ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԱՀԱԿՕՂԼՈՒԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
ԳՈՐԾՔ ՔՈ ԳՈՎԵՍՑԵՆ ԶՔԵԶ
Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան 1954-ին ժողովուրդին ուղղուած հայրական խօսքին մէջ կը գրէր. «…Տարակոյս չի կայ, թէ յանձնառութիւններ ունինք հանդէպ մեր ժողովուրդին, բայց կասկածէ վեր է, թէ մեր ժողովուրդն ալ պարտականութիւններ ունի իր իսկ հանդէպ։ Ուրեմն կը նոյնացնենք մեր յանձնառութիւններն ու իր պարտականութիւնները եւ կը խօսինք ասոնց մասին։
Չենք սիրեր ըսել, թէ ինչ ըրինք ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար։ Առաջին օրէն գիտցուցինք մեր նշանաբանը՝ բնորոշելու համար մեր ուղեգիծը, փափաքելով, որ ան ըլլայ բոլորիս նշանաբանը։ «ԳՈՐԾՔ ՔՈ ԳՈՎԵՍՑԵՆ ԶՔԵԶ»։ Այս էր այդ նշանաբանը, որուն համաձայն ջանացինք գործել…»։
Բառեր, որոնք կը բնութագրեն գաղափար մը, որ ինքնին աւելի բարձր դիրքի վրայ կը գտնուի, քան սին ինքնագովութիւնն ու հպարտութիւնը։ Ապաւինելով երանաշնորհ Պատրիարք Սրբազան Հօր բարոյական ներկայութեան ներողամտութեան, այս բառերը խոնարհաբար կու գամ սեպհականացնել նուիրեալ անձնաւորութեան մը համար, որուն կեանքը ինքնին համակ վկայութիւն է, թէ իր նախասիրութիւնն էր ոչ միայն գործել, այլ՝ միշտ գործել, անդուլ եռանդով գործել։ Այս նուիրեալ անձնաւորութիւնը ուրիշ անձ մը չէ, եթէ ոչ նորոգ հանգուցեալ Յովհաննէս Սահակօղլուն։
Գարթալ թաղը իր Խնդրակատար Սուրբ Նշան եկեղեցիով յատուկ տեղ մը ունի մեր հաւատացեալ ժողովուրդի սրտին մէջ։ Մեր այս աղօթքի տունը, հակառակ անոր որ կը գտնուի Իսթանպուլի նահանգին մէջ, շատեր զայն կը նկատեն մեր գաւառի եկեղեցիներէն մին։ Այս առումով եկեղեցին ի սկզբանէ կը մատակարարուէր նիւթական անձուկ պայմաններով։ Առանց ստորագնահատելու եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու վսեմ տեսլականով ծառայած վարչայիններու իրենց հասկացողութեամբ թափած ջանքերը, համարձակութիւնը ունիմ անդրադառնալու վերջին շրջանի թաղային խորհուրդի աշխատանքներուն. աշխատանքներ՝ որոնք տարուեցան ատենապետութեամբը մեր հոգելոյս բարեկամին, ընկերոջ եւ եղբօր՝ Յովհաննէս Սահակօղլուի։
Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար աշխատանք տանելու պարագային իր գլխաւոր առաքինութիւնն էր յարգել ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, անոր մէջ միշտ տեսնելով պարտքի եւ իրաւունքի հաւասարակշռեալ ներկայութիւնը։ Յովհաննէս Սահակօղլուի համար ժողովուրդը որքան որ պարտաւորութիւնը ունէր նիւթապէս աջակցելու, ունէր նաեւ տեղեկանալու իրաւունք, թէ իր բերած աջակցութիւնը յումպէստս պիտի վատնուէի՞ն, թէ ոչ։ Այս հասկացողութեամբ էր որ նախ քան տաճարի հիմնական վերանորոգութեան ձեռնարկելը խնամեալ ու տպագրուած տեղեկագրով ներկայացաւ հանրութեան, մանրամասն ցուցակագրելով նախատեսուած ծախքերը։ Ի պատիւ թաղային խորհուրդին, պէտք է նշել, թէ ի տես իրենց այս թափանցիկ համարատու կեցուածքին, ծանօթ եւ անծանօթ բարերարներ վստահեցան ու իրենց լումաները բերին ի նշան անսակարկ նուիրումի, բան մը որ կ՚արդարացնէր նուաստիս բառերը երբ Յովհաննէսին կ՚ըսէի. «Դուք մի՛ վախնաք, Սուրբ Նշանը գիտէ ինքզինքը հոգալ։ Անոր զօրութիւնը պիտի յաղթահարէ նիւթական նեղութիւնները»։ Եկեղեցւոյ կամարը հասած էր փլուզման եզրին։ Տեղին միջամտութեամբ ու հարկաւոր միջոցառումներով այդ կանխուեցաւ։ Տաճարը ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ փառքին համար տիրացաւ արտաքնապէս եւ ներքնապէս ներկայանալի վիճակի, ըլլալով նաեւ պատիւը մեր ժողովուրդին։
Իր գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կը տիրէր համերաշխ գործունէութիւն մը, որ արդիւնքն էր «քահանայի եւ ժողովուրդ»ի աղօթակցութեան ու գործակցութեան եւ սրբազան նպատակի յաջողութեան համար ծառայելու ուխտին։
Յովհաննէս Սահակօղլուի համար կարեւոր էր նաեւ ուղղամտութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ հետաքրքրուիլ եկեղեցւոյ կալուածներով, միշտ նկատի ունենալով եկեղեցւոյ շահը։ Երբ եկեղեցւոյ շահը խնդրոյ առարկայ էր, շատ անգամներ իր անձնական զբաղումները կը գտնուէին երկրորդական գծի վրայ։ Շատ անգամներ իր անձնական գործին համար յատկացնելիք ժամանակները, հարկաւոր պարագաներուն սիրով տրամադրած էր եկեղեցւոյ կալուածական մէկ հարցին լուծման համար։
Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան նկատմամբ ունեցած իր ակնածանքին առընթեր ունէր նաեւ շինիչ երկխօսութիւն տեղւոյն վարչական պատասխանատու դէմքերուն հետ, վայելելով բոլորին յարգանքը, նաեւ ի պահանջել հարկին օժանդակելու իրենց պատրաստակամութիւնը։
Որպէս Մխիթարեանի սան, որպէս Մխիթարեան սանուց միութեան գործիչ, որպէս գործատէր, որպէս զաւակ, որպէս ընտանիքի հայր, որպէս ընկեր եւ բարեկամ, որպէս վարչական դէմք, շատերուն ծանօթ էր իր ուղղամտութեամբ, սիրով առլցուն սիրտով, պարտականութեանց ու պաշտօններու նկատմամբ որդեգրած գիտակից կեցուածքով։ Անձ մը, որ սիրած էր ու սիրուած, յարգած էր ու յարգուած։
Երբ ոմանց համար Սուրբ Նշան եկեղեցին կը նկատուէր «աչքէ հեռու, սրտէ հեռու», Յովհաննէս Սահակօղլուի առաջնորդութեամբ տարուած առողջ ու վստահութիւն ներշնչող գործելաոճով աչքէ հեռու Սուրբ Նշանը դարձաւ սրտի մօտիկ։ Եկեղեցին իր ոչ շատ փարթամ գանձանակը բացաւ կարօտեալներու օժանդակութեան, նաեւ կարօտ աշակերտներու համար կատարուած յատկացումներու համար։
Եւ այս բոլորը ի մի համախմբուելով կը վերածուին ցուցիչի մը, որուն ընդմէջէն «իր գործերը կը գովեն զինքը» պարզապէս մեր տկար բառերու օգտագործմամբ։ Յովհաննէս Սահակօղլու հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, ճանչցաւ իր պարտականութիւնները հանդէպ ժողովուրդին եւ եկեղեցիին։ Այս օրինակելի ճանաչումը իր հետ բերաւ սատարողներու ու բարերարներու մօտ յառաջացած պարտականութեան գիտակցութիւնը։ Յովհաննէս Սահակօղլու եղաւ անոնցմէ, որոնք միշտ նախընտրած են իրենց գործերով յայտնուիլ հանրութեան, քան թէ խօսքերով։
Օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը։ Տէրը ընդունի իր ծառայութիւնները, խաղաղութիւն պարգեւէ իր հոգւոյն եւ արժանացնէ լուսեղէն եւ երկնային անթառամ պսակին։ Նաեւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը պարգեւէ իր ընտանեկան բոլոր հարազատներուն ու բարեկամներուն։ Խունկ ու աղօթք իր բարի յիշատակին։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ