ԻՆՉՈ՞Ւ ԿՈՒ ԳԱՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Մեր սփիւռքը ե՞րբ պիտի հասկնայ, որ Եւրոպա եւ Հայաստան այցելելու միջեւ կայ տարբերութիւն մը՝ յստակ ու որոշ. ե՞րբ պիտի հասկնանք, որ վարձու պանդոկը ինչքա՜ն ալ հանգիստ ու անդորր տայ մարդուն, սեփական տան տեղը չի՛ կրնար գրաւել:
Այս բոլորին մասին առաւելաբար մտածելու սկսայ, երբ պատահմամբ ծանօթացայ քսան տարիներ առաջ Լիբանանէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնած Նշան անունով անձ մը, որ հիմա արդէն իսկ ամերիկացած, իր կիսակլոր հայերէնով հայրենիքի «գովք»ը կը հիւսէր. «Հոս չ'ապրցուիր մէն, հոս պիտի գաս լաւ մը վայելես, քէֆ ընես երթաս»:
Վայելքին մէջ նոյնիսկ մարդիկ յաջողած են մտցնել կեղծ հայրենասիրութիւն մը, վերջապէս իրենք կը նախընտրեն իրենց հանգիստը հայրենիքի մէջ անցընել՝ քան եւրոպական այլ երկիրներու մէջ... ի՜նչ զոհողութիւն:
Այսօր շատեր «հայրենասիրութիւն» անուան տակ, Եւրոպայի կամ Ամերիկայի մէջ իրենց հարսանեկան ծախսերը խնայելու համար կու գան Հայաստան պսակուելու. շատեր իրենց ակռաներու շինութեան համար կու գան՝ նկատի ունենալով նիւթական տարբերութիւնը «զարգացած» երկիրներուն եւ Հայրենիքին:
Պէտք է հասկնալ, որ պսակադրութեան ու ակռայի բժշկութեան ծախսերը խնայելն ու հայրենասիրութիւնը տարբեր բան են: Յստակ է, որ այսօր մեր սփիւռքի հայորդիներէն շատեր իրենց հանգիստին համար կ՚ընտրեն Հայաստանը՝ տնտեսական անկայուն վիճակը նկատի ունենալով:
Նման անձեր միաբերան պիտի ըսեն «հոս չապրցուիր», որովհետեւ իրենք համոզուած են, որ Միացեալ Նահանգներու «զարգացած» կեանքը կարելի չէ համեմատել հարազատ հայրենիքի ապրելակերպին հետ, վերջապէս ո՞վ ձիէն իջնելով էշ հեծնիլ յանձն կ՚առնէ: Նման մարդիկ ընդհանրապէս ատելութիւն կ՚ունենան տեղացի հայերու նկատմամբ, պատճառաբանելով որ «մեզի օտարի տեղ կը դնեն». Հայրենիքը օտար զգացողը կ՚ուզէ տանտիրոջ պէս դիմաւորուիլ, որովհետեւ կը կարծէ իր հետ բերած կանաչները ունին զօրութիւնը Հայաստանի մասին տարրական բաները չգիտցող իր անձը սեփականատէրը դարձնել հայրենիքին:
Սփիւռքահայերէն անդին կան աւելի վտանգաւորները՝ անոնք որոնք մի քանի տարիներ առաջ մեկնած են Հայրենիքէն, եւ հիմա արդէն ո՛չ թէ որպէս տանտէր, այլ որպէս հիւր եւ այցելու կու գան իրենց երբեմնի հայրենիքը՝ որ հիմա հանգիստի կեդրոն մըն է պարզապէս: Այդպիսիները կու գան «զարգացած» երկիրներու ճամբան բռնելու անկարող իրենց հարազատներուն դիմաց «հովեր առնել»ու եւ զարմանալու, թէ մարդ ինչպէ՞ս կ՚ապրի այս պայմաններուն մէջ... եւ այդ դուրսը ապրելու հպարտութիւնը աւելի եւս շեշտելու համար մէկ առ մէկ գումար կը ղրկեն հայրենիք՝ իրենց «չքաւոր» հարազատներուն:
Տակաւին չորս տարիներ առաջ նոյն պայմաններուն մէջ ապրող անձ մը հիմա լուսինէ ինկողի մը զարմանքով կու գայ տեսնելու, թէ ինչպէ՞ս մարդիկ կը շարունակեն ապրիլ նման համեստ ու սահմանափակ պայմաններով:
***
«Հայկականը ի՞նչ պիտի ընեմ, ամերիկեանը ունիմ...» կ՚ըսէր սփիւռքահայ մը «հայկական անձնագիր ունի՞ք» հարցումին ի պատասխան, որովհետեւ ան քաղաքացի ըլլալու պարագան այս կամ այն երկիրը առանց արտօնութեան մտնելու համար ըլլալ կը կարծէ պարզապէս:
Աւելին, շատերու համար Հայրենիքը այսօր «աղջիկ ընտրել»ու լաւագոյն տեղ մըն է, ո՛չ թէ այն պատճառով, որ հայ են եւ իրենք որոշած են անպայմանօրէն հայու մը հետ ընտանիք կազմել, այլ պարզ այն պատճառով, որ գիտեն, թէ Հայաստանի թշուառ պայմաններուն մէջ ապրող աղջիկը առանց նկատի առնելու «սիրել» կոչուածը, պատրաստ է պսակուիլ անձի մը հետ՝ որ իր դիմաց պիտի բանայ «արքայութեան»՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դռները: Սփիւռքահայ տղաքը աղջկայ ծարաւով, իսկ հայ աղջիկները Ամերիկայի եւ անոր Աստուածատուր կանաչով ծարաւ ապագայ հայ ընտանիքը կազմելու ի սկզբանէ խարխուլ հիմերը դնել կը փորձեն:
Հայրենիքին ինչութիւնը անհասկնալի բան մըն է. յաճախ սփիւռքահայեր կու գան եւ սիրահարուած աչքերով ժամերով կը դիտեն Արարատ լեռը, կը փորձեն նկարներ անմահացնել, իսկ անդին տեղացի հայեր կը զարմանան, թէ ի՞նչ կայ այդքան սքանչանալու եւ նկարելու լեռ մը՝ որ ամէն օր, տարուան բոլոր օրերուն կարելի է տեսնել: Արդէն իսկ տեղացիին համար անիմաստ ու բնական դարձած այդ տեսարանը սփիւռքահային սիրտին մէջ տարբեր զգացումներ կ՚արթնցնէ, առիթ տալով կենդանի աչքերով տենսել այն՝ որ ամբողջ կեանք մը նկարներով տեսած եւ լսած էր անոր մասին: Այս խումբն ալ այն խումբն է՝ որ կու գայ Հայաստան իր եսասիրութիւնը շոյելու կողքին տեսնելու այն բոլորը՝ որ երեւութապէս գիրքերու եւ դասերու ճամբով ճանչցած էր՝ սակայն տեսնելու բախտաւորութիւնը չէր ունեցած:
Այս բոլորը միասին դնելով, առեղծուած է, թէ մարդ ինչու համար կու գայ Հայաստան. հաւանաբար շատեր ըսեն «վնաս չունի, կարեւորը թող գան», այն յոյսով, որ ներս եկած կանաչներէն բաժին մըն ալ իրենց իյնայ:
Պէտք է նման մարդոց օդանաւին մէջ իսկ տալ թուղթ եւ ըսել գրեցէ՛ք ի՞նչ է հայրենիքը ձեզի համար, ինչո՞ւ կու գաք Հայաստան... եւ անոր հիման վրայ արտօնել մուտք գործել հոն՝ որ ամէն հայ պարտաւոր է հարազատ զգալ եւ ո՛չ օտար:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՊՕՂՈՍ ՄԱԿԻՆՑԵԱՆ
(1884-1938)
Մեր թուականէն 84 տարիներ առաջ՝ 18 յուլիս 1938-ին Երեւանի մէջ գնդակահարութեամբ մահացած է գրականագէտ, հրապարակախօս, թարգմանիչ, պետական եւ քաղաքական գործիչ, ինչպէս նաեւ Գրողներու միութեան անդամ Պօղոս Մակինցեան:
Մակինցեան ծնած է 20 ապրիլ 1884 թուականին, Ներքին Ագուլիս գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1906 թուականին: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք ընդունուած է Մոսկուայի Համալսարանի պատմաբանասիրական բաժին, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1912 թուականին:
Այնուհետեւ Մակինցեան Մոսկուայի մէջ Վահան Տէրեանի եւ այլ ընկերներու հետ հրատարակած է «Գարուն» գրական ժողովածուն: Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք յատուկ հրաւէրով ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանէն ներս. ապա դասաւանդած է Երեւանի Գայանեան օրիորդաց դպորցէն ներս՝ մինչեւ 1918 թուականը եւ մեկնած է Ռուսաստան, ուր ստանձնած է զանազան պաշտօններ:
Որոշ ժամանակ Ռուսաստանի մէջ աշխատելէ ետք Ալեքսանտր Միասնիկեանի հրաւէրով վերադարձած է Հայաստան, ստանձնելով Ժողկոմի նախագահի տեղակալի պաշտօնը:
Մակինցեան 1925-1927 տարիներուն դիւանագիտական աշխատանք տարած է Պոլսոյ, Միլանոյի եւ Փարիզի մէջ:
Մակինցեան հեղինակ է բազմաթիւ յօդուածներու եւ հրապարակախօսութիւններու, որոնք հրատարակուած են զանազան պարբերականներու մէջ. 1916 թուականին «Մշակ»ի մէջ հրատարակած է «Գրական մանրուքներ» խորագրեալ յօդուածաշարքը: Մակինցեանի կարեւորագոյն գործերէն կարելի է սեպել Մաքսիմ Կորքիի «Հայ գրականութեան ժողովածու» աշխատութեան, ինչպէս նաեւ Վալերի Պրիւսովի «Հայաստանի պոեզիա» աշխատութեան պատրաստման գործին մէջ ունեցած ներդրումը:
Արձակագիրը կատարած է նաեւ հրատարակչական աշխատանք. կազմած եւ հրատարակած է Վահան Տէրեանի երկերու չորս հատորները, Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքոր»ը, Շիրվանզատէի «Քաոս»ը, Գուրգէն Մահարիի «Մանկութիւն»ը եւ այլ աշխատութիւններ:
Ստեղծագործելու կողքին Մակինցեան կատարած է թարգմանական աշխատանքներ, հայերէնի վերածելով Արթուր Շնիցլերի երկերու ժողովածուն, Քարլ Մարքսի, Կերհարտ Հաուպտմանի եւ այլոց գործերը:
Մակինցեան ծանօթ է նաեւ հայրենի լատինատառ ուղղագրութեան ջատագովութեամբ. ան մեծ աշխատանք տարած է, որպէսզի հայոց տառերը փոխարինուին լատինատառերով:
Շնորհիւ իր գրական վաստակին, գրականագէտը 1934 թուականին եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ