ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Պէտք է «դժբախտ իրականութիւն» մը նկատել այն, թէ մեր մանուկները այսօր օտար լեզուները աւելի կը սիրեն քան հայերէնը։ Ընդհանրապէս հաստատուած է որ բազմաթիւ աշակերտներ աւելի բարձր նիշեր կը ստանան օտար լեզուներու մէջ՝ քան հայերէնի՝ ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք աւելի՛ կը նուիրուին օտար լեզուներու քան թէ իրենց մայրենի բարբառին։ Եւ աւելի մեծ դժբախտութի՛ւն է տեսնել ծնողներ, որոնք հայերէնը «անպէտ», «անօգուտ», «անշահ» կը համարեն, մտածելով թէ հայերէնը տղուն ապագային համար որեւէ օգտակարութիւն պիտի չունենայ, որով աւելո՛րդ է սորվիլ, գործածել զայն։
Վստահ ենք, որ հայ վարժարաններ իրենց մեծագոյն ճիգը կը թափեն տոհմային դաստիարակութեամբ կաղապարելու հայ մանուկը եւ սիրցնելու անոր իր սեփական լեզուն, մայրենին։ Արդէն իրենց կոչումը եւ նպատակն ալ ա՛յդ է։ Ուրեմն ո՞ւր պէտք է փնտռել պատճառը եւ գաղտնիքը լուծման այս հարցին։
Նախ պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, թէ մանուկին դաստիարակութիւնը կը սկսի ընտանիքէն։
Ժ. Ժ. Ռուսօ կ՚ըսէ՝ թէ դաստիարակութիւնը կը սկսի մօր արգանդին մէջ, կը կազմակերպուի եւ նկարագիր կը ստանայ դպրոցը՝ ուսուցչին ձեռքերուն մէջ եւ կը կատարելագործուի ընկերային միջավայրին ազդեցութեան տակ։ Ուրեմն պատճառները պէտք է փնտռել աստիճանաբար՝ ընտանեկան, դպրոցական եւ ընկերային միջավայրերու մէջ։ Եւ այս պատճառներուն հիմնականը պէտք է նկատել առաջինը՝ ընտանիքը, ուր առաջին տպաւորութիւնները կ՚ընդունի մանուկը, երբ տակաւին չէ կաղապարուած անոր միտքը եւ առաջին տպաւորութիւնները կը մնան միշտ անջնջելի։
Եւ ուրիշ պատճառ մը, ինչպէս մանուկներ անմեղօրէն կը խոստովանին յաճախ, հայ լեզուին «դժուար» եւ «խրթին» ըլլալն է, եւ կամ հայ տառերուն մասնայատուկ ձեւը, որ բաղդատելով օտար լեզուներու կարճ եւ մասամբ դիւրահնչիւն այբուբենին՝ տաժանելի ճիգ կը պահանջէ իրենցմէ՝ գրելու եւ հնչելու, եւ անշուշտ սորվելու եւ գործածելու։ Ասիկա սակայն մասամբ կ՚արդարացնէ անոնց դիտողութիւնը։
Կարեւոր պատճառ մը կարելի է համարել այս հարցին շուրջ նաեւ «մանկական գրականութեան» պակասը ընդհանրապէս։ Եւ կամ արդար ըլլալու համար, մանկական գրականութեան «անբաւարարութի՛ւն»ը։ Ուստի ատենօք մեծ նշանակութիւն չունէր աս եւ պէտքն ալ չէր զգացուեր, քանի որ մանուկը շրջապատուած ընտանիքի անդամներու միջավայրէն, ընտանեկան լայն շրջանակի մը մէջ, հազիւ օտար լեզուի մը պէտքը կը զգայացուէր։ Բայց այսօր շատ բան փոխուած է։
«Ընտանիք»ի ըմբռնումը շատ նեղ շրջանակի մը մէջ, թոյլ չի տար մանուկին դաստիարակութեան մէջ ճոխութիւններու, քանի որ հայր եւ մայր ունին նաեւ ուրիշ պարտականութիւններ, պատասխանատուութիւններ։ Եւ երբ այսօր ընդհանրապէս կը պակսին ընտանիքներու մէջ մեծ մայրիկներ, մեծ հայրիկներ, անշուշտ որ կը պակսի նաեւ հետաքրքրութիւնը մանուկին նկատմամբ, մանաւանդ անոր դաստիարակութեան նկատմամբ։
Այսօր, օտար հորիզոններու տակ, օտար լեզուով հրատարակուած մանկական պարբերաթերթերը, որոնք մանկավարժական բովանդակութեամբ կը մրցին իրարու հետ, պարզապէս կը հրապուրեն տղաքը։ Եւ տղաք յաճախ չեն ուզեր հայերէն իսկ խօսիլ, երբ կը սպասենք, որ անոնք հայերէն կարդան, հայերէն գրեն։ Եւ ուրե՞մն…։
Ուրեմն պէտք է մտածել մանկական գրականութեան եւ պատանեկան նպատակայարմար հանդէսներու ճոխացման մասին։
Որքան կարեւոր է եւ անհրաժեշտ բանաստեղծութիւններ, վէպեր, նո՛յնքան անհրաժեշտ է մանկական գրակութիւնը՝ որ հի՛մն է մանուկին դաստիարակութեան եւ լեզուն սիրելի եւ համակրելի դարձնելու համար՝ երբ օտար լեզուներ եւ մշակոյթներ այնքան զօրաւոր կերպով կ՚ազդեն եւ կը տպաւորեն եւ կը հրապուրեն տղաքը։ Մանաւանդ այնպիսի ատեն մը, երբ «օտարամոլութիւն» մը պատած է միտքերը…։
Եւ ուշադրութեան բաժին մը այս մասին. ծնողներ որ կ՚ուզեն իրենց զաւակները սորվին «օտար» լեզուներ, հետեւին «օտար» մշակոյթներու, ուսանին «օտար» վարժարաններու մէջ «օտար» դաստիարակութեամբ, կերպով մը «օտար» ըլլան իրենց սեփական մշակոյթին, լեզուին, «օտար» երկիրներ ապրին, հապա երբ կարգը կու գայ ամուսնութեան, ի՞նչու այդքան կը խրտչին «օտար ամուսնութիւն»ներէ, որ «օտարամոլութեան» բնական մեր հետեւանքն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 14, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024