումի «սէր»ը անոնց «գիտակից» ու «խելացի» ըլլալուն հետ կապ չունի, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, թէ «մեծ մարդ» դառնալու լաւագոյն ճամբաներէն մէկը ուսումն է: Մերօրեայ հասարակութիւնը լաւ ու գիտակից մարդիկ պատրաստելու փոխարէն «մեծ» մարդիկ պատրաստելու ետեւէն ինկած են եւ իրենց համար այդ «մեծութիւն»ը կը պայմանաւորուի բարձր եկամուտով:

Երբեք ծնողքի մը բերնէն չեմ լսած, թէ զաւակս փաստաբան պիտի դառնայ՝ անարդարութիւններուն դէմ պայքարելու համար, սակայն բազմիցս լսած եմ, թէ փաստաբան ըլլալով «մեծ» մարդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ անոնց իսկ խօսքով «դուն գիտե՞ս ինչքան դրամ կը շահին փաստաբանները»: Նոյնը կը վերաբերի բժշկութեան, ինչպէս նաեւ այլ ասպարէզներու, որոնք որպէս ծառայութիւն ըլլալէ դուրս գալով դրամ շահելու եւ «մեծ» դառնալու լաւագոյն միջոց կը նկատուին:

Վստահաբար թէ՛ բժիշկները եւ թէ՛ փաստաբանները որոշ գումար մը պիտի վաստակին, որովհետեւ վերջապէս իրենք եւ իրենց ընտանիքները աղօթքով եւ երկինքէն տեղացող մանանայով մը չէ որ պիտի ապրին, սակայն կը հաւատանք, որ երբ գումարը բժիշկին կամ փաստաբանին համար նպատակի վերածուի՝ կ՚արժեզրկուի:

Իրենց զաւակները ուսումի տուող երեք տարբեր տեսակի ծնողներ գոյութիւն ունին.-

Ա.- Կայ անուս դասակարգ մը, որ առանց գիտնալու, թէ դպրոցն ու համալսարանը ինչ են, գիտակցութիւնը կ՚ունենան իրենց զաւակները անպայման դպրոց ղրկելու, որովհետեւ պարզապէս լսած են, թէ «դպրոցն ու ուսումը կարեւոր է»: Յաճախ այս մէկը կը կրէ պարզապէս ծնողական պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու դժբախտ ճշմարտութիւնը, այն համոզումով, որ յետոյ չըսեն «զաւակը դպրոց չղրկեց»: Անոնք ո՛չ թէ գիտութեան իսկական արժէքին գիտակցութիւնը ունին, այլ պարզապէս տեսած կամ լսած են, թէ այսինչ անձին տղան լաւ տեղ հասած է՝ որովհետեւ համալսարանաւարտ է: Այս խաւին պատկանող մարդիկ չունին գիտակցութիւնը, սակայն սովորութեան մը համաձայն գիտեն, որ մանուկը պէտք է դպրոց երթայ. ինչո՞ւ... որովհետեւ օրէնքը այդպէս է:

Բ.- Կայ խաւ մը, որ իրենց զաւակներուն ուսումնական կեանքին համար ո՛չ մէկ բան կը խնայեն. ազգային ու պետական դպրոցներու փոխարէն կը նախընտրեն անձնականները. կը հաւատան, որ համալսարանը ինչքան սուղ՝ այնքան լաւ կրթութիւն կը ջամբէ. նոյնը նաեւ դպրոցի պարագային եւ հետեւաբար նիւթական ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն կ՚առնեն, որովհետեւ աւարտին լաւ վկայականով մը լաւ եկամուտ ապահովելու երազանքը կ՚ունենան: Այդպիսիները կը հաւատան, թէ Ամերիկեան համալսարանի մէջ ուսանող բժիշկ մը շատ աւելի մասնագէտ, նուիրուած ու «վարպետ» կ՚ըլլայ, քան հայկական համալսարան աւարտող բժիշկ մը, առանց գիտակցելու որ դպրոցէն աւելի անձէն կախեալ է այդ բոլորը. մարդ կրնայ աշխարհի ամենէն լաւագոյն համալսարանը երթալ ու անպէտք դուրս գալ, իսկ ուրիշ մը կրնայ ամենէն համեստ համալսարանը աւարտելով հանդերձ «հրաշքներ» գործել:  

Գ.- Թէեւ քիչ, սակայն կան նաեւ ոմանք, որովհետեւ դպրոցն ու համալսարանը ո՛չ նիւթականի եւ ո՛չ ալ փառքի միջոց կը նկատեն, այլ կը հաւատան, որ դպրոցը կարեւոր է գիտութիւն ունենալու եւ «բան մը գիտնալ»ու համար: Կը յիշեմ, ողորմած մեծ մօրս թուաբանական հաշիւ մը կը հարցնէի. «Է՜հ, տղաս, մենք դպրոցի երե՞ս տեսանք» կ՚ըսէր: Այդ »Է՜հ»ին մէջ կարելի էր հասկնալ այն ափսոսանքը, որ «դպրոց գացած ըլլայի՝ կը գիտնայի»: Քիչ են անոնք, որոնք գիտակցութիւնը ունին, թէ դպրոցն ու համալսարանը երիտասարդին գիտութիւն կը փոխանցեն՝ շրջապատի մէջ դուրս գալու ժամանակ այս կամ այն բանէն տեղեակ ըլլալու համար:

Այս բոլորէն անդին ունինք նաեւ աշակերտներու տեսակներ. ուզէք հաւատացէք՝ ուզէք ոչ, սակայն մեր օրերուն ունինք շրջանաւարտ տգէտներու երիտասարդ խաւ մը, որ 12 տարի դպրոցական դասընթացքներուն հետեւելով հանդերձ չի՛ գիտեր, թէ Կիպրոսը կղզի մըն է. ունինք երիտասարդութիւն մը, որ 12 դարի դպրոցական ըլլալով հանդերձ չի գիտեր Մայիս 28-ը եւ այլ տարրական բաներ, որոնք դպրոց գացողն ու չգացողը պէտք է որ գիտնայ:

Ձախողած կարելի է նկատել այն ուսումը, որ հասարակութիւնը վեր բարձրացնելու փոխարէն միայն անձերը վեր կը բարձրացնէ, որովհետեւ կրթութեան հիմնական նպատակը բոլորով դէպի աւելի գիտակից ու առողջ հասարակութիւն ստեղծելն է: Ուսումը մտայինէն եւ նիւթականէն աւելի պէտք է իր մէջ ունենայ բարոյական մասը, որովհետեւ այդ բարոյական գիտակցութեամբ է, որ բժիշկը՝ բժիշկ, փաստաբանը՝ փաստաբան կը դառնայ եւ այդ բարոյականն է, որ զիրենք կը բնորոշէ որպէս մա՛րդ եւ ոչ լոկ նիւթապէս վարձատրուող պաշտօնեայ:

Դարեր առաջ, երբ տակաւին «դպրոց» հասկացողութիւնը գոյութիւն չունէր, մարդիկ մարգարէութիւններու, սաղմոսներու եւ առածներու ճամբով այդ բարոյական պակասը լրացնել կը փորձէին եւ մերօրեայ դըպ-րոցներ պէտք է գիտակցին, որ տարեկան ընդհանուր հաշիւները կատարելէ, նիւթական բացթողումներն ու շորթումները հաշուելու եւ հետապնդելու չափ եւ աւելի այդ բարոյական ծարաւը յագեցնելու կոչուած են:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -221-

Ունէի համեստ բարեկամ մը, որ սիրահար էր ընթերցանութեան. բնաւորութեամբ խոնարհ էր եւ իր մէջ ունէր սորվելու եւ աւելին գիտնալու փափաքը:

Կեանքը այնպէս մը եղաւ, որ բախտաւորութիւնը ունեցաւ իր ուսումը շարունակելու եւրոպական երկիրներէն մէկուն մէջ: Մեկնեցաւ. համալսարանական ուսումը աւարտելու կողքին իր թէզերը ներկայացնելով տոքթորի աստիճան ալ ստացաւ:

Տարիներ ետք երբ հանդիպեցայ արդէն ուրիշ մէկն էր. մի քանի տարիներ առաջ իր մեծարած գրողները քննադատելի ի՜նչ կէտեր ունէին հիմա իրենց համար. ինքզինք աւելի բարձր կը զգար միւսներէն, որովհետեւ վերջապէս ուսումը ստացած էր Եւրոպայի մէջ եւ ո՛չ Հայաստան կամ Լիբանան: Սարսափելի է այն կրթութիւնը, որ համեստը գոռոզ դարձնելու կարողութիւնը կ՚ունենայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2023