ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՂՕԹՔԻ ՄԱՍԻՆ

Մարդ երբ կը համարձակի աղաչել կամ պաղատիլ՝ կը խօսի երկիւղած սրտով, մեղմ ձայնով եւ երկչոտ խօսքերով, բազմաթիւ աղաչանքներով իր ցաւագին աղերսանքը կը ներկայացնէ։ Այս ըլլալու է աղօթողին հոգեվիճակը, այլապէս ինքնահաւան կեցուածքով եւ կերպով մը պարտադրող ոճով կատարուած ոչ մէկ խնդրանք ընդունելի կ՚ըլլայ ընդհանրապէս եւ մանաւանդ Աստուծոյ կողմէ։ Ուստի, աղօթքի ժամանակ անհրաժեշտ է ըլլալ խոնարհ եւ համեստ, աղօթքը միշտ վերջացնելով Յիսուսի խօսքերով, երբ կ՚աղօթէր իր Հօրը. «Ո՛չ թէ իմ, այլ Քու կամքդ թող ըլլայ»։

Արդարեւ, մենք ամէն ատեն որ կ՚աղօթենք եւ կ՚արտասանենք. «Հայր մեր…»ը, կ՚ըսենք. «…Եղիցի կամք Քո…»։ Եւ ահաւասիկ, ճշմարիտ աղօթքի մը առանցք, կեդրոնական կէտը այս խօսքը պէտք է ըլլայ։

Մարդ կը փափաքի եւ կը խնդրէ Աստուծմէ. ասիկա բնական է, քանի որ Ան Հայր է, եւ մարդը որդի, եւ սակայն խնդրուածին բարի կամ չար, օգտակար կամ վնասակար ըլլալը Աստուած գիտէ եւ ըստ այնմ կը գնահատէ. ասիկա Անոր կա՛մքն է եւ այս արդար գնահատանքին համաձայն կը կատարէ խնդրանքը։ Մարդ կրնայ սխալ, չար կամ վնասակար բան մը խնդրել բոլորովին անգիտակցաբար, եւ ուրեմն, ահաւասիկ այս կէտին, Աստուծոյ կամքը կը գործադրուի եւ սխալը կը սրբագրուի՝ մարդուն խնդրանքը կա՛մ կը յետաձգուի եւ կամ բոլորովին կը մերժուի։

Երբեմն ալ աղօթքի պատասխանը կ՚ուշանայ։ Աղօթքը համբերութիւն եւ յարատեւութիւն կը պահանջէ. անձանձիր խնդրանք է աղօթքը։ Թէ ոչ աղօթքը մարդկային պարզ առեւտուր մը չէ՛։ Աղօթքին «առեւտուր»ի աչքով մօտեցողներ չեն կրնար աղօթքին իմաստին եւ նպատակին հասնիլ, քանի որ աղօթքը ո՛չ թէ մարմնական, այլ հոգեւոր կապ մըն է Աստուծոյ հետ՝ որդիին եւ Հօր միջեւ։

Աղօթքին անմիջապէս պատասխան չստանալ եւ կէս թողուլ՝ թերահաւատութեան նշան է, քանի որ հաւատքը վստահութիւն է, աղօթողը պէտք է հաստատամիտ եւ վստահ ըլլայ, որ եթէ պատշաճ է իր խնդրանքը Աստուծոյ կամքին, անպայմա՛ն պիտի ստանայ իր փափաքածը։

Չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Խնդրեցէ՛ք, եւ պիտի տրուի ձեզի»։ Ուրեմն, աղօթած ատեն պէտք է միշտ նկատի ունենալ Աստուծոյ կամքը՝ որ միշտ բարի՛ է։

Աղօթքի մէջ կարեւոր է եւ անհրաժեշտ՝ անկեղծութիւնը եւ մտերմութիւնը։ Աղօթքը պէտք է ըլլայ որդիի մը իր հօր հետ ունեցած բնական եւ մտերիմ հոգեվիճակին մէջ։ Անշուշտ այս պատճառով, աղօթողը գիտնալու է, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ, ի՛նչ կը խօսի, ուրիշ խօսքով, աղօթքը հասկնալի խօսքով պէտք է կատարուի։ Մարդ երբ ինք իր խօսածին իմաստը չի գիտեր, այլապէս իր խօսակիցը ինչպէ՞ս հասկնայ…

Այս կէտին, անգամ մը եւս կ՚ուզենք յիշել Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսին խօսքը, թէ՝ պէտք է հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ։ Արդարեւ, աղօթքն ալ քանի որ հաւատքի արտայայտութիւն մըն է, վստահութեան արդիւնք մը, ուրեմն, պէտք է հասկնալի ըլլայ։

Աղօթքը շատախօսութիւն պէտք չէ ըլլայ նաեւ, եւ ոչ ալ կրկնութիւններ, այլ պէտք է ըլլայ յարատեւ, անձանձիր, եւ մանաւանդ՝ գիտնալով որ Որո՛ւ հետ կը խօսուի եւ ի՞նչ կը խնդրուի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 12 2023, Իսթանպուլ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2023