ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՇՆՈՐՀԷ ԵՒ ՄԱՐԴ ԿԸ ԳՈՐԾԷ

Աստուծմէ տրուած ամէն շնորհ ձրի տուչութիւն մըն է, իսկ անոր ընդունելութիւնը մարդուն նկատմամբ կամաւոր է. ուրիշ խօսքով՝ Աստուծոյ տուածը «շնորհք» է, իսկ մարդունը՝ «գո՛րծ»։

Աստուած իր բոլոր կատարելութեան մէջ եզական է նաեւ «առատաձեռնութեան» անմրցելի յատկութեամբ։ Ան ամէն ինչ ունի, եւ ամէն ժամանակ կրնայ յատկացնել, տալ առատաձեռնութեամբ եւ մանաւանդ ձրի, առանց փոխարէնը պահանջելու։

Այս իմաստով, շահամոլութիւն, արուեստականութիւն, կեղծիք եւ ագահութիւն, բոլոր այս չափազանցութիւնները, որոնք մոլութիւններ են, մարդկային բնութեան յատուկ են։ Մարդիկ շնորհները բոլորովին «ձրի» կ՚առնեն Աստուծմէ, եւ սակայն իրենց ձրի առածը «փոխարէն» արժէք մը պահանջելով կու տան իրարու։ Բայց աստ-ւածային առաքելութեան մէջ տնտեսական, շահագործական որեւէ բարդութիւն գոյութիւն չունի։ Արդարեւ, տնտեսագիտութիւնը՝ ընկերային եւ քաղաքական բոլոր գիտութիւններու կարգին, մարդածին, կամ մարդահնար գիտութիւն մըն է։

Ուստի ստեղծագործութեան էական նպատակն է մարդուս կեանքին առատութիւնը, պահանջներուն գոհացումը։ Արդարեւ, Աստուած մարդուն տուաւ «երկրի վրայ գտնուող ամէն բոյս» եւ «երկրի վրայ կենդանութեան շունչ ունեցող ամէն արարած՝ կերակուրի համար» (ԾՆՆԴ. Ա 29-30), ինչ որ կը նշանակէ, թէ մարդուն տրամադրուեցաւ ամէն բան՝ իր պահանջները գոհացնելու համար առատապէս, առանց չափի եւ ձրի կերպով։ Բնութիւնը յատկացուեցաւ մարդուս, որպէսզի ան օգտուի եւ չունենայ որեւէ պակաս։ Մէկ խօսքով, որպէսզի մարդ երջանիկ ըլլայ, ինչ որ կը նշանակէ՝ «ամնէ ինչ մարդուն համար»։ Եւ ուրեմն ստեղծագործութեան նպատակը եւ կեդրոնը մա՛րդն է՝ ստեղծուած Աստուծոյ պատկերով եւ աստուածանման։

Բնութիւնը Աստուծոյ առատաձեռնութեան ապացոյցն է, քանի որ ան կոչուած է «մայր», եւ մօր մը նման կը հոգայ, կը հայթայթէ մարդուս կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ բոլոր պէտքերը եւ ձրիաբա՛ր։

Արդարեւ Բնութիւնը Աստուծոյ տեսանելի կողմն է, քանի որ ան կը գործէ Աստուծոյ յատկութիւններով՝ կու տայ ամէն ինչ որ մարդուս պէտք է, եւ մարդս կը կատարելագործէ, կը զօրացնէ։

Ամբողջ բնութիւնը «համայնապարփակ ապրանքներու խանութ» մըն է՝ որուն բոլոր ապրանքները ձրի են եւ առատօրէն յատկացուած մարդոց։

Եւ այս կը նշանակէ, ինչպէս վերը ըսուեցաւ, բնութեան մէջ, աշխարհի վրայ «ամէն ինչ մարդուն համար» է։ Ընդհանուր ստեղծագործութեան ծրագրին մէջ առաջնակարգ եւ ամենակարեւոր տեղը կը գրաւէ «մա՛րդ» էակը, որուն յատկացուած է բնութեան ամէն շնորհ, ամէն արտադրութիւն։

Մարդ, ահաւասիկ, այս պատճառով պարտաւոր է անդրադառնալ իր արժանաւորութեան եւ ըստ այնմ օգտագործէ իրեն տրամադրուած ամէն բարիք եւ օգտակարութիւն։ Եւ ասիկա աստուածատուր պատգամ մըն է, քանի որ Աստուած՝ Ի՛նք բնութեան ամէն բարիք տրամադրած է մարդուն օգտագործութեան։ Այս իմաստով, բնութիւնը՝ Աստուծոյ շնորհն է տրուած մարդուն, իր երջանկութեան, զարգացման եւ հետզհետէ կատարելագործմանը նպաստելու համար։

Բայց, դժբախտաբար, մարդ էակը այս ձրի առատութեան մէջ, իրեն տրամադրուած այսքան ճոխութիւններու մէջ, տակաւին թերի է եւ տկար եւ ա՜յսքան հարստութեան մէջ դեռ աղքատ եւ չքաւո՛ր։ Ինչո՞ւ մարդ այսքան ճոխութեան, առատութեան մէջ տակաւին չունի՝ տակաւին իրեն կը պակսի շա՜տ բան եւ այս իսկ պատճառով ալ իր երջանկութիւնը կատարեալ չէ՛։

Այս անկատարութեան միակ պատճառն է՝ մարդուս իրեն տրուած, տրամադրուած կարելիութիւններէն՝ շնորհներէն պէտք եղած չափով օգտագործուելու պակասը, ինչ որ տնտեսական հմտութեան թերի ըլլալը կը նշանակէ։ Մարդ պէտք է անդրադառնայ իրեն տրուած շնորհներուն, եւ լաւ ու օգտակար տնտեսութեամբ անոնցմէ օգտագոր-ծըւի, իր եւ իր սերունդին բարիքին համար։

«Մարդկային տնտեսական միջամտութիւն»ը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ իր երջանկութեան իրականացման մէջ։ Ուստի կեանքը տնտեսութեան ասպարէզ մըն է՝ վաստակը եւ ծախսը պէտք է լա՛ւ հաշուել եւ ըստ այնմ վարել զայն։ Արդարեւ բնութիւնը, որ Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէկ մասն է, ձրի կու տայ, բայց մարդ իր աշխատութեան փոխարէնը անպայման կ՚ուզէ առնել, եւ երբեմն նոյնիսկ աւելիո՛վը։ Այս է աշխարհի ընդհանուր տեսարանը եւ մարդկային կենքին ընթացքը։

Ուրեմն բնութեան ձրի տուածը, այսինքն մարդու կողմէ ձրի առնուածը «գին» մը կ՚ունենայ, արժէք մը կը ստանայ մարդուն աշխատութեամբը։

Զոր օրինակ, հողը ունի ամէն ինչ, զոր մարդ կը փափաքի ունենալ եւ գործածել՝ բոլոր տարրերը, բոլոր մետաղները, ամէն տեսակ բաղադրութիւններու էական եւ տարրական պարունակեալները՝ սնունդ անբաւ ու անսպառ, ճոխ, հարուստ, վերջապէս, մէկ խօսքով՝ չկա՛յ մարդկային փափաք մը եւ կարօտութիւն մը, որ մայր բնութինը չունենայ, չպարուանակէ եւ չկարենայ գոհացնել։ Եւ դարձեալ, անտառին ծառերը, բոլորովին ձրի են, բնութիւնը հասցուցած է զանոնք, բայց երբ մարդուս աշխատութեամբ տախտակի վերածուին՝ նիւթական արժէք մը կը ստանան, «գին» մը կը շահին, քանի որ ան որ ծառը կտրեց, տախտակի շերտերու վերածեց, տաշեց, յղկեց զանոնք, եւ անտառէն քաղաք փոխադրեց այդ աշխատութիւնը կատարողին արտադրածը, ա՛ն իր ժամանակին եւ իր արհեստին փոխարէն վարձատրութիւն մը պահանջելու իրաւունք կը ստանայ եւ արդարօրէն կ՚ընդունի իր աշխատանքին փոխարէնը։

Եւ այս պահանջատէրերը ընկերութեան մէջ խումբ մը, որոշ մաս մը կը կազմեն։ Եւ անոնց կազմած խումբը բաւական ընդարձակ կ՚ըլլայ։

Ուստի բնութիւնը ձրի կու տայ, բայց մարդ գին մը կը վճարէ այդ աշխատող խումբին՝ որուն մաս կազմողները բնութենէն առածը հաւաքականութեան կը դարձնեն տարբեր ձեւերու տակ դնելով ձրի առնուածը իրենց աշխատութեամբ։

Արդարեւ, բնութեան մէջ անայլայլելի եւ մշտնջենական սկզբունք մը կայ՝ «նիւթը գին չունի՝ աշխատութիւնը գին ունի՛»։ Նիւթը ձրի պարգեւ է, աշխատութիւնը՝ դրամո՛վ։

Մարդ բնութեան կը գործակցի եւ գործակցութեանը փոխարէնը կը պահանջէ՛…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 15, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017